ՀԱՅԵԼԻ

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

—Բարե՛ւ, հայելի՛:
—Ինչպէ՞ս ես:
Այդ առաւօտ շատ աճապարանօք էր երեւի: Նոյնիսկ չանդրադարձաւ, թէ որքա՜ն յոգնած ու կքած է: Նկատեցի՞ր՝ ինչպէ՛ս երեսը կը լուար. արա՛գ, վայրենաբա՛ր…: Ափերուն մէջ պա՛ղ ջուրը կը հաւաքէր ու կը հարուածէր դէմքին, նկատեցի՞ր: Ան երեսը չէր լուար…: Յետոյ, տեսա՞ր ինչպէս ձեռքերը կռթնեցուց մարմարեայ քարին վրայ, երկա՜ր շունչ մը քաշեց ու վիզը կամա՜ց մը վեր հանեց: Երբ դէմքը քեզի հանդիպեցաւ, երկվայրկեան մը դիտեց դէմքէն վար հոսող պաղ ջուրին եւ տաք ու աղի արցունքներուն կաթիլները ու հեռացաւ…: Continue reading “ՀԱՅԵԼԻ”

«ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ»

2015-ի աշնան լոյս տեսաւ դերասանուհի, բեմագիր եւ բեմադրիչ Աննի Ռոմանի «Հայաստանցի մեծ մայրիկս» հատորը (Anny Romand, Ma grand-mère d’Arménie, éd. Michel de Maule, Coll. Je me souviens. 2015. 123pp)։ «Հորիզոն գրական»-ի ընթերցողներու ուշադրութեան կը յանձնենք անոր ներածականը՝ Հորաս Էնգդալի կողմէ, ինչպէս նաեւ յուշավէպէն հատուածներ, թարգմանութեամբ մեր աշխատակից Գրիգոր Ջանիկեանի։ Continue reading “«ՀԱՅԱՍՏԱՆՑԻ ՄԵԾ ՄԱՅՐԻԿՍ»”

ՄՏԱԾՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՇՏ ԱՆՎԵՐՋ Է

ՓՈԽԱՆ ԳՐԱԽՕՍԱԿԱՆԻ, ԳՐԻԳՈՐ ՀՈԹՈՅԵԱՆԻ «ՄԱՅՐԱՄՈՒՏԻ ՑՈԼՔԵՐ» ԳԻՐՔԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

ՍԵԴԱ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Գիրքերը ձեր միտքի նաւերն են, որ կը ճանապարհորդեն ժամանակի ալիքներու վրայով
եւ զգուշաբար կը տանին իրենց թանկագին բեռը սերունդէ սերունդ։

Սիրելի պրն Հոթոյեան, սրտաշարժ ուրախութեամբ ստացայ եւ կարդացի «Մայրամուտի ցոլքեր» գիրքդ։ Մանաւանդ ես զիս երջանիկ համարեցի՝ գիրքին յառաջաբանը գրելու պատուին արժանանալուս համար։ Հազար պատիւ Ձեզի՝ մօտաւորապէս 90-ամեայ ճանապարհորդ։ Ձեր կեանքը դեռ մոմի պէս լոյս կու տայ, որ մեր սիրելի հայ ժողովուրդին մշակոյթը յաւերժ պահպանուի։ Continue reading “ՄՏԱԾՈՂ ՄԱՐԴՈՒՆ ՄԻՏՔԸ ՄԻՇՏ ԱՆՎԵՐՋ Է”

Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»

Բ. ՀՐԱՏ. ԽՄԲ. ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄ՝ ԱՐԷՏ ԿԸՃԸՐԻ. ԱՐԱՍ ՀՐԱՏ., ՊՈԼԻՍ 2017. 224 ԷՋ

Զաւէն Պիպեռեանի «Անկուտի սիրահարներ»-ը՝ 55 տարի վերջ, դարձեա՛լ մեզի հետ… Առանց կորսնցուցած ըլլալու իր թարմութիւնն ու այժէականութիւնը։ Continue reading “Զաւէն Պիպեռեան, «Անկուտի սիրահարներ»”

ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԽՕՍՔԱՐՈՒԵՍՏԸ

ԿԱՐԻՆԷ ՌՈԲԵՐՏԻ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Սփիւռքահայ գրականութիւնը հայի՝ փորձութիւններով լի ճակատագրի արգասիքն է, սակայն այն դուրս է գալիս հայ գրական շրջանակներից եւ հարստացնում համաշխարհային գանձարանը, երբ խորիմաստ ասելիք է ունենում եւ տաղանդաշատ գրիչ է հեղինակում այն, քանզի Սփիւռքը, ցաւօք, համամարդկային իրողութիւն է։ Այս պարագայում հային կրկին տրուել է իմաստնանալու, պատմութիւնից դասեր քաղելու, ուծացման վերահաս արհաւիրքին դիմակայելու, ազգային դէմքը, տեսակը պահպանելու, անսահման ցաւից արուեստ կերտելու եզակի հնարաւորութիւն։ Մեզ մնում է ի խորոց սրտի շնորհակալութիւն յայտնել այն նուիրեալներին, ովքեր անխոնջ, հետեւողական աշխատանքով լայն ընթերցողին են հասցնում սփիւռքահայ գրականութեան լաւագոյն մնայուն էջերը։
Continue reading “ՀԱՄԱՍՏԵՂԻ ԽՕՍՔԱՐՈՒԵՍՏԸ”

ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Համազգայինի Գրասէրներու խմբակի հաւաքներու շարքէն

Չորեքշաբթի՝ 5 ապրիլին, Համազգայինի «Յ. Մանուկեան» գրադարանէն ներս (Թորոնթոյի Հայ կեդրոն) տիրող թեման սէրն էր։ Յատուկ աշխատանք տարուած էր Հաւաքին ընդմէջէն ներկայացնելու սէրը՝ իրարմէ բոլորովին տարբեր գրողներու դիտանկիւնէն։
Թէ ինչպէ՞ս սէրը կը յայտնուի մեր գրականութեան էջերուն մէջ, կախում ունի գրողէն, իր ներաշխարհէն, մտածումներէն, միջավայրէն, փորձառութենէն, գրելու ոճէն…։ Continue reading “ՍԷՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ”

ՍՏԱՑՈՒԱԾ ԳՐՔԵՐ — ԱՊՐԻԼ 2017

Հեղինակներէն կամ հրատարակիչներէն, այլեւ բարեկամներէ շնորհակալութեամբ ստացած ենք Հորիզոնի, Հորիզոն գրականի կամ աւագ խմբագրի անունին՝

Ժիրայր-Վահէ Մալճեան, ԱՆԴՐԴՈՒԵԼԻՆ, հրատ. Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակի, Անթիլիաս 2016, 263 էջ

Աւետիս Բայրամեան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱՐԶԱԴԱՐԱՆ, Լոս Անջելես 2012, 708 էջ

Հայկ Դեմոյեան, ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՊՈՐՏԸ եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ, Երեւան 2015, 274 էջ

ՄԱՐՏ 2017-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի մարտի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։