ԽԱԺԱԿ ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ
Այս կիրակի Վարդավառ է, Այնճարի մէջ ջուր չկայ…
Վարդավառ է , Այնճարի մէջ ջուր չկայ…
Այնճարի մէջ ջու՞ր չկայ….
* * *
Ութսունական թուականներէն մէկուն, — բայց չեմ յիշեր ճիշդ որ մէկուն, — Վարդավառն էր: Այնճարի մէջ ոչ ջուր կար ոչ ալ լոյս կար… Աւելի ճիշդը ջուր շատ կար, բայց ելեկտրական հոսանք չկար որ ջուրը տուներուն հասցնէր… Իսկ ջուրը լոյսէն կարեւոր էր, մանաւանդ Վարդավառին:
Այդ տարին բաւական ջուրի պէտք ունէինք, որովհետեւ վրէժ պէտք է լուծէինք: Մեզմէ բաւական մեծ, խոժոռ դէմքով, մօրուքաւոր տղայ մը կար, որ ամեն առտու մեր թաղէն կ՚անցնէր, ծուռ հայեացք մը մեզի կը նետէր, յետոյ կ՚երթար թաղին ծայրը կը նստէր, սիկարէթ մը կը ծխէր: Ոչ գիտէինք անունը ինչ էր, ոչ ալ գիտէինք ինչ կ՚աշխատէր, որո՛ւն ընկերն էր, որո՛ւն ազգական էր… Բայց խոժոռ դէմքն ու ծուռ հայեացքը մեզի նեղութիւն կը պատճառէին, մեր տրամադրութիւնը կ՚իջեցնէին… Չէ՞ր արժեր ուրեմն վրէժ մը լուծել… Որոշեցինք Վարդավառին անպայման զինք լաւ մը թրջել…
Բայց նախ եւ առաջ մեծ դոյլ մը կամ տակառ մը պէտք ունէինք, որպէսզի մէջը ջուր ապահովենք: Մեր տուներէն ոչինչ կրնայինք բերել, որովհետեւ նոյնիսկ ամենափոքր ամանները ջուրով լեցուն էին, իսկ այդ ջուրը լուացքի, լոգանքի, ճաշի եւ մանաւանդ խմելու համար էր… Վարդավառին ո՞վ կը համարձակէր այդ ջուրին ձեռք երկարել… Երկու օր Այնճարի փողոցներն ու պարտէզները թափառելէ ետք, վերջապէս տեղէ մը կրցանք տասը լիթրանոց ձէթի ճզմուած տակառ մը գտնել: Մեզի համար դժուար գործ մը չէր ճզմուած թիթեղէ տակառը շտկել, յետոյ վրայի մասը պատռել ու տակառը դոյլի վերածել… Կիրակի առտու արդէն թիթեղը ջուրով լեցուած էր, իսկ մենք թաղին ծայրը դիրք բռնած կը սպասէինք որ խոժոռ դէմքը համարձակի իր ծուռ հայեացքը մեր կողմը նետել…
Ստիպուած չեղանք երկար սպասել… Շատ չանցած, ընկերներէս մէկը ամբողջ ուժով թիթեղը բարձրացուց ու մինչեւ ձեռքը բռնեմ ու բացականչեմ «ծօ սպասէ, ասի ինքը չէ…», մէջի ամբողջ ջուրը մեր թաղէն անցնող սուրիական բանակի զինուորի մը գլխուն պարպեց…
Խնդիրը շատ պիտի մեծնար, որովհետեւ սուրիական բանակի զինուորը ո՛չ մեր խօսած կիսահայերէն արաբերէնէն, ո՛չ Վարդավառէն, ո՛չ ալ մեր թափած արցունքներէն բան կը հասկնար… Մէկուս ականջը քաշելով, միւսիս ոտքով հարուածելով, վայրի գազանի պէս կատղած կը պոռար… Յանկարծ՝ մէկէն ի մէկ՝ գազանը լռեց ու գլուխը կախեց… Այս ի՞նչ հրաշք էր… Խոժոռ դէմքով մօրուքաւոր այն տղան, որ մեր իրական թիրախն էր ու յետոյ գիտցանք թէ սուրիական բանակի սպայ մըն էր, շատ սահուն արաբերէնով հայհոյանքներու տարափ մը սուրիացի զինուորին գլխուն պարպեց ու մեզ ազատեց… յետոյ ի զարմանս մեզ, ժպտուն հայեացք մը մեր կողմը նետեց ու արաբերէն լեզուով մի քանի բառ արտասանեց, որոնցմէ մենք թէեւ բան չհասկցանք՝ բայց ժպտացինք ու այդպէս շնորհակալ եղանք…
* * *
Իսկ այս կիրակի Վարդավառ է բայց Այնճարի մէջ ջուր չկայ… Հիմա լոյս կայ, բայց անցնող ձմեռ անձրեւ չեկաւ, որ ջուր ըլլայ: Ջուրը հիմա այնքան քիչ է, որ այնճարցիներուն հազիւ կը բաւէ, իսկ Այնճարի մէջ թէեւ հիմա այլեւս սուրիական բանակի զինուոր չկայ, բայց այնքան ոչ-հայ սուրիացի բնակիչ կայ, որ եթէ մեզմէ մէկը համարձակի անոնցմէ մէկն ու մէկը թրջել, գլխուն գիտէ՞ք ինչ կու գայ…
Խմելու ջուր հիմա մենք խանութներէն կը գնենք, եթէ պէտք ըլլայ լոգանքի համար ալ ջուր կը գնենք, բայց ծառերը ջրելու համար, գիւղը պահելու համար գիտէ՞ք որքան ջուր կ՚ուզենք… Ուրեմն այս կիրակի եկէք փոխանակ խոժոռ հայեացքներով զիրար հալածելու, ամեն մէկս թէկուզ ճզմուած թիթեղ մը գտնենք ու մեր գիւղին ջուր հասցնենք։
Որովհետեւ այս կիրակի Վարդավառ է, իսկ Այնճարին ջուր պէտք է …
Այնճար, 8 յուլիս 2018