ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ — Կեանքը, գրական արուեստի յատկանիշները եւ ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը(*)

ԱՆՈՅՇ ԱԿՆԵՐԵԱՆ

Զապէլ Եսայեան։ Հեւքոտ կեանք, արձակագիր, արուեստագէտ, մարդասէր, հրապարակագիր, հասարակական գործիչ, ֆեմինիստ, թարգմանիչ, դասախօս, հայրենասէր, կին եւ մայր։
Ա՛յս ամենն էր Եսայեան եւ վստահաբար աւելին, որ միայն զինք մօտէն ճանչցողները եւ անշուշտ ի՛նքը Զապէլը, որ այնքան խորը պեղած էր իր հոգին՝ կրնային գիտնալ։ Մենք, այս հեռաւորութենէն՝ միայն իր թողած հետքերը կ՚ուսումնասիրենք եւ արդէն իսկ մեր գտածը իր մասին՝ քանի մը կեանք լեցնելու չափ հարուստ է։ Continue reading “ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ — Կեանքը, գրական արուեստի յատկանիշները եւ ստեղծագործական կեանքի յատկանշական կէտերը(*)”

ՄԱՌԻ ՊԷՅԼՅՐԵԱՆ, ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ ՊԱՇՏՊԱՆԸ

Ս.Ա.Յ.
….«մենք պատմութենէն գիտենք որ այն ամեն գաղափարները, դաւանանքները, շարժումներն ու զգացումները որոնք կնոջ մասնակցութեամբն ու աջակցութեամբը մէկ խօսքով կնոջ շունչովն են ոգեւորուեր, անո՛նք միշտ մե՛ծ, հերոսական ու տիրական եղեր են»։ Մառի Պէյլէրեան, ԿՆՈՋ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ. ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ եւ ԿԻՆԵՐԸ, 2014

Մառի Պէյլէրեան ծնած է Պոլիս 1877-ին։ Ուսումը ստանալէ ետք Եսայեան վարժարանէն, եղած է ուսուցիչ նոյն վարժարանէն ներս։ Continue reading “ՄԱՌԻ ՊԷՅԼՅՐԵԱՆ, ՀԱՅ ԿՆՈՋ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՆԱՀԱՏԱԿ ՊԱՇՏՊԱՆԸ”

ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ՏԱՆՋՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ

ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Ձեզի՛ կ՚ուղղեմ այս տողերը, ո՜վ դուք որ հայր մը, եղբայր մը, սիրական մը կորսնցուցիք այս անիծապարտ պատերազմներուն մէջ։
Ձեզի՛ կ՚ուղղեմ այս տողերը, քանդուա՜ծ սրտեր, ջախջախուա՜ծ հոգիներ խորտակուա՜ծ կեանքեր։ Continue reading “ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԵՐ ՏԱՆՋՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ”

ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ԽՕՍԻ

ՄԱՌԻ ՊԷՅԼԷՐԵԱՆ

Եւ ահա՛ այս աւերակներուն մէջ… արիւնով ու արցունքով թրջուած սա ճամբաներուն անկիւնը մինակուկ նստած դառնութեան բաժակէն կը խմեմ…եւ արցունքէն կուրցած աչուըներս, շուրջս ցրուած սա աւերակներուն մէջ, ի զուր անյագօրէն կը փնտռեն շէն քաղաք մը, գիւղ մը, աւան մը… Չէ՛… ալեւս չեմ կրնար գոնէ պատրանքը ունենալ դեռ եւս ապրող Հայրենիքի մը… Ի՜նչ… մեռա՜ծ է Հայրենիքը…։ Continue reading “ՎԻՐԱՒՈՐ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԿԸ ԽՕՍԻ”

Ցեղասպանութեանց հետքերով — Ռաֆֆի Պուճիգանեանի ճամբորդութիւնը

Raffy Boudjikanian, JOURNEY THROUGH GENOCIDE — STORIES OF SURVIVORS AND THE DEAD, 2018, Dundurn press.

Այս ամիս լոյս տեսաւ Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Ճամբորդութիւն ցեղասպանութեան ընդմէջէն —. վերապրողներու եւ մեռեալներու պատմութիւններ» անգլերէն գիրքը։ Continue reading “Ցեղասպանութեանց հետքերով — Ռաֆֆի Պուճիգանեանի ճամբորդութիւնը”

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 8 – ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ» հատորը

Ահա, դարձեալ առցանց, լոյս տեսաւ, Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 8 – Ճանապարհներ» հատորը, որ անտպագիր հրատարակուող իր չորրորդ հատորը կը հանդիսանայ։ Continue reading “Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «ՈՍՏԱՅՆ 8 – ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐ» հատորը”

ՄԱՐՏ 2018-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի 2018 մարտի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

ՀԷՔԵԱԹ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՏԻԿՆԻԿԻ ՄԱՍԻՆ

ԼԻԼԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Կար-չկար խաղալիք սարքող մի վարպետ կար: Նա ոսկէ ձեռքեր ունէր եւ կարող էր ամենատարբեր խաղալիքներ սարքել, բայց գերադասում էր տիկնիկները, մանաւանդ, որ դրանք աւելի լաւ էին վաճառւում: Continue reading “ՀԷՔԵԱԹ ԱՄԵՆԱԳԵՂԵՑԻԿ ՏԻԿՆԻԿԻ ՄԱՍԻՆ”

Նոտագրելով տիեզերական քաոսի ալքիմիան

ՆԱՐԵԿ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ

«…որովհետեւ հարկ է պարպել լսողութիւնը, որպէսզի որսաս նրա մակընթաց ալիքը, միայն, երբ հնչի մոմի լոյսը, վառված մոմի լոյսը ծղոտէ կանաչ բազկաթոռի վրայ, կը հնչի նրա շնչառութիւնը…»:
Անտոնէն Արտօ (1)

Ես ոչինչ չեմ հասկանում երաժշտութիւնից: Այն ընկալում եմ մաշկով, լսում՝ բիբերով:
Արդէն քանի ամիս տարուած եմ Յարութիւն Դելլալեան անձով եւ գտնւում եմ նրա հիպնոսացնող մեղեդիների ազդեցութեան տակ: Continue reading “Նոտագրելով տիեզերական քաոսի ալքիմիան”