ՓԼՈՂ ԴՊՐՈՑՆԵՐԸ

ՅԱԿՈԲ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Գիւղին այդ կեդրոնական թաղը, ուր շատ էին տուները, մեզմէ՝ մեր ընտանիքէն բացի ուրիշ բնակիչ չունէր:
Իմ ծննդեանս տարին այդ տարածքին մէջ գտնուող տուներու շարքերը չորսէն աւելի եղած էին` Կուվճենց, Քորքենց, Մինասկոնց, Լրջենց… Իրարու թեւ մտած կամ մէկը միւսին թեւին տակ ծուարած, մէկը միւսին մէջքին ոտք դրած տուներու շարքեր էին ասոնք, որոնց դուռն ու մէկ-երկու պատուհանը միշտ արեւմուտքին կը նայէին. հարաւ նայող պատուհան մը եւս ունէին ոմանք: Իւրաքանչիւր գերդաստան, փոքր նահապետական ընտանիքէ մը ճիւղաւորուելով իրարու սենեակ մը երկու կցելով՝ թաղ մը շինած կ՚ըլլար այսպէս: Երկյարկանի տուները քանի մը հատ էին:
Երբ ես աչքերս բացի՝ տուները կային, թաղեցիք չկային:
— Մատները կոտրին Հայաստան գրողներուն, խաբեցին առին տարին, — կ՚ըսէր Եարալէ Պապուկը, որ մէկ քիլոմեթր հեռու էր մեզմէ եւ մեր ամենամօտիկ դրացին, մեն-մինակ կ՚ապրէր Եարալենց ամբողջ վերի թաղին մէջ, ուր տասէ աւելի պարապ տուներ կային: Մեծ էր նաեւ Եարալէ պապուկին տունը, ուր մեծցեր էին հինգ աղջիկ զաւակներ, որոնք արդէն իրենց մօր հետ գացեր էին Պէյրութ, անկէ Ամերիկայի ճամբան գտնելու եւ մոռցեր էին, որ կայ ծննդավայր, որ կոչի Գարատուրան, եւ հայր, որուն մականունն ալ պիտի լքէին ի վերջոյ…: Այդ տան մէջ ծներ էր մանչ մը, մեծցեր էր մինչեւ 12 տարեկան, մեռեր էր հոն եւ որուն խունացած նկարը օր մը Պապուկը ինծի բերելով ուզեց որ մեծցնեմ մատիտով: Առաւ ու շրջանակի անցնելով կախեց պատին: Ու թերեւս այդ տան մէջ մնար կախուած դեռ մինչեւ օրս, եթէ Եարալէ պապուկին մահուընէ 15-20 տարիներ ետք գետնասահքը կուլ չտար թէ՛ այդ տունը, թէ՛ ամեն ինչ, որ պիտի յուշէր, որ ատենօք մարդիկ ապրեր են այս լերան ստորոտին, այս ծմակ տեղը եւ երազեր, որ տուները շատնան ի փառս Եարալեան գերդաստանին:
Մենք առանձին էինք մեր թաղին մէջ՝ չորս քոյրերս ու ես, հայր ու մայր: Ո՛չ մութէ կը վախնայինք, ո՛չ գազանէ, որ կը պատահէր այդ տարիներուն: Բայց կը վախնայինք այդ տուներէն, ուր կրնային մեզի պէս մանուկներ ըլլալ հիմա, բայց չկային: Կը վախնայինք թաղի լքուած թոնիրներէն, ուր մեր թոնիրի հացի բոյրը չէինք առներ: Խոնաւութեան ծանր շունչ մը կը փչէր անոնց դուռերէն դուրս, խորունկ, խորունկ ու մութ տեղերէ ելած ծանր շունչի պէս: Երեկոյեան, սարսափելի էին այդ անփեղկ պատուհանները` փորուած աչքերու պէս խորունկ ու մութ: Պատուհաններէն ու ծխնելոյզերէն ձմրան հովը կը սուլէր, մերթ վայրագ, մերթ ողորմագին, ու փետրուարին կատուները ահագին մռմռոցներով ցուրտ շունչով մը կը լեցնէին մեր հոգիները: Կատուները, անտէր, վայրի, այնքան շատ էին մէջտեղերը, ու կը ցնկնէին այդ տուներուն մէջ, եւ մենք չէինք համարձակեր մտնել սատկեցնելու համար անոնցմէ մէկ քանին:
Որովհետեւ մայրս չէր սիրեր այդ կատուները, մանաւանդ սեւերը, ու ցնցումով մը խաչ հանելու ստիպուած կ՚ըլլար, երբ անոնցմէ մէկը հատէր աղբիւրի ճամբան:
Հայրս կ՚ըսէր. «Մի՛ մօտենաք այդ տուներուն», ու այս հրահանգը աւելի վախ կը պատճառէր մեզի, հակառակ անոր որ կրնար տրուած ըլլալ միայն հաւանական փլուզումէ մը կամ դարանակալ օձէ մը զգուշանալով: Մենք ուրիշ անանուն բանէ կը վախնայինք: Մենք կը վախնայինք այդ տուներու անյատակ պարապութենէն:Նոյնիսկ մեր քաջարի աքլորը, հաւերու երամը ետին ձգած, երբ կը դեգերէր բակերուն մէջ, կը մօտենար այդ բաց դուռերուն, գլուխը կը թեքէր դէպի ներս, ականջ կու տար ու գռգռալով հաւերը կը հեռացնէր այդտեղէն…
Ու մենք կը մտածէինք անոնց վաղեմի բնակիչներուն մասին, որոնք տխուր պիտի ըլլային հիմա, մեր պատկերացումներով, տուն ու տեղ ձգած հեռացած ըլլալնուն համար:
— Բայց ինչո՞ւ գացին, — կը հարցնէի քրոջս:
— Թուրքերէն վախցան, — կը պատասխանէր քոյրս՝ ձեռքով ցոյց տալով մեր Կունիկ լեռը, որուն ետին թուրքերու երկիրն էր:
— Բայց ինչո՞ւ պապան չգնաց, — կը հարցնէի ես, քանի որ գիտէի, թէ հայրս խնդիր ունի այդ լերան ետին ապրող մարդոց հետ:
— Պապան չի վախնար, — կը պատասխանէր քոյրս ու կը շոյէր գլուխս: Ու մութը չկոխած՝ կը մտնէինք ներս:
Անկէ ետք մութը կը խօսէր, ու կը լռէինք մենք:

* * *

Բայց ցերեկով, դպրոցական օրերուն, մեր թաղը գիւղին ամենէն շէն ու աղմկոտ անկիւնն էր:
Որովհետեւ մեր թաղին մէջ էին գիւղին երեք դպրոցները: Հա՛, չորրորդ մըն ալ կար վարի թաղերուն մէջ տեղ մը, շատ մանր տղոց համար:
Դպրոցները իրարմէ 50-100 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուէին: Բողոքականաց դպրոցը կը կոչուէր Սթալինին դպրոցը, որովհետեւ դպրոցի տնօրէնը կը կոչուէր ԺոզէՖ Սթալին. անունը իրն էր, պատուանունը` համագիւղացիներէն նուէր: Տարիներ ետք պիտի գիտնայինք, որ մեր գիւղի այդ ուսուցիչը աշխարհահռչակ մարդու մը մականունը ստացեր էր, որովհետեւ ունէր անոր պէս անժպիտ աչքեր, խիստ կզակ ու միշտ վեր բարձրացած ցուցամատ ու ճկոյթ:
Ազգային վարժարանը կարմիրներու դպրոցն էր. հոն կարմիր բան չկար, բայց հասկցած էինք, որ պէտք է գոյն մը ունենար ու զանազանուէր Եռագոյնէն, որ ամեն առտու Միացեալ դպրոցի տնօրէնը հետը բերելով կը բարձրացնէր բակի չորցած ծառին վրայ եւ իրիկունը երեքտակ ընելով կը դնէր անութին տակ ու հետը կը տանէր:
Սթալինին դպրոցը մեր շատերուն նախանձը կը շարժէր, ոչ թէ որովհետեւ կարմիր կղմինտրով մեծ շէնք էր, որուն ճակատին ճերմակ քարի մը վրայ սեւով գրուած էր «1908 Գալատուրան», այլ որովհետեւ գիւղի միակ կանգուն եկեղեցին էր, թէեւ այդ տարիներուն զանգակատուն ու խաչ չունէր: Ունէր պատին կախուած կոչնակ մը, երկաթէ երկու թակեր, որ վարպետօրէն կը գործածէր Սթալինը: Կ՚ըսէին, որ մէկ՝ Քաջենց Սառային աքլորը չէր սխալեր, մէկ՝ բողոքականներու կոչնակը, որ կը հնչէր դպրոցական բոլոր օրերուն եւ կիրակի առաւօտ, նոյն պահուն:
Գիւղին մէջ ուրիշ եկեղեցի չկար, այլ կային քանի մը կիղիցիկներ: Ասոնք փոքրիկ աւերակոյտեր էին, ուր Ս. Յակոբէ Ս. Յակոբ հերիսացու աքլոր մորթելու կ՚երթայի մօրս հետ կամ ուրիշներ կ՚երթային, որովհետեւ այն տապանաքարը, ուր զենումը կը կատարէինք, արիւնով ծածկուած կ՚ըլլար միշտ:
Կը պատմէին, որ գիւղին մէջ մենք ալ եկեղեցի ունեցած էինք ու կողքին՝ մեր դպրոցը:
Ոչ շատ տարիներ առաջ երկու ուսուցիչ վէճի կը բռնուին Հայաստանի անկախութեան տարեդարձի օրը որոշելու հարցով, վէգն ու վէճը կը փոխանցուին ծնողներուն: Եռագոյն փողկապ կապող ուսուցիչը խումբ մը աշակերտներով կը հեռանայ եկեղեցւոյ դպրոցէն ու վերի թաղին մէջ առանձին դպրոց կը հիմնէ ու զայն կը կոչէ Միացեալ վարժարան: Բաժանումը ճակատ կը դառնայ. ճակատէն կագ ու կռիւ կը մոլեգնի:
— ժողովուրդ, մեղք ունի, մէկ տան անդամներ կը նկատուիք, վէգն ու վէճը կա՛մ կայքը կը խլեն, կա՛մ կեանքը, — կ՚ըսէ Լաւլաւ հալեւորը:
Մարդիկ գլուխ կը շարժեն «լաւ, լաւ» ըսելու պէս ձեւով մը ու կը փախչին անկէ, ինչպէս ժայռերու վրայ արեւջեռուող քարաթոթոշները կը փախչին թեթեւ ոտնաձայնէ մը:
1939-ին Քեսապի կէսը կը տրուի Թուրքիոյ: Մեր կողմի ժողովուրդին կէսը անհող, անարօտ ու անաղբիւր կը մնայ: Ճակատները զիրար կը մեղադրեն այս կորուստին համար:
Լաւլաւ հալեւորը երկրորդ անգամ ալ կը կրկնէ իր խօսքը:
Համաշխարհային Բ. պատերազմի խանձահոտը Քեսապ կը հասնի. մարդիկ հացի կարօտ կը մնան: Ճակատները զիրար կ՚ամբաստանեն ժողովուրդին հասած նպաստը չարաշահելու համար:
Լաւլաւ հալեւորը չի հասցներ կրկնելու իր խօսքը:
Որովհետեւ երկինքն ալ չի համբերեր: Սաստիկ անձրեւը տասը օր, տո՛ւր որ կու տաս, կ՚ողողէ աշխարհը: Ու գիշեր մը եկեղեցին եւ երկու դպրոցները, երկու ակումբները, երկու-երեք թաղերու տուները կը սկսին քալել, օրօրուիլ ձորին մէջ:
Գետնասահք կ՚ըլլայ:
Առտուն՝ բողոքականաց եկեղեցին ապաստանած աղէտեալները կը դիտեն սողացող գետիններու վրայ լողացող իրենց տուները, որոնք կամաց-կամաց կը կորսուին, ինչպէս Յովնան մարգարէն կէտի կլափին մէջ:
Պատուելին աղօթքի կը հրաւիրէ Տէր Պետրոսը:
— Տէ՛ր հայր, մեր Տիրոջ տունը ամուր վէմի վրայ շինուած է, — կ՚ըսէ:
Գիւղը շատ կը փոխուի, գիւղի քահանան իր հօտին մեծամասնութեան հետ Հայաստան կը ներգաղթէ «Ամուր վէմը հայրենիքն է» ըսելով: Ուրիշներ հատ-հատ Պէյրութները կ՚իյնան:
Լաւլաւ հալեւորը գիւղը կը մնայ:
— Թուրքիա մնացած արտիս մէկ պատը կէս մնացած էր, տեսնեմ ինչ կ՚ըլլայ, — կ՚ըսէ Հայաստան մեկնող իր մէկ հատիկ տղուն:
Իսկ գիւղ մնացող միւսերուն համար կեանքը կը շարունակէ նոյնը մնալ, նոյն հոգերը, նոյն վէճերը…
Ու մեր թաղի Հայաստան մեկնած մարդոց պարապ տուներուն մէջ կը վերաբացուին Ազգային Մեսրոպեան եւ Միացեալ վարժարանները:

* * *

Իւրաքանչիւր դպրոց ունէր չունէր 15-20 աշակերտ ունէր, տնօրէն մը՝ ա՛նպայման, տարի կ՚ըլլար՝ 1-2 վարժուհի եւս, մէկը շուտով հարս կ՚երթար. միւսին համար կ՚ըսէին՝ «Երրորդ տարին ալ մնայ՝ կ՚ըլլայ տունմնայ»:
Մենք`փոքրիկներս, գիտէինք, որ մեծերը, բոլորն ալ, իրենց դպրոցներուն հետ խնդիր ունէին` կրթաթոշակի խնդիր, վառելափայտի խնդիր, դպրոցի ցուիքը, դուռն ու պատուհանը նորոգելու, տանիքը լողելու խնդիր, իրենց հօրեղբօր, կնքահօր, գաղափարակից ընկերոջ աղջիկը դպրոցին մէջ վարժուհի դարձնելու խնդիր:
Մարդ ձեռքը գրպանը չէր տանէր կրթաթոշակ տալու համար, մարդ մատը մատին չէր զարներ դպրոցին մէկ պէտքը հոգալու համար… Եգիպտոսէն դրամ կու գայ, Պէյրութէն դրամ կու գայ, ամերիկացի բարերարներ կը ղրկեն՝ ո՞ւր կ՚երթան այդ դրամները…
— Կ՚ուզեն որ գիւղը պահենք, գիւղէն չհեռանանք… Գիւղ պահելը ինքնիրե՞ն կ՚ըլլայ… Թող գան համը առնեն, — կ՚ըսէին մէկու մը սաքուին մէջ թղթախաղի բռնուած մարդիկ:
Եթէ դպրոց չըլլար՝ աշնան գիւղը պարպուած պիտի ըլլար: Գիւղ պահելը դպրոց պահելէն կը սկսէր: Հետեւաբար մէկ-երկու աշակերտի յաւելումը դպրոցի շնորհքը աւելի պիտի մեծցնէր Հալէպէն, Պէյրութէն, Եգիպտոսէն եկող քննիչին ու հրահանգիչին առջեւ, տեղեկագիրը քիչ մը աւելի վարդագոյն պիտի ըլլար: Բնական է, որ առճակատումը պիտի սրէր, որպէսզի պղտոր գուբին մէջ ձուկ բռնելը դիւրին ըլլար:
Մրափող միջօրէն ամենէն յարմար պահն է ասոր անոր հաւաբոյնէն մէկ-երկու հաւկիթ գողնալու համար. այդ պահուն շունը շնթռկած կ՚ըլլայ ախոռին կիսաբաց դրան ետեւը, հաւերը թուփի մը տակ հաւաքուած կը հեւան, մարդիկ շուք տեղ մը կը գլուին ճանճ կը քշեն. այդպէս ալ՝ մարդիկ գիտէին, որ երբ վէճ կայ դուռ-դրացիի միջեւ ու մարդիկ երթալ-գալ չունին, սուսիկ-փուսիկ կը մտնէին տուներէն ներս՝ իրենց դպրոցին համար աշակերտ որսալու:
Ու առաւօտ մըն ալ կը տեսնէինք, որ մեր դպրոցի Շուշանն ու եղբայրը միւս դպրոցը կ՚երթան:
ԺոզէՖ Սթալինի դպրոցը ամենէն բախտաւորն էր. տարին քանի մը անգամ թիւի մագլցում կ’ունենար, որովհետեւ երկու դպրոցներն ալ մտած ելած պզտիկները երթալիք ուրիշ տեղ չունէին: Յետոյ՝ կիրքերը կը խաղաղէին, ու Սթալինի դպրոցը կը մնար իրեններով՝ 8-10 հոգի միայն կամ աւելի պակաս, որովհետու հինգ–վեց զաւակ աշխարհ բերած մարդիկ ա՛լ որոշած կ՚ըլլային, ծածկախօսաբար, արօրը կախել պատին. կիներուն կարասը մուկ չէր մտներ:
Ու նոր ընտանիք գրեթէ չկար: Թռթռ նանարը, որ դայեակ չեղած տեղը միշտ օգտակար եղած էր ծննդկան կիներուն, բողոքելու պատճառ ունէր:
— Վարժապե՛տ, — կ՚ըսէր Սթալինին, — գոնէ դուն օրինակ դարձիր, ընտանիք կազմէ, կին ու զաւակներ ունեցիր, որ դպրոցիդ բակը մանուկներ շատնան:
Իրաւ ալ, այդ որքան շատ էին մեր գիւղի ամուրի մարդիկը, որ յետմիջօրէին կը հաւաքուէին Սթալինի բակի վայրի թթենիի տակ, անոր բունին պէս կոշկոռ կապած դահ մարդիկ, որ չես գիտեր ո՛ր Զատիկին կը սպասէին:
Է՜հ, ո՞վ իր աղջիկը հարս կու տար Գարատուրան… Գարա տուրան(*), անունը վրան, կ՚ըսէին ժողովրդական ստուգաբանութեամբ մը: Թող կաղ ըլլար, կակազ ըլլար՝ Պէյրութէն ըլլար:
Ու եթէ աղջիկ մը դիւթական պչրանքով մը առիթ տար տղու մը աղբիւրի իր ճամբան կտրելու, կուժը կը դնէր գետին, ձեռքը կը զարնէր կողին՝ կ’ըսէր.
— Տես, տղայ, Պէյրութ կ’երթաս` ետեւէդ կու գամ, այլապէս ճամբաս չկտրես:
Ու տղան կ՚երթար։ — Վարի քարը ծանր կը կշռէ, կը քաշէ, — կ՚ըսէին գիւղացիները:
Մենք ալ գիտէինք երեւի, որ դպրոցը տղոց պէտք ունի: Զբօսանքին խաղի դերակատարները որոշելու համար վիճակախաղ մը կ՚արտասանէինք խաղցողներուն լամբակին կարգով զարնելով.
Աւելուկ, / արտի կաթնուկ/,
Ղազարենց / հարսին / եօթը / մանուկ(**):
Ղազարենց հարսին վեց-եօթը մանչերը կը ճանչնայինք, հիմա անոնց ետեւէն աղջնակները պոչ բռներ էին: Մեր տնօրէնը երբեմն մեր անունները կը շփոթէր. կը զարմանայինք, հապա Մուսա ամոն իր զաւակներուն անունները ինչպէ՞ս կը յիշէր: Ու կը պատահէր, որ դպրոցին մօտէն անցնէր Մուսա ամոն՝ Ղազարենց հարսին ամուսինը, աղեղ դարձած ոտքերուն վրայ մէկ աջ, մէկ ձախ օրօրուելով, մահակը ձեռքին, թեւատակ մը խոտ ՝ ուլերո՞ւն , թէ կնոջ համար, որ իրիկուան այդ մեծ ընտանիքին ափ մը ձաւարով խոտիկ ապուր կերցնէ:
Գիւղը պահողը Ղազարենց հարսն էր:

Երեւան

(Շարունակելի)

*) Թրք.՝ չարաբաստիկ տեղ
**) Բարբառով՝ Էվիլէօկ, արտը կէթնէօկ, Ղէզէրինց հարսէն եուօթը չուճօգ: Աւելուկն ու արտի կաթնուկը ուտելի վայրի խոտեր են:

 

ՀԵՂԻՆԱԿԻՆ ՄԱՍԻՆ — Բանասէր, պատմաբան, ազգագրագէտ, ուսուցիչ եւ գիրքերու խմբագիր Յակոբ Չոլաքեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա: Աւարտած է Երեւանի պետական Համալսարանի բանասիրութեան բաժանմունքը: 2002-ին արժանացած է Պատմական գիտութեանց թեկնածուի կոչման, իսկ 2016-ին՝ դոկտորականին: Զբաղած է հիմնականօրէն ուսուցչութեամբ Հալէպի եւ Լիբանանի մէջ: Այժմ հաստատուած է Հայաստան եւ կը պաշտօնավարէ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ որպէս արեւմտահայերէնի դասախօս: Հրատարակած է զանազան գիրքեր՝ «Քարէն Եփփէ հայ գողգոթային եւ վերածնունդին հետ», «Արցախեան ինքնաճանաչման բանաստեղծութիւնը», «Քեսապ» (երեք հատոր), «Քեսապի երեք օրերը», «Քեսապի բարբառը», «Հայերէնի աւանդական ուղղագրութիւն», «Աւանդական ուղղագրութիւն. կանոնակարգ եւ խնդիրներ», դասագիրքեր, վարժարաններու յուշամատեաններ եւ այլն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *