ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Գրադարանիս փոշիները առնելով զբաղած էի։ «Պարապ վախտի խաղալիք» պիտի ըսէր Իսահակեան, երբ դարակներէն մէկուն վրայ, Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախակրթարանի տարիներուս հայերէնի «Շողական» – Բ. տարի դասագիրքս, յանկարծ աչքիս զարկաւ։Ու ի՛նչ զարմանք, արդէն կը զգամ, որ բազմազան անուններ ծնունդ կը սկսին առնել ու կարգով կը փորձեն խածնել սիրտս եւ ուղեղս։ Անուններ, որոնց առջեւէն յաճախ եւ ինքնաբերաբար կ՚անցնիս սրտի մորմոքով եւ յիշատակներու շարանով։
Եւ ի տես իրենց նման եւ արագ «ներկայութեան», այսպէս իրարայաջորդ կերպով կը ծնին դրուագներ, տեսարաններ, բառեր եւ երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն կը ներկայացնեն, այլեւ կը պատկերեն ապրուած եւ անուշ անցեալի մը գոյնզգոյն օղակներէն կախուած գեղեցիկ յուշեր, որոնք կարծես միաբերան քեզ կը կանչեն։
Անոր համար էր, որ այդ պահուն յիշողութեանս կ՚ընկերանար նաեւ հինը վերապրելու հաճոյքն ալ։ Հոգս չէր, եթէ այդ հինը նոյնիսկ որոշ դառնութիւն ունենար։ Ինծի համար «հինը» միշտ սիրելի է եւ այդպէս ալ կը մնայ։
Իսկ հիմա արդէն կը զգամ, որ հաղորդուած եմ աշակերտական տարիներուս տեսարաններով։ Ճառագայթուն տպաւորութիւն։
Թէեւ փոխուած են ժամանակները եւ փոխուած նոյնպէս պայմանները, կ՚ըսեմ եւ նոյնպէս միշտ կրկնած եմ՝ վարժուած ենք սակայն խօսիլ անցեալի եւ երբեմն ալ՝ ներկայի մասին։
Բան մը արդարացնելու ճիգ մը չէ այս մէկը:
Ժամանակին հետ խօսիլ իր մասին եւ ան ալ արթնցող բաբախումներով։ Ամեն զգայուն սիրտ պիտի ուզէր այս մէկը ապրիլ։ Նորութիւն չէ։
Խնամքով կը վերցնեմ դասագիրքս։ Կ՚անջատեմ զայն շրջապատող միւսներէն ու կը փորձեմ մատներովս եւ ակնածանքով թղթատել։
Աստուա՜ծ իմ, որքան հին է այս գիրքը։ Ութսուն եւ աւելի տարիներու կեանք։ Կարծես վէպ մը ըլլար։ Ու կը սկսիմ լռութեամբ կարդալ աչքիս հանդիպած էջերն ու անոնց տողերը, որոնք կամաց-կամաց յուշերս կ՚արթնցնեն։
Կը զգամ, որ մթնոլորտս լեցուն է նոր կեանքով։ Կարծես երբեք չեմ մեկնած այդ դպրոցէն։
Եւ յանարծ էջի մը ճակտին, բառ մը, նոթ մը, կը ստիպէ, որ քիչ մը աւելի կանգ առնեմ, քիչ մը աւելի յամենամ։
«Ապրիս»։ Այսքան։ Կոկիկ ձեռագիր։
Երկար կը մտածեմ։ Կը փորձեմ յիշել այս բառին առիթն ու պահը։ Ու ինքնաբերաբար կրկնակի կ՚իյնամ խոր մտմտուքի մէջ։ Այդ պահուն, մէջս վերյիշելու մեծ ցանկութիւն կը ծնի։ Շուարած եմ եւ կը վախնամ, որովհետեւ յիշողութիւնս կրնայ ուշանալ։ Կը վախնամ, որ նոյնիսկ կրնամ կորսուիլ։
Բայց…ո՜վ հրաշք… Թէեւ չեմ յիշեր առիթը, սակայն կը յիշեմ այդ բառին հեղինակը։ Ուսուցիչս էր, այդ օրերու հայերէն լեզուի դասատուս՝ պարոն Փիլիպոս Դերձակեանը։ Իր ձեռագիրն էր։
Պարոն Դերձակեան մեզի հայրենակից էր։ Ծնողքիս շատ մօտիկ՝ յատկապէս ողորմած հօրս։ Բայց, ոչ մէկ արդարացում։ Ինք «խիստ» եւ բծախնդիր ուսուցիչ էր։ Իր մօտ բացառութիւն չկար։ Միշտ ակնածանքով իրեն կը մօտենայինք։ Հարուստ անհատականութիւն։
Միջահասակ, կոկիկ ու սանրուած մազերով, միշտ մաքուր եւ կոկիկ հագուած, միշտ փայլուն ու ներկուած կօշիկներով եւ աչքերուն մթագոյն ակնոցով։ Ակնոց, որուն երկու ապակիներու ետին աչքերու գունդերու խաղերը կարելի չէր տեսնել կամ նշմարել։
Միշտ իր դէմքին վրայ արձանացած եւ ծանր շուքով կիսատ ժպիտ մը կար։ Յաճախ ալ անժպիտ։ Լայն ճակատով դէմք մը, յօնքերու անհանդարտ շարժումներով միասին։ «Երկաթէ մարդ». դպրոցի բարձր կարգի աշակերտները, իր անուան այս անուն-մակդիրը կապած էին։ Իսկապէս, որ դուրսէն տեսնողի կամ դիտողին համար, կարծես ինք ուրիշ աշխարհէ եկած էր։ Դանդաղ եւ հաստատ քայլերով։
Դպրոց կամ ակումբ, նոյնն էր։ Ինք շատ լաւ դիտող մըն էր։ Ունէր իր անձնական տեսակէտը,— եթէ կ՚ուզէք՝ իր հաստատ համոզումը,— որ կ՚արտայայտէր իւրայատուկ ձեւով եւ ճշգրիտ առաքելութեամբ, սովորականէն վեր համարձակ ու անշահախնդիր։ Արեւմտահայերէնի վրայ իր կեանքէն աւելի գուրգուրացող հայ մը։ Հարազատ խարբերդցի մը։ Մէկ խօսքով, առանց սակարկութեան՝ նուիրում։
Ինք, իր ասպարէզը հաւանաբար աղօթքի նման ինքնաբուխ նուիրումի վերածած էր։ Իրեն համար միայն հայ աշակերտով կարելի պիտի ըլլար ապրեցնել Մեսրոպ Մաշտոցը։
Ու չեմ գիտեր այսպէս որքա՞ն ատեն գրադարանիս բաց երկու փեղկերուն դիմաց կանգնած էի։ Անմիջապէս կը զգամ, որ տարիները չեն պղտորած, ոչ ալ մաշած կամ մոռացութեան մատնած՝ պարոն Դերձակեանի ներկայութեան պահերը եւ պատգամի ուժ ունեցող իր խօսքերուն թարմութիւնը։
Իրապէս, որ ինք ալ հիմա գրադարանիս դիմաց, կեցած «կ՚ապրէր»։
Եւ եթէ այդ վայրկեանին բան մը կար, որ զիս այսպէս անտրտունջ եւ կանգուն կը պահէր, ան ալ իր յուշերն էին։ Մեր այդ փոքր տարիքին, հայ ուսուցիչի իր կերպարով, ինք ոչ միայն մեզի կը ծանօթացնէր մեր մայրենին, այլեւ հայ գիրքին կը մօտեցնէր եւ մեր աչքերը կը կապէր հայ աշխարհին, հայ կեանքին ու հայ մարդոց՝ անկեղծ դրօշմով։
Անձնական փորձառութենէս մեկնած՝ կ՚ուզեմ կրկին անգամ բացայայտել, որ ուսուցչութիւնը ինքնին պահանջկոտ ու դժուար առաքելութիւն մըն է։ Հայ ուսուցիչն է մեր ազգային պայքարի յառաջապահը, մեր օրերու ֆետային եւ հայ ստեղծագործ միտքը, որ նկարագիր կը կերտէ մեր մատղաշ սերունդի ուղեղներուն մէջ։
Նաեւ կը հաւատամ, որ ուսուցիչներու ուսերուն ծանր եւ միեւնույն ժամանակ պատասխանատու աշխատանք է դրուած: Որովհետեւ ինծի համար հայ ուսուցիչը այն հիմքն է, այն կենսատու աղբիւրը, որուն շնորհիւ կը ձեւաւորուի, կը լիցքաւորուի հայ աշակերտին մտածելակերպն ու աշխարհայեացքը:
Նաեւ որովհետեւ հայ ուսուցիչին համար կարեւորը տալն է, ոչ միայն ըլլալը։ Այլ խօսքով, ճառագայթելն է. ուսուցիչ անունը կրելէն աւելի։ Ա՛յս է իսկական ուսուցիչին առաքելութիւնը։
Կը մտածեմ ու կը կրկնեմ։ Զոհողութիւն եւ նուիրո՛ւմ եւ այդ նուիրումի արարքին մէջ իսկ գտնել գոհունակութիւն: Վերջ ի վերջոյ հայ ուսուցիչը ե՛ւ դասատու է, ե՛ւ դաստիարակ:
Մեր մեծերը միշտ ըսած են՝ «մարդուն բնութագիրը իր ամբողջ կեանքի ընթացքին իր ստեղծածն ու ձեռք բերածն է»։ Եւ ահա յստակ օրինակը։
Ուստի կ՚ուզեմ այս պահուն բռնել մտքիս թելը, ընթանալու համար անշեղ։ Կը վախնամ, որ յանկարծ այդ թելը կտրուի վայրկեաններուս մէջ եւ մոլորուի ներկայէն, ու անցնի անցեալին։
Անոր համար կ՚ուզեմ ազատ պահել գրիչիս բերանը։
Պարոն Դերձակեան, իբրեւ իսկական մտահոգ եւ մտածող, երազը կեանքի վերածող լոյսի ճամբուն առաջնորդող հայն էր։ Ամեն դասի պահուն կը խօսէր, կը յորդորէր, որ մենք աշխատինք բարձր բռնել հայ մտքի «ջահը»։
Ու հարազատօրէն եւ անկեղծ կրնամ ըսել, որ ինքն էր մէջս հայերէն գիրք կարդալու սէրն ու լոյսը ամբարողը։ Ամեն օր ինք կ՚ապրէր այդ լոյսին համար, ուրախութեամբ եւ ֆիզիքապէս, որպէսզի շուտով բոլորս ալ վերակազմուէինք եւ ճակատաբաց մուտք գործէինք «հայութեան» շէնքէն ներս։
Ահա թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ հայերէն գիրքը ինծի համար դարձաւ մեծ ցանկութիւն, կողմնացոյց, ուղեկից եւ հաւատարիմ բարեկամ։ Նաեւ եղաւ մտքիս նոր Ճանապարհ բացող, դէպի գեղեցի՛կը եւ բարի՛ն եւ ճշմարի՛տը բացայայտող տեսակ մը ազգային գիտակցութեան, հայութեան գոյատեւման հիմնաքար եւ մայրենի լեզուի պաշտամունք։
* * *
Վերջապէս փակեցի գրադարանիս փեղկերը։ Անցեալս, իր շնորհապարտ եւ երախտապարտ զգացումներու փունջերով, կրկին խնամքով պահեցի գրադարանիս մէջ։
Լոս Անճելըս