Վ-Ա.
ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի Ռուբինա մասնաճիւղ, ՏՈՀՄԻԿ ՕՐ ձօնուած Եգիպտոսի, Եթովպիոյ եւ Սուտանի հայ գաղութներուն / HERITAGE DAY dedicated to the Armenian communities of Egypt, Ethiopia and Sudan, Թորոնթօ 2025, 464 էջ։
Մեծածաւալ ու այլազան բովանդակութեամբ գեղատիպ այս հատորը՝ տոհմիկ օրերու նուիրուած շարքին 31-րդը, իրականացած է շնորհիւ խմբական երկարատեւ աշխատանքի՝ Գիրքի յանձնախումբին կողմէ, բաղկացած Սոնիա Գրաճեանէ (գլխաւոր խմբագիր եւ ընդհանուր համակարգող), Հուրի Նաճարեանէ (գլխաւոր պատասխանատու) ինչպէս նաեւ Զեփիւռ Տորնայէ, Արշօ Զաքարեանէ, Նայիրի Համբարեանէ, Լուսին Թէճիրեանէ եւ Գեղամ Փափազեանէ (պատասխանատու նկարներու համադրման)։ Ձեւաւորումը՝ Արա Տէր Յարութիւնեանի (Ara Graphics), տպագրութիւնը՝ Շահէ Թաթիկեանի (Repoart Imaging)։ Քիչ չէ թիւը անոնց օժանդակած անձերուն։
Շնորհաւորութեան ու օրհնութեան գիրերէ անդին, գիրքը կը բովանդակէ մանրամասն տեղեկատւութիւն վերոնշեալ մեր գաղութներուն, անոնց պատմութեան, աշխարհագրութեան, կազմակերպութիւններուն, մամուլին, ականաւոր ու գործունեայ հանդիսացած կարգ մը դէմքերուն մասին, այլեւ յուշագրութիւններ, յօդուածներ, քերթուածներ՝ երկո՛ւ լեզուներով։ Գիրքը հարուստ է նաեւ բազմաթիւ սեւ-ճերմակ ու մանաւանդ գունաւոր նկարներով ու քարտէզներով։ Նշենք նաեւ, որ գիրքը մատուցուեցաւ եգիպտական մեհենանկարներով գեղազարդ յատուկ տոպրակներով, յատկապէս բերուած Եգիպտոսէն։
Անշուշտ Տոհմիկ օրուան նման ծախսալից նախաձեռնութիւն եւ այդ առթիւ պատրաստուած այսպիսի հրատարակութիւն կարելի են եղած շնորհիւ մեծաթիւ նուիրատւութիւններու, որոնք յիշուած են վերջին էջերուն մէջ, առեւտրական ծանուցումներուն՝ զետեղուած ձեռնարկներու յայտագրի գրքոյկին մէջ, այլեւ տեսակաւոր նուէրներու եւ սիրայօժար ներդրումներու, որոնք նոյնպէս արդիւնք են հետեւողական անդուլ աշխատանքի։
Վարձքը կատար բոլորին։
Հրանդ Մարգարեան, ՅԱԿՈԲ ՕՇԱԿԱՆ՝ ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ / Արմաւ հրատ. Երեւան, 2025, 100 էջ։
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած է խմբագիրը՝ բ.գ.թ. Արմէն Աւանէսեանը, որ նաեւ ստորագրած է ներածութիւն մը։ Մեկենասութիւնը ստանձնած է Լիպրա-6 «Թատրոնի, արուեստի եւ մշակոյթի արտադրութիւն» կազմակերպութիւնը, Նիւ Եորքէն, որ սոյն հատորին յատկացուցած է իր գրական մրցանակը։ Շապիկի ձեւաւորումը՝ Արշալոյս Արզումանեանի, էջադրումը՝ Արայիկ Ալթունեանի։
Ինչպէս «Մուտք»-ին մէջ կը նշէ հեղինակը ինքը, «Այս ուսումնասիրութիւնը ընդհանրական վերլուծում մըն է Օշականի թատրերգական գրականութեան եւ կը միտի հասկնալ իր թատերական աշխարհայեացքը, տեսական ըմբռնումները, թատրերգութիւններուն [թիւով 15, ինչպէս ըսուած է քիչ անդին] թատերակայնութիւնը, արծարծած թեմաները, կառոյցներն ու թատրերգական ոճերը»։ Իսկ Աւանէսեան կը վկայէ, որ «Օշականի թատերգութեանը հայ գրականագիտութիւնը այս ծաւալով դեռեւս չէր անդրադարձել»։
Բովանդակութիւնը կ՚ընդգրկէ, բացի տեղեկատուական բազմազան մանրամասնութիւններէ, «Օշական թատերագրի աշխարհը», «Օշական թատերագրի իմացական աշխարհայեացքը», «Օշականի թատերագրութեան արուեստի հանգանակները», այլեւ Օշականի թատերախաղերուն մէջ համամարդկայինը, կինը, «մահը», կիրքն ու սեռայինը եւ թուրքին տիպարը։
Շապիկի վերջին էջը կը գրաւէ վաստակաշատ Հրանդ Մարգարեանի ամփոփ բայց այնքան հարուստ կենսագրութիւնը։
Անթոնիա Արսլան, ՄՇՈՅ ԳԻՐՔԸ, իտալերէնէ թարգմանուած Վարդան Մատթէոսեանի կողմէ, Սիս հրատարակչութիւն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի, Ազգային առաջնորդարանի, Նիւ Եորք, 2025, 104 էջ։
Հատորը լոյս տեսած է ի յիշատակ տիկ. Անահիտ Գասարճեանի (Նիւ Ճըրզի)։
Իտալաբնակ, Փատովայի համալսարանի իտալական գրականութեան պատուակալ դասախօս Արսլան վիպակի ձեւով ներկայացուցած է ոդիսականը Առաքելոց վանքին մէջ պահուած Մշոյ ճառընտիրի (գրուած ու նկարազարդուած 1200-1202 թուականին, Բաբերդի Սեպուհ լեռան Աւագ վանքին մէջ), կամ սխրագործութիւնը երկու անանուն հայուհիներու՝ 28 քիլօ կշռող գիրքին կէսը 1915-ին Մուշէն Երեւան հասցնելու պատմութիւնը (միւս կէսը, թաղուած Կարնոյ հայկական վանքին մէջ, 1916-ին ռուս սպայ մը գտած ու տարած է Թիֆլիս)։ 1929-ին է, որ երկու կէսերը միացած են Ս. Էջմիածնայ մէջ, ապա փոխադրուած Մատենադարան, ուր կը հանդիսանայ մեր ամենէն մեծ ձեռագիրը։
Գիրքը նախապէս թարգմանուած է արեւելահայերէնի ու անգլերէնի, բայց, դիտել կու տայ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Անուշաւան արքեպիսկոպոս, թէ պատմաբան, բանասէր ու առաջնորդարանի դիւանապետ դոկտ. Մատթէոսեան սիրով ստանձնած է թարգմանել այս գործը՝ «ի ճաշակումն մեր ընթերցասէր հասարակութեան՝ յատկապէս զայն տրամադրութեան տակ դնելով մեր հայ վարժարաններու աշակերտութեան, որպէսզի անոնց մէջ վերընձիւղուի հայուհիի դարաւոր մաքրամաքուր ջինջ ոգին։ Սա վիպակ չէ, այլ դիւցազնավիպակ»։
Հեղինակը «“Մշոյ գիրքը”-ի բազմաթիւ լեզուները» իր յառաջաբանին մէջ կ՚ըսէ. «Պատմութիւն մըն է, որ խորապէս սեփական կը զգամ, թէեւ հոն չի խօսուիր հայ ընտանիքիս ու անոր ճակատագրին, այլ թանկագին գիրքի մը փրկութեան մասին, որ դիմակայութեան հզօրագոյն խորհրդանիշ մըն է վտանգուած ու հալածուած ժողովուրդիս ոչնչացման դէմ»։
Յիշենք, որ բազմաթիւ այլ գիրքերու եւ հայերէնէ իտալերէնի թարգմանութիւններու շարքին, յատուկ ուշադրութեան արժանացած է իր ընտանիքի Մեծ եղեռնէն փրկութեան պատմութիւնը, որ դարձած է «Արտոյտներու ագարակը» վէպը՝ թարգմանուած 20 լեզուներու, ունեցած 46 հրատարակութիւններ ու շարժանկարի վերածուած (The Skylark Farm) յայտնի բեմադրիչներ Փաոլօ եւ Վիթթորիօ Թաւիանիի կողմէ։
