ՌՈՊԷՐ ՏէՍՆՕ
Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
Նաւապետ մը` Յովնաթան,
Երբ 18 էր տարեկան,
Օր մը բռնեց մէկ փելիքան,
Երբ կը ճամբորդէր Չինաստան։ Continue reading “ՓԷԼԻՔԱՆ”
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
Ֆրանսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԾՈՒԻ ԲԱԽՉԻՆԵԱՆ
Նաւապետ մը` Յովնաթան,
Երբ 18 էր տարեկան,
Օր մը բռնեց մէկ փելիքան,
Երբ կը ճամբորդէր Չինաստան։ Continue reading “ՓԷԼԻՔԱՆ”
Յաճախ միակի սովորական շաղկապներ, ինչպէս՝ եւ, ալ, ըստ շարադասութեան կը յաջողին սաստկական դերակատարութիւն ունենալ, օրինակ՝
— «Եւ կարաւանը Աբու Լալայի աղբիւրի նման մեղմ կարկաչելով
Քայլում էր հանգիստ, նիրհած գիշերով, հնչուն զանգերի անուշ ղօղանջով…»:
Աւետիք Իսահակեան շատ լաւ կը գիտակցի այն խոր տպաւորութեան, Continue reading “ՈՃԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ (Գ.)”
Եթէ ուզենք հայերէնի թարգմանել, այս գիրքին տիտղոսը պիտի ըլլայ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱԼԵՆՑ — ԳՈՅՆԻՆ ՁԵՒԱՒՈՐՈՒՄԸ, կամ պարզապէս՝ ԳՈՅՆԻՆ ՁԵՒԸ։
Նախ քան այս հատորին բովանդակութիւնը ներկայացնելս, սակայն, կ՚ուզեմ ընթերցողին հետ բաժնել քանի մը հարցադրումներ ու խոհեր։ Continue reading “ՆՈՐ ԳԻՐՔԵՐ — Թղթատելով Կալենցի այս բացառիկ պատկերագիրքը”
Պոլսոյ «Ակոս»ը համացանցի վրայ գուժեց պոլսահայ նորագոյն գրականութեան ականաւոր ներկայացուցիչներէն, բանաստեղծ եւ վիրաբոյժ բժ. Իգնա Սարըասլանի մահը, որ տեղի ունեցաւ ընթացիկ 14 փետրուարին: Ան 81 տարեկան էր:
Անցեալ օգոստոսի մեր թիւով տուած էինք իր բանաստեղծական վաստակին մասին դոկտ. Արթուր Անդրանիկեանի ընդարձակ յօդուածը, իսկ այսօր, որպէս իր թարմ շիրիմին ծաղկեպսակ, ստորեւ կը ներկայացնենք իր ուշագրաւ բանաստեղծութիւններէն մին։
«Հորիզոն գրական»
Մարած կրակներու
մոխիրներով մի՛ զբաղիր
Նոր կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ
Դեղնած տերեւներով
մի՛ պարապիր
Թօշնած ծաղիկներով
մի՛ տագնապիր Continue reading “Վառէ՛ կրակ մըն ալ դո՛ւն վառէ”
Առցանց ու տպագիր լոյս տեսաւ Հորիզոնի «Պատասխանողն է Մինաս Թէօլէօլեան» բացառիկը, որ կը բովանդակէ այդ վաստակաւոր անձնաւորութեան հետ երկար հարցազրոյց մը, զրուցավարութեամբ Վրէժ-Արմէնի, օրին լոյս տեսած «Հորիզոն»-ի գրական էջերուն մէջ։
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2026-ի թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում
ՍՈՒՍԱՆՆԱ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քանի աշխարք չար է,
Հողն էլ ղալբցեր (ծուլացել) է,
Մէջ աշխարքին ես չեմ մնայ։
Որ աշխարք աւերուի, մէկ էլ շինուի,
Եբոր ցորեն էղաւ քանց մասուր մի,
Ու գարին էղաւ քանց ընկուզ մի,
Էն ժամանակ հրամանք կայ, որ էլնենք էդտեղէն։
(«Սասունցի Դաւիթ»,
Երևան, Հայպետհրատ, 1961, էջ 319-320)
Նախնիներիդ զիլ կանչով փառապանծ
Ագռաւաքարից դուրս ելի՛ր, Մհեր, Continue reading “ԵԼԻ՛Ր”
Երկիր, ցաւդ
պղտորած է ներաշխարհս,
թոյլ չի տար որ կեդրոնանամ կամ մտածեմ
ձգտումներուս կամ հարցերուս
մասին բազում: Continue reading “Ճգնաժամ”
Կաղանդի ծառի լոյսերուն նուաղկոտ շողերը հազիւ տեսանելի կը դարձնէին վտիտ ճիւղերէն կախուած համեստ զարդերը։ Անձրեւը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կը տեղար դուրսը։ Կը տեղար մանաւանդ իրենց կպրապատ եւ դարուփոս տանիքին վրայ՝ միւս բոլոր Continue reading “Կաղանդի ծառի լոյսերը”