Բժ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բ. Պոլիսէն դուրս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր
1. Բժշկարան, բժշկական բառարան (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1892-ին: Հեղինակ-թարգմանիչն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանց:
2. Բժշկականութիւն (Վենետիկ)
Հրատարակուած է 1832-ին Վենետիկ: Հեղինակն է Միքայէլի Րէստէն:
3. Բժշկականութիւն եւ հասարակութիւն (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1904-ին: Հեղինակն է բժիշկ Գ. Մաղաքեան:
4. Ժառանգականութիւն եւ դաստիարակութիւն (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1901-ին: Հեղինակն է Ս. Բուդուղեան:
5. Ի՞նչ է Սիֆիլիսը (Փարիզ)
Հրատարակուած է 1927-ին: Հեղինակն է տոքթ. Լ. Գրիգորեան:
6. Կարգադրութիւն առողջութեան (Երուսաղէմ)
Հրատարակուած է 1871-ին: Հեղինակն է Գէորգ Աւետիսեան: ”
7. Հայ բուսակ կամ Հայկական բուսաբառութիւն (Վենետիկ)
Հրատարակուած է 1895-ին:
8. Մարդակազմութիւն (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1907-ին: Հեղինակն է Զ. Գրիգորեանց:
9. Սիֆիլիս, Կակուղ շանկր, Սուսունակ (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1900-ին: Հեղինակն է բժիշկ Պ.Վ. Արծրունի:
10. Տանու բժիշկ կամ հասարակաց բժշկարան (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1865-ին: Հեղինակն է Կարապետ Քօչարեանց:
11. Տնային բժշկարան (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1903-ին եւ 1904-ին: Հեղինակն է բժիշկ Գ. Բաբեան:
12. Փորձանքների առձեռն բժշկարան (Թիֆլիս)
Հրատարակուած է 1914-ին: Հեղինակն է Ա.Գ. Եսայեանց:
Գ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթեր
1 .Աստղիկ արեւելեան.
Հայ իրականութեան մէջ առաջին հայ ամսաթերթը, որ պարբերաբար անդրադարձած է բժշկա-առողջապահական նիւթերու: Եղած է բարոյախօսական, բանասիրական, տնտեսագիտական, բնագիտական առողջապահական ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1855-56, ամիսը մէկ անգամ: Խմբագիրը եղած է Գաբրիէլեան Յովհաննէս: Հրատարակիչը՝ Պոլսոյ Մեսրոպեան ընկերութիւնը: Ունեցած է 16-20 էջ: Տպուած է Յովնաննէս Միւհէնտիսեանի տպարանը: Դադրած է հրատարակուելէ Մեսրոպեան ընկերութեան լուծարքով:
2. Առաջնորդ առողջաբանութեան
Բժշկական-առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1896-98:
3. Ատամնաբոյժ
Ատամնաբուժական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1922-ին՝ միայն երկու համար: Ունեցած է ատամնաբուժութեան տեսական եւ գործնական հարցերու եւ հանրամատչելի բժշկա-առողջապահական բովանդակութիւն:
4. Բժիշկ
Բժշկական-առողջապահական հայերէն 16-24 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է Տրապիզոն 1911-ին եւ Պոլիս 1912-14, տնօրէնութեամբ Վահան Ղազարեանի: Բովանդակութիւնը յատկանշուած է բժշկական զրոյցներով, ազգային հիւանդանոցի լուրերով, հայ բժիշկներու պաշտպանողական եւ թրքական հակահայ խտրականութեան դէմ գրութիւններով: Տպուած է Սեռար եղբայրներու, Օննիկ Արզումանեանի Արաքս եւ Շանթ տպարաններուն մէջ։
5. Բժշկական տարեցոյց
Բժշկական, առողջապահական, գիտահանրամատչելի հայերէն 436 էջերով տարեգիրք: Հրատարակուած է 1914-ին, միայն մէկ համար, խմբագրութեամբ բժիշկ Վահան Ղազարեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է բժիշկներու կենսագրականներով, բժշկա-առողջապահական յօդուածներով, բժշկական լուրերով: Տպուած է Արաքս տպարանը:
6. Գանձ արհեստից
Բժշկական, արհեստագործական, երկրագործական հայերէն 8-16 էջերով շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1885-ին, տնօրէնութեամբ բժիշկ Կ. Ճեռահեանի: Տպուած է «Գանձ լրագոյ» տպարանը:
7. Գիտական շարժում
Գիտական- բժշկական հայերէն ամսօրեայ հանդէս 24-66 էջերով: Հրատարակուած է 1885-87, խմբագրութեամբ բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեանի: Ունեցած է բնագիտական, կենսաբանական, բժշկական բովանդակութիւն: Տպուած է Նշան Կ. Պէրպէրեանի տպարանը:
8. Գրպանի օրացոյց
Գրպանի օրացոյց, սակայն ունեցած է առողջապահական ուղղուածութիւն: Հրատարակուած է 1903-ին:
9. Դարման
Բժշկա-առողջապահական եւ գիտական պատկերազարդ հայերէն 22-24 էջերով ամսաթերթ: Ունեցած է ֆրանսերէն բաժին մը: Հրատարակուած է Պոլսոյ Հայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ 1920-22 եւ տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի: Բովանդակութիւնը կազմուած է ընտանեկան, դպրոցական, պատանեկան, եւ երիտասարդական առողջապահական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու, համաճարակներու մասին գրութիւններով եւ համաշխարհային բժշկագիտութեան պատմական տեղեկութիւններով: 1921-ին միանալով «Հայ բուժակ»-ին կոչուած է «Դարման հայ բուժակ»: Տպուած է Պեճիտեան եղբայրներու տպարանը։
10. Դարման — հայ բուժակ
Նախորդ անունները եղած են «Դարման» եւ «Հայ բուժակ»: Բժշկական, առողջապահական, գիտական պատկերազարդ հայերէն ամսաթերթ: Հիմնուած է Հայ բժշկական, ատամնաբուջական եւ դեղագործական միութիւններու կողմէ: Հրատարակուած է 1921-22, տնօրէնութեամբ բժիշկ օննիկ Փափազեանի:
11. Երջանիկ
Գրական, գեղարուեստական, բանասիրական, գիտական, առողջապահական, տնտեսական, երգիծական հայերէն տարեգիրք: Հրատարակուած է 1928-67: Երբեմն հրատարակուած տարբեր անուններով՝ «Երջանիկին տարեցոյցը», «Երջանիկ Զատիկ», «Երջանիկ տարի», «Երջանիկ տարիներ»: Խմբագիր-տնօրէնը եղած է գրող եւ հրապարակախօս՝ Բագրատ Թեւեան:
12. Ընդարձակ օրացոյց սուրբ փրկչեան ազգային հիւանդանոցի հայոց
Օրացոյց 172-567 էջերով: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի տեսչութեան կողմէ Պոլսոյ մէջ: Հրատարակուած է 1884-97 եւ 1900-10: Ունեցած է մի քանի խմբագիրներ՝ Հրանդ Ասատուր, բժիշկ Նազարէթ Տաղաւարեան, Դաւիթ Խաչկոնց, Տիգրան Արփիարեան, Արշակ Ալպոյաճեան: Ունեցած է տոմարային, առողջապահական, վիճակագրական յօդուածներ: Տպուած է Գ. Պաղտատլեանի եւ Հ. Մատթէոսեանի տպարանները:
13. Ընդարձակ տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց
Բժշկական հայերէն տարեգիրք: Հիմնադրուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ: Հրատարակուած է Պոլիս 1925-39, խմբագրութեամբ բանաստեղծ եւ բանասէր Թորոս Ազատեանի: Տպուած է Վ. Տէր Ներսիսեանի տպարանը: Նախապէս կոչուած է՝«Տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց » եւ ետքը՝ «Ընդարձակ տարեգիրք սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց»
14. Ընդարձակ տարեգիրք սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի
Բժշկական հայերէն տաեգիրք: Հրատարակուած է Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին կողմէ 1943-49: Ունեցած է մի քանի խմբագիրներ՝ Արտաշէս Գալփագճեան, Յովսէփ Քէշիշեան, Բաղդասար Մանուելեան, Արփիար Տէր Մարգարեան: Վերջին տարիներուն եղած է պատկերազարդ: Տպուած է Հ. Մատթէոսեանի տպարանը: Յաջորդ անունը եղած է՝ «Սուրբ փրկիչ ամսաթերթ, սուրբ փրկիչ հայոց հիւանդանոցի»:
15. Թանգարան ժողովրդեան
Բժշկական, առողջապահական հայերէն ամսագիր: Հրատարակուած է 1884-86, խմբագրութեամբ բժիշկ Մանուել Բարունակ Իւթիւճեանի: Տպուած է Աշճեան տպարանը:
16. Ժամանակի ժողովրդական տարեցոյցը
Երգիծական, առողջապահական պատկերազարդ տարեգիրք: Հրատարակուած է 1927-ին երկու հատոր, խմբագրութեամբ՝ «Ժամանակ» թերթի:
17. Լոյս
Ազգային հայերէն 4 էջերով հանդէս: Հրատարակուած է 1874-85: Արտօնատէրը եղած է՝ Հմայակ Դիմաքսեան, իսկ խմբագիրը՝ Մ. Գափամաճեան եւ ետքը Բիւզանդ Պողաճեան: Բովանդակութիւնը յատկանշուած է գրական երկերով, բանաստեղծութիւններով, հրապարակախօսութիւններով, բժշկական եւ առողջապահական յօդուածներով:
18. Կիլիկիա
Ազգային, առողջապահական, ուսումնական հայերէն օրագիր: Հրատարակուած է 1861-75: 1864-ին դարձած է շաբաթաթերթ 4 էջերով՝ «Կիլիկիա, հանդէս բժշկական ուսումնական եւ ազգային» անունով: 1867-ին կոչուած է՝ «Կիլիկիա, հանդէս միամսեայ առողջական եւ ուսումնական» 48 էջերով: 1909-ի դարձեալ լոյս տեսած է բայց միայն 3 համար: 1910-19 լոյս տեսած է միջանկեալ «Փունջ» անունով: Խմբագիրը եղած է բժիշկ Մանուէլ Բարունակ Ութուճեան: Տպուած է Յովհաննէս Միւհէնտիսեան տպարանը եւ Թ. Տի Վիթճեանի տպարանը:
19. Հայ բժիշկ (Հայ բուժակ)
Բժշկական եւ առողջապահական պատկերազարթ 24 էջերով հայերէն ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1919-ին 13 համար միայն, խմբագրութեամբ բժիշկ Մկրտիչ Գարակէոզեան: Տպուած է Կ. Քէշիշեանի տպարանը:
20. Հայ բուժակ
«Հայ բժիշկ» ամսաթերթին շարունակութիւն, պատկերազարդ բժշկական առողջապահական հայերէն ամսաթերթ: Միանալով «Դարման» պարբերաթերթին 1921-ին կոչուած է՝ «Դարման հայ բուժակ»: Հրատարակուած է Պոլիս 1920-23 եւ Ալեքսանդրիա, Եգիպտոս 1924-25: Հիմնադիրը եղած է բժիշկ Վահան Ալթունեան, իսկ խմբագիրը՝ բժիշկ Մկրտիչ Գարակէօզեան:
Նպատակը եղած է մատչելի դարձնել բժշկա-առողջապահական գիտելիքները, ընթերցողներուն հաղորդել բժշկագիտական նորոթիւններ եւ հայացնել գիտական լեզուն: Հրատարակած է գիտահանրամատչելի գրականութիւն, ընկերային առողջապահութիւն, կանխարգելիչ բժշկութիւններու եւ վարակիչ հիւանդութիւններու յօդուածներ ինչպէս նաեւ յուշագրութիւններ նշանաւոր բժշկական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին: Տպուած է Կ. Քէշիշեանի տպարանը:
21. Մատենադարան ժողովրդեան
Առողջապահական հայերէն ամսագիր 32 էջերով: Հրատարակուած է 1882-85 Եղիա Տնտեսեանի տպարանը: Խմբագիրը եղած է բժիշկ Մանուել Բարունակ Իւթիւճեանը:
22. Յոյս
Առողջապահական, գիտական, հայերէն 16 էջերով ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1913-14 միայն 12 համար, տնօրէնութեամբ բժիշկ Հ. Պօղոսեանի: Տպուած է Ժ. Ասատուրեան տպարանը:
23. Նոր դարման
Բժշկա-առողջապահական հայերէն կիսամսաթերթ: Հրատարակուած է 1935-ին միայն 4 թիւ խմբագրութեամբ Արմենակ Խանճեանի: Հրատարակիչը եղած է Տ. Տէր Սահակեան:
24. Սուրբ փրկիչ՝ տեղեկատու Պոլսոյ ազգային հիւանդանոցի
Գրական, գեղարուեստական, գիտական, բժշկական տեղեկատու ամսաթերթ: Հրատարակուած է 1949-2013: Բովանդակութիւնը կազմուած է՝ ազգային հիւանդանոցի առօրեայի, պոլսահայ համայնքի կեանքի, մարդասիրական դերի, առողջ ապրելու կանոններու վերաբերեալ նիւթերով, ինչպէս նաեւ գրական, հայագիտական, հանրագիտական բնոյթի յօդուածներով: Կոչուած է նաեւ «Ամսաթերթ սուրբ փրկիչ հայոց հիւանդանոցի»:
25. Տարեցոյց սուրբ սուրբ փրկիչ հիւանդանոցի հայոց» (Պոլիս)
Բժշկական հայերէն տարեցոյց: Հրատարակուած է Պոլիս 1924-ին մէկ անգամ: Հիմնադիրը եղած է՝ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցը: խմբագիրը եղած է Միհրան Չուխաճեան: Տպուած է Ե.Մ.Սեթեան տպարանը: Ետքը կոչուած է՝« Ընդարձակ տարեցոյց սուրբ փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայոց»:
26. Փունջ
Քաղաքական, ազգային, առողջապահական, գրական հայերէն շաբաթաթերթ, ապա եռօրեայ, ամէնօրեայ եւ ետքը դարձեալ շաբաթաթերթ: Հրատարակուած է 1866-1908: Տնօրէնը եւ խմբագիրը եղած է Համբարձում Ալաճաճեան, ապա՝ Սիմոն Ալաճաճեան եւ ետքը՝ Սիմոն Չեռմլեքեան: Լոյս տեսած է Երուանդ Մինասեանի, Կարապետ Պիպերեանի, Մ. Սարեանի եւ Զարեհ Պէրպէրեանի տպարաններէն:
Դ. Պոլիս հրատարակուած հայկական բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր
1. Առողջապահութիւն առտնին եւ ի պէտս ազգ. երկրորդական վարժարանաց
Հրատարակուած է 1898-ին, հեղինակութեամբ բժիշկ Ն. Տաղաւարեանի, յանձնարարութեամբ Պոլսոյ Ազգ. կեդրոնական վարչութեան Ուսումնական խորհուրդին:
2. Առողջապահութիւն
Հրատարակուած է 1915-ին, հեղինակութեամբ տոքթ. Պ. Սերոբեանի:
3. Բնական պատմութիւն, մարդակազմութիւն ու բնախօսութիւն
Հրատարակուած է 1886-ին: Հեղինակն է՝ տոքթ. Ն. Տաղաւարեան:
4. Զուարճալի բժշկութիւնը, սալօնի գիրք
Հեղինակն է Պ.Մ. Քօլօլեան: Հրատարակուած է 1893-ին:
5. Ծննդական գործարանք, կազմախօսութիւն, բնախօսութիւն եւ առողջապահութիւն
Հրատարակուած է 1914-ին:
6. Պատմութիւն մարդկային պատուաստման
Հեղինակն է տոքթ. Տիգրան Փէշտիմալճեան: Հրատարակուած է 1884-ին:
7. Տարեցոյց բժշկական առողջապահական
Հրատարակուած է 1914-ին: Հեղինակն է՝ տոքթ. Վահան Ղազարեան:
1980-ական թուականներէն ետք եւ մինչեւ օրս հայկական սփիւռքի մէջ հազուագիտ է բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթերու եւ գիրքերու հրատարակութիւնը:
Գալիֆորնիա նահանգին մէջ (ԱՄՆ) հրատարակուած են՝
1. «Հայ բոյժ» որ բժշկական եռամսեայ հանդէս մըն է (Կլենտէյլ, Լոս Անճելոս)
Ան լոյս տեսած է 1992-ին։ Խմբագրութեան մաս կազմած են Ա. Տոնոյեան, Հ. Այնթապլեան, Յ. Յարութիւն Սաղրեան, Վ. Ֆրանգեան։ Հոն կը տպագրուին առողջապահութեան հարցերու նուիրուած յօդուածներ։
2. «Հետեւիր առողջութեանդ» ամսաթերթ (Լոս Անճելոս)
Ան կը հրատարակուի “Medic Health Group”-ի “Medic Health Magazine”-ի կողմէ:
2015-ին Պէյրութի մէջ լոյս տեսած է «Զգոյշ» բժշկական-առողջապահական պարբերականը Յակոբ Լատոյեանի նախաձեռնութեամբ: «Զգոյշ»-ի մասին անդրադարձած ենք առանձին գրութեամբ մը:
Իսկ ինչ կը վերաբերի բժշկական ժողովրդային գիրքերուն, հրատարակուած են՝
1. Վկայութիւն եւ պատգամ
Հեղինակն է բժիշկ Զաքար Մկրեան: Հրատարակուած է յետմահու, 2006-ին, Պէյրութ, Լիբանան:
2. Բժիշկին խօսքը
Հրատարակուած է 2000-ին, Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:
3. Բժիշկին Բ. խօսքը
Հրատարակուած է 2010-ին Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:
4. Բժիշկին Գ. խօսքը եւ Բժիշկին Դ. խօսքը
Հրատարակուած են 2015-ին Պէյրութ, Լիբանան: Հեղինակն է բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան:
Հոս կ՚ուզեմ յիշել, որ Սփիւռքի վերոյիշեալ բժշկական-առողջապահական ժողովրդային պարբերաթերթերու եւ գիրքերու կողքին Հայաստանի մէջ 1880-1980 հրատարակուած են որոշ թիւով ժողովրդային բժշկական պարբերաթերթեր եւ գիրքեր: Կարողացած եմ գտնել անոնցմէ մի քանի օրինակներ:
Ա. Հայաստան հրատարակուած առողջապահական-բժշկական ժողովրդային պարբերաթերթեր
1. Առողջապահական թերթ
Բժշկական-առողջապահական միամսեայ թերթ: Լոյս տեսած է Երեւան 1881-1884: Խմբագիրը եղած է Լեւոն Տիգրանեանը: Յօդուածներ գրած են ժամանակի ականաւոր բժիշկները: Թարգմանութիւններ կատարած է ռուսական եւ եւրոպական բժշկական հանդէսներէ: Թերթը տարածուած է Երեւանի, Մոսկուայի, Թիֆլիսիեւ Իրանի մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ հայաբնակ վայրերու մէջ:
2. Մալարիա
Գիտական-հասարակական հանդէս: Հրատարակուած է Երեւան 1920-ին: Խմբագիրները եղած են՝ բժիշկներ՝ Լ. Յովհաննէսեան եւ Աբգար Իսահակեան:
3. Բժշկական հանդէս
Հրատարկուած է Երեւան 1927-ին:
Աւելցնենք, որ մեծ թիւով մասնագիտական բժշկական պարբերաթերթեր հրատարակուած են բժիշկներու համար վերջին 30 տարիներու ընթացքին Երեւանի մէջ: Այս պարբերաթերթերէն են «Նարեկ», «Բանբեր ստամոքսի եւ դիմածնօտին վիրաբուժութեան», «Բժշկութիւն, գիտութիւն եւ կրթութիւն», «Գիտաբժշկական հանդէս», «Դեղեր եւ բժշկութիւն», «Էրեբունի բժշկագիտական լրաբեր», «Նոր հայկական բժշկական հանդէս», «Հայաստանի կենսաբանական հանդէս», «Հայաստանի վիրաբուժութեան լրաբեր», «Տեսական եւ գործնական բժշկութեան հանդէս», «Արիւն»:
«Նարեկ» պարբերաթերթը հրատարակուած է Երեւան, բժիշկ Յարութիւն Մինասեանի կողմէ 1992-ին. շարունակուած է մինչեւ 1998: Ունեցած է 79 համարներ: Ան եղած է գիտահանրամատչելի ամսաթերթ:
Բ. Հայաստան հրատարակուած բժշկական-առողջապահական ժողովրդային գիրքեր
1. Ատամներ եւ նոցա առողջապահութիւնը
Հրատարակուած է Երեւան 1899-ին: Հեղինակն է Մ. Մ. Մարգարեանց:
2. Մարդակազմութիւն
Հրատարակուած է Երեւան 1881-ին: Հեղինակն է բժիշկ Լեւոն Տիգրանեանց:
3. Մարդակազմութիւն
Հրատարակուած է Երեւան 1923-ին: Հեղինակն է բժիշկ Վահան Արծրունի:
4. Ռուս-լատին-հայերէն բառարան բժշկութեան
Հրատարակուած է Երեւան 1924-ին: Հեղինակն է բժիշկ Վահան Արծրունի:
5. Ֆիզիոլոգիա
Հրատարակուած է Երեւան 1923-ին: Հեղինակն է՝ բժիշկ Արշակ Յակոբեանց:
6. Բժիշկի նամակները երիտասարդ մօրը
Հրատարակուած է Աղեքսանտրապոլ 1898-ին: Գերմաներէնէ հայերէնի թարգմանած է տիկին Զաբէլ Չիլինկարեան: Հեղինակն է՝ բժիշկ Վիլհելմ Պլատ:
7. Կիրակուայ հանգստութիւնը եւ նրա նշանակութիւնը առողջութեան համար
Հրատարակուած է Վաղարշապատ 1888-ին: հեղինակն է բժիշկ Մ. Զարգարեանց:
Շար. 2 եւ վերջ
Օգտագործուած աղբիւրներ՝
1. Հայ բժշկական թանգարան, Երեւան
2. Հայ բժշկական պատմութեան թանգարան, Երեւան
3. Մինասեան, Յարութիւն, Հայ բժշկական պարբերական մամուլն աշխարհում 1855-2000, Երեւան
4. Մինասեան, Յարութիւն, Օսմանեան կայսրութիւնում, Թուրքիայի հանրապետութիւնում եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, 2014.
5. Շարոյեան, Լեւոն, Ո՞ւր Է սփիւռքահայ բժշկական գրականութիւնը այսօր, Ազդակ եւ Ասպարէզ թերթեր, 2013
6. Վիքիբիդիա, «Հայկական բժշկական մամուլ»
7. Armenian information medicine
8. Armmedicine.com.