20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍՓԻՒՌՔԱՀԱՅ ԳՐՈՂ ՎԱՐԴԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՄԱՏԼԷՆ Ս. ԱՐԻՍԵԱՆ
Պուէնոս Այրէս

Վարդան Գէորգեան 1972-ին հրատարակած իր «Մտածումի եւ հառաչանքի շիթեր» (272 էջ) գիրքին մէջ ամփոփած է 1928-էն մինչեւ 1972 տարիներու իր ապրումները, որովհետեւ՝

«Ամեն յաղթանակ, ամեն պարտութիւն ուղիղ կամ սխալ հաշուի մը արդիւնքն է։ Եւ ամեն հաշիւ մտքի գործողութիւն մը կ՚ենթադրէ։Այդ ձեւի հաշիւներու արգասիք են հռովմէացի մեծ կայսր Մարկոս Աւրելիոսի (Յ.Ք. 131-180), ֆրանսացի ծանօթ հեղինակութեանց՝ Լա Ռոշֆուգոյի (1613-1660), Փասքալի (1625-1662), Լա Պրիւյէրի (1635-1696) մտածումները եւ առածները, որոնք յափշտակութեամբ կարդացուած են սերունդներու կողմէ։
Ներկայ էջերուն մտածումները բոլորն ալ ժամանակին զգացուած եւ յղացուած ապրումներու արձագանգն են»։

Կը ներկայացնենք քաղուածք մը Վարդան Գէորգեանի մտածումներու եւ հառաչանքի շիթերէն, ոչ անպայման նոյն կարգով որ ինք կու տայ։

 

Արուեստի բոլոր սեռերուն մէջ կայ իրական գեղեցկութիւն մը, որ կը կրէ հանճարի դրոշմը։ Մեծ են ու հզօր դասական Հոմերոս ու ռոմանտիկ Կէօթէն, իրապաշտ Տոսթոեւսկին, խորհրդապաշտ Վերհարէնը։
* * *
Որքան ատեն որ հայ ընտանիքը իր հոգեկան երջանկութիւնը պիտի շարունակէ իր տոհմիկ սովորութիւններուն եւ ցեղային ամբասիր աւանդութիւններուն վրայ խարսխել, պիտի պահէ արմենական իր դիմագիծը, ամբարտակ, այլասերող ամեն կարգի հակազդակներու դէմ։
* * *
Միայն մտածումները չէ որ կը վարեն մարդոց ճակատագիրը, այլ՝ մեծ ու անայլլայլ կիրքերը եւս։
* * *
Բզկտուած հայ հոգին քանի կը շարունակէ մնալ կառչած վերածնունդի եւ յարութեան լուսաւոր երազին, պիտի չզգետնուի երբեք։ Այս հաւատքը պէտք է խարիսխ դառնայ մեր հպարտութեան ու դառնայ,— հակառակ ամեն բանի,— մեր ազգային իղձերուն Ալֆան եւ Օմեղան։
* * *
Մշակութապէս հարուստ ժողովուրդ մը ետին կը ձգէ ամեն մարզի վրայ յարգանքի արժանի մեծութիւններ։ Հեռատես եւ գիտակից իշխանութիւն մը թանգարաններու մէջ կը մէկտեղէ անոնց գործերը կամ հրապարակներու վրայ կը կանգնէ իրենց արձանը, խանդավառելու համար հասնող սերունդը ցեղային այդ մեծութիւններով։
* * *
Ապրելու կամքով տոգորուած ժողովուրդի մը տառապանքը ցեղային իր արիւնը զօրացնող անկրկնելի գործօն մըն է. իմաստութիւնը կը պահանջէ, որ այս ճշմարտութիւնը ըմբռնուի խորապէս։
Իբրեւ գրականութիւն հասարակութեան ներկայացուած գրութիւններու մէկ մասը մտքի խեշերանք է պարզապէս, վասնզի նկատումներ տուն տուած են յօդուածագիրներուն։ Գրականութեան մէջ աններելին նկատումն է։
Նկարագրի տէր գրող մը պարտի պարպել իր հոգին առաջնորդուած օգտակար ըլլալու մտածումով։ Եթէ մարդեր պիտի վիրաւորուին սրտցաւ թելադրութիւններու եւ քննադատութիւններու պատճառով, փոյթ չէ. կը բաւէ, որ ըսուածը հանրային շահը ունի նպատակ։
* * *
Ամեն սերունդ իր դրոշմը կը դնէ ցեղային ապրումներու վրայ։
Ազատագրական պայքարի դրօշը բարձր բռնող հիներու սերունդը հասցուց մեզ սարդարապատներու դարպասներուն, նորը, որ կը մեծնայ ու անոնք որ պիտի հասնին իր ետեւէն, պէտք է նոր սարդարապատներու փառքին համար հասուննան։
* * *
Սիրոյ մէջ պատրանքները հետեւանք են այրերու կողմէ կիները եւ վերջիններէն այրերը լաւ չճանչնալու։ Շատ մը դառնութիւններ պիտի խնայուէին կողմերուն, եթէ անոնք լաւապէս ճանչնային զիրար։
* * *
Ինքնավար ազգ մը իր ազատութեան դէմ կը դաւէ այն օրէն, երբ ներքնապէս պառակտուած՝ կը մոռնայ որ վեհապետական իրաւունքները յարգել տալու կարեւորութիւնը։
* * *
Գոհունակութիւն պատճառել, գործի մը առթիւ նմաններու, լաւագոյն բարիքն է որ կ՚ընենք իրենց։ Դժգոհ պիտի մնային անոնք, եթէ տառացիօրէն մերժէինք իրենց բարեացակամութիւնը, որ խարիսխ կը ծառայէ յաճախ բարեկամութեան։
* * *
Քաղաքական մեր դատին լծուելու կոչուած նորերը պէտք է զրահուած ըլլան լեզուական եւ դիւանագիտական պատրաստութեամբ եւ ճկունութեամբ։
Ամբողջ դար մը կորսնցուցինք յանգելու համար այն եզրակացութեան, թէ քաղաքականութեան մէջ բարեկամութիւն կամ խղմտանք ըսուածը երկսայրի բացատրութիւն մըն է։
* * *
Մայիս 28-ը երկունքով ծնած ազատութեան խորհուրդն էր։ Վեց դար շարունակ բռնութեան շղթաներուն տակ հեծելէ ետք, սեփական հողին կառչած ապրելու յեղափոխական որոշումն էր։ Եւ ան դարձաւ դահիճը շշմեցնող յաղթանակ մը։ Երեք ճակատներու վրայ, ամբողջական հայութիւնը՝ մեծ, փոքր, այր, կին, աշխարհական եւ հոգեւորական, կողք կողքի կռուեցաւ եւ պարտութեան մատնեց թշնամին։
Արիւնով նուաճուած այս յաղթանակը եղաւ հայոց պատմութեան մէջ բացառիկ այն թուականներէն, որոնք ժողովուրդի մը վերելքին եւ աճին, յառաջդիմութեան եւ մշակութային խոյանքներուն դարագլուխը կը բանան։
* * *
Ցեղը պատմութենէն կը յիշէր միայն արտաշէսներու, տիգրաններու, տրդատներու եւ լեւոներու սուրը։ Հայութեան մէկ մասը,— ստուարագոյն խաժամուժ,— ուրացեր էր մարտական առաքինութիւնները արմենական ցեղին, երբ աղէտը վերջին անգամ եւ վճռականօրէն կանգնեցաւ իր առջեւ։ Լինել-չլինելու համլէտեան հարցումը տուաւ ամեն մարդ ինքզինքին։ Պատմական այդ օրերուն ծնաւ անոր մէջ անարգ ապրումէն բարձր՝ պայքարով մեռնելու վերջին որոշում։
Ու պայքարը դարձաւ յաղթանակ, իսկ յաղթանակը Մայիս 28-ի ակտով՝ հայկական ազատութեան եւ պետականութեան սկզբնաւորութիւն։
* * *
Աշխարհը յանդուգններուն է։ Փառքը վերապահուած է անոնց միայն, որ մահը արհամարհելով դարձած են հերոս եւ արժանացած զանգուածներուն հիացումին։
* * *
Իր արեան դատը ուրացող ժողովուրդ մը չունի ապրելու իրաւունք։
* * *
Հայ հանճարը պիտի հրաշագործէ լիովին այդ օրը, երբ քաղաքական պահանջները կը պսակուին յաղթականօրէն։
* * *
Ընկերութիւնը անողոք է անգամ ամենէն տաղանդաւոր իր անդամներուն նկատմամբ, երբ այլեւս մահը մանգաղած է զանոնք։
Որքան ատեն որ կենդանի էին անոնք ու մեզի հետ, միշտ իրենց համար անկիւն մը կար մեր հոգիին մէջ՝ մահը այդ անկիւնը շուտ կը գտնէ կարծես, ու առօրեան մոռացութեան մշուշին մէջ կը թաղէ անոնց դիմագիծերը։
* * *
Մարտունակ ցեղէ մը պահանջուածը իր պատմութեան խորհուրդին հաւատարիմ մնալու առաքինութիւնն է։ Մեր դիզած հարստութիւնները, մեր ձեռք բերած անհատական ամեն կարգի յաջողութիւնները տեղ մը պէտք է խարիսխ դարձնել մեր քաղաքական դատը արժեցնելու համար։
* * *
Մեծ եւ լուսաւոր գործերը տառապանքի մէջ կը յղացուին։ Անոնք կոչուած են ակօս բանալու յաջորդող սերունդներուն համար, առաւել դառնալու օրինակ ապագայի մտածող մարդոց։
* * *
Կամքը այն զօրութիւնն է, որուն տէր դարձողը կրնայ յաղթահարել շատ մը դժուարութիւններ եւ հասնիլ իր նպատակին։
* * *
Ցորչափ կրաւորական համակերպութիւնը պիտի մնայ արդիւնք տկարութեան, զանգուածները պիտի ոգեւորուին ահաբեկումներով։
* * *
Մասնագիտութիւնները գովելի ուսումներ են, կեանքը ցոյց կու տայ, թէ օրէ օր պիտի աւելնան անոնք, իբրեւ հետեւանք քաղաքակրթութեան կատարած յառաջդիմութեանց։ Եւ սակայն, մասնագիտութիւնը պէտք չէ դառնայ յաւակնոտութեան առիթ։ Ամեն մասնագէտ պէտք է գիտնայ, որ տարբեր ասպարէզի մը կապուած մասնագէտ այլ անձնաւորութիւն մը նմանապէս քրտինք թափած է իւրացնելու համար իր սիրած ուսումը, նոյնքան յարգելի վասնզի այլապէս հետաքրքրական նորութիւններ կը բովանդակէ ան, եւ օգտակար է նմաններու համար։
* * *
Ազնուական հոգի մը կը զգուշանայ բացակայ ծանօթներ բամբասելէ։
Եթէ մէկուն ներկայութեան չես կրնար իր սխալներուն մասին խօսիլ անվերապահօրէն, կը դառնաս հասարակ բամբասող մը երբ կը թուես իր թերութիւնները ուրիշներու մօտ՝ անոր բացակայութեան։
* * *
Կեանքը ժամանակաւոր բարիք մըն է։ Զայն տնտեսելու մէջ պէտք է փնտռել բովանդակ գաղտնիքը անոր շնորհներու քաղցրութեան։ Ամեն ինչ վայլելու փորձը կը նմանի համադամներով լեցուն սեղանի մը բոլոր կերակուրները համտեսելու անզուսպ փափաքին որկրամոլներու, որոնք կոչունքի սեղաններէն կը բաժնուին խանգարուած ստամոքսներով։
* * *
Սփիւռքահայութեան հոգին խռովող մեծ հարցականը կը մնայ իր ուզած ժամուն եւ տեւականօրէն հայրենիք չկարենալ գաղթելու իրականութիւնը։ Այս անդոհանքէն զերծ են օտարներ, որոնք գաղթած են իրենց հայրենիքէն այլ աշխարհ տեսնելու կամ բախտ շինելու ելած, ու իրաւունք ունին դարձեալ վերադառնալու իրենց երկիրը։ Տարասփիւռ մեր բազմութիւնները զրկուած են այս իրաւունքէն։ Անոնց շնորհուածը շատ շատ քանի մը օրուան այցելութիւն է, որմէ ետք պարտին ձգել իրենց պապենական հողերը եւ վերադառնալ դէպի օտարութիւն։
Մեր բռնագրաւուած հողերուն չափ կարեւոր է նաեւ մեր կամեցած ժամուն եւ առանց պայմանաժամի հայրենիք հաստատուելու իրաւունքը։ Այդ իրաւունքը ունի լիբանանցին, որուն հայրենիքը երեք անգամ փոքր է մերինէն, հրեան, որուն հողերը աւելի ընդարձակ չեն մերինէն, եւ դեռ ուրիշներ, որոնք սակայն իրենց պակաս հողերուն վրայ կ՚ապրին աւելի մեծ թիւով։
* * *
Ապագային նայող ժողովուրդներու կամքը պէտք է ըլլայ պողպատեայ եւ հզօր։
Ո՛չ մէկ ստորազգացութիւն, երբ արեւ կայ հոգիիդ մէջ ու ստեղծագործ արիւնը կը հոսի երակներէդ։
Ահա այսպէս է արմենական ցեղը, որ Արարատի դիմաց ու հայկական երկնակամարին ներքեւ լծուած է աստուածարեալ ստեղծագործութեանց։
* * *
Ազգերու առանձին ջահերն են, որ ուղղութիւն կու տան իրենց քաղաքականութեան։ Եթէ ուրիշներ մեր անկախութեան մէջ վնաս մը կը տեսնեն, պատրաստ են ուրանալ զայն եւ գործակցիլ նոյնիսկ թշնամիներուն հետ։
* * *
Դասակարգային պայքարը քսաներորդ դարը շահագրգռող հարց մը։
Ընկերվարութիւն, համայնավարութիւն եւ ձախակողմեան գաղափարաբանութեամբ այլ վարդապետութիւններ իրենց քարոզչութիւններով տեւաբար կը հրահրեն աշխատաւոր զանգուածները՝ տէր կանգնելու իրենց քրտինքին։
Ցարդ, տեղի ունեցած կիսամիջոցներու յաղթանակները,— դեռ եւս հեռու են աշխատաւորական զանգուածները գոհացնելու,— կանգ պիտի չառնեն, եւ ուշ կամ կանուխ պիտի ստեղծուին աւելի տանելի պայմաններ աշխատաւորութեան համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *