ԱՆՁՐԵՒ ՈՒ ԱՐԵՒ

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Բնութեան երկու երեւոյթներ, իրարու հակադիր՝ միաժամանակ մտերիմ ու անբաժան եղբայրներ։
Ժամանակին Աստուած զայրացաւ մարդկանց վրայ, ու երկինքը պատռելով՝ ծովերը իրար խառնեց ու շուռ տուաւ դէպի երկիր՝ որոտը գոռաց, ու կայծակը փայլատակեց, ու հեղեղանման տարափներ ճեղքելով երկնակամարին վրայ կուտակուած սեւ ամպերը, գետակներու վերածեցին երկիրը, միաժամանակ ծանր կափարիչ մը զետեղելով մարդոց սրտերուն վրայ։ Սեւ ամպերը դղրդացուցին տուներուն պատուհանները, ու փայլակները յաջորդական ալիքներով ահաբեկեցին մարդիկը։ Ծառերուն վրայ չկայ պտուղ, անոնք կմախքներու վերածուած են։ Մարդիկ, անտրամադիր՝ կ՚ապրին գլխահակ, ընկճուած, ու վհատութիւնը մաս կը կազմէ իրենց էութեան…։
Կեանքի կանթեղը տկար է, ու բոցը կը դողայ անդադար, հակելով մերթ աջ, մերթ ձախ…։
Միջոց մը ետք կը տիրէ յարաբերական հանդարտութիւն. բարակ անձրեւ մը կը սկսի մաղուիլ, անձրեւ մը որ չ՚աղմկեր, ու չի շառաչեր, որուն հարուածներուն տակ ծառերուն տերեւները կը սարսռան՝ քան թէ կը մտրակուին, խոնաւութիւն սփռելով իր շուրջը, թրջելով ու ոռոգելով ամեն ինչ։ Սակայն կեանքի ընթացքին ամեն բան վերջ մը ունի…Անձրեւին ու որոտումներուն կը յաջորդէ արեւը… աշխարհ արեւ կը դառնայ, կեանքը կը ծաղկի, ու մարդիկ զուարթ՝ կը դիտեն կեանքին պաստառը, կը վազվզեն հրճուանքով աջ ու ձախ։ Անոնք անձայն ու անաղմուկ, կ՚որոճան ծրագիրներ ու կը նետեն զիրենք եռացող երազներու գիրկը։ Անոնք կը լսեն արեւին շնչառութեան ձայները… Օդին մէջ երաժշտութիւն կայ, հաց, կաթ ու գինի, ամեն ինչ առատ է ու ձրի։ Բարեկամներու աչքերուն՝ չկայ արցունք, քեզի հետ կը զրուցեն խնդումերես ու զուարթ, մաքուր է անոնց խիղճը, ու ճնշելով չի խռովեր ուրիշներու սիրտերը։ Արեւը իր կենսարար ճառագայթներով կը մղէ բոլորը քաղելու կեանքին ծաղիկները, անոնց հիւթերով շաղելու իւրաքանչիւրին էութիւնը…։ Ու որպէս մահկանացու եղնիկներ՝ անոնք կ՚ոստոստան տունէ-տուն, բարեկամէ բարեկամ, խորապէս համոզուած, որ կեանքը անուշ է ու անթառամ ծաղիկ։
Կէսօրեան արեւը մարդոց սրտերը տաքցնելէ ետք, կ՚այրէ նոյնիսկ քարերը… ու իբր ան հասած ու կանգնած է իր գագաթնակէտին վրայ, ու մեղմիկ զեփիւռ մը հազիւ կը շարժէ ծառերուն տերեւները, մարդիկ իրենց սրտերուն մէջ կը զգան անոր ջերմութիւնը ու իրենց աչքերուն առջեւ կ՚երեւակայեն դէպի դրախտ ուղղուած կանաչ ծառուղի մը ու ամենուրէք կը տեսնեն արեւին անարատ, անբիծ կոյս լոյսը…։
Ամեն կողմէ կը լսուին խնդուքի ու հրճուանքի ձայներ։
Լուսադէմին՝ երբ վերջին աստղերը կը մարին, ու լուսինը աստիճանաբար կը կորսնցնէ իր հետքը, արեւին ճառագայթները տուներէն ներս ու ճամբաներուն վրայ թափանցելէ առաջ, կը խրին մարդոց սրտերուն մէջ, իբրեւ առաւօտեան ողջոյն…Կը լսուին թռչուններուն ճռվռոցները, ծիծեռնակները կ՚երգեն, ու արեւին ջերմութիւնը ներմուծուած բանաստեղծին մտքին ու սրտին մէջ՝ կը յայտնաբերէ թաքնուած տաղանդներ, կ՚արթնցէ իր մօտ նիրհող մուսան, անոր գրիչը վերածելով զուլալ աղբիւրի մը,. Ատկէ դուրս կուգան նաեւ գլուխգործոցներ…։
Փողոցներուն մէջ մուրացկանը վերստին կը սկսի մուրալ իր ռնգաձայն աղօթքներով, գիւղացի կիներ կը շարունակեն փոխադրել իրենց գլուխներուն վրայ տափակ կողովներու մէջ տեղ գտած պտուղներն ու բանջարեղէնները, թիթեռներ ու միջատներ կը վխտան օդին մէջ, ու ամեն ոք իր պաշտօնին վրայ է գլխահակ ու անաղմուկ…։
Արեւը, լազուարթ երկնակամարին վրայ հաստատօրէն կանգնած, իրարմէ կ՚անջատէ իւրաքանչիւր անհատի կիսափակ կոպերը, ժայթքող ջուրի մը պէս կ՚արթնցնէ զանոնք իրենց թմրած վիճակէն ու մոգական հայելիներու նման կը վերակենդանացնէ իւրաքանչիւրին հոգեվիճակն ու տրամադրութիւնը։
Անձրեւի ու արեւի խառնուրդ…
Այս է կեանքը…

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *