«Ճամբայ ելլել, ճամբայ բանալ, որովհետե՞ւ…» — Բ. մաս

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Մեր անցեալ թիւով տուինք Հայերէն blog կայքէջի հիմնադիր, վարիչ եւ խմբագիր Իշխան Չիֆթճեանի հետ զրոյցին առաջին մասը։ Այժմ ընթերցողին կը յանձնենք անոր շարունակութիւնը։

Վ-Ա. — Ո՞րն է մեծագոյն բարիքը, որ կայքէջը բերաւ։ Բազմերես բովանդակութիւն ունի Հայերէն պլոկը։ Անոր մէջ ո՞ր բաժինն է, որ ըստ քեզի աննախադէպ է մեր իրականութեան մէջ։
Ի.Չ. — Ինծի կը թուի, որ ընթերցողը ինքն է որ այս հարցումով պէտք է զբաղի։ Բայց քանի կը հարցնես՝ պատասխանեմ։ Այս կայքէջին երեւոյթին մէջ է որ պէտք է, չըսենք անոր «մեծագոյն բարիքը», — ծանրակշիռ բառեր են ասոնք, ես չեմ սիրեր բառերը իրենց լրջութենէն, այսինքն նաեւ իմաստէն պարպել, — այլ՝ նկարագիրը փնտռել։
Քանի որ դուն ես հարցումը հարցնողը, պէտք է քեզմով, քու բերած բարիքովդ սկսիմ։ Դուն ազնիւ գտնուեցար քու քանի մը ելեկտրոնային հատորներդ մեզի տրամադրելու, որ տեղադրենք զանոնք։ Այս ձեւով մեր համագործակցութիւնը սկսաւ։ Սակայն անիկա վերածուեցաւ աւելի լուրջ, ոչ-անուանական համագործակցութեան, — քանի որ հատորներդ որեւէ տեղ կրնայիր ու կրնաս տեղադրել, — երբ մենք միասնաբար սկսանք ծանօթագրել ու հրապարակել նամականիդ։ Եթէ չեմ սխալիր, այս առաջարկը մեզմէ եկաւ։ Մեր ԱՆՏԻՊ բաժնին մէջ արդէն այլ գրողներէ ալ նամակներ եւ այլ նիւթեր հրապարակած էինք ու կը հրապարակենք։
Հիմա քանի մը կէտերով ներկայացնեմ կարգ մը երեւոյթներ ու ենթաբաժանումներ, անոնց զուգահեռ տեղ-տեղ կատարելով մատնանշումներ, տալով օրինակներ, շեշտելով հարցեր, որոնց մէջ ընթերցողը թերեւս կարենայ հանդիպիլ «բարիք»ին ու «աննախադէպ»ին։
Ա. Գործարանային երեւոյթը ինքնին նորութիւն մըն է, ըստ իս։ Գրել-ղրկել-հրատարակել. մինչ-հրատարակութիւն այս հոլովոյթը կը գործարկուի ցարդ մեր իրականութեան մէջ։ Եթէ կը սխալիմ՝ կրնաս սրբագրել։ Գրական հանդէս հրատարակելը այս է։ Մինչդեռ մենք մնայուն կապ ունինք մեր մեծ ու փոքր աշխատակիցներուն հետ եւ գրական աճումի հարց կը դնենք երկուստեք, երբեմն ուղղակի, երբեմն անուղղակի։ Չեմ ըսեր՝ դպրոց բացած ենք, այլ՝ գործարան, ուր գործակցութեան, գործարկութեան, խորհրդակցութեան ու քննարկումի յարաբերութիւն մը նոր գաղափարներու առիթ եւ ճամբայ կը բանայ։ Բախումները չեն բացակայիր հոս, որոնց համաձայն նաեւ մեր առաջադրութիւնները միշտ վերանայելի կը մնան։
Բ. Ծրագիր ընդդէմ պատահականութեան։ Թէեւ անակնկալները միշտ օգտակար են, սակայն պատահականութիւնը սկզբունքի չենք վերածած։ Կայքէջի իւրաքանչիւր ենթաբաժին ունի իր ներքին տրամաբանութիւնը։ Իւրաքանչիւր բաժին կու գայ կազմելու ՀԱՅԵՐԷՆին՝ յատկապէս արեւմտահայերէնին արտայայտութեան մէկ երեսը, զայն շեշտելով, պրպտելով, թարգմանելով, գռեհիկն ու գերիվերը անոր մէջ որոնելով. այս լոյսին տակ տեսնել ԲԱՌ ՈՒ ԲԱՆ, ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆ, ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆ ենթաբաժինները։
Գ. Բարբառներ։ Գիտենք, որ հայերս, ճակատագրի բերումով, մէկէ աւելի լեզուներու տիրապետելու բախտը ունինք: Անհատական մակարդակի վրայ մայրենին անտեսելով միւս լեզուներուն տիրապետումը ունի, Սփիւռքի մէջ, իր պատճառները։ Յստակ է, որ մայրենիին, յատկապէս արեւմտահայերէնին, գործածութիւնը, հոգածութիւնն ու զարգացումը, ակադեմական կամ համայնքային մակարդակներու վրայ, հետեւողական անտեսումի ենթակայ եղած է տասնամեակներ շարունակ։ Փորձեր չեն կատարուած լեզուն, որ հայագիտութեան հիմքն է, բերելու կեդրոնական դաշտ, անոր տալու առանցքային դեր։ Ընդհակառակը՝ կեդրոնէն որքան կարելի է հեռու տարուած է ան։ Ասիկա անուրանալի մեղքն է ակադեմական ու համայնքային շրջանակներուն։
Արեւմուտքէն ետք ասիկա անցած ու հասած է այսօր նաեւ Միջին Արեւելք ու նոյնիսկ, մի՛ զարմանար, հայկական դպրոցներ, ուր հայերէնի ուսուցումը խնամքի եւ ուշադրութեան առարկայ չէ։ Եթէ լուրջ ձեռնարկումներ չըլլան, մակերեսի վրայ պտտող ծրագիրներ իբրեւ յաղթանակ հռչակուին ու արձանագրուին, չեմ գիտեր, թէ ո՛ւր կը հասնի այս կացութիւնը։ Երբ լեզուն իբրեւ հիմք չի հասկցուիր, այլ երկրորդական ծածկոյթ է լոկ, զոր կրնաս հանել ու շպրտել, երբոր ուզես, ինչպէս որ ուզես, որ անկիւնը որ ուզես, ուրեմն մեր այս անվարտի կացութեան վրայ զարմանալու հարկ չկայ ընդհանրապէս։ Խաչատուր Աբովեանին ըսածին ճի՛շդ հակառակն է որ կ՚ընենք. ամէն լեզու կը սորվինք, բայց մեր լեզուին կից կու տանք, որքան որ կրնանք։ Եւ ասիկա՝ պաշտօնապէս. վերէն մինչեւ վար։ Ով որ ամչնալ կրնայ՝ թող հրամմէ։ Մեր էջը այս կացութեան դէմ է որ կ՚աշխատի, բանիւ եւ գործով։
Սփիւռքի հովերուն դիմաց, Արեւելքի ու Արեւմուտքի միջեւ տատանող իբրեւ ժողովուրդ, ունեցած ենք բազմաթիւ լեզուներու հետ յարաբերութիւն մշակելու առաւելութիւնը։ Պարսկերէնին, արաբերէնին, թրքերէնին ու ռուսերէնին հետ առօրեայ համակեցութեան մէջ մեր լեզուն ունեցած է իր զարգացումները։ Բարբառները կը ներկայացնեն գրական լեզուին հում վիճակը. անոնք նաեւ մեր ճակատագրին արտացոլացումներն են։ Այսօր, Արեւմտեան Սփիւռքը մայրենիին լքումով ու տեղական այլ լեզուներու իւրացումով կը յատկանշուի, մեր իսկ հաւաքական որոշումով, պարզապէս այն պատճառով, որ Արեւմուտքի մէջ, ուրիշ շատ մը բաներու կողքին, նաեւ լեզուի միջավայր չենք պատրաստած։ Մեր աչքին առջեւ են դեռ Մուրատ Ռափայէլեանը կամ Մելքոնեանը, երկուքն ալ Եւրոպա, որոնց արտադրանքին ծանօթ պէտք է ըլլան հասուն մարդիկ։ Եւրոպան պահ մը կը մոռնանք, երբ դեռ այսօր վարժարաններ կը փակուին Պոլիս եւ Պէյրութ…։
Բարբառները մեր ուշադրութեան մաս կը կազմեն, որովհետեւ անոնք հայերէնին մնայուն ընկերակիցները ըլլալու են։ Անտեսուած երես մը, որ մանաւանդ հայրենակցական միութիւններուն պարտականութեան կրնար ու կրնայ մաս կազմել՝ իրենց բարբառներուն խնամքն ու աւանդումը, սրահներ ու սեղաններ փայլեցնելու, ստամոքս լեցնելու եւ երբեմն ալ, թերեւս սխալմամբ, հատոր մը կամ պատկերագիրք մը հրատարակելու իրենց սովորութեանց քովն ի վեր։
Այսքան երկար մատնանշումներէ ետք, թերեւս աւելի հետաքրքրութեամբ հիմա ընթերցողը մօտենայ մեր ԲԱՐԲԱՌ ենթաբաժանումին, հոն գտնելու համար Ղարաբաղի, Մուսա Տաղի, Զէյթունի, Ապարանի, Համշէնի, Նոր Ջուղայի, Քեսապի եւ այլ բարբառներէ նմոյշներ, ոչ թէ պարզապէս առ ի հետաքրքրութիւն, այլ անոնց՝ մայրենիին բերած նպաստը վայելելու եւ վայելցնելու նպատակով գրուած ու յատուկ բառարանով ներկայացուած, ոչ թէ ի մի խմբուած։
Դ. Կատակախաղեր։ Ըստ իս կարեւոր նորութիւն կարելի է համարել Վա(գ)րի կատակախաղերը, որոնք իրենց բեւեռացնող մօտեցումներով մեր ազգային կեանքին ու առօրեային վրայ նետուած հայեացք եւ հարուած են միաժամանակ, ժամանակակից հայկական լուրջ երգիծանքի նմոյշներ։
Ե. Մատենագիտութիւն։ Անհամեստութիւն թող չըլլայ, սակայն չեմ գիտեր, թէ ո՞ւր կարելի է գտնել ժամանակակից սփիւռքահայ գրականութիւն, քիչ մը լայն իմաստով, ներկայացնող հատորներու ցանկ, մատենագիտական հակիրճ տուեալներով։
Զ. Յուշագրութիւն։ Յատկապէս Սփիւռքի պատմութիւնը շատ բան կը պարտի յուշագիրներուն, որոնք մեր մամուլին մէջ եղած են ու են գրեթէ միշտ պատահական ներկայութիւններ։ Մենք մեր յուշագիրներուն հետ կ՚աշխատինք, ոմանց հետ երկար-բարակ խորհրդակցութիւններ կ՚ունենանք, որովհետեւ յուշագրելի նիւթը եւս որոշ տրամաբանութեան, արեւելումի շարժիչով կրնայ լաւ եւ աւելի լաւ արդիւնքներու հասնիլ։
Է. Աշակերտական անկիւն։ Ամենէն կարեւոր… անկիւնը կամ հրապարա՛կն է ասիկա։ Աշակերտները ոչ թէ անկիւն նետուած են, այլ մեր անկիւնաքարն են։ Շնորհիւ մեր աշխատակից ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն մենք առիթը ունինք ներկայացնելու անոնց կտորները։ Անոնց յառաջդիմութիւնը մեզի յոյս կը ներշնչէ։ Նախ իրենց նուիրեալ ուսուցիչներուն կը պարտինք ատիկա։ Իւրաքանչիւր անուն, որ երկրորդ, երրորդ, չորրորդ գրութիւն կը ղրկէ, կ՚արթնցնէ մեր ուշադրութիւնը եւ անոնց իրարու յաջորդող գրութիւններուն մէջ մենք յառաջխաղացք կը փնտռենք, ու երբեմն կը գտնենք։ Սփիւռքի պատանիներուն աշխարհը կը կարդաք հոն՝ Պոլիս, Պէյրութ, Փարիզ, Քուէյթ, Լոս Անճելոս, Արժանթին եւ այլուր, նիւթերու իրենց տարբերութիւններով ու նմանութիւններով։
Հոս ինծի արտօնէ, որ փակագիծ մը բանամ։ Ձեր «Հորիզոն» շաբաթաթերթին մէջ պատահմամբ հանդիպեցայ այս յօդուածին. «”Հորիզոն” Մանկապատանեկան յաւելուածի խմբագրակազմի հանդիպում» (16 Ապրիլ 2018)։ Սկիզբը կը խորհէի, թէ նորութիւն մըն է Մանկապատանեկան յաւելուածը, յետոյ անմիջապէս տեղեկացայ, որ 25 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ ան։ Ի՛նչ լաւ, պիտի խորհինք, հարկաւ, առաջին հերթին։ Սակայն ես այդպիսի թիւերով չեմ խանդավառուիր, գիտես։ Ամեակներու եւ յոբելեաններու սիրահար ալ չեմ։ Ես հարց մը ունիմ, սակայն։ 25 տարին քառորդ դար ժամանակ է։ 25 տարուան մէջ չեմ ըսեր 25, այլ 2,5 գրող կրցա՞ւ պատրաստուիլ այս մանկապատանիներէն։ Ես շատ ուրախ պիտի ըլլամ, եթէ նոյնիսկ ՄԷԿ գրող այդ պատանիներէն դէպի գրականութիւն ճամբան գտած ըլլայ։ Բայց եկուր, անցնինք, հեռանանք ձեր թերթէն, թափառինք, անխտիր ԲՈԼՈՐ դպրոցական թերթերուն դուռը զարնենք, որոնք տարեվերջի «ժպտուն դէմքերու ընկերակից» մը կը մատուցեն՝ դպրոցական տարեգիրք մը ծնողներուն եւ աշակերտներուն ձեռքը տալով։ Այդ բոլոր պատանիներէն քանի՞ն հայերէն գրելուն համը առած է, հայերէն գրելը շարունակելով։ Երբ իրերը իրենց իմաստը կը կորսնցնեն, ուրեմն նաեւ իրենց անունը պէտք է փոխուի։ Մենք նոր անուններու եւ նոր անուանումներու հարկը ունինք։ Եւ խօսքս կը վերաբերի ոչ միայն առարկաներու, երեւոյթներու, հրատարակութիւններու՝ մանկապատանեկան կամ մեծահասակներու, այլ նաեւ, ինչո՞ւ չէ՝ անձերու։ Ըրածս քննադատութիւն չէ։ Ոչ իսկ ախտաճանաչում։ Չեմ ողբար, չեմ աւաղեր։ Ատոնք ընողներուն թիւը քիչ չէ։ Բա՛ց թերթերը եւ կարդա՛։ Ըսածս այն է, որ մենք այլեւս պէտք է քաջութիւն ունենանք հրապարակաւ ընդունելու մեր ձախողութիւնները, որոնց պատճառով, այսինքն մե՛ր իսկ պատճառով սերունդներ կը կորսնցնենք։ Դուն կրնաս անուանում մը ճշդել, բայց ես առ այժմ «ոճիր»է տարբեր անուն մը չեմ կրնար տալ այս անհոգութեան։ Ներող եղի՛ր կամ դատապարտէ՛, եթէ ըրած մատնանշումս յանցանք է։ Երանի թէ սխալ ըլլամ, երանի բերանս գոցես հիմա ու ինծի ըսես, թէ սաքան գրող կայ, ա՛ռ, տե՛ս։ Այսքա՞ն անտաղանդ են մեր աշակերտները, մանուկներն ու պատանիները։ Բայց գիտնալու ես, ոչ թէ իրենք, այլ ովքե՛ր են անտաղանդները։

Վ-Ա. — Կայքէջը բանալով Facebook-ի վրայ, կարելի է տեսնել նաեւ այցելուներու տպաւորութիւնները։ Ասիկա դիմատետրային այդ կայքի առաւելութիւններէն մէկն է։ Արդեօք այդ արձանագրուող տպաւորութիւնները նոր կարելիութիւններ առաջադրեցի՞ն, յառաջացուցի՞ն։ Ի վերջոյ պատկառելի է ոչ միայն մասնակցողներու թիւը (քանի՞), այլեւ կ՚ենթադրեմ այցելուներու, հետեւողներու թիւը (գիտնալու հնարաւորւթիւն կա՞յ)։
Ի.Չ. — Այցելուներու եւ հետեւողներու մասին վերը խօսեցայ։ Դիմատետրային մեկնութիւն-գրառումները շատ հազուադէպ են։ Մենք կեդրոնացած ենք անձնական կապերու եւ խորհրդակցութեանց վրայ, այսինքն «թափանցիկ» չենք, եթէ կ՚ուզես։ Ես լուրջի չեմ կրնար առնել «հիանալի», «սքանչելի», «բացառիկ», «գեղեցիկ», «անուշիկ» եւ նման որակումներ, ուր ալ գրուին անոնք, ովքեր ալ ըլլան անոնց հեղինակները։ ԶՐՈՅՑ ենթաբաժինը (https://hayerenblog.wordpress.com/category/զրոյց/) կը միտի աւելի խոր ու հեռահաս մակարդակի մը վրայ կարծիքներու փոխանակում ու քննարկում կատարել։ Դժբախտաբար հոն միայն մէկ շարք հրատարակուած է ցարդ։ Յուսանք ապագային այդտեղ աւելի ձեռքբերումներու հասնինք։
Աշխատակից-մասնակիցներու ցանկ մը կայ (https://hayerenblog.wordpress.com/category/աշխատակիցներ/), սակայն այստեղ թիւ ներկայացնելը մեծ իմաստ մը չունի։ Այս պահուս (Յունիսի կէս, 2018) աշխատակիցներու ցանկին վրայ կան 91 մեծ ու 96 փոքր՝ այսինքն աշակերտ-աշակերտուհի աշխատակիցներ։ Չի նշանակեր, որ բոլորն ալ կը գրեն միշտ։ Երկու տարի առաւել երկու ամիս կեանք ունի մեր էջը։ Աշխատակիցները կը բնակին Հայաստան, Ղարաբաղ, Եգիպտոս, Լիբանան, Սուրիա, Յորդանան, Թուրքիա, Քուէյթ, Գերմանիա, Ֆրանսա, Հոլլանտա, Զուիցերիա, Յունաստան, Կիպրոս, Իտալիա, Լեհաստան, Ռուսիա, Մ. Նահանգներ, Գանատա, Արժանթին, Ուրուկուէյ։ Դիմատետրի մեր էջին վրայ մեզի հետեւողներուն թիւն է՝ 2919:
Նկատի առ նաեւ, որ մենք համացանցային խմբակ մըն ենք միայն, ոչ մէկ նեցուկ կամ յենարան ունինք, բացի հայերէնէն։ Եւ երբ կ՚ըսենք՝ «Կեցցէ՛ հայերէնը», ըսել կ՚ուզենք այն, ինչ որ կ՚ըսենք։ Մեր էջը այդ գիտակցութեան մէկ տարբերակը կրնաս համարել։
Վ-Ա. — Ի՞նչ նոր առաջադրանքներ ունիս, որոնք արդէն շուտով պիտի հրապարակուին։
Ի.Չ. — Մեր ՀԱՅԵՐԷՆ ՄԱՏԵՆԱՇԱՐը հանգրուանն է՝ վերջին նաւահանգիստը պլօկին վրայ երեւցող նիւթերուն։ Հոն հատորներու ու հատորիկներու մէջ տեղ կը գտնեն հեղինակներուն նիւթերը առանձնաբար ու կը դառնան ելեկտրոնային կամ տպագիր գիրք։ Առաջին հատորը՝ Լեռնա Գարագիւթիւքի «Երթաս Բարով» բանաստեղծութիւններու ժողովածոն լոյս տեսաւ անցեալ տարի եւ տրամադրելի է (https://hayerenblog.files.wordpress.com/2017/09/d5a5d680d5a9d5a1d5bd-d5a2d5a1d680d5b8d5be.pdf)։ Շուտով հանդէս կու գան նաեւ երկրորդ եւ երրորդ հատորները։
Վ-Ա. — Շնորհակալութիւն, Իշխան։ Ուրախ եմ, որ կատարեցինք սոյն հարցազրոյցը, որ դուրս եկաւ Հայերէն blog-ի սահմաններէն ու ընդգրկեց մեր լեզուն ու գրականութիւնը յուզող, աւելի ճիշտ՝ այդ ոլորտներուն առնչուող մե՛զ, — նուազագոյնը մեզ երկուքս, — յուզող կարեւոր հարցերը, որոնց լուծումներ կ՚որոնես այդ ցանցատետրիդ ճամբով։ Բազմարդիւն ըլլայ այդ ճամբան…

(Շար. 2 եւ վերջ)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *