Առակներ, Եզնիկ Բալիկ

Լոս Անճելըս, 2018, 182 էջ, պատկերազարդ

ԲԱԲԳԷՆ ԹՕՓՃԵԱՆ

Հրաչ Սեփեթճեան գրասէր հասարակութեան ներկայացնելով վերոգրեալ նորատիպ հատորը, հետեւեալ թելադրանքը ըրած է իր «Երկու խօսք»-ի վերջաւորութեան.
«Ընթերցող բարեկամ, բարի եկած էք Եզնիկ Բալիկի «դիմակահանդէս»-ին, որ նման է կենդանաբանական պարտէզի կամ գազանանոցի, ուր գլխաւոր բոլոր դերերը կենդանիները կը խաղան, իսկ անոնց տակ թաքնուած է մարդը՝ “մեծատառ” մարդը»։Արդարեւ, առակագիր Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) իւրայատուկ սրամտութեամբ ու պերճախօս պատկերներով, այլաբանօրէն մեզի կը ներկայացնէ մարդ արարածին նկարագրի ազնիւ ու յոռի երեսները՝ օրինակ առնելով կենդանական աշխարհէն ու բարոյական դաս մը տալով։
Անոր հրատարակած այս 7-րդ հատորը արգասիքն է Եզնիկ Բալայեանի մտաւորական հոգեւորականի կրթութեան ու գործունէութեան։
«Առակներ» հատորը հեզասահ ընթերցումի վայելք է, որովհետեւ հեղինակին ոճը պարզ է, հայերէնը՝ սահուն, բառապաշարը՝ ճոխ, բովանդակութիւնը՝ հարուստ, որոնք սատարած են անոր առակագրութեան յաջողութեան։
Գիրքին 15-182 էջերը կը պարունակեն 97 առակներ՝ կազմուած նախապէս տպուած առակներու երկու հատորներու ընտրանիէն, նոր գործերու յաւելումով, իսկ 183-184 էջերը «Տեղացոյց բառերու» ինքնատիպ «Բալիկեան բառարան»-ն է։
Հատորը տպուած է Գրիգոր Շէնեանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր ողբացեալ տիկնոջ՝ Արշօ Շէնեանի։
Կը շնորհաւորենք հեղինակը այս գեղեցիկ, հարուստ եւ երախտարժան գործին համար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *