ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

Արմենակ Եղիայեան

Տարիներու ընթացքին մեր ընթերցողներուն շարունակաբար ներկայացուցած ենք Արմենակ Եղիայեանի շաբաթական առաքումներէն ուշագրաւ քաղուածքներ։ Անշուշտ մեր հրատարակութեան ամսական բնոյթը եւ հեղինակին գրչի բեղմնաւորութիւնը իրար խոտոր կը համեմատէին, եւ իր մահէն ետք տակաւին ունինք յետնեալ գրութիւններու շարք մը, որ պիտի յաջորդ թիւերով յանձնենք ընթերցողին։

«Հորիզոն գրական»

Չափազանցութիւն

Այսպէս կը կոչենք ոճական այն հնարքը, որ կը կայանայ առարկաները՝ անձեր, անասուններ, իրեր, երեւոյթներ կամ անոնց յատկանիշերն ու գործողութիւնները չափազանցուած ներկայացնելու մէջ, որով աւելի խոր ու ազդու կը դառնայ խօսքին ձգած տպաւորութիւնը յատկապէս ունկնդիրին, բայց նաեւ ընթերցողին վրայ:
Չափազանցելու հակամէտ ենք ոչ թէ կամ անպայման իրողութիւնները խեղաթիւրելու նպատակով, որքան մեր խօսքը ընկալելի ու հաւաստի դարձնելու. սա իր կարգին կը ծառայէ համոզելու մեր խօսակիցը, ընթերցողը կամ ունկնդիրը մեր յայտնած մտքերու իրաւութեան կամ վաւերականութեան:
Ան համամարդկային հնարք մըն է, որ ի գործ դրուած է բանական էակին կողմէ այն օրէն, ուր ան սկսած է խօսիլ ու բանաւոր հաղորդակցիլ իր նմաններուն հետ:
Չափազանցութիւնը (hyperbole) ի գործ կը դրուի առօրեայ կենցաղային ամենասովորական անցքերու ու երեւոյթներու առիթով ալ. օրինակ՝ հինգ-տասը վայրկեան կը սպասենք, մինչեւ որ մեզի ժամադիր անձը տեղ հասնի ու գտնէ մեզ. զայն տեսնելով՝ բացառուած չէ, որ իսկոյն ըսենք.
— Եղբա՛յր, ո՞ւր մնացիր, ժամ մըն է կը սպասեմ…
Մինչդեռ ժամացոյցն ալ կը հաստատէ, որ հազիւ հինգ— տասը վայրկեան սպասած ենք: Նման պարագաներու՝ ո՛չ ունկնդիրը, ո՛չ ալ խօսողը հարկ կը տեսնէ ճշդում կատարելու, «իրարու սուտը բռնելու», որովհետեւ նման չափազանցութիւններ ընդու— նուած են մարդկային յարաբերութեան մէջ, եւ շատ մը իրականութիւններ մենք կը դիտենք չափազանցութեան պրիսմակին մէջէն:
Չափազանցութիւնը, ինչպէս ըսինք, խօսողական շատ հին հնարք է եւ շատ լայն տեղ ունեցած է մանաւանդ ժողովրդային բանահիւսութեան մէջ, որուն հնագոյն նմուշներէն մէկը՝ Վահագնի ծնունդը, ներկայացուած է գունագեղ չափազանցութեամբ.
Նա հուր հեր ունէր,
Ապա թէ բոց ունէր մօրուս,
Աչքունքն էին արեգակունք:
Այստեղ հերոսին գեղեցկութեան վրայ է հիմնուած չափազանցութիւնը, այլ տեղ չափազանցութեան առարկան անոր ուժն ու քաջութիւնն է, արժանիքներ, որով մարդիկ, տարուած հերոսապաշտական զգացումներով, իրենց պատկերացումներուն ու զրոյցներուն մէջ մէկ կողմէ կ’օժտեն սիրուած հերոսը, միւս կողմէ՝ կը վարկաբեկեն, կը նսեմացնեն թշնամին, եւ որքան մեծ ըլլայ տարբերութիւնը հերոսին ու թշնամիին միջեւ, այնքան աւելի փնտռուած է չափազանցութիւնն ու չափազանցողը:
Այսպիսիներ միայն տպաւորելու միջոց չեն, այլ նաեւ հաճոյքի ու վայելքի անսպառ աղբիւր են: Այս տեսակէտով ուշագրաւ է Սասունցի Դաւիթի դիւցազնավէպը, որ Յովհաննէս Թումանեան գեղարուեստական բացառիկ տաղանդով վերապատմած է՝ պահելով բանաւոր պատումի չափազանցութեանց ամբողջ հարստութիւնը.
Բարկացաւ Դաւիթ, չափը շպրտեց,
Տուաւ Կոզբադնի գլուխը ջարդեց,
Չափի փշրանքը պատն անցաւ գնաց,
Մինչեւ օրս էլ դեռ գնում է թռած…
Հայ գիւղացին յափշտակութեամբ մտիկ կ’ընէր նման հերոսական պատումները, ուր Դաւիթին՝ իր սիրելի հերոսին շպրտած ամանին փշրանքը մինչեւ պատումի պահը կը շարունակէր իր անարգել թռիչքը:
Բայց նաեւ Դաւիթի ու Մսրայ Մելիքի մենամարտը:
Վախկոտ Մելիքը հազար հնարք կը մտածէ մորթը փրկելու համար. բայց անօգուտ.
Գնաց խորունկ մի հոր փորեց,
Իջաւ, մտաւ վիհն էն խաւար,
Վրէն քաշեց քառսուն կաշի,
Ու քառասուն ջաղացի քար:
Եւ Դաւիթի մէկ հարուածով Թուր-Կէծակին՝
Անցաւ քառսուն գոմշի կաշին,
Անցաւ քառսուն քարերը ցած,
Միջից կտրեց ժանտ հրէշին,
Օխտը գազ1 էլ դէնը գնաց:
Չմոռնանք, որ Սասունցի Դաւիթին դիւցազնավէպը շատ հին ծագում ունի, արաբական նուաճումներու օրերէն, ըսենք՝ 7-րդ դարու կէսէն սկսած է ան մշակուիլ ու զարգանալ՝ հետզհետէ տարածուելու համար ողջ Հայաստանի սահմաններուն, ուր հայերը իրարու բերնէ կը խլէին անոր դրուագները:

* * *

Հայ բանահիւսութեան պատառիկներէն գրական մշակում ստացած նիւթերէն հանրածանօթ է նաեւ Ղազարոս Աղայեանի Տորք-Անգեղը իր համով չափազանցութիւններով:
Շատ դարեր առաջ՝ հին Հայաստանում
Տորք-Անգեղ անուամբ մի մարդ էր կենում:
Տորքը չէր նման հասարակ մարդու,
Այլ մի աժդահա եւ շատ ահարկու.
Աչքերը կ’ասես մի-մի կապոյտ ծով՝
Ճաճանչաւորուած արեւի լոյսով.
Սեւ-սեւ ունքերը, մութ ամպի նման,
Բարդ-բարդ կուտակուած աչքերի վրան.
Քիթը կորընթարդ, իբրեւ մի բլուր,
Ատամներն ուրագ, եղունգները թուր.
Կուրծքը կ’ասենաս մի լանջ է լեռան,
Մէջքը սարաժայռ, կռները գերան,
Մի խօսքով՝ մի դեւ եւ ոչ թէ հսկայ…
Ահռելի էր նա եւ այնքան ուժեղ,
Որ յիսուն գոմէշ չունէին մէկտեղ:

Չափազանցութիւնը, իբրեւ ոճական հնարք, շատ սովորական է գտնել հայ գեղարուեստական գրականութեան մէջ եւս:
Օրինակ՝ Համաստեղի «Տափան Մարգար»-ի կերպարի նկարագրութեան մէջ.
«Արտի չափ լայն իր կռնակը մեզի դարձուցած գիւղ կ’իջնէր… Ճամբուն վրայ իր խոշոր, ծանր կօշիկներէն արտերուն հողը կը մաքրէր… այնքան մեծ, որ նապաստակ մը հոն շատ դիւրութեամբ կրնար իր տունը տեղաւորել… ճակատը միշտ փոթ-փոթ, ինչպէս հերկուած արտ մը… Ունէր տափանի չափ լայն, սերմնացանի թեւեր»:

Գրիգոր Զոհրապ Եղիա Տեմիրճիպաշեանի կերպարի նկարագրութեան մէջ ունի հետեւեալը.
«Դիւահար ոգի մը. արծուի մը եթերային ճախրանքը սարէ ի սար, երբեմն աւելի անդին, ուր պարապութիւն մը կը տիրէ ա՛լ. կամ օդապարիկի մը ոստոստուկ ելեւէջները…» («Ծանօթ դէմքեր»):
Իսկ Մաղաքիա Օրմանեանի ուսերուն վրայ ան կը տեսնէ՝
— Վաղահաս ալեւորումով ճերմկած առիւծի գլուխ մը:
Այլեւ նոյնին «կաղնիի մը ամբարձիկ ուղղութիւնը» (անդ):

Ծառուկեան, որուն զգացումները այնքան ալ ջերմ չեն եղած Լեւոն Շանթի հանդէպ, իր ճեմարանականի օրերէն կը յիշէ անոր մէկ սաստը.
«Եկաւ Շանթը, մտաւ դասարան եւ… շանթահարեց… ուրուական մը մտած էր դասարան, փոթորիկ մը մեկնեցաւ» («Մեծերը եւ միւսները», էջ 17):
Հապա՞ անմահն Սայաթ-Նովայի ծանօթ տողերը.
«Դուն կրակ, հագածդ կրակ, վո՞ւր մէ կրակին դիմանամ»:
«Սիրտս լորի պէս խորվեցիր, էշխիդ կրակով, աչքի՛ լոյս»:

* * *

Շատ ընդհանրացած է թուային չափազանցութիւնը.
«Հովւութիւնը հազար անգամ աղէկ է արտ քաղելէն… երկու հազար անգամ աւելի աղէկ՝ գոմերու աղտեղութիւնը մաքրելէն» (Արամ Հայկազ, «Չորս տարի…», էջ 45):
Կամ աշխարհագրական երեւոյթներու հետ բաղդատութիւնը.
«Յարդի ու խարի բլուր մը կը բարձրանար մինչեւ տանիք» (անդ, էջ 97):
«Արջը մտեր էր արտ, կերեր էր, աղբե՜ր ալ… լեռան պէս դիզեր էր» (անդ, 146— 7):
Երգիծաբանութեան մէջ լայն տեղ կը գրաւէ չափազանցութիւնը, որով երգիծողը աւելի ցայտուն ու տպաւորիչ, այլեւ համոզիչ դարձնել կը փորձէ երգիծանքի առարկան:
Օրինակ՝
«Թաղիս փողոցները այնչափ նեղ են, որ մարդս անցած ժամանակը կը կարծէ, թէ քորսէ (իմա՝ սեղմիրան) հագած է, շունչ առնելու համար նեղութիւն կը զգայ» (Յակոբ Պարոնեան, «Պտոյտ մը…»):
«[Քում Քաբուի մէջ] հազար երկու հարիւր տուն հայ կայ եւ երկու հազար չորս հարիւր գինետուն… որոշուած է հազար գինետուն եւս աւելցնել» (անդ):

* * *

Ինչպէս ըսինք, առօրեայ խօսակցական լեզուի մէջ մեծ տեղ ունի չափազանցութիւնը, եւ առ այդ լեզուի մէջ յառաջացած են չափազանցութեան կայուն տարազներ:
Օինակ՝
— բան մը հազար անգամ ըսել,
— հարիւր տարի ալ մնամ՝ չեմ ընդունիր,
— խնդալէն մեռնիլ,
— գայլի պէս անօթենալ,
— քառասուն օր-քառասուն գիշեր հարսանիք ընել,
— երկինք-երկիր իրար անցընել եւ այլն:
Չափազանցութիւնը յաճախ կ’արտայայտուի բոլորովին բառային միջոցներով՝ առանց ծաւալի կամ յաճախականութեան ակնարկութեան.
Օրինակ՝
«Միւսները, որ ա՛լ գինովցած էին, կ’ոռնային, կը կաղկանձէին» (ԱՀ, անդ էջ 209):
«Քիւրտը միսի համար հոգի կու տայ» (անդ, էջ 109):
Կան, վերջապէս, պատկերաւոր խօսքեր ու դարձուածքներ, որոնք հիմնուած են չափազանցութեան վրայ, ինչպէս՝
— պոռալէն ոռը պատռել, — փուշ ու տատասկ քաղել, — լեղին փրթիլ, — հոգին հանել, — սիրտը կոտրել, — սատանայ տեսնել — թոյն խմել, — շուքէն վախնալ եւ այլն:

Նուազաբերութիւն.

Սա նախորդին հակառակ երեւոյթն է, որ իր կարգին ուրոյն չափազանցութիւն մըն է, ուր առարկաներն ու անոնց յատկանիշերը տարապայմանօրէն կը նուազին կամ կը փոքրանան:
Օրինակ՝
«Կատուի ձագերու նման ես ու փոքրիկ եղբայրներս կը թափառէինք թրքական գիւղակներու մէջ» (Շաւարշ Նարդունի, «Գրական ցոլքեր», էջ 158):
«Առնաուտները փայտ կը ջարդէին՝ լուցկիի կոթ կոտրելու նման» (անդ,էջ 160):
«Իր դէմքը հազիւ ափի մը չափ մնացեր էր» (ԱՀ, էջ 53):
«Մեր մայրը կը լացնեն, ամենէն մեծ կտորնիս ականջնիս կը ձգեն» (անդ, էջ 272):

Կառոյց մը շատ աւելի տպաւորիչ է, երբ ան կը համատեղէ չափազանցութիւնն ու նուազաբերութինը.
Օրինակ՝
«Եզան մը չափ կ’ուտէ, բայց հաւու մը չափ չ’աշխատիր» (անդ, էջ 40):
Խառն ոճի հոյակապ օրինակներ ունի միջնադարեան բանաստեղծ Ֆրիկը.
Մէկն ապրի տասն տարի,
Մէկն հարիւր այլ աւելի:
Մէկին հազար դեկան ոսկի,
Մէկին ո՛չ փող մի պղընձի
Մէկին հազար ձի ու ջորի,
Մէկին ոչ ուլ, ոչ մի մաքի:
Մէկին հազար հատ մարգարտի
Մէկին ո՛չ ուլնիկ մի ապիկի:

* * *

Առօրեայ խօսակցական լեզուն կը սիրէ կիրարկել կարգ մը պատկերաւոր խօսքեր ու դարձուածքներ, որոնք հիմնուած են նուազաբերութեան վրայ, ինչպէս՝
— հաւու խելք ունենալ, — խօսքը մատնոց մը չի լեցներ, — քիթէն անդին չտեսնել, — թռչունի չափ ուտել, — կաշի— ոսկոր մնալ, — թիզ մը հասակ, — պատառ մը հաց, — ումպ մը ջուր (գինի, օղի…), — մէկ շունչով պատմել, — քայլ մը տեղ եւ այլն:
Եթէ չափազանցութիւնն ու նուազաբերութիւնը նմանցնենք համեմի, ապա պիտի ըսենք, որ պարտինք գիտնալ չափաւոր, այլեւ ճիշդ տեղին գործածել զանոնք, ինչպէս կը գործածենք համեմն ալ, այլապէս մեր խօսքին կը սպառնայ ճապաղութիւնը՝ կրկնաբանութեան ու միօրինակութեան մռայլ ստուերով, նոյնիսկ եթէ խօսքային նոյն հնարքներուն չդիմենք: Այս չափաւորութիւնը կը վերաբերի թէ՛ ծաւալին, թէ՛ յաճախականութեան:
Ծաւալային տեսակէտէ՝ պէտք է որ չափազանցութիւնն ու նուազաբերութիւնը շատ չհեռանան իրականութենէն. երբ, օրինակ, կ’ուզենք շեշտել կարկուտի հատիկներուն խոշորութիւնը, ապա թոյլատրելի է ըսել ընկոյզի չափ հատիկներ, թող ըլլայ բռունցքի չափ, սակայն թոյլատրելի չէ ըսել ձմերուկի չափ հատիկներ. նման ոճ մը շատ պաղ կ’անցնի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի յաճախականութեան, ապա այս պարագային ալ պէտք է խուսափիլ ամեն քայլի չափազանցութեամբ մը կամ նուազաբերութեամբ մը օժտելէ խօսքը, այլապէս կրնանք տաղտկալի դառնալ:
Իսկ թէ ճիշդ ո՞րն է այդ չափր,— ան մնացած է գրողին կամ խօսողի ճաշակին ու հայեցողութեան, այլեւ… տաղանդին:

Սաստկաբանութիւն

Սա իր կարգին, չափազանցութեան պէս, կը միտի կազմել խօսքը այնպէս մը, որ ան աւելի տպաւորիչ, հետեւաբար եւ համոզիչ ըլլայ խօսակիցին կամ ընթերցողին: Տարբերութիւնը կը կայանայ միջոցներուն մէջ միայն:
Մինչ չափազանցութիւնը կը յենի առարկաներու եւ երեւոյթներու ծաւալային խոշորացումին վրայ, սաստկացումը կը յենի անոնց որակական յատկութեանց վրայ:

Բառային սաստկացուցիչներ

Հնագոյն սաստկացուցիչներ եղած են բառային այն տարբերակները, որոնք իրենց բնորդներէն կը տարբերին բառասկիզբի «զ» բաղաձայնի յաւելումով. օրինակ՝ անցանել եւ զանցանել, առածիլ եւ զառածիլ, արթուն եւ զարթուն, եղծել եւ զեղծել, եռալ եւ զեռալ, իջանել եւ զիջանել: Կարգ մը բառերու սկիզբը զ-ն կը վանէ անոնց հ-ն եւ յ-ն. օրինակ՝ հարկ եւ զարկ, հեղուլ եւ զեղուլ, հով եւ զով, յանցանք եւ զանցանք, յօդ(ել) եւ զօդ(ել), փռել եւ սփռել, քողել եւ սքողել եւ այլն: Կարգ մը բառերու սկզբնաձեւերը անհետացած են լեզուէն կամ պարզապէս նմանները գոյութիւն չեն ունեցած, եւ գոյատեւած են սաստկական ձեւերը. օրինակ՝ զահանդիլ, զայրանալ, զանցառել, զառամիլ, զառանցել, զարգանալ, զգետնել եւ այլն: Ասոնք վերջին հաշուով հոմանիշներ են, այո, ուր սակայն «զ» կրող տարբերակը ունի աւելի վերացական բովանդակութիւն ու հարուստ տարողութիւն: Այս բաղաձայնին, որ հայցական հոլովի նախդիրը կը ձեւացնէ, սաստկացուցիչ յատկութիւնը այնքան գնահատուած էր մեր նախնիներէն, որ անոնք չէին վարաներ զայն մինչեւ անգամ ուղղական հոլովի վրայ դնելու. օրինակ՝ «Ուր չէր զոք բնաւ եդեալ» (Ղուկ., ԻԳ/53): Զի՞նչ (իբրեւ ուղղական, տես Ա. Բագրատունի, էջ 71): Իսկ կարգ մը բարբառներու մէջ զայն կը գտնենք ուղղական հոլով ենթակային վրայ՝ զինքն եկաւ, զինքն գնաց եւ այլն (Ե. Դուրեան, Գ., «Զ տառը»):
Կարգ մը ուրիշ բառեր իրենց սաստկականը կը կազմեն հ-ով, որ պատմական հու մըն է. օրինակ՝ ամայն-համայն, ամբառնալ-համբառնալ, անդ-հանդ, ատել-հատել, արբիլ-հարբիլ, զօր-հզօր, լու-հլու, մուտ-հմուտ, ոգի-հոգի, պարտ-հպարտ, սկայ-հսկայ եւ այլն:
Սաստկաբանութեան արդիւնք են նաեւ այն կրկնաւոր բարդութիւնները, որոնց ծագումը կը հասնի մինչեւ գրաբար եւ որոնք շատ աւելի մեծ յաճախականութեամբ յառաջացած են միջին հայերէնի ու աշխարհաբարի մէջ. այսպէս, օրինակ, դողալ եւ դողդղալ, որոնց երկրորդը կը գերազանցէ առաջինը թէ՛ իր իմաստով, թէ՛ իր տարողութեամբ՝ թուային կամ քանակական. նոյնպէս ալ՝ թափել-թափթփել, չափել-չափչփել, ծակել-ծակծկել, հեծել-հեծեծել, վազել-վազվզել, բարձրաբերձ, մեծամեծ, մաքրամաքուր, չարաչար, կաս-կարմիր, միս-մինակ կամ մէն-մինակ, չոփ-չոր, սեփ-սեւ, խաժամուժ, խառն ի խուռն, արդուզարդ, գոյնզգոյն, հազիւ հազ, հետզհետէ եւ այլն:
Նախադասութեան զանազան անդամներու համադասական կրկնութիւնը իր կարգին շատ յաճախուած հնարք մըն է, որուն կը դիմէ գրաւոր, բայց շատ աւելի բանաւոր խօսքը. այս պարագային եւս ստացուած արդիւնքը թէ՛ որակական է, թէ՛ քանակական. բաղդատենք՝
— Խօսեցաւ, խօսեցաւ ու լռեց:
— Շատ (կամ երկար) խօսեցաւ ու լռեց:
Ասոնք իմաստային հոմանիշներ ըլլալ կը թուին, սակայն խորքին մէջ առաջինը շատ կամ երկար խօսելէն բացի կը բովանդակէ նուրբ հեգնանք մըն ալ խօսողին հանդէպ. ան երկար խօսեցաւ, սակայն անոր խօսքը իր ակնկալած տպաւորութիւնը չձգեց, ուստի հարկադրուած եղաւ լռելու: Այսինքն՝ ոչ միայն խօսքի քանակական գնահատում մը կայ այստեղ, այլեւ որակական, եւ այդ որակը բացասական է:
Նաեւ՝
— Փնտռեց, փնտռեց ու գտաւ:
— Ան շատ (կամ՝ երկար) փնտռեց ու գտաւ:
Առաջինով կատարուած հաղորդումին մէջ թաքնուած է մեղմ գնահատանք մը՝ ի նպաստ փնտռող կողմի յարատեւութեան, մինչ երկրորդը պարզ, առարկայական հաղորդումն է եղելութեան մը, որուն հանդէպ անտարբեր է խօսողը: Շնորհիւ կրկնութեան՝ կարծես խօսողը կը մտնէ փնտռողի մորթին մէջ, կը մասնակցի անոր տագնապին:
Այլ խօսքով՝ բառացի կրկնութիւնը միշտ ալ աւելի կ’առնչէ խօսողը իր մատնանշած առարկային, երեւոյթին կամ գործողութեան, եւ արդէն ճիշդ այդ առնչութիւնն է, որ կը մղէ զինք կրկնութեան:
Նաեւ՝
— Ես ոչինչ տեսայ…: Ես ոչինչ, ոչինչ տեսայ:
— Ա՞յս մնաց ունեցածէս…: Ա՞յս, ա՞յս մնաց ունեցածէս:
— Գնա՛, ննջէ՛ ըսի…: Գնա՛, գնա՛, ննջէ՛ ըսի:
Վերջին օրինակը՝ միակ ստորոգիչով, պարզ թելադրանք ցոյց կու տայ միայն, մինչ ստորոգիչի կրկնութեամբ՝ զգալի է խօսողին թախանձանքն ու խանդաղատանքը, այլեւ շահագրգռութիւնը: Այնպէս ալ միւսները:
Կրկնուող տարրերը յաճախ կը հեռանան իրարմէ՝ այլապէս սաստկացնելով հաղորդումը. օրինակ՝
— Ամբո՜ղջ հարստութիւնը անձնական հաճոյքին համար մսխեց, ամբո՜ղջ:
— Չուզե՜ց ըմբռնել, որ այս զոհողութիւնը իր սիրոյն էր, չուզե՜ց:
Սաստկական զգալի երանգով օժտուած են այն կրկնադիր բայերը, որոնց երկրորդը ժխտական է. օրինակ՝
— Ի՜նչ ըրինք-չըրինք, գլուխ չհանեցինք:
— Որո՜ւ դիմեց-չդիմեց, բոլորէն մերժուեցաւ:
— Ինչ ըրաւ-չըրաւ, ամեն ուզածը ստացաւ:
— Ինչ ունէի-չունէի, բոլորը տուի:
— Ունիմ-չունիմ, միայն քեզ ունիմ:
Կրկնուող տարրերը յաճախ քերականական մասնիկներ են. օրինակ՝
— մի՛, մի՛ յիշեցներ այդ բանը.
— չեմ, չեմ կրնար թոյլատրել նման արարք մը.
— Ո՛չ, ո՛չ այսպէս… եւ այլն:
Կրկնութինը յաճախ կը փոխարինուի մերձիմաստ կամ հոմանիշ բառերու բարդութեամբ. օրինակ՝
— Արար-աշխարհ իմացաւ պատմութիւնդ:
— Եկաւ-տնկուեցաւ գլխուս վերեւ:
Այլեւ՝ գող-աւազակ, լռիկ-մնջիկ, յոգնած-դադրած, գոռում-գոչում, հաշիլ-մաշիլ, մեռաւ-գնաց եւ այլն:

Շարահիւսական սաստկացուցիչներ

Այստեղ իր յատուկ տեղը ունի հռետորական հարցումը:
Ի՞նչ է հռետորական հարցումը:
Աչքի առաջ ունենանք հետեւեալ երկու հարցական ձեւացնող նախադասութիւնները.
— Այս խաղողին քիլոն որքա՞ն կ՚արժէ:
— Այս խաղողին դրամ տուող կ’ըլլա՞յ:
Այս հարցումներէն առաջինը ուղղուած է յաճախորդի մը կողմէ, որ իրօք կ’ուզէ գիտնալ խաղողին գինը ու ըստ այնմ որոշել՝ պիտի գնէ՞, թէ՞ ոչ։
Երկրորդը… արտասանութեամբ միայն հարցում է կամ կը ձեւացնէ ըլլալ, եւ զայն ուղղողը բան մըն ալ չ’ուզեր գիտնալ. ան պարզապէս կը հեգնէ ծախողը, կը թերգնահատէ եղած խաղողը եւ կ’ուզէ հասկցնել, թէ ան գնորդ չի կրնար ունենալ… մարդ նման խաղողի դրամ չի տար:
Ասոնցմէ առաջինը կը կոչուի բուն, ուղղակի կամ իսկական հարցում, իսկ երկրորդը կը կոչուի հռետորական հարցում:
Առաջինը պատասխանի մը, տեղեկութեան մը կը սպասէ:
Երկրորդը ոչ մէկ տեղեկութեան ու պատասխանի կը սպասէ. ան հարցումի ձեւին տակ կատարուած դատողութիւն մը, արժեւորում մըն է, այս պարագային՝ բոլորովին ժխտական:
Հռետորական հարցումին դերը շատ մեծ է ոճաբանութեան, այլեւ… մեր կեանքին մէջ: Շատ բաներ մենք կ’ըսենք ու կը հաստատենք… հռետորական հարցումով:
Ստորեւ տեսնենք կենդանի խօսքի ծիրէն ներս կիրարկուող կարգ մը օրինակներ:
Տեսնել, լսել, ընել… Այս շատ սովորական բայերը, իբրեւ միջոցի խնդիր առնելով համապատասխան զգայարաններու անունները, նոր լիցք, ուժգնութիւն ու հնչեղութիւն կը ստանան. այսպէս՝
Աչքովը տեսնել, ականջովը լսել, ձեռքովը ընել…:
Այս շատ ընթացիկ ոճերուն ի լուր կարելի է չոփ-չոր տրամաբանութեամբ հակադարձել, թէ հապա ուրիշ ինչո՞վ կարելի էր տեսնել, լսել ու ընել:
Բայց կարելի է նաեւ մտնել ասոնք կիրարկողին հոգեբանութեան մէջ. «աչքովս տեսայ» ըսողը ոչ այնքան տեսողութեան գործողութեան ու գործարանին կ’ակնարկէ, որքան կ’ուզէ երաշխաւորել տեսածին հաւաստիութիւնը եւ ականատեսի վկայութեան հարազատութիւնը. նոյնն է պարագան «ականջովս լսեցի» ըսողին: Այս նոյն ծիրէն ներս կը կիրարկուին նաեւ՝ ձեռքովը ընել, դնել, տալ, այլեւ ոտքովը երթալ կամ իյնալ. ասոնք ցոյց կու տան գործող ենթակային ամբողջական գիտակցութիւնն ու յօժարութիւնը:
Օրինակ՝
— Ես ոտքովս ինկայ այդ փոսին մէջ:
Այսինքն՝ իմ անկումիս միակ պատասխանատուն ե՛ս եմ, ինձմէ բացի ոչ ոք յանցաւոր է:

Խօսքը սաստկացնելու ուրոյն յատկութիւն ունի՝
ա) դրական նախադասութեան փոխարինումը նոյնին հռետորական հարցականի ժխտականով.
Օրինակ՝
Վրադ գլուխդ քիչ մը կոկէ: > Վրադ գլուխդ քիչ մը չկոկե՞ս…:
Երթանք գաւաթ մը խմենք: > Չերթանք գաւաթ մը չխմե՞նք…:
Երկու խօսք ալ դո՛ւն ըսէիր: > Երկու խօսք ալ դուն չըսէի՞ր…:

բ) ժխտական նախադասութեան՝ դրական հարցականով փոխարինումը. այս վերջինը ձեւով միայն դրական է, ըստ իմաստի՝ նոյն ժխտականն է՝ աւելի սաստկացած:
Օրինակ՝
Ես պիտի չմասնակցիմ: > Ո՞վ ըսաւ, որ պիտի մասնակցիմ:
Այս կօշիկով մի՛ մտներ: > Այս կօշիկո՞վ պիտի մտնես:
Քեզմէ բան մը չուզեցինք: > Քեզմէ բան մը ուզող եղա՞ւ:
Այս թոշակով չեմ կրնար ապրիլ: > Այս թոշակով կ’ապրուի՞:
Չձգեց, որ կարօտս առնէի: > Ձգե՞ց, որ կարօտս առնէի:

գ) դրական նախադասութեան ժխտական ձեւաւորումը. օրինակ՝
Ես պիտի խենթանամ: > Եկո՛ւր ալ մի՛ խենթանար:

դ) ուղղակի հարցումի փոխարինումը հռետորական հարցումով. օրինակ՝
Ինչո՞ւ եկար: > Ո՞վ ըսաւ, որ գաս:
Այս ժամո՞ւն կ’ երթաս: > Այս ժամուն կ’երթցուի՞:
Բաղդատել նաեւ՝
Չըլլայ, որ գաս: > Չըլլայ, որ երթաս:

(Շարունակելի)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *