Ուսուցիչը՝ պարոն Փիլիպոս Դերձակեան

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի։ «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ, Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» – Բ. տարի դասագիրքս, յանկարծ աչքիս զարկաւ։ Continue reading “Ուսուցիչը՝ պարոն Փիլիպոս Դերձակեան”

ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Բնութեան երկու երեւոյթներ, իրարու հակադիր՝ միաժամանակ մտերիմ ու անբաժան եղբայրներ։
Ժամանակին Աստուած զայրացաւ մարդկանց վրայ, ու երկինքը պատռելով՝ ծովերը իրար խառնեց ու շուռ տուաւ դէպի երկիր՝ որոտը գոռաց, ու կայծակը փայլատակեց, ու հեղեղանման տարափներ Continue reading “ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ”

Ոչ եւս է Տայանա Տէր Յովհաննէսեան

Մարտ 1-ին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը: Ծնած Պոսթընի մէջ 21 մայիս 1934-ին, խարբերդցի ծնողներէ, ան աւարտած է Պոսթընի համալսարանի ամերիկեան գրականութեան ճիւղը։ Հարվըրտ համալսարանի քերթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լոուէլի առաջնոդութեամբ՝ մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ։ Continue reading “Ոչ եւս է Տայանա Տէր Յովհաննէսեան”

Գրադարան մըն ալ կը փակուի

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Այս շաբաթ մտային կարիքներս գոհացնող յօդուած կարդացած չէի, ուստի խոր անբաւարարութեան զգացումով ալ անցընելու վրայ էի օրերս: Չեմ ըսեր, անշուշտ, թէ չկար նման յօդուած, այլ պարզապէս ինծի չէր հանդիպած այդպիսին: Continue reading “Գրադարան մըն ալ կը փակուի”

ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ

«Գրական Թերթ»-ի հարցազրոյցը թարգմանիչ, խմբագիր ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԷՆՃԵԱՆի հետ

Շաքէ Երիցեան — Խօսենք «Արաս» հրատարակչութեան գործունէութեան մասին: Ինչպիսի՞ առաքելութիւն է իրականացնում այն իր տպագրած գրքերով:
Սեւան Տէյիրմէնճեան — «Արաս» հրատարակչութիւնը հիմնադրուել է Թուրքիայում, 1993 թ.: Այս տարի յոբելեանական տարի է: Continue reading “ԹՐՔԱԼԵԶՈՒ ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԱԾ Է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄՇԱԿՈՅԹՈՎ”

Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ

Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու,— երբրեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի,— բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը, ուր զայն կազմող բառերը կը կորսնցնեն իրենց բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր`«դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Օրինակ՝ դարձուածք մըն է «երես տալ» բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ Continue reading “Թեւաւոր խօսքեր եւ դարձուածքներ”

Վկայել՝ մարդկութեան համար

Abel Manoukian, “Bearing witness to humanity, Switzerland’s humanitarian contribution during the Armenian Genocide in the Ottoman Empire, 1894-1923” — 2018, 606 pp..

Հայաստան հայրենիքն է հայ ժողովուրդին։ Հայոց ազգային աւանդութիւնը եւ գիտութեան ձեռք բերած արդի բազմաթիւ տուեալները անհերքելի կերպով կ՚ապացուցեն, որ Փոքր Ասիոյ Continue reading “Վկայել՝ մարդկութեան համար”

ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի 2018 փետրուարի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

 

«Ո՞ւր էիր, երբ …»

ՎԻԳԷՆ Ա.

«30 տարի անց մենք պէտք է 1988-ի դասերը քաղենք,
իսկ մեր ամենամեծ դասը Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնն է»։
Ժաննա Գալստեան
Ստեփանակերտ, 13 փետրուար 2018

Ամերիկացիները հետաքրքրական, թէեւ քիչ մը պարզունակ, մօտեցում մը ունին երբ կը փորձեն կարեւոր իրադարձութիւններ ընդգծել. «Ո՞ւր էիր, երբ …» հարցումը։ «Ո՞ւր էիր, երբ նախագահ Քենետին սպանուեցաւ», կը հարցնէին ատենին։ Հիմա, որ Քենետիի սպանութենէն անցած են գրեթէ 55 տարիներ, եւ այն օրուան երիտասարդներն ու պատանիները արդէն թոշակառու են, աւելի կը հարցնեն, թէ «Ո՞ւր էիր 11 սեպտեմբեր 2001-ին, երբ Նիւ Եորքի զոյգ աշտարակները փուլ եկան»։ Continue reading “«Ո՞ւր էիր, երբ …»”