Մարտ 1-ին մահացաւ հանրածանօթ բանաստեղծ եւ Նիւ Ինկլընտի բանաստեղծներու ակումբի նախագահ Տայանա Տէր Յովհաննէսեանը: Ծնած Պոսթընի մէջ 21 մայիս 1934-ին, խարբերդցի ծնողներէ, ան աւարտած է Պոսթընի համալսարանի ամերիկեան գրականութեան ճիւղը։ Հարվըրտ համալսարանի քերթողական արուեստի նշանաւոր բանաստեղծ Ռապըրթ Լոուէլի առաջնոդութեամբ՝ մասնագիտացած է բանաստեղծութեան բնագաւառին մէջ։Ան 1991-ին Հայաստանի գրողներու միութեան կողմէ արժանացած էր Յովհաննէս Թումանեան մրցանակին, հայ բանաստեղծնեերու գործերուն անգլերէնի թարգմանութեան համար։ Ան կազմակերպեց նաեւ հայ բանաստեղծներու նուիրուած երեկոներ, դասընթացքներ եւ ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի հաղորդումներ։ 1978-ին Մարզպետ Մարկոսեանի հետ միասին կազմեց, թարգմանեց եւ անգլերէն լեզուով հրատարակեց հայ բազմադարեան քերթողութենէն ընտիր նմոյշներ, սկսեալ հեթանոսական շրջանի երգերէն մինչեւ ժամանակակից հայ բանաստեղծութեան գիրքեր։
Դպրոցական օրերէն սկսեալ, ան բանաստեղծութիւններ գրած է թերթերու եւ հանդէսներու մէջ, ապա աշխատած է որպէս խմբագիր եւ երկար տարիներ վարած է բանաստեղծութեան դասընթացքներ Պոսթընի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։
Տէր Յովհաննէսեան 1994-ի գարնան Հայաստան այցելեց նախաձեռնութեամբ ամերիկեան «Ֆուլպրայթ» կազմակերպութեան։ Ան շարք մը դասախօսութիւններ տուաւ Երեւանի պետական եւ ամերիկեան համալսարաններուն մէջ, ամերիկեան գրականութեան մասին։ Տայանայի բանաստեղծութիւններուն հիմնական տարրը կը կազմէ ազգային արմատներու որոնումը։
Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ երեքշաբթի, մարտ 6-ին, Գամպրիճի մէջ (Մասաչուսէց նահանգ):
Ստորեւ, առանձին մուտքագրումով, կու տանք իր բանաստեղծութիւններէն երկու նմոյշ՝ արեւելահայերէնի թարգմանուած, եւ նախապէս՝ մեր յուլիս 2014-ի թիւով տրուած չորս բանաստեղծութիւն, Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի թարգմանութեամբ։