ԿԱՊՈՅՏԸ

Եղիշէ Չարենց

Կապոյտը հոգու աղօթանքն է, քոյր,
Կապոյտը — թախիծ.
Կապոյտը — կարօտ թափանցիկ, մաքուր,
Ու յստակ, ու ջինջ:

Կապոյտը քրոջ աչքերի անհուն Continue reading “ԿԱՊՈՅՏԸ”

Երբ վարպետէն կը ներշնչուին

Խմբագրակազմիս լոսանճելըսեան ներկայացուցիչ Վիլմա Սարգիսեան մեր ընթերցողներուն առաքած է ստորեւ եւ յաջորդ էջերով տրուած այս բանաստեղծութիւններու շարքը, որ տեղւոյն Մեսրոպեան ազգային վարժարանի 11-րդ եւ 12-րդ կարգերու աշակերտները (ուսուցչուհի՝ Արփի Համբարեան) հեղինակած են՝ հետեւութեամբ Եղիշէ Չարենցի վերը տրուած «Կապոյտը» բանաստեղծութեան։

ՄԱՆԻՇԱԿԱԳՈՅՆԸ

Continue reading “Երբ վարպետէն կը ներշնչուին”

Ինքնատպութիւնը երկսայրի սուր է

Բժ. Օհան Թապաքեան

Գրականութեան ինչպէս նաեւ արուեստներու ճիւղերուն մէջ ինքնատպութիւնը կոխուած ուղիներէն շեղում մը կ’ենթադրէ. երբ կ’ըսուի թէ գրագէտ մը կամ արուեստագէտ մը ունի ինքնատիպ ոճ կամ լեզու, կը հասկնանք որ ան ունի գրելու կամ արտայայտուելու ինքնուրոյն եղանակ մը որ կը տարբերի իր ժամանակի ուրիշ Continue reading “Ինքնատպութիւնը երկսայրի սուր է”

«Մէկ հատ ալ ամենքս միասին նկարուինք»

Նանոր Աշնա Սնապեան

— Մէկ հատ ալ ամենքս միասին նկարուինք։
— Կեցի՛ր, աս «վալիզը» հանենք աստեղէն։
— Չէ՛ Անահիտ, վալիզն ալ թող մնայ։ Կը նայիս պատմութիւն կ՚ունենայ աս «վալիզը»։
Իմ առաջին հանդիպումս էր այդ գիշեր Հրանդին հետ։ Անահիտին Continue reading “«Մէկ հատ ալ ամենքս միասին նկարուինք»”

ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՊՐՈՖԷՍՈՐ ՃԷՅՄՍ ՐԱՊԸՐԹ ՐԱՍՍԸԼ*

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զանոնք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Անոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ Continue reading “ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ”

Հայերէնի պահապանը, պահակը, ոստիկանապետը ոչ եւս է

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Կռահեցիք անշուշտ, խօսքը հաւատարիմ ընկերոջս, գործակիցիս, անխոնջ սրբագրիչիս, ուսուցիչի՛ս մասին է, գրեթէ տարեկից՝ բժ. Արմենակ Եղիայեանի։ Բոլոր ածականները անբաւարար են բնութագրելու համար հայերէնի երկրպագու այս հայորդին, որ այդպէս, առանց մեզի լուր տալու մեկնեցաւ այս աշխարհէն՝ ո՛րբ ձգելով մեզ։
Ուրիշներու նման, ես ալ իր բաշխումի ցանկին վրայ էի ու կանոնաւոր Continue reading “Հայերէնի պահապանը, պահակը, ոստիկանապետը ոչ եւս է”

ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

Արմենակ Եղիայեան

Տարիներու ընթացքին մեր ընթերցողներուն շարունակաբար ներկայացուցած ենք Արմենակ Եղիայեանի շաբաթական առաքումներէն ուշագրաւ քաղուածքներ։ Անշուշտ մեր հրատարակութեան ամսական բնոյթը եւ հեղինակին գրչի բեղմնաւորութիւնը իրար խոտոր կը համեմատէին, եւ իր մահէն ետք տակաւին ունինք յետնեալ գրութիւններու շարք մը, որ պիտի յաջորդ թիւերով յանձնենք ընթերցողին։

«Հորիզոն գրական»

Չափազանցութիւն

Այսպէս կը կոչենք ոճական այն հնարքը, որ կը կայանայ առարկաները՝ Continue reading “ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ”