ԽԱԲԵԲԱՅ ԵՆԹԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

ԱՐԱ ՄԽՍԵԱՆ

Ենթագիտակցութիւնը, փաղաքուշ մօր մը պէս, երբեմն մառախուղի թանձր խանձարուրով մը կը պարուրէ մեր յիշողութեան այն բաժինը, որուն մտաբերումը հիմնայատակ պիտի կործանէր մեր «անբիծ» եսին մասին տարիներու ընթացքին փայփայած մեր համոզումը։
Ես ալ տասնեակ տարիներով իմ մասիս մտքիս մէջ համադրեր էի անհատի մը նկարագրին բոլոր բարեմասնութիւնները իր մէջ խտացնող խայտաբղէտ խճանկար մը։ Հոս կը նշեմ խճանկարիս բաղադրիչ կտորուանքներէն քանի մը հատը միայն, — բարի, համակրելի, առաքինի, վստահելի, համեստ, անաչառ, անյիշաչար, ամբասիր, արիասիրտ, զգօն, հերոսատիպ, մարդասէր, ողջախոհ, կնամեծար եւ մանաւանդ, խոնարհ ու համե՜ստ…. (անշուշտ, չափազանցելով կը միտիմ ծաղրանքի նշաւակ դարձնել անհատին իր մասին ունեցած ծիծաղելիօրէն ձեռնտու համարումը)։ Արտաքուստ՝ անդորր, բայց ներքուստ՝ մօտալուտ աղէտի սպառնալիքով յղի երեկոյ մը հեռաձայնի համառօտ զրոյց մը՝ թաթառի ուժգնութեամբ եւ նոյնքան արագ՝ ջարդուփշուր ըրաւ խճանկարս։
Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն դասընկերուհի մըն էր, որ կը զանգէր Եւրոպայի գողտրիկ մէկ անկիւնէն։ Քառասունվեց տարի ոչ մէկ կապ գոյութիւն ունեցեր էր մեր միջեւ, ուստի երբ չորս հազար հինգ հարիւր մղոններով (7250 քիլոմեթր) մեզ բաժնող հեռաձայնի գիծին միւս ծայրէն ինքնութիւնը յայտնեց, — ի՞նչ մեղքս պահեմ, — հակառակ խճանկարիս մէջ թխմած ասպետական նկարագրի գիծերուս՝ ողջախոհ մտքիս ըմբոստ մէկ անկիւնէն կասկածի թանձր գոլորշին՝ օձի թոյնի պէս համակեց ամբողջ ուղեղս եւ զիս սաստեց, որ պատրաստուիմ անհաճոյ անակնկալ մը դիմագրաւելու…
Որպիսութիւնս հարցուց։ Իր եւ պարագաներուն մասին քանի մը հարցում ուղղեցի. յայտնեց, որ շատ պատուական ամուսին մը ունի։ Խանդաղատանքով խօսեցաւ իր զաւակներուն մասին. ըսաւ, որ տղան բժիշկ է, աղջիկը դրամատան տնօրէնուհի։ Ես ալ ազնուաբարոյ կնոջս մասին զեղումներ ըրի. տղուս մասին խօսեցայ (տարաբախտ աղջկաս մասին լուռ մնացի)։ Քիչ մը եւս հին ընկերներու եւ ուսուցիչներու յուշերը վերարծարծելով՝ ներկան անցեալին ագուցող ոլորապտոյտ արահետներէն վերադարձանք Ճեմարան։ Մեր անցեալի ուրուական ոտքերը Ճեմարանի առաջին յարկը հանող աստիճաններու վարի սանդխամատին հազիւ հպեր էին, երբ դասընկերուհիս հետեւեալ սահմռկեցուցիչ հարցումը ուղղեց ինծի.
— Կը յիշե՞ս, տասներորդ դասարանն էինք, ամենէն մտերիմ ընկերդ՝ Գաբոն Արսինէին (անունները փոխած եմ) հետ ոտքով գլխով սիրահարուեր էր։ Արսինէն իմ ամենէն մտերիմ ընկերուհիս էր։ իսկ դուն, ինծի համար մինչեւ օրս անորոշ եւ անհիմն տուեալներէ մղուած, սկսեր էիր կասկածիլ, թէ ես կը փորձեմ Արսինէն Գաբոյէն հեռու պահել։ Ուստի օր մը, երբ Ճեմարանի ետեւի պարտէզին մէջ դաս կը սորվէի, մօտս եկար եւ ինծի սպառնացիր՝ «Գաբոյին եւ Արսինէին գործին մի խառնուիր, ապա թէ ոչ՝ մենք քեզի նմաններուն հետ վարուելու կերպը գիտենք»։ Կ՚ուզեմ գիտնալ, թէ ինչո՞ւ ինծի սպառնացիր։
Նկարագրած դէպքը չէի յիշեր։ Երբեմն դէպք մը ամբողջովին մոռցած ըլլալ կը կարծենք, մինչեւ որ պատահար մը, պատկեր մը, վայր մը կամ հոտ մը ելեկտրական հոսանքով մը ցնցէ մեր յիշողութեան բջիջները եւ կեանքի վերակոչէ վաղուց մոռցուած յուշի ծուէններ։ Դասընկերուհիիս պատմած դէպքին առթած ելեկտրական հոսանքը ոչ միայն ցնցեց յիշողութեանս բջիջները, այլ եւ՝ կայծակի արագութեամբ եւ միեւնոյն ուժգնութեամբ ամբողջ մարմինս՝ ոտից գլուխ սասանեց։ Բայց, իր պատմած դէպքէն ուղեղիս մէջ յիշողութեան նոյնիսկ մէկ հիւլէ չարթնցաւ։
Չքմեղանքի տարտամ ճիգով մը փորձեցի դասընկերուհիս համոզել, որ կեանքիս մէջ ես նոյնիսկ արական սեռի մարդոց չեմ սպառնացեր, ո՞ւր մնաց իգական սեռի… բայց ան անդրդուելի մնաց իր պատմածին ճշմարտութեան եւ անոր ետին թագնուած պարսաւանքին վրայ։ Ներողութիւն խնդրեցի եւ ըսի, որ եթէ իսկապէս այդպիսի տմարդի վերաբերում ցոյց տուած եմ իրեն հանդէպ, ներման արժանանալու համար միայն իր անյիշաչարութեան կրնամ ապաւինիլ։ Քաղաքավարութեան սիրոյն քանի մը նախադասութիւն եւս փոխանակելէ ետք աւարտեցինք մեր զրոյցը։
Ինկայ խոր մտածումներու գիրկը։ Իրապէ՞ս սպառնացեր էի դասընկերուհիիս։ Արդարացի պատճառ չունէի պատմածին ճշմարտութեան մասին կասկածելու։ Չունէի, նախ անոր համար, որ զինք կը յիշէի իբրեւ պարկեշտ անձ մը, ուստի չէի կրնար երեւակայել, որ կարող էր զիս զրպարտել առանց հաւաստի տուեալներու։ Երկրորդ, անոր համար, որ յիշողութեանս ամենէն ամրակուղպ ծալքերը փականազերծելէ ետք, անկարող եղած էի իր նկարագրած դէպքէն երազանման յուշիկ մը նոյնիսկ կենսակոչել։ Եթէ, յիշողութեան գէթ դոյզն պատառիկ մը յայտնաբերած ըլլայի, թերեւս կարենայի զայն գործածել իբր ինքնապաշտպանութեան կռուան, որքան ալ անկայուն ըլլար այդ կռուանը։ Ի վերջոյ, չէ՞ որ ամբաստանեալի մը բնազդային առաջին քայլը ինքնարդարացման դիմելն է։
Անցնող օրերը չյաջողեցան խաղաղեցնել այդ տաղտկալի դէպքին մտքիս ու հոգիիս մէջ յառաջացուցած փոթորիկը։ Ատեն մը ետք, սակայն մտքիս մինչ այդ անգոյ կարծուած մէկ ծերպէն դուրս սողոսկիլ ուզող ուրուականի մը եթերային ներկայութիւնը սկսայ զգալ։ Օրերու եւ շաբաթներու ընթացքին, ուրուականը տակաւ նիւթականացաւ ու դարձաւ կենդանի պատկեր. — Ճեմարանի Տիգրանեան շէնքին յարակից պարտէզին մէջ, վաղամեռ Զարեհ Վեհափառի կիսանդրիի շուքին տակ, սրդողած տղայ մը եւ այլայլած աղջիկ մը բուռն վէճի բռնուած են։ Քառասունվեց տարիներու հեռաւորութիւնը խօսակցութենէն փսփսուք մը իսկ լսել չ՚արտօներ, սակայն անոր անյեղլի տպաւորութիւնը մթագներ է հոգեմտաւոր աշխարհիս երկնակամարը, որ արճիճի ծանրութեամբ կը ճնշէ վրաս ու կ՚ընկճէ զիս։ Այո՛, հիմա ապաշաւով կը յիշեմ այդ ամօթալի արարքս, սիրելի դասընկերուհիս, որու նուաստացուցիչ իրականութենէն երկար ժամանակ ենթագիտակցաբար կը պատսպարէի նկարագրիս դիւրաբեկ խճանկարը։
Ներողութիւն կը խնդրեմ, սիրելի դասընկերուհիս…

Ռէյսին, Ուիսքոնսին

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *