Փոքրիկ տղան

Լօլա Գունտաքճեան

Հարեւանի մը փոքրիկ տղան բարձրաձայն հարցուց
«Աշխարհի մէջ տեղ մը կայ ուր հիմա ամառ է՞»։

Հարցումը տեղին էր. այս աշնան առաւօտ,
փողոցին վրայ, հովոտ ու ցուրտ էր ։

Բայս ինչպէ՞ս պատասխանել այդ հարցումին
առանց աշխարհագրութեան դաս մը տալու։

Տղան գիտէ՞ր որ կան հիւսիսային և հարաւային կիսագունտեր.
սորված է՞ր ցամաքամասերուն անունները,

գիտէ՞ր բեւեռներուն տեղերը,
երկիրներուն ու իրենց մայրաքաղաքներուն անուննե՞րը։

Երբեմն պարզ հարցում մը
պարզ պատասխանի մը պէտք ունի,
երբեմն ալ դասընթացքի մը։

Նիւ Եորք

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *