ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ

ԼՕԼԱ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆ

Յիշատակարան — գոյական
Յիշատակի համար կերտուած երկ / անձնական
ծանօթագրութիւն՝ ձեռագիրի մը կցուած:

Աղբիւր՝ Բառգիրք հայերէն լեզուի,
Անդրանիկ վրդ. Կռանեան, Պէյրութ, 1998, էջ 320։

1. Continue reading “ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆ”

ԱՅՍՊԷ՛Ս ՊԱՏՄԵՑ…

ՄԵՐ ՀԱԼԷՊԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այսպէ՛ս պատմեց նախկին դրացիս՝ արաբ ծեր բանաստեղծը.
—Յարգելիս։ Լաւ եմ։ Աստուծոյ կամքով կը յուսամ աւելին։ Կանգնած եմ կեանքիս հին եւ նոր էջերուն միջեւ։ Հոս պատմութիւնը տակաւին թէեւ թարմ եւ ցցուն է, սակայն եւ այնպէս նաեւ անորոշ ալ է։ Պատմեմ. Continue reading “ԱՅՍՊԷ՛Ս ՊԱՏՄԵՑ…”

Մեծարժէք ուսումնասիրութիւն մը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններու գործունէութեան մասին

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Հայկազեան Համալսարանի հրատարակչութիւնը Պէյրութի մէջ Ապրիլ 2017-ին հրատարակած է հանրածանօթ հասարակական գործիչ, իրաւագիտութեան դոկտոր Ռուբէն Աւշարեանի չափազանց արդիական, հանրագիտարանային նշանակութիւն ունեցող երկհատոր աշխատութիւնը(1), որ կը կրէ «On the Record. Armenian Deputies in the Lebanese Parliaments» խորագիրը: Գիրքը հեղինակին երկարամեայ արգասաբեր աշխատանքի արդիւնքն է՝ աւելի քան 1330 էջ ծաւալով: Continue reading “Մեծարժէք ուսումնասիրութիւն մը Լիբանանի խորհրդարանին մէջ հայ երեսփոխաններու գործունէութեան մասին”

Մեր գրողները միջազգային գրական փառատօների չեն մասնակցում եւ առաջիկայ տարիներին դժուար էլ մասնակցեն

ԵՐԵՒԱՆ—Այսօր ամենակարեւորը ժամանակակից հայ գրողին թարգմանելու խնդիրն է, եւ սա իրենց քաղաքականութեան գլխաւոր ուղղութիւնն է, իր տարեկան ամփոփիչ ասուլիսում ասաց Հայաստանի գրողների միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը 20 դեկտեմբերին: Continue reading “Մեր գրողները միջազգային գրական փառատօների չեն մասնակցում եւ առաջիկայ տարիներին դժուար էլ մասնակցեն”

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի դեկտեմբեր 2017 թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ

Վ.-Ա. Ա.

Այդ տարին յատկանշական էր։ Անկախութեան հռչակումէն հազիւ ամիսներ անց մենք արդէն պիտի վայելէինք ներկայութիւնը հայրենի մտաւորականներու, գործիչներու, արուեստագէտներու։ Անոնցմէ մէկն ալ էդմոն Աւետեանն էր՝ ծանօթ գրականագէտ, փիլիսոփայ եւ մանաւանդ՝ այլախոհ, որուն այցելութիւնը չէինք կրնար աննկատ ձգել։
Մոնթրէալ եկած էր քանդակագործ Արթօ Չաքմաքչեանի հրաւէրով՝ բուժման նպատակով, ու մենք, անմիջապէս որ տեղեակ եղանք, որոշեցինք հանդիպում մը կազմակերպել 1992 մայիս 13-ին, «Հորիզոն»-ի նախաձեռնութեամբ՝ Հայ կեդրոնի «Թիւ 3» (մինչեւ օրս այդպէս անանուն մնացած) սրահին մէջ։ Իրարու լուր տալով քով-քովի բերինք 25 հոգի, որոնց համար Էդմոն Աւետեան անունը բան մը կ՚ըսէր վստահաբար։ Continue reading “25 տարի ետք — Անմոռանալի ասուլիս մը Էդմոն Աւետեանին հետ”

ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)

Գրականագէտ, փիլիսոփայ, այլախոհ Էդմոն Աւետեան ծնած է 10 նոյեմբեր 1929-ին Ուզբեկստանի Անդիժան քաղաքը, ուր հայրը աքսորուած էր։ 1934-ին ընտանիքը կը վերադառնայ Երեւան, ուր կ՚աւարտէ միջնակարգ դպրոցը 1946-ին։ Այդ թուականներուն նաեւ կը հիւանդանայ թոքախտով եւ, հակառակ բժիշկներու բացասական կարծիքին, կ՚ապաքինի։ Continue reading “ԷԴՄՈՆ ԱՒԵՏԵԱՆ (1929-2001)”

ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս

ՌՈՒԲԷՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Անցեալ տարուան մայիսին, «Գրական թերթ»ին մէջ լոյս տեսաւ Ռուբէն Յովսէփեանի «Խաչատուր Աբովեան» դեռ անաւարտ վէպէն ընդարձակ հատուած մը, որուն առաջին մասը տուինք մեր նախորդ թիւով եւ այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր երկրորդ բաժինը։ Continue reading “ՎԵՐՋԻՆ ԳԻՇԵՐԸ — Բ. մաս”