ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ԼԵՌՆԱ ԳԱՐԱԳԻՒԹԻՒՔ
ԱՅՍ ԳԱՐՈՒՆ

գարնան սիւգը կ՚իջնէ
բառերուս վրայ անլսելի
հոգիս կը խայտայ
եթէ մարմինս յանձնուի
անկարեկիր ցաւերու ու
անկողինիս մէջ դողդղայ
բառեր չկան արտայայտելու
ողբալի ցաւ մը միայն
ոհ կը պաղատի

գիտեմ արեւը պիտի շողայ
իմ ոսկորներուս վրայ սառած
լուսինը պիտի արծաթանայ
խաւարին յագեցած

պիտի փափաքէի
կանգնէր ժամանակը
սիւգն այս գարնան
իջնէր հողին վրայ
ու գրկէր զիս
աղաղակովն այս բառերուս
որոնք պուտ մը
շունչ կը ցանկան

ՅՈԳՆԱԾ

աչքերս գոցեցի
չտեսայ լոյսն ու խաւար
ականջներս փակեցի
խուլ տրտունջներ
դարձեալ զնգացին

հիմա անզգամ եմ
անկարեկիր ցաւերու
սին երազներու
խաբկանքն է աչքերուն վկան
զանոնք փակած կը յառաջանամ

կը շօշափեմ օդը
բոյր չկայ ռունգերուս մէջ
յոգնեցայ
ո՞վ չի զզուիր իրմէ
ո՞վ չի նեղուիր իրմէ
եթէ ոչ այն էակը
ժամը հասեր է հեռանալու
երկրպագութենէ

յոգնած եմ
յոգնութիւնս է քեզմէ
դուն իմ Ես-ին մէջ աւելորդ
Ես քու մէջ անյայտ ճամբորդ

ԾՆՈՒՆԴԸ ՄԱՀ Է

ոչ չվախցայ
լոյսը տեսայ
պիտի չվախնամ ալ մահէ
ես եկայ

քայլ նետել
կապոյտ կարմիր կանաչ
աշխարհներ
օրերու տարփանքով
յագեցայ

օր մը
կրնամ մօտենալ
այն դուռ
ուր Դուն կը սպասես

Ան երբ լքէ զիս
Ես կը քալեմ դէպի հոն
ուր կը սպասէ
իմ Ես

ես ծնայ
եւ ծնաւ մահը
իմ Եսին մէջ
Դուն Է

ՊՈԼԻՍ

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *