ԱԿՆԱՐԿ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ՝ «ԱՂՕԹՔ» ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՊՐՈՖԷՍՈՐ ՃԷՅՄՍ ՐԱՊԸՐԹ ՐԱՍՍԸԼ*

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զանոնք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Կան բանաստեղծութիւններ, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Անոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով, կամ՝ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ տրամաբանութեամբ:
Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը կը սկսի աղօթքով, որ՝ … ծառերը չմահանան:
«Ծառերը» բառը երեք բաղաձայն կը բովանդակէ: Առաջինը պայթուցիկ «ծա»ն է, երկրորդը, զօրաւոր թրթիռով «ռա» տառն է, որ կը խարսխէ «ծառերը» բառին պատկերը:
Երկրորդ տողը կրկնութիւնն է առաջինին, սակայն բանաստեղծը այս անգամ կ՚աղօթէ, որ՝ սէրերը չմահանան: «Ծառեր» բառին համանման այս բառը, «սէ» եւ «րէ» տառերով կը մեղմացնէ նախկինին մէջ նշուած բաղաձայնային կարծրութիւնները՝ զանոնք վերածելով մեղմ հնչոյթներու, թէ՛ էութեամբ, թէ՛ ստորադասութեամբ:
Ծառերը ջուրով կը սնանին, եւ սէրը, բանաստեղծութեան առաջին տան մէջ, կը դառնայ ջուր, կը դառնայ ամպ, եւ երկրագունտին վրայ ցoղելով կը մաքրէ եւ կը սնուցանէ մարդուն ոգեկան էութիւնը:
Առաջին մասի երաժշտական աւարտին, բանաստեղծը կը հրամցնէ իր երկրորդ պատկերը, որ նոյնպէ՛ս, անձրեւի՝ դէպի-վար հոսքին նման, դարձեալ կը կամրջուի «ծառ» բներգին՝ այս անգամ ցանուած սերմին հետ — իմաստութիւն եւ լուսաւորուած խղճմտութիւն մատուցելով մարդ արարածին:
Մենք բանականօրէն մտային հունտ կը ցանենք, որ Կ՚աճի եւ դէպի վե՛ր կը սլանայ մեր գիտակցութեան մէջ:  Եւ այսպէս, Մարգարեան իր գրութեան երկրորդ տունով, անձրեւի դէպի վար հոսքի ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի վե՛ր՝ վեհ եւ վսեմ… բառերով: Վերջին երկու բառերը քրիստոնէական սրբութեան խորհրդանշաններ կը մատնանշեն … անեղծ, սրբամաքուր…:
Դէպի վեր սլացքը մեզ դէպի Աստուած կը տանի, կերտողը մարդ արարածին, այն արարածին, որ ծառերու նման կաւով կամ կաւին մէջ կազմուած է: Բանաստեղծութիւնը կ՚աւարտի աղօթքով՝ որ մարդ արարածը չմահանայ — բառացիօրէ՛ն:
«Մարդուն մէջի մարդուն մահացում» արտայայտութիւնը տրամաբանական մեղմ հակադրութիւն մը կը ստեղծէ: Ինչպէ՞ս կրնայ է իքսի մէջի իքսը մահանալ, առանց ամբողջական իքսը մահանալու: Յետագայ տողերը սակայն եւ բանաստեղծութեան հոլովոյթը կը լուսաբանեն այս հարցադրումը եւ կը լուծեն հակադրութիւնը:
Մարդը նուաստացած էակ է առանց կարեկցութեան ջուրին եւ լուսաւորութեան հունտին: Առանց անոնց, ան չի կրնար հասնիլ մարդկային կարողականութեան իսկութեան: Կարեկցութիւնը եւ լուսաւորութիւնը վերուստ տրուած պարգեւներ են, եւ որոնց կարելի է հասնիլ միայն աստուածային շնորհքով, որ կը տրուի ի պատասխան աղօթքի աղերսին:
Հոմերոսեան իսկութեան տեսութիւնը, մարդը կը ներկայացնէ իբրեւ ծառ: Ծառին փոփոխուող տերեւները իր սերունդներն են, իսկ ճիւղերը, իր զաւակները. իսկ պատերազմը, սուր կացին է, որ սարերուն վրայի կաղնիները կը հատէ:
Երբ մարդը կը ձախողի մարդ ըլլալէ, պատերազմելու կը դիմէ:
Մարգարեան իր բանաստեղծութեան մէջ ներմուծած է հին հնդեւրոպական՝ մարդ-արարած-ծառ յարակցութիւնը, որ կը բացայայտնուի նաեւ հայկական աւանդութեան՝ ծառն կենաց բառակցութեամբ: Մարգարեան ներմուծած է նաեւ քրիստոնէական խորհուրդը՝ զայն դրսեւորելով մտային, կառուցուածքային եւ լեզուական հնչեղականութիւններով:
Այս փոքրիկ գլուխ գործոցը իր արժանի տեղը կը գրաւէ հայ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ:
Քսաներորդ դարու շարական մըն է այս բանաստեղծութիւնը եւ աղօթք՝ յաջորդ հազարամեակին համար:

Հոկտեմբեր 1997

*) Հեղինակին մասին
ՊՐՈՖԷՍՈՐ ՃԷՅՄՍ ՐԱՊԸՐԹ ՐԱՍՍԸԼ
Համաշխարհային համբաւ վայելող ՓրոֆԷսօր Ճէյմս Րասսըլ շրջանաւարտ է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» համալսարանէն: Դոկոթորական թէզը պաշտպանած է Լոնտոնի համալսարանի Արեւելեան եւ Ափրիկեան բաժանմունքին մէջ: Դասաւանդած է Գոլոմպիա համալսարանը, եղած է պրոֆԷսոր Երուսաղէմի «Հիպրու» համալսարանին մէջ:
1993 – 2016 պաշտօնավարած է Հարվըրտ համալսարանին մէջ՝ իբրեւ “Մեսրոպ Մաշտոց”ի անուան փրոֆԷսօր, “Մերձաւոր Արեւելք” լեզուներու եւ քաղաքակրթութեան բաժանմունքին մէջ: Վարչական անդամ է «Տէյվիս» կեդրոնի Ռուս եւ եւրոասիական բաժանմունքին: Ան պրոֆԷսոր է նաեւ՝ Հին Մերձաւոր Արեւելքի՝ Իրանեան եւ Հայկական կրթական բաժանմունքին մէջ:
ՓրոֆԷսէօր Րասսըլ բազմաթիւ գիտական ուսումնսիրութիւններու տէր է եւ հեղինակ՝ վեց համաշխարհայնօրէն ընդունուած անկիւնադարձային գիրքերու:
Շրջան մը ան ապրեցաւ Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահաանգներ, ուր շարունակեց իր ուսումնասիրութիւնները: Վերադարձաւ իր ծննդավայր քաղաքը՝ Նիւ Եորք։
Ներկայիս այցելու պրոֆԷսոր է կարգ մը համալսարաններու մէջ։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *