Անուանի գրողին որդին՝ Գրիգոր Աճէմեան իր կեանքի վերջին քառասունէ աւելի տարիները նուիրած է իր հօր գրական ժառանգութիւնը հաւաքելու, ծանօթագրելու եւ ամենէն համապարփակ ձեւով հրատարակելու դժուարին ու կենսական աշխատանքին։ Այդ աշխատանքը հանգամանօրէն ներկայացնելու կը ծառայեն «Բագին»-ի 2017 յունուար-մարտ թիւին մէջ լոյս տեսած երկու յօդուածներ։ Continue reading “Գուրգէն Մահարին անմահացնող կոթողական գործ մը”
Սիմոն Սիմոնեան միշտ մեզի հետ
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
— Հայրի՛կ, Մարալը կ՚ուզէ ձեզի ծանօթանալ,— յայտնեց աղջիկս երբ վերջերս այր ու կին Ֆրեզնօ կը գտնուէինք իրեն այցելութեան,— դուն անոր հօր հետ թղթակցած ես եղեր։
Զգացուած էի նման հետաքրքրութեան համար. Մարալ Գալիֆորնիոյ թոռնիկներուս դասընկերներուն մեծ մայրն էր։ Բայց ո՞վ էր իր հայրը, որուն հետ կապ հաստատած եմ եղեր ատենին։ Յետ պրպտումի ի յայտ եկաւ, որ խօսքը Սիմոն Սիմոնեանի մասին էր։ Այս անգամ ծանօթանալու ցանկութեան ծանրութիւնը տեղափոխուեցաւ ա՛յս կողմ։ Ի՞նչ անակնկալ. ուրկէ՞ ո՛ւր առիթ պիտի ունենայի զրուցելու անուանի մտաւորականին՝ ուսուցիչին, արձակագրին ու հրապարակագրին մէկ հարազատին հետ, «ի բերանոյ իւրմէ» լսելու անոր մասին։ Continue reading “Սիմոն Սիմոնեան միշտ մեզի հետ”
