Գէորգ Պետիկեան, «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Սիրավէպ

Ս.Ա.Յ.
Գէորգ Պետիկեան, Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը։ Սիրավէպ։ 142 էջ։ Նախաբան։ Խմբագրի խօսք։ Խմբագիր՝ Գէորգ Նաթալի Եազըճեան։ Կողքի մտայղացում-ձեւաւորում՝ Վիգէն Շառոյեան։ 2024, KASL Printing & Graphics, Pasadena, California

«Հորիզոն գրական»-ի երկարամեայ աշխատակից Գէորգ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը՝ «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը» գողտրիկ կողքով, 142 էջերով ընթերցողին կը ներկայանայ Պետիկեանի առաջին սիրավէպը։ Երկար ծրագրումի եւ ամիսներու աշխատանքի արդիւնք է Continue reading “Գէորգ Պետիկեան, «Մեծ բակին փոքրիկ աղջիկը»։ Սիրավէպ”

Արծուի Բախչինեան, «Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն»

Ս.Ա.Յ.
Արծուի Բախչինեան, Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն։ Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշար 248։ Ամփոփումները՝ անգլերէն, ֆրանսերէն, լինգալերէն (Կարօ Նանիկեան)։ Օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ։ Անձնանուններ։ Տեղանուններ։ Բովանդակութեան ցանկ։ Երեւան, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան ինստիտուտ, 2024, 293 էջ։

Ափրիկէն, ինչպէս նախաբանին մէջ կը նշէ Բախչինեան, «ըստ տարածուած կարծիքի՝ մարդկային ցեղի բնօրրանը» կը հանդիսանայ Continue reading “Արծուի Բախչինեան, «Հայերն Աֆրիկայում։ Պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւն»”

Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»

Ս.Ա.Յ.
Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»
193 էջ, Երեւան, «Վան Արյան» հրատարակչատուն, 2024, 84 էջ։

Բազմավաստակ գրականագէտ, բանասէր, գիտաշխատող, թարգմանիչ, բանաստեղծ Հենրիկ Էդոյեանի «Հայացք ոչ մի տեղից» բանաստեղծական հատորը, ըստ գիրքին մէջ նշուած տեղեկութեան, Continue reading “Հենրիկ Էդոյեան, «Հայացք ոչ մի տեղից։ Բանաստեղծութիւններ»”

Գրքի շնորհանդէս

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի եւ Երեւանի պետական համալսարանի Հայ բանասիրութեան ֆակուլտետի համատեղ նախաձեռնութեամբ մարտի 11-ին կայացաւ բանաստեղծ, հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեանի ծննդեան 85֊ամեակին նուիրուած գիտաժողովի Continue reading “Գրքի շնորհանդէս”

Շրջանակը

Սիւզան Խարտալեան

ընկերներուս, խենթանոցէն փախչիլ ուզողներուն համար.

անտառի եզրը կը փնտռես
ծառերը կարծես ճաղեր են
արծաթափայլ կոճղերը
բանտի պատեր
որ դուն չես կառուցած։ Continue reading “Շրջանակը”

Մեր ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2026-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

«Հորիզոն գրական»ի ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2026-ի թիւի նիւթերը կը գտնես ստորեւ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում

Վարձկան թագաւորը

Պատմական թատերգութիւն
Ժիրայր Շուշանեան

Գործող անձեր
Գրիգոր Վկայասէր կաթողիկոս
Գրիգորիս եպիսկոպոս (Եգիպտոսի Առաջնորդ)
Վահրամ Պահլաւունի իշխան
Վասակ Պահլաւունի իշխան
Անի Պահլաւունի (Վասակի կինը)
Պատր Կամմալի Եգիպտոսի թագատէր
Հաֆըզ Եգիպտոսի Խալիֆա
Անանիա վարդապետ
Մինաքիս վարդապետ

Առաջին արար

Մթութիւն:

Պատմող.— 12-րդ դարու սկիզբը, Կիլիկիոյ հայերը թուրք յարձակումներու զոհ գացին, մանաւանդ Մանազկերտի Continue reading “Վարձկան թագաւորը”

Սրամտութիւն ու երգիծանք

Բժ. Օհան Թապաքեան

Սրամտութիւնը բնածին շնորհ մըն է, ու սրամիտը ճարտար տեսակէն նէբամիտ մըն է: Սրամիտը արուեստով վէճեր յարուցանող ծաղրածուն չէ, ոչ ալ իր տաղանդը ուրիշներուն ցուցադրելու համար մարտահրաւէր ուղղող սնամիտը. իր ամբողջ մտածումը զուարթ ու Continue reading “Սրամտութիւն ու երգիծանք”

Հեծանիւը

Լեւոն Խեչոյեան

Ձմեռային արձակուրդների հետ սկսուեց շաբաթներով չդադարող բուքը, ու մայրաքաղաքից Ախալքալաք եկած ուսանողներս տրակտորով հասանք գիւղ։ Գիշերները կարճելու եւ ինձ հետ խօսելու համար` Օվանէսը գալիս էր մեր տուն։ Թիթեղեայ տուփից ծխախոտներն էր հանում, հատիկ֊հատիկ շարում վառարանի արմունկին՝ չորացնելու։ Յետոյ ռադիոընդունիչի պտուտակն էր Continue reading “Հեծանիւը”