ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Լուկուլլոսեան խնջոյք
Լուկուլլոսը հռոմէացի զինուորական մըն էր, որ ապրած է Ա. դարուն Քա.: Սա նոյն այն Լուկուլլոսն է, որ արշաւեց Հայաստան ու ճակատեցաւ Տիգրան Մեծի ու անոր աներոջ՝ Միհրդատի միացեալ բանակներուն դէմ՝ առանց տանելու համոզիչ յաղթանակ մը, որուն տիրացաւ Պոմպէոս իրմէ ետք:Լուկուլլոսի կը վերագրուին ռազմական կարգ մը փայլուն յաղթանակներ, բայց եւ այնպէս անոր անունը շատ աւելի կապուած է կերուխումի ճոխ սեղաններու, — որոնք իր իսկական նախասիրութիւնն էին եւ որոնց շուրջ ան կը յատկանշուէր իր որկրամոլութեամբ, — քան թէ իր քաջագործութիւններուն ու յաղթանակներուն:
Անգամ մը, երբ իր խոհարարին պատրաստած ճաշը այնքան ալ ճոխ չէր, որքան կ՚ըլլային անոնք սովորաբար, Լուկուլլոս նկատել տուաւ խստութեամբ.
— Չէի՞ր գիտեր, թէ Լուկուլլոս այս գիշեր պիտի ընթրէ Լուկուլլոսի տան մէջ:
Պատմութեան կտակած է ան երկու դարձուածքներ՝
— Ուտել Լուկուլլոսի նման,
— Լուկուլլոսեան խնջոյք:
Կանոսա երթալ
Կանոսան հիւսիսային Իտալիոյ մէջ, Ապենինեան լեռներուն գագաթը թառած փոքրիկ բերդաքաղաք մըն էր:
Դարձուածքը ծնունդ կ՚առնէ Գերմանիոյ կայսր Հանրի Դ.-էն, որ 1076-ին, Հռոմի Գրիգոր 7-րդ պապին հետ բախումէ մը ետք, գահազրկեց զայն: Կանոսայի ամրոցի տիրուհին իր քով հրաւիրեց ու պատսպարեց գահազուրկ պապը, որ իր կարգին բանադրեց (excommunier, to excommunicate) Հանրի Դ-ը եւ ազատեց անոր ճորտերը իրենց՝ կայսրին հանդէպ ունեցած հնազանդութեան երդումէն: Ուրեմն կայսրը մէկ օրէն միւսը գտնուեցաւ իր ամբողջ իշխանութիւնը կորսնցնելու վտանգին առջեւ, մանաւանդ որ հպատակները միաբերան կը պահանջէին զիջիլ պապին ու ենթարկուիլ անոր կամքին:
Հանրի կայսրը, յաջորդ տարուան յունուարին, կնոջ եւ անչափահաս զաւակներուն հետ, ճարահատ բռնեց Կանոսայի ճամբան բնակլիմայական շատ խիստ պայմաններու մէջ՝ ճաշակելով խստամբեր ձմռան մը բոլոր դաժանութիւնները, ու հասաւ Կանոսա, ուր կը ձմեռէր պապը: Այս վերջինը հրահանգեց գոցել քաղաքին բոլոր դռները: Եւ կայսրը երեք օր ձիւներուն մէջ ոտաբոպիկ սպասեց ու թախանձեց, որ ընդունուի պապէն, որ վերջապէս յօժարեցաւ տեսնել զինք եւ յետս կոչել բանադրանքը:
Ասկէ ալ՝ «Կանոսա երթալ» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ հակառակորդին առջեւ զղջողական ծնրադրումը, գերագոյն նուաստացումը, ընդհուպ՝ ստորնացումը: Եւ Հանրի Դ. յանձն առաւ այդ բոլորը:
Սակայն անոր համար հարցը փակուած չէր:
Բանադրանքի վերացումով՝ ան վերահաստատեց իր իշխանութիւնը, որմէ ետք վերստին գժտուեցաւ պապին հետ, դա՛րձեալ գահազրկեց զայն, եւ անոր տեղ հաստատեց Կղեմէս հակապապը:
* * *
Պատմութիւնը ինքզինք կրկնեց մօտաւորապէս 800 տարի ետք:
1872-ին գերմանա-վատիկան յարաբերութիւնները դա՛րձեալ լարուեցան, եւ Պիոս 9-րդ պապը մերժեց ընդունիլ Գերմանիոյ դեսպանին հաւատարմագրերը: Գերմանիա իր միութիւնը գրեթէ հաստատած էր արդէն եւ կը գտնուէր կայսրութիւնը կերտելու նախօրէին: Պիզմարքի փառքի օրերն էին, եւ ի՛նք ալ, այս մերժումին ի պատասխան, յայտարարեց Ռայխստագի բեմէն.
— Ո՛չ, Կանոսա պիտի չերթա՛նք,— այսինքն՝ կաթոլիկներու կամքին «պիտի չենթարկուի՛նք»:
Կարմիր գիծ
1928-ին աշխարհի հզօրագոյն տէրութիւնները՝ Միացեալ Նահանգները, Անգլիան ու Ֆրանսան ժողով մը կը գումարէին՝ իրենց միջեւ բաժնելու համար Օսմանեան նորոգ պարտուած կայսրութեան կորսնցուցած տարածքներու հարստութիւնը, յատկապէս քարիւղի հանքերը: Բայց ահա ժողովականներէն ոչ մէկը յստակ գաղափար մը ունէր, թէ ճիշդ ո՛ւր կը սկսէին եւ ո՛ւր կը վերջանային երբեմնի կայսրութեան սահմանները, որոնք այլեւս Թուրքիոյ իշխանութեան տակ չէին գտնուեր:
Այնտեղ իբրեւ խորհրդական կը գտնուէր հայազգի Գալուստ Կիւլպենկեանը, որ, իբրեւ նախկին օսմանեան հպատակ, կարմիր մատիտ մը առնելով, պատին ամրացուած քարտէզին վրայ ցուցական շարժումներով նշանակեց թրքական լուծէն ազատագրուած տարածքներու սահմանները, որոնցմէ անդին կարելի չէր անցնիլ՝ չբախելու համար այլ ժողովուրդներու ազգային շահերուն:
Յատկանշական է, որ այդ ժողովէն ծնաւ Red Line Agreement կոչուած համաձայնագիրը: Ինչպէս նաեւ «կարմիր գիծ» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ սահման մը անցնելու, հատելու արգելքը, նման անցումէ մը յառաջանալիք վտանգը, իսկ կարմիր գոյնը իր կագին դարձաւ խորհրդանիշ վտանգի:
Կարմիր թել
16-րդ դարուն, երբ Անգլիա հզօրութեան ամբողջ գրաւը վերջնականապէս դրաւ իր նաւատորմիղին վրայ, ան կառուցեց հսկայական նաւաշինարաններ, որոնց մէջ գործածուող տեսակաւոր ատաղձներուն մէջ պատկառելի բաժին ունէին նաեւ ընտիր պարանի այլազան տեսակներ, որոնք անհրաժեշտ էին մասնաւորաբար առագաստներու հաստատումին:
Ամէն ինչ շատ հեզասահ կ՚ընթանար այս ճիշդ մտածուած ու ծրագրուած նախաձեռնութեան մէջ, բացի պարաններէն, որոնք մեծաքանակ գողութեան առարկայ դարձած էին այնտեղ ծառայողներուն կողմէ: Ուշադիր ու հետեւողական հսկողութիւնն ու խուզարկումները, շրջուն պահակներու նշանակումը, խրատներն ու յորդորները ոչ մէկ արդիւնքի յանգեցան. պարանի գողութիւնը անարգել կը շարունակուէր վերանորոգ թափով:
…Մինչեւ որ անգլիական հանճարը գտաւ արմատական լուծում մը. պետութիւնը իր գործածած բոլոր պարաններուն կեդրոնը հաստատեց կարմիր թել մը, որուն շուրջ կ՚աշխատցուէր տուեալ պարանը,— եւ որ անհերքելի կը դարձնէր անոր պետական մենաշնորհեալ պատկանելիութիւնը, — ու յայտարարեց հանրութեան, թէ խստիւ պիտի պատժուին բոլոր անոնք, որոնց քով պիտի գտնուի պարանի այդ տեսակը:
Եւ իրօք ալ պետական պարանի տեսականիի գողութիւնը անվերադարձ կանգ առաւ այնուհետեւ ու անհետացաւ: Սակայն «կարմիր թել» դարձուածքը մնաց լեզուներու մէջ: Ան կը բնորոշէ այն հիմնական միտքը, որ իր կրկնութիւններով կը ստեղծէ ներքին առնչութիւնը մեր պատումնրուն, դատողութեանց, գաղափարներու միջեւ, շեշտելով այն անհերքելի կապը, որ զանոնք կը զօդէ իրարու եւ յաճախ իրարմով կը բացատրէ՝ պատճառահետեւանքային կարգով ու տրամաբանութեամբ(*):
Հինգերորդ զօրասիւն
1936-ին, երբ Ֆրանքոյի զօրքերը շրջապատած էին Մատրիտ մայրաքաղաքը, անոր զօրավարներէն մէկը ձայնասփիւռով դիմեց քաղաքի բնակիչներուն՝ դադրեցնելու դիմադրութիւնը եւ խնայելու աւելորդ արիւնահեղութիւնը. առ այս ան յայտարարեց, որ քաղաքը չորս կողմէն պաշարուած է չորս զօրասիւներով, իսկ հինգերորդ մըն ալ կը գտնուի նոյնինքն քաղաքին մէջ:
Ան այս բառերով կ՚ակնարկէր Ֆրանքոյի համակիրներուն, որոնք կը գտնուէին քաղաքին մէջ եւ կը գործէին ի նպաստ ֆաշականութեան յաղթանակին: Այնուհետեւ «հինգերորդ զօրասիւն» կապակցութիւնը վերածուեցաւ դարձուածքի՝ ստանալով «ներքին թշնամի»-ի, «հակառակորդին զինակից»-ի, «դաւաճան»-ի նշանակութիւնը, եւ ընդհանուր գործածութիւն ունեցաւ Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն եւ կը շարունակէ ունենալ ինչեւ այսօր ալ:
Հինգերորդ զօրասիւնի տիպար օրինակ մը տուած են Աւստրիան ներքնապէս քայքայող այն ուժերը, որոնք 1938-ի նախօրեակին հասուն տանձի մը պէս նացիներու երախը նետեցին այդ երկիրը՝ առանց փամփուշտ մը պարպելու, ինչ որ ծնունդ տուաւ Anschlus-ին:
(Շարունակելի)
*) Այս դարձուածքի՝ հայ գրականութեան մէջ կիրարկութիւններէն թուենք հետեւեալները. «Կայ սակայն ուրիշ կարեւոր իրողութիւն մը եւս, որ իրենց վկայութեանց մէջ թափանցիկ ժապաւէնի մը պէս կ՚երկարի» (Բիւզանդ Եղիայեան, «Հայ յարանուանութեանց բաժանումը», էջ 281). յստակ է, որ մեզի ծանօթ «կարմիր թելն» է, որ դարձած է «թափանցիկ ժապաւէն»: «Գաղափարական այդ ճանապարհը…կարմիր գծի պէս անշեղ զարգացել է մինչեւ մեր օրերը» (Վէմ, 1938, նոյեմբեր, էջ 2):