Նորա Պարութճեան
Ի՞նչ է ոչը, եթէ ոչ այոյի տարածք։ Մուտք՝ դէպի այն ՙարգելք՚ուածը, որ պիտի չարձակուէր առանց ոչի հատու շեշտին, առանց ոչի կտրուկ բնաւորութեան։ Անհաւանականի շրջումն է ոչը դէպի կարելիութիւն, ժանգոտած կղպանքի մէջ դարձող բանալի։ Ոչ՝ որ գիտէ յամառիլ եւ ազատագրել այոներու զսպեալ սովորամտութիւնը։
Ի՞նչ է ոչը, եթէ ոչ այոյի վերադարձը իր սկզբնական երազներուն։
Երբ ճամբայ ելանք, հասնիլ կ’ուզէինք։ Մեր միտքը լեցուն էր երաժշտութեամբ։ Կը յորդէինք բանաստեղծութեամբ։ Բառերու բարձին վրայ գլուխնիս դրած, գիշերը մարմին կու տայինք անոնց, որ ցերեկը դուրս բերէինք զանոնք իրական կեանք, մեր քայլերուն պահապան։ Կենդանի էին անոնք, կը տեսնէինք երեւէջող կուրծքը անոնց, ու շունչը որ կը փչէր մեր դէմքին։ Մեր ունեցածը երազներ չէին, երազները մե՛նք էինք այն օրերուն, երբ մեր միտքերը կը հովանաւորէր այոն։ Եւ պէտք չունէինք ոչին դիմելու այոյին երեսը տեսնելու համար։ Այն օրերուն, երբ չէինք գիտեր որ ոչի շունչով կ’ապրի այոն, ոչերու կենակցութեամբ կեանքի կը կոչուի ան եւ իր մէջ կրածը ոչի ծիներն են։
Պէտք է հասուննայինք յայտնաբերելու, որ շօշափելի եւ միանգամայն աննիւթեղէն վստահութիւնն է ոչը։ Բայց ինչի՞։ Նախ եւ առաջ եւ ի վերջոյ՝ ինքն իրեն։ Իր աներկբայութեան, իր անտեղիտալի ներքին կշիռքին, որ պէտք չէ տատանի, ամենեւի՛ն, քանի ոչի ամեն վարանում կամքի ուժ մը կը խլէ այոյէն, ոչի ամեն կասկած այոյի արեան գնով կը տեւականացնէ հովերուն ճօճող համակերպութեան փիլիսոփայութիւնը։
Ոչը յաղթանակ մը չէ ինքնին, այլ այոյի նուաճումը արդարացնող ու անդունդին վրայէն դէպի կարելին կամուրջ նետող ռազմիկին արշաւն է։ Ոչը այոյի կամաւորական խմբակներու անընկրկում որոշումն է, ուր ինք նպատակ չէ հասնումի, անապատի մէջ ճամբայ բացողին հրաւէրի ձայնն է։ Օրհնաբեր։ Քանի …
դիւրաբեկ է այոն, մտերմապաշտ, մուտք չի գործեր հոն՝ ուր տեղ չէ պատրաստուած իրեն։ Չի ներխուժեր, չ’աղմկեր, ամենակարեւորը՝ չի սպառնար։ Ոչին կողմէ կը հրաւիրուի հո՛ն ուրկէ վերացած է վախի իշխանութիւնը, ուր հաշիւը տեղի տուած է միտքերու ազնիւ համարձակութեան։ Ոչին շնորհիւ մաքրուած է հրապարակը, ինչպէս իր բարկութեան մտրակով այլասերած տաճարին մուտքը մաքրեց Քրիստոս, որպէսզի այոյին ուժը սկսի հոն ներգործել։
Այոյին աղօթքն է ոչը. ու ոչը հաւատարիմ է իրեն յուսացողներուն։
Ուշադրութիւններու գօտիէն վտարուած, դիւանագիտօրէն անտեսումի մատնուած այոյին արտը իր իսկական մշակին վերադարձնող արդարամիտ դատաւորն է ոչը։ Հազուագիւտ, անոր համար ալ թանկագին ուժ, որու շնորհիւ պիտի արմատախլուին գլուխ ծռելով եւ զիջելով սանձարձակօրէն աճած որոմները, որոնք իրենց գոյնն ու ծփանքը կը պարտադրեն իրենց գրաւած հողերուն, գոյութեան օրէնքի վերածուելով։ Ոչը իրենց կարեւորութենէն կը զրկէ անկարեւորները։
Այոն իր փայլքը, փառքը, իր հմայիչ աշխարհը ամբողջովին կը պարտի ոչի վէրքերուն, կոտտանքներուն եւ մա՛նաւանդ անոր փիւնիկեան նկարագրին, որուն հալածուած չարքաշօրէն անթեք սլացքը ինքնահրկիզուելով դէպի արեւ կը պատռէ ապականութիւնը մթնոլորտին ու՝ կը հալի մինակութեան մէջ։ Ոչը արեւին մէջ կը վերջանայ։
Մեծ Մինակը, երկերես, որ կ’ապրի ինքզինքէն անդին, կենդանացնելու իր հակապատկերը, զայն ցոլացնելու հայելիին մէջէն ըմբռնող աչքերուն առջեւ։ Անոնց ցոյց տալու իր միւս երեսը։ Մնալո՛ւ սահմանուած։ Իրմով պայմանաւորուած։
Մեռնիլը բացառիկ առիթ է իրական ապրելու։ Ոչը ամեն ինչ կ’ընէ մեկնելու համար, որովհետեւ իր կոչումն է ատիկա. կ’աշխատի մեկնիլ տեղ բանալու այոյին, քանի որ երկուքին միաժամանակ տարածք չկայ այստեղ։
Իր ընդերքին մէջ խնամող ոչին ծնունդն է այոն։ Ոչի որովայն պէտք է այո ծնանելու համար։ Ոչի միտք պէտք է այո աճեցնելու համար։
Ոչ ըսելը ամենէն առաջ այո ըսել է։ Այսպէս է այս խօսքը ըսողին եւ ըսողներուն պարագան։ Անուննե՞ր կ’ուզէք։
2026, Փարիզ
*) Էտկար Մորէն — Ֆրանսացի ընկերաբան, փիլիսոփայ, տեսաբան, գրող։ Մահացաւ 29 մայիս 2026-ին՝ 105 տարեկանին։
Ձգեց մտաւորական մեծ ժառանգ։
