Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ – Զ –

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Մաւրը կատարեց իր գործը,
Մաւրը կրնայ հեռանալ

Այս դարձուածքին ծնունդ տուողը գերմանացի թատերագիր Շիլլերի (1759—1805) մէկ թատերախաղն է, որ կը կոչուի «Ֆիեսկի դաւադրութիւնը»: Այստեղ կը գտնենք գլխաւոր հերոսը՝ ճենովացի ազնուական Ֆիեսկը, որ կը ծրագրէ մեծ դաւադրութիւն մը, որուն մէջ կը ներքաշէ իր արաբ սպասաւորը՝ Մաւրը՝ ամեն ձեւով գոհացնելով զայն ու շլացնելով անոր աչքերը, եւ անոր շնորհիւ ալ գլուխ կը հանուի դաւը:
Անգամ մը որ կը հասնի իր նպատակին, Ֆիեսկ ամենայն սառնասրտութեամբ իրմէ կը վանէ Մաւրը, որ եկած էր՝ աւետելու յաջողութիւնը. «Մաւրը կատարեց իր գործը, Մաւրը կրնայ հեռանալ»:
Այս դարձուածքը կը խորհրդանշէ՝ մէկ կողմէ երախտամոռաց անձը, միւս կողմէ՝ ուրիշին ձեռքը կոյր գործիք դարձած գործակալը:
Ծանօթ.— Մեր իրականութեան մէջ շատ հոլովուած դարձուածք մըն էր այս յատկապէս Համաշխարհային Ա. պատերազմի աւարտին, երբ դաշնակից պետութիւնները, յատկապէս Ֆրանսան եւ Անգլիան, անկախ պետականութիւն խոստացան իրենց շարքերուն մէջ այնքան նուիրումով կռուող Հայկական լեգէոնին, չվարանելով յատուկ պատիւներ ալ շռայլել անոր, ինչպէս Արարայի ճակատամարտին առթիւ,— բայց եւ այնպէս, իրենց յաղթանակէն ետք, անոնք մոռցան իրենց բոլոր խոստումները, ուստի «Մաւրը կատարած էր իր գործը, Մաւրը կրնար հեռանալ»:

Յուդայի համբոյր

Վերջին ընթրիքին Յիսուս ըսաւ աշակերտներուն, թէ իրենցմէ մէկը պիտի մատնէ զինք: Աշակերտները, մասնաւորաբար Յովհաննէսը, գայթակղեցան եւ հարցապնդեցին Վարդապետը մատնիչի անձին մասին՝ առանց բան մը իմանալու: Եւ երբ Յիսուս Գեթսեմանիի պարտէզը բարձրացաւ աղօթելու ու խորհրդածելու, այնտեղ ուղղուեցան նաեւ հռոմէացի զինուորները՝ առաջնրդութեամբ Յուդայի, որ իսկական մատնիչն էր. ան, երեսուն արծաթի փոխարէն, խոստացած էր մատնել Յիսուսը՝ համբոյրով մը զինուորներուն մատնանշելով անոր ինքնութիւնը: Եւ առ այս՝ ան իրօք ալ մօտեցաւ ու համբուրեց Քրիստոսը, եւ զինուորները իսկոյն կալանեցին զայն:
Այս դրուագէն մնացած է «յուդայի համբոյր» դարձուածքը, որ կը խորհրդանշէ հարազատի հանդէպ որեւէ մատնողական, դաւաճանական արարք:
Ուշադրութիւն. պէտք չկայ գլխագրելու դարձուածքին առաջին եզրը:

Պիւռոսեան յաղթանակ

Պիւռոս (319—272) յոյն զօրավար մըն էր, որ ծնած էր Եպիրէի մէջ՝ արեւմտեան Յունաստան, ուր եւ թագաւորեց 295-էն մինչեւ մահը: Ան ինքզինք կը դաւանէր Աքիլլէսի մէկ շառաւիղը: Իբրեւ փայլուն զօրականի՝ Պղուտարքոս իր «Զուգակշիռներ»-ուն մէջ երկար գլուխ մը յատկացուցած է անոր: Իսկ Աննիբալ զինք կը դաւանէր պատմութեան երկու մեծագոյն զօրավարներէն մէկը՝ Աղեքասանդրի հետ:
Պիւռոս մեծ փառամոլ մըն էր միաժամանակ, եւ իր յաղթանակներէն ոչ մէկը գոհացուց ու կասեցուց զինք, այս պատճառով ալ անոնք մաշեցուցին ե՛ւ իր գանձը, ե՛ւ բանակները, այլ հարց թէ այս բոլորին մէջ ան առիթ գտաւ հինգ անգամ ամուսնանալու: Ան կռուած է մասնաւորաբար հռոմայեցիներու դէմ, բայց նաեւ կարթագէնացիներու եւ… յոյներու: Յատուկ կը յիշատակուին իր Հերակլէայի (279) եւ Ասկուլամի (280) յաղաթանակները, որոնք սակայն շատ արիւնալի ու կորստաբեր եղան Պիւռոսի համար: Եւ երբ ծանօթներ ու բարեկամներ կը շնորհաւորէին զինք նման յաղթանակի համար, Պիւռոս դառնութեամբ ըսաւ. «Եթէ այսպիսի ուրիշ յաղթանակ մըն ալ տանիմ, բանակս լման կ՚ոչնչանայ»:
Ան սպաննուեցաւ Արգոսի մէջ՝ յոյներու դէմ մղուած պատերազմի մը ընթացքին:
Պիւռոս կը խորհրդանշէ անյագ ու փառատենչ զինուորականը, որ չի գիտեր սանձ մը դնել իր փառամոլութեան: Իրմէ կը մնայ «պիւռոսեան յաղթանակ» դարձուածքը, որ կը նշանակէ շատ սուղ վճարուած յաղթանակ, որուն պարգեւած փառքը համապատասխան չէ յանձն առնուած զոհողութեան:

Պրոկրուստեան մահիճ

Յունաստանի ամայի ճամբամերէն մէկուն վրայ կ՚ապրէր անուղղայ աւազակ մը՝ Դամաստէս Պրոկրուստէսը, որ իր տան մէջ հաստատած էր յատուկ մահճակալ մը: Ան կը բռնէր անցորդները ու զանոնք կը պառկեցնէր այդ մահճակալին վրայ. եթէ պառկողին հասակը աւելի երկար ըլլար մահճակալէն, ապա կը կտրէր անոր ոտքերը ու մարդուն հասակը կը հաւասարեցնէր մահճակալի երկայնքին. իսկ եթէ պառկողը աւելի կարճ էր մահճակալէն, ապա անոր ոտքերէն կը քաշէր մասնաւոր սարքով մը, որպէսզի հասակը նմանապէս հաւասարեցնէր մահճակալին:
Մինչեւ որ Թեսեւսը՝ դիցաբանական ուրիշ հերոս մը, յաջողեցաւ այդ նոյն պատիժին ենթարկել Պրոկրուստես աւազակը եւ ազատեց անցորդները այդ սարսափելի փորձանքէն: Մնաց սակայն «Պրոկրուստեան մահիճ» դարձուածքը, որ ապրեցաւ այնուհետեւ:
Ան կը խորհրդանշէ տուեալները, փաստերը արուեստական ու բռնազբօսիկ չափանիշերու յարմարցնելու ձգտող մարդու ընթացքը, այսինքն՝ այնպիսիներուն, որոնք ոչ թէ իրենք կ՚ենթարկուին իրողական փաստերու թելադրանքին, այլ կը փորձեն փաստե՛րը ենթարկել իրենց մտածողութեան ու տրամադրութեան:

Ռուբիկոնը անցնիլ

Քրիստոսէ առաջ՝ 49 թուին, Յուլիոս Կեսար, Գաղիան վերջնականապէս իրեն ենթարկելէ ետք, պատրաստուեցաւ վերադառնալու Հռոմ. ան թաքուն կը սնուցէր կայսերական նպատակներ: Իտալական թերակղզի մտնելու համար՝ ան պէտք է հիւսիսէն հատէր Ռուբիկոն գետը եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ պէտք է նախ զինաթափէր ու ցրուէր իր բանակը: Հռոմի ծերակոյտին այս կանխազգուշական քայլը կը միտէր զօրավարներու մէջ փարատելու պետական հարուած կատարելու ամեն ախորժակ:
Յուլիոս Կեսար չյարգեց այդ որոշումը. ան զինեալ լեգէոնով մը անարգել անցաւ Ռուբիկոնը ու քալեց Հռոմի վրայ,— որ այն ատեն հանրապետութիւն մըն էր,— որովհետեւ, ինչպէս ըսինք, ան տարուած էր կայսերական երազներով: Այնպէս ալ ծայր առաւ քաղաքացիական պատերազմ մը՝ ընդմէջ Կեսարի եւ անոր հանրապետական հակառակորդներուն: Կեսար յաջողեցաւ յաղթել ու դառնալ մենակալ (dictator), տիրակալ (imperator), սակայն չհասցուց կայսր դառնալ ու կրել կայսերական թագը, որովհետեւ վրայ տուաւ իր կեանքը. ան 44 թուին Քա., մարտի 14-ին, սպաննուեցաւ Բրուտոսի ու անոր համախոհ դաւադիր ազգայնականներու ձեռքով:
Ասկէ յառաջացած է «Ռուբիկոնը անցնիլ» դարձուածքը, որ կը նշանակէ՝ օրէնքով դրուած ու հանրօրէն յարգուած արգելքի մը անտեսումը, որ կրնայ ընդհուպ մինչեւ մահ տանիլ:

Նոյն ծիրէն ներս Յուլիոս Կեսարին կը վերագրուի այլ խօսք մը, որ նոյնպէս դարձուածքի կարգ անցած է. երբ Կեսար իր անմիջական համախոհներուն յայտնեց Ռուբիկոնը զինուած անցնելու որոշումը, այս վերջինները իրեն նկատել տուին այն ծանր հետեւանքները, որոնց կրնար ենթարկուիլ ան. Կեսար պատասխանեց. «Վիճակը ձգուած է» (alea jacta est(*)):
Այս դարձուածքը հոմանիշ է անդառնալի ու ճակատագրական որոշումի:
Դարձեալ նոյն ծիրէն ներս՝ համաշխարհային դարձուածքի համբաւ կը վայելէ «Դո՞ւն ալ, Բրուտոս»-ը, որ եղաւ Կեսարի վերջին խօսքը՝ դաւադիրներու հարուածներուն տակ:
Բրուտոսը Կեսարին դէմ դաւ լարող խմբակի ղեկավարներէն էր: Արդ, ան սիրելին էր Կեսարին, նոյնիսկ կ՚ըսուի, թէ Կեսար որդեգրած էր Բրուտոսը, որովհետեւ իր կինը ստերջ էր: Ուրեմն ծերակոյտէն հազիւ ելած էր Կեսար, երբ դաւադիր խմբակի անդամները մէկ առ մէկ մօտեցան ու դաշունահարեցին զինք. Կեսար տակաւին ոտքի էր, երբ վերջին պահուն տեսաւ Բրուտոսին մօտենալը՝ մերկ դաշոյնը ձեռքին: Ահա այս առիթով էր որ ան զարմացած տուաւ իր հարցումը՝ «Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս»,— եւ հարուածը ստանալէ ետք ու տապալելէ առաջ հազիւ կրցաւ արտասանել. «Ուրեմն ինկի՛ր, Կեսա՛ր»:
Դո՞ւն ալ, Բրուտո՛ս-ը կը խորհրդանշէ բոլորովին անակնկալ, — եւ անշուշտ բացասական, — վերաբերումը մէկուն, որմէ չէր սպասուեր նման բան:

Սիզիփեան աշխատանք

Իր դաժանութեամբ, վայրագութեամբ ու աւազակաբարոյ վարքով հանրածանօթ՝ Կորնթոսի Սիզիփոս թագաւորը մահէն ետք, դժոխքի մէջ, դատապարտուեցաւ յաւիտենապէս դէպի լեռան գագաթը հրելով բարձրացնելու ծանր ժայռ մը, որ, ամեն անգամ տեղ հասած, ետ վար կը գլորէր:
Դարձուածքը կը խորհրդանշէ տաժանակիր, անվերջ, յուսահատեցնող ու ապարդիւն աշխատանքը:
Տեսնել նաեւ «դանայեան տակառ»-ը:
Ուշադրութի՛ւն. պէտք չէ գլխագրել «սիզիփեան» եզրը:

Սպանական դղեակ

Արաբները, աւելի ճիշդը՝ մաւրերը, Սպանիան գրաւեցին 711 թուին ու այնտեղ իշխեցին մինչեւ 1492 թուականը: Բնիկները, սպառելով զանոնք դուրս քշելու իրենզ բոլոր միջոցները ու չկարենալով արգիլել անոնց կեցութիւնը, քանդեցին իրենց բոլոր դղեակները եւ այլ կարգի հաստատուն շինութիւնները, որպէսզճ մաւրերը չկարենան հաստատուիլ ու ապահովութիւն ունենալ: Այս միջոցառումը, ենթադրելի է, այնքան ալ արդիւնաւէտ չէ եղած, քանի մաւրերը յաջողեցան այնքան երկար մնալ Սպանիոյ մէջ, որ քիչ կը մնար անցնէին Պիրենեան լեռնաշղթան ալ ու նուաճէին Ֆրանսան, եթէ Շառլ Մարտել թագաւորը պարտութեան չմատնէր զանոնք 732-ին:
Յամենայն դէպս մնաց «սպանական դղեակ» դարձուածքը, որ կը բնորոշէ անիրական, անկարելի եւ անիրագործելի իղձ մը, ցանկութիւն մը, ծրագիր մը:
«Սպանական դղեակ կառուցել» իր կարգին կը նշանակէ մշակել այնպիսի ծրագրեր, որոնք երբեք պիտի չիրականանան:

Վերջին մոհիկանը

Մոհիկանները հիւսիսամերիկեան բնիկ ցեղախումբ մըն էին. միւս բնիկներոււն պէս, իրենք եւս երկար պայքարեցան եկուոր սպիտակներուն դէմ եւ անոնց պէս ալ ի վերջոյ պարտուեցան ու ենթարկուեցան Նոր աշխարհի օրէնքներուն: Ամերիկացի վիպասան մը՝ Ֆենիմոր Քուփըր, անցած դարուն գրեց վէպ մը, որ կը կոչուի «Վերջին մոհիկանը» (The Last of the Mohicans) եւ որուն մէջ կը նկարագրէ այս ցեղախումբին պատկանող վերջին կարմրամորթը, որ զէն ի ձեռին եւ առանց յուսահատելու պայքարեցաւ յանուն հայրենի հողին, իր ցեղին ինքնութեան ու ազատութեան. այդ պայքարին մէջ ալ զոհուեցաւ:
Այս վէպը այնքան գնահատուեցաւ, որ հետզհետէ թարգմանուեցաւ բազմաթիւ օտար լեզուներու, հրատարակուեցաւ մեծ տպաքանակներով ու յափշտակուեցաւ ընթերցողներէն: Անոր խորագիրն ալ դարձաւ համաշխարհային դարձուածք մը, որով կը բնորոշուի վսեմ ու նուիրական գաղափարի մը համար աննահանջ, բայց եւ առանձին պայքարողը, որ այլեւս հետեւորդներ չունի իրեն զինակից ու գաղափարակից(**):

Քաւութեան նոխազ

Նոխազ-ը այծին արուն է, որ ընդհանրապէս հօտին առջեւէն կ՚երթայ ու կ՚առաջնորդէ զայն: Իսկ «քաւութեան նոխազ» դարձուածքը ունի պատմական խոր անցեալ մը, որ կ՚առնչուի հրեայ ժողովուրդին(***):
Տարին անգամ մը հրեաները իրենց գործած մեղքերը կ՚արձանագրէին մագաղաթի մը վրայ, զայն կը կապէին նոխազի մը վիզէն ու նոխազը որոշ արարողութեամբ կ՚արձակէին դէպի անապատին խորերը, ուր այդ անասունը անօթի-ծարաւ նքթելով կը մահանար: Իրենց այս արարքով հրեաները կը հաւատային, որ հաւաքաբար քաւած կ՚ըլլային իրենց մեղքերը. եւ ուրեմն զոհ գացող անասունը՝ քաւութեան նոխազը, իր կեանքի գնով կ՚ապահովէր հրեաներուն մեղքերու թողութիւնը: Նոխազը, սակայն, այլապէս եւս կը ծառայէր հրեայ ժողովուրդի մեղքերու թողութեան, քանի որ Երոսաղէմի տաճարի սեղանին վրայ զոհուող մատաղցու այլազան անասուններուն մէջ յատուկ նախասիրութիւն կը տրուէր անոր:
«Քաւութեան նոխազ» դարձուածքը, ուրեմն, կրնայ խորհրդանշել որեւէ անհատ, հաւաքականութիւն, կազմակերպութիւն, որ կը ծառայէ ուրիշներու յանցանքի քաւութեան կամ զանազան մթին հարցերու ու հաշիւներու լուծումին, որուն մէջ ինք որեւէ շահ չունի: Քաւութեան մեծագոյն նոխազը, այսպէս ըսած, Աստուածորդին ի՛նքն է, որ «վասն մեր՝ մարդկան…չարչարեալ, խաչեալ, թաղեալ…»:
Իր յուշերուն մէջ անցած դարու անգլիացի մեծ դիւանագէտ մը՝ Լոյդ Ճորճը, կը պատմէ քաւութեան այլ նոխազի մը մասին, որ դարձաւ Հայաստանը Պերլինի վեհաժողովին, ուր զանազան պետութիւններ, յատկապէս Թուրքիան, իրենց հարցերը լուծեցին ի հաշիւ Հայկական հարցին ու բարենորոգութեանց: Իրենց շիլ հաշիւներով ու շահերով տարուած պետութիւններու շարքին առաջին տեղը կը գրաւէր Անգլիան, որ իր «մատուցած ծառայութեան» փոխարէն Կիպրոսը նուէր ստացաւ սուլթան Համիտէն:

Քրէական յանցանք

«Քրէական» ածականին արմատն է քրէ, որ է քուրայ: Սեմական բառ մըն է, որ կը նշանակէ «հալոց, բովք, մետաղ հալեցնելու վառարան» (Արմ.):
Անցեալին հանքավայրերուն կից կը հաստատէին նաեւ քուրան, տեղւոյն վրայ հալեցնելու ու մշակելու համար ստացուած մետաղը: Այստեղ կը տիրէին կենցաղային շատ դաժան պայմաններ, որոնց ամենէն անտանելին անշուշտ բարձր ջերմաստիճանն էր, ուստի գրեթէ անկարելի կ՚ըլլար հանքերու կամ անոնց քուրաներուն մէջ կամովին ծառայող բանուորներ գտնել: Եւ որովհետեւ տնտեսական շատ մեծ արժէք ունէին հանքերը, պետութիւններ սկսան դիմել բռնի աշխատողներու, որոնք գերիներն ու ծանր յանցագործներն էին:
Ահա այստեղէն է, որ հետզհետէ յառաջացան դարձուածքային զանազան բառակապակցուիւններ, ինչպէս՝ քրէական յանցանք, քրէական պատիժ, քրէական յանցագործ, քրէական պատժաչափ եւ այլն:
Իսկ ամբողջ հանքավայրը կը կոչուէր «քրէական մետաղք», երբեմն ալ միայն՝ «մետաղք», որ կ՚ընկալուէր իբրեւ պատժավայր, տաժանավայր: Այս իմաստով ալ մեր մատենագրութեան մէջ կը գտնենք սապիսի արտայայտութիւններ. «Արտասահման եղեն ի մետաղս մշտնջենաւորս» («Աքսորուեցան մշտնջենական հանքավայրերը»): «Դարձցին ամենայն դատապարտեալք, որ ի քրէական մետաղս իցեն» (Թուղթ դաշանց. «Թող վերադառնան այն բոլոր դատապարտեալները, որոնք քրէական հանքավայրերը կը գտնուին»): «Դարձոյց ամենայն հարս սուրբս, որք յաղագս ուղղափառութեան արտասահմանեալ էին ի մետաղս» (Խորենացի. «Վերադարձուց այն բոլոր սուրբ հայրերը, որոնք ուղղափառութեան պատճառով աքսորուած էին հանքավայրերը»):
Ներկայիս քրէական եզրը (քրէական յանցանք, քրէական յանցագործ) այլեւս հանքին ու քուրային չ՚առնչուիր, այլ կը բնորոշէ յանցագործութեան այն տեսակը, որ բանտարկութեամբ պատժելի է միայն եւ որմէ կարելի չէ խուսափիլ տուգանքով կամ այլ պատիժով:

* * *

Դարձուածքներու ժուժկալ գործածութիւնը, ինչպէս ըսինք, գեղեցիկ, պատկերաւոր ու տպաւորիչ կը դարձնէ մեր խօսքը. անոնց պատեհ ու տեղին մէջբերումը համ ու հոտ կու տայ գրութեան, պայմանաւ որ մէկ էջնոց յօդուածի մը մէջ չորս դարձուածք չգործածենք, ինչ որ չարաշահութեան ու ճապաղումի կը տանի մեր ոճը: Պէտք է մասնաւորաբար խուսափիլ բռնազբօսութենէ. պէտք չէ խօսողը կամ գրողը ի՛նք փնտռէ դարձուածքը, այլ դարձուա՛ծքը պէտք է դառնայ գրողին ետեւէն: Եւ վերջապէս պարտինք յարգել տուեալ դարձուածքին տուն տուող պատմական պահին ու հոգեբանութեան շրջագիծը՝ փորձելով որոշ հանգիտութիւն դնել ադ շրջագիծին ու մեր խօսքին միջեւ: Այսպէս, օրինակի համար, թաղապետական աթոռ հետապնդողի մը բերնին մէջ կարելի չէ դնել Կեսարի՝ «վիճակը ձգուած է» խօսքը, ոչ ալ առօրեայ աննշան տաղտուկները կարելի է «դամոկլէսեան սուր» անուանել: Ժողովին կամ դասապահին ուշացած տղեկը թոյլատրելի չէ «վերջին մոհիկանը» կոչել: Նման անտեղի կամ անհամաչափ գործածութիւններ ոչ միայն չեն նպաստեր մեր լեզուի ու ոճի գեղեցկութեան, այլեւ ծիծաղելի ու զաւեշտական կը դարձնեն զանոնք. անոնց հեղինակը նմանապէս:

*) Այստեղ մէջբերենք սոյն դարձուածքին մէկ շատ գեղեցիկ կիրարկութիւնը, որ կը գտնենք Գ. Զոհրապի օրագրութեան մէջ. «Այն ուժը, որ գործերը մինչեւ հոս բերաւ, ծովային եւ ցամաքային ուժերը գերմանացոց յանձնեց, նեղուցները, բերդերը, փոխադրութիւնը, պարենաւորումը՝ ամբողջ օսմանեան կեանքը յանձնեց գերմաններուն, — չի կրնար այլեւս նահանջել. Alea jacta est» (Օրագրութիւն, 30 հոկտ. 1914): Ան կ՚ակնարկէ այն շատ մեծ գրաւին, որ իթթիհատականները դրին Գերմանիոյ հետ զինակցութեան վրայ Ա. համաշխարհային պատերազմի նախօրեակին:
**) Ա. Ծառուկեան, ակնարկելով իր ամերիկաբնակ մէկ բարեկամին՝ Կ. Ջրբաշեանի օտար լեզուներու դէմ մղած պայքարին՝ ի պաշտպանութիւն հայերէնի, կը գրէ. «Օտար լեզուի դէմ ընդվզող վերջին մոհիկանը, որ աւա՜ղ, մինակ է եւ մինակ պիտի մնայ» («Սփիւռքի տասնամեակները», էջ 91):
***) Խորքին մէջ «քաւութեան նոխազ»-ի աւանդոյթը պատմականօրէն գոյութիւն ունեցած է այլ ժողովուրդներու բարքերուն մէջ եւս, մասնաւորաբար յոյներու, սակայն անոր աստուածաշնչական վկայութիւնը պատճառ դարձած է, որ ան ձեւով մը իւրացուի ու վերագրուի մասնաւորաբար հրեայ ժողովուրդին:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *