Արա Մանուկեան (Մխսեան)
Տիեզերային անէծք
Տիեզերքի անլոյս խորէն իբրեւ անէծք արարչական
սեւ գիշերին՝ սեւ բախտի պէս բացուող սե՛ւ վարդ,
սեւ աւիշով սնած տարփոտ փերթերուդ մէջ
կը սաղմնանայ սերմնափոշին առէջ-առէջ
ու կը ցկնի կոռնակներու նեռ վոհմակներ,
որ ցօղունէդ անէ՜ծք-անէ՜ծք վար կը սողան
ու կը դառնան համիտ, հալիմ, ճեմալ, քեմալ
պեհաէտտին, ռեճեփ, թալաթ, էնվեր, իլհամ։
Անջրպետեան քամահրանքով արարչական՝
արիւնաթոր ժանիքներով բորենիներ
առիւծներու դրախտատիպ բնավայրին
տէր կը դառնան
եւ դարերով կ՚առաթուրեն ու կը պղծեն
լուսագրուած սրբամատեանը պատմութեան՝
առիւծներու հերոսատան…
Բորենիին ժանիքներէն՝ ծուէն-ծուէն՝
դարերուն հետ տարուէ տարի
առիւծները կ՚ընդարմանան՝
կ՚եղնիկանան…
Եւ կ՚աղօթեն եղնիկները դունչերը վեր,
երկնահայեաց, տասն եւ վեց երկար դարեր՝
«Մեզ ժանիքէն ազատէ՛, Տէր…»
Տասնվեց դար՝ ո՛չ ձայն, ծպտուն՝ ո՛չ պատասխան։
Եղնիկները չեն վհատիր, դեռ կ՚աղօթեն.
կը հաւատան, որ Տէրը շա՜տ զբաղած է
շա՜տ աւելի անմիջական աղօթքներու անսալով,
ինչպէս՝ «Ալլա՛հ, մեզի ոյժ տուր եւ սուր պահէ
եաթաղանի շեղբերը մեր, որպէսզի մենք
միանգամայն բնաջնջենք տասնվեց դար
որդիդ եւ քեզ եւ սուրբ հոգիդ պաշտած ազգը»։
Կը հաւատան եղնիկները ու կը սպասեն…
որ ո՛ւր որ է, վե՜րջ ի վերջո՜յ, այսօր-վաղը,
Տէրն ընկալէ եղնիկներու բորբ աղօթքը…
Անապատի ոսկրաճայթ տօթին շունչով
մայր եղնիկը դեռ կ՚աղօթէ իր չորաբեկ,
խարտ խռչակէն՝ աքցանաքաշ հեղոյսի պէս
մէկ-մէկ պոկուող բառանման հռնչիւնով.
«Ո՛վ Տէր, հասի՛ր.
աչքիս առջեւ կոյս աղջիկս կը պղծեն,
հասի՛ր, հիմա՛, գոնէ՛ հիմա, գէթ մէ՛կ անգամ՝
մեր ոսոխի աղօթքներուն բարեացակամ պատասխանդ
մէկ րոպէով յետաձգէ՛, — շանթահարէ՛,
բորենիներու վոհմակը, որ կոյս դուստրս կը գզէ…
Տե՛ս, բիրտ ոյժով՝ գլուխս գամեր են դէպի ան
եւ կոպերս բռնի բացած՝ կը ստիպեն,
որ դիտեմ խենեշ լլկումը դստերս։
Աղէտ ցկնող սեւ վարդիդ պէս՝ սեւ ագռաւդ արձակէ՛,
թող աչքերս փորոտէ, լսողութիւնս խափանէ,
որ չտեսնեմ կուսաթափումը պարմանի աղջկաս
ու չլսեմ Քեզի յղուած բարձրաղաղակ
աղերսանքները աղեխարշ…
Ահա՛, արդէն խողխողեցին, բզկտեցին
բազմալլուկ մերկ մարմինը խեղճ աղջկաս.
կ՚աղօթեմ Տէր՝ բա՛ց, վէրքի պէս՝
աւազածածկ կուրծքը հողին,
տո՛ւր, աղջկաս ջերմ անկողին,
որ բազէներ եւ ագռաւներ
չփեռեկեն դեռատի դին…
Քանի՜ միլիոն մայրեր լացին տասնվեց դար.
հաւատացին, սպասեցին…
դեռ կ՚աղօթեն ու կը սպասեն
արդարութեան խեղ նժարին հաւասարման,
մինչ ոսոխը կը յօշոտէ որդիքն իրենց դեռատի…
կը կտրատէ, կը մասնատէ, կը կորզէ
հողերն իրենց՝ թիզ առ թիզ…
Աղօթեցինք, դեռ կ՚աղօթենք…
Չէ՞ որ Լորտ Պայրըն ըսեր է՝
հայերէնը Աստուծոյ հետ զրուցելու լեզուն է…
Կը մտածեմ՝ կամ Լորտ Պայրըն կը սխալէր,
կամ Տէր Աստուած հայերէն չի հասկնար։
Մեր ոսոխի յաջողութիւնը վկայ՝
քաջածանօթ է Տէրը անոնց լեզուին սրիկայ…
Կամ ալ բազմած՝ ադամանդակուռ գահին՝
հարց կը դնէ ինքզինքին,
արդեօ՞ք, ինչո՞ւ այսքան հանճար
պարգեւեցի այս ազգին,
բայց անտեսեցի տալ իրենց
հողապահպանման մարմաջ…
* * * * * * * * *
Ես կարդացի տեղ մը գրուած՝
«Մարդ՝ մարդու գայլ ու գերի,
Ահէ ահ կը դեգերի…»
Տխուր բարեկամիս
Տխրութիւն մը կայ
քու աչքերուդ մէջ՝
յաւիտենական
երեկոյի պէս,
որ առկախեր է
կեանքիդ երկինքէն
անփորձ, մոռացկոտ
ստեղծիչ մը վէս…
Երբ րոպէական
ուրախութիւնդ
ժտէ երկարիլ՝
քեզ կտրուկ սաստող,
զգաստացնող
փսփսուքն է ան.
Մութ ապրումներդ,
երբ հոգիդ ճմլեն՝
կիսալոյս սփռող
կիսամութացիր
առկայծ լամբն է ան…
Եւ երբ յոգնութիւն
կամ ձանձրոյթ թուող
մեղկ ու անորոշ
զգացումներդ
քեզ մտածել տան,
թէ ալ ատենն է
քու տխրութենէդ
ձերբազատուելու՝
անորոշ վախ մը
քեզ կը համակէ. —
չըլլայ՝ մէկ թոքդ
կամ սրտիդ կէսը,
թերեւս մէկ ոտքդ,
կեանքիդ մեծ մասը
յանկարծ վրայ տաս
տխրութեանդ հետ…
Եւ բուք-բորանին
առանց բաճկոնի
տունէն դուրս ելած
անխելք մարդուն պէս՝
որ անմիջապէս
ետ տուն կը մտնէ՝
փութով կը վանես
միտքէդ այդ միտքը
ու կը ծուարիս
տխրութեանդ գիրկը…
Տեսակարար կշիռ
Մարդ կայ, երբ խօսի,
Կարծես, թէ պղտոր գետ մը կը հոսի.
Ուրիշն, երբ խօսի,
Բառերը կ՚ըլլան յարմար սաղմոսի…
Մարդ կայ, երբ կարդայ,
Միտքը գործադուլ բանթող կը դառնայ
Մարդ կայ, երբ կարդայ,
Իմացութեան հետ զուգորդ կը դառնայ…
Մարդ կայ, երբ խորհի,
Կը դարձնէ ժամը նեխած ախոռի.
Այլ մը, երբ խորհի,
Աշխարհի վրայ բարիք կը ծորի…
Մին, երբ որ գրէ,
Կարծես գրիչը աչքդ կը խռէ.
Ուրիշն, երբ գրէ,
Զինք կարդացողին սրտին կը տիրէ…
Մարդ կայ, երբ երգէ,
Կարծես կոկորդը կը տանջուի վէրքէ.
Ուրիշն, երբ երգէ,
Մեղեդին ըսես քեզ շոյող ձեռք է…
Մէկը, երբ պարէ,
Ոտքերը կարծես շինուած են քարէ.
Միւսն, երբ պարէ,
Ոտքի շարժումով սիրտդ կը վառէ…
Մարդ կայ, երբ քալէ,
Կարծես կօշիկը երկաթէ սալ է.
Մի ոմն, երբ քալէ,
Ճամբան ոտքերուն շնորհակալ է…
Մարդ կայ, երբ բազմի,
Բազմոցն ու –ը կը սկսին ռազմի.
Ուրիշն, երբ բազմի,
Անդամ է կարծես պատուական կազմի…
Մին երբ քնանայ,
Փայտ սղոցողի խանութ կը բանայ.
Ոմն, երբ քնանայ,
Հարկ է ստուգել, թէ կը մահանա՞յ…
Մարդ կայ, երբ դատէ,
Յարդը ցորենէն հազիւ թէ զատէ.
Ուրիշն, երբ դատէ,
Արդարութիւնը մահէն կ՚ազատէ…
