ՓԱՆՈՍ ՃԵՐԱՆԵԱՆ
Հայաստան,
Երկինքդ փառքերուդ կամարն է։
Տե՛ս,
Ի՜նչ եռանդով ծիծառները կ՚երթեւեկեն
Եռուզեռին մէջ տօնական ոլորտիդ…Քիչ ետք՝
Երբ ժամերը րոպէով մը լուռ կանգնին,
Տարբե՜ր – տարբե՜ր ժամանակներու մէջ զոհուած
Որդիներուդ ի յարգանս,
Երբ մեր արեան բոցալեզու կրակէն,
Ուխտանուէր կակաչները դէպի անոնք հուրհուրան,
Պիտի շողայ
Երկինքդ ամբողջ
Կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն աստղերով…
Մոնթրէալ