ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Դարձուածք կը կոչենք սովորաբար երկու,— երբրեմն՝ երեք, հազուագիւտ՝ աւելի,— բառերէ կազմուած այն կապակցութիւնը, ուր զայն կազմող բառերը կը կորսնցնեն իրենց բուն նշանակութիւնը, որով ամբողջ բառակապակցութիւնը կը վերիմաստաւորուի՝ ստանալով բոլորովին նոր`«դարձուածքային» բովանդակութիւն մը: Օրինակ՝ դարձուածք մըն է «երես տալ» բառակապակցութիւնը, որ կը նշանակէ «շփացնել», որուն մէջ չկայ ո՛չ երեսի, ո՛չ ալ տալու նշանակութիւնը: Ըստ այսմ՝ դարձուածքներ են՝ աչքը մտնել, գլուխը տանիլ, կրակի հետ խաղալ, քունը կորսնցնել եւ այլն (1):
«Դարձուածքները ըստ էութեան ժողովրդական լեզուամտածողութեան արդիւնք են, ձեւաւորւում են հիմնականում խօսակցական տարբերակում, ապա աստիճանաբար թափանցում են գրական լեզու» (Հ. Պետրոսեան, «Հայերէնագիտական բառարան», էջ 175): Այս ծագումն ալ դարձուածքին կը պարգեւէ էապէս ազգային յատուկ նկարագիր մը: Ուստի ամէն ժողովուրդ ունի իրեն յատուկ դարձուածքներ, որոնք ընդհանրապէս կամ միշտ փոխադրելի չեն այլ լեզուներ, ուր անոնք կը կորսնցնեն իրենց իմաստը: Սակայն ներթափանցումները, թէեւ հազուագիւտ, բոլորովին բացառուած եւս չեն մանաւանդ խառն կենակցութեան պայմաններու մէջ, ինչպէս եղած է հայ-թրքականը՝ օսմանեան տիրապետութեան երկար դարերուն: Բերենք օրինակ մը. երես առնել՝ իբրեւ շփանալ, եւ երես տալ՝ իբրեւ շփացնել, դարձուածքները, թարգմանուելով ֆրանսերէնի, անգլերէնի, իտալերէնի, արաբերէնի, պիտի դառնային բոլորովին անիմաստ բառախումբեր, որոնք հաւանաբար ծիծաղի առարկայ ալ դառնային համապատասխան ժողովուրդներու կողմէ: Սակայն ասոնք դարձուածքային բոլորովին նոյն իմաստը ունին թրքերէնի ու հայերէնի մէջ: Անշուշտ ճշգրիտ չենք ալ գիտեր, թէ ո՞վ որմէ՛ փոխ առած է,— հա՞յը թուրքէն, թէ՞ թուրքը հայէն:
Դարձուածքները ընդհանրապէս կը մնան ժողովրդախօսակցական ծիրին մէջ՝ սակաւ թափանցելով գրական լեզուէն ներս: Օրինակ՝ դժուար պիտի պատկերացնէիէնք, որ Զոհրապ տեղ մը գրած ըլլար «երես տալ», կամ Թէքէեան գրած ըլլար «գլուխը տանիլ», կամ Շահնուր գրէր «քունը կորսնցնել» եւ այլն, քանի որ անոնք պիտի նախընտրէին ասոնց գրական համարժէքները՝ շփացնել, ձանձրացնել, մտահոգուիլ: Այսուհանդերձ բացառուած ալ չէ անոնց կիրարկութիւնը, մասնաւորաբար յատկաբանութեան նպատակով:
Հայերէնին կը վերագրուին աւելի քան 20.000 դարձուածքներ,— որոնց պիտի չանդրադառնանք այստեղ,— ինչ որ շատ հարուստ ժառանգ մըն է, որուն հմուտ կիրարկումը կը գեղեցկացնէ խօսքը, աւելի ազդու ու տպաւորիչ կը դարձնէ զայն:
Հետաքքրուողներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուին քանի մը յաջող աշխատութիւններ, որոնց կարելի է ծանօթանալ «Նայիրի» կայքի բառարաններու ցանկերուն մէջ:
* * *
Կարգ մը դարձուածքներ, շնորհիւ իրենց դիցաբանական, պատմական, բանահիւսական, գրական առանձնայատուկ հէնքին, յաջողած են դուրս գալ իրենց նեղ-ազգային սահմաններէն եւ ստանալ համամարդկային հնչեղութիւն եւ իբրեւ «թեւաւոր խօսքեր»՝ կը զարդարեն աշխարհի գրեթէ բոլոր լեզուները: Այս շարքով պիտի տեսնենք այդպիսիներէն փոքրիկ փունջ մը:
Աննիբալ մեր դռներուն է
Քրիստոսէ առաջ՝ 218 թուին, կը սկսէր պատմութեան մեծագոյն արշաւանքներէն մէկը, որ տեւեց 17 տարի: Ան ծայր առաւ հզօր Կարթագէնէն,— մօտաւորապէս արդի Թունուզէն,— հասնելու համար Հռոմ. այս արշաւանքին ձեռնարկողը քսանամեայ երիտասարդ մըն էր՝ Աննիբալ անունով: Հրաշալի զինուած ու կազմակերպուած, ինքն ալ հրաշալի ու առաքինի հրամանատար մը, ահարկու բանակի մը գլուխը՝ ան կտրեց ամբողջ Հիւսիսային Ափրիկէն, մտաւ Սպանիա, ուր ոչնչացուց հռոմէական լեգէոնները, շրջանցեց հարաւային Ֆրանսան՝ իր ճամբուն վրայ սրբելով ամէն դիմադրութիւն, անցաւ Ալպեանները եւս եւ անարգել կը մօտենար Հռոմին՝ իր ոխերիմ թշնամիին, որ կ՚ուզէր իր որջին մէջ իսկ անակնկալի բերել ու ճզմել: Ոչ մէկ ուժ կը յաջողէր կասեցնել Անոր բանակներուն յառաջխաղացքը. իսկ այդ բանակներուն մաս կազմող փիղերու երամակները ահ ու սարսափի կը մատնէին դիմադրող հռոմէացիները:
Գոռոզ Հռոմը իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով սարսռաց մինչեւ ողն ու ծուծը:
Սարսափի ու յուսալքումի այս մթնոլորտին մէջ էր, որ ծնունդ առաւ «Աննիբալը մեր դռներուն է» խօսքը, որ հետագային վերածուեցաւ դարձուածքի, որով կը բնորոշուի բիրտ սպառնալիք մը, գերագոյն վտանգ մը, անդիմադրելի թշնամի մը եւ ակներեւ պարտութիւն մը: Դարեր անց այդ դարձուածքը մնաց հռոմէացիներու բերնին մէջ ու իտալական հողի վրայ. իտալացի մայրեր մինչեւ այսօր ալ իրենց չար փոքրիկները սաստելու կամ փողոցէն տուն կանչելու համար չեն վարանիր ըսելու. «Աննիբալ մեր դռներուն է» (Hannibal ad portas): Իսկ դարձուածքը ինք արդէն համաշխարհային ճանաչում ունի եւ կ՚ապրի ժողովուրդներու ու սերունդներու բերնին մէջ (2):
* * *
Այս արշաւանքի ծիրէն ներս ծնունդ առած է ուրիշ դարձուածք մըն ալ, որ նուազ ծանօթ է: Ուրեմն այդ տարիներուն Հռոմի մէջ կ՚ապրէր պետական ազդեցիկ դէմք մը, որ պատմութեան ծանօթ է Մարկոս Կատոն Երէց անունով. ան իր ժամանակի մեծագոյն հռետորներէն էր, որ կը տագնապէր Հռոմի բոլոր հարցերով, յատկապէս Աննիբալի արշաւանքով, որ դամոկլէսեան սուրի մը պէս կախուած էր ամէն հռոմայեցիի գլխուն վերեւ եւ որը Կատոնի մղձաւանջն էր դարձած: Ուստի զարմանալի չէր, որ ծերակոյտի բոլոր նիստերուն եւ քիչ մը ամէն առիթով ան արծարծէր ընթացքի մէջ եղող աւերիչ արշաւանքը եւ ամէն անգամ ալ իր ճառը կ՚աւարտէր նոյն պատգամով՝ «Պէտք է կործանել Կարթագէնը» (Delenda Carthago): Այս ալ իր կարգին դարձաւ պատմական դարձուածք մը, որ կը խորհրդանշէ ընդհանրական չարիք մը, որ պէտք է ամէն գնով ոչնչացնել ու վերացնել:
* * *
Դարձուածքային արժէք ունի նաեւ «աննիբալեան երդում»-ը:
Աննիաբալ մանուկ էր տակաւին՝ 8-9 տարեկան, երբ անոր հայրը՝ Ամիլկար Բարկան, Կարթագէնի մեծ տաճարին մէջ երդմնեցուց զայն՝ ամբողջ կեանքին մէջ ոխերիմ թշնամին ըլլալու Հռոմի եւ պայքարելու անոր դէմ: Աննիբալ երդուեցաւ եւ հաւատարմօրէն յարգեց իր խոստումը:
Դարձուածքը կը խորհրդանշէ անզիջում պայքարի որոշում:
Աւգեան ախոռներ
Աւգեաս, որ ճանչցուած է իբրեւ «արեւու որդի», թագաւոր էր Հիւսիսային Յունաստանի մէջ: Ան ունէր 3 000 եզ, որոնք օժտուած էին բացառիկ առողջութեամբ եւ ծնելիութեամբ: Ասոնք տնտեսելու համար Աւգիաս կառուցած էր բազմաթիւ ախոռներ, որոնք, սակայն, ոչ մէկ մաքրութեան առարկայ դարձած էին: Գարշահոտութիւնը տարածուած էր ամէն կողմ, իսկ աղբը, աւելի քան 30 տարի կուտակուած էր անոր բազմաթիւ ախոռներուն մէջ, ինչպէս նաեւ շրջակայ հանդերուն վրայ, ուր այլեւս մշակելի հողի ոչ մէկ կտոր մնացած էր:
Հերակլէս առաջարկեց Աւգիասի՝ մաքրել անոր ախոռները՝ իբրեւ վարձատրութիւն պահանջելով եզներուն տասը տոկոսը. համաձայնութիւնը գոյացաւ, եւ Հերակլէս անցաւ գործի: Ան երկու ծակ բացաւ ախոռներու պատերուն վրայ, ապա մօտակայ երկու գետակներու հունը շեղեց դէպի այդ ծակերը: Յորդահոս ջուրը քանի մը ժամէն մաքրեց ու քշեց-տարաւ լեռնակուտակ ու գարշահոտ աղբերը թէ՛ ախոռներուն մէջէն, թէ՛ շրջակայ տարածքներէն: Յետմիջօրէի կիզիչ արեւը չորցուց ամէն կողմ, եւ իրիկուան դէմ արդէն համատարած մաքրութիւն կը տիրէր:
Բայց ահա Աւգիաս դրժեց իր խոստումը, եւ Հերակլէս սպաննեց զինք, ինչպէս նաեւ անոր զաւակները՝ խնայելով միայն մէկ հատին, որ չուրացաւ տրուած խոստումը:
Այս անհաճոյ անձնաւորութենէն,— որ կը խորհրդանշէ իր թերութիւնները անտեսող եւ իր պարտաւորութիւնները զանց ընող կերպարը,— ու անոր պատմութենէն մարդկութեան մնացած է «աւգեան ախոռներ» դարձուածքը, որ իր կարգին կը խորհրդանշէ «իրերու եւ երեւոյթներու լքեալ ու անտեսուած կացութիւնը»:
Շարունակելի
1) Կարգ մը կապակցութիւններ լեզուի մէջ հանդէս կու գան միայն իբրեւ դարձուածք, օրինակ՝ երես տալ. սակայն կան կապակցութիւններ ալ, որոնք միաժամանակ շարահիւսական ազատ միաւոր են, այսինքն՝ կը պահեն իրենց բուն իմաստը. օրինակ՝ կրակի հետ խաղալ. ա) Այս տղան կրակին հետ կը խաղայ, ունելին ա՛ռ ձեռքէն. բ) Մեր այս հերոսները կրակին հետ կը խաղան, տուժողը նորէն ժողովուրդը պիտի ըլլայ:
2) 1918-ին, ռուսական բանակներու տունդարձի օրերուն, երբ Արեւմտեան Հայաստանի ճակատները կը քայքայուէին, Աւ. Ահարոնեան Թիֆլիսի մէջ խօսեցաւ ճառ մը՝ բնաբան ընտրելով «Hannibal ad portas» դարձուածքը. որքա՜ն տեղին, որքա՜ն արտայայտիչ: Շատ դիպուկ ու տեղին կիրարկութիւն մըն ալ կը գտնենք Վազգէն Շուշանեանի գրիչին տակ. «Այս ճգնաժամային տարիներուն, երբ ողջ ժողովուրդներու, ազգերու եւ պետութիւններու …խաղաղութիւնն ու կեանքը վտանգի տակ են, …երբ Աննիբալը մեր դռան առջեւ է…(կ՚ակնարկէ մօտալուտ Բ. համաշխարհային պատերազմին. «Բագին», 1-2-3, 1995, էջ 127):