Այս հատորը, ինչպէս նախորդը՝ «Ոստայն 5 — Նամակապատում»,
լոյս կը տեսնէ միայն առցանց
Հեղինակին այս երկը կ՚ամփոփէ հայրենիք կատարած իր վերջին չորս այցելութիւններու ուղեգրութիւնները՝ Ժամադրավայրը մեր երջանկութեան (2005), Հայաստանեան հանդիպումներ (2007), Դարձեալ եւ միշտ Հայաստան (2008) եւ Հայաստանեան խճանկար (2009)։ Գալով իր առաջին երկու այցելութիւններուն, 1991-ին եւ 1994-ին, ատենին անոնց ուղեգրութիւնները լոյս տեսած են իր Ոստայն 3 — Հաղորդութիւն հատորին մէջ (1999)։ 2005-ի ուղեւորութիւնը Մեծ եղեռնի 90-ամեակին առթիւ կայացած էր, իսկ 2008-ինը՝ Հայաստանի Հանրապետութեա՛ն 90-ամեակին առթիւ։ 2007-ի ու 2009-ի ուղեւորութիւնները խորհրդաժողովներու առթիւ էին։
Այս հատորի առաջին էջերուն մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ տողերուն.
«Հիմա արդէն Մոնթրէալ ենք: Երկու շաբաթը անցաւ երազի պէս, ու ես արտագաղթածի նման կը զգամ հոս:
«Հոն՝ ուխտագնաց, բայց երբեք զբօսաշրջիկ, հակառակ վզէս կախուած լուսանկարչական գործիքին, որ երբեմն նաեւ գրպանս կը դնէի՝ ճիշտ այդ տպաւորութիւնը չձգելու համար: Հոն՝ տեղաբնիկ, հակառակ արեւմտահայերէնին, որմէ կը փորձէի չբաժնուիլ երբեք՝ դիմադրելով այնքա՜ն հեշտութեամբ կարգ մը բառեր արեւելահայերէնով փոխարինելու փորձութեան»:
Այս տրամադրութիւնները կը յամենան չորս ուղեգրութիւններու ամբողջ ընթացքին, ու Վրէժ-Արմէն մեզի հետ կը բաժնէ իր ապրումներն ու մտորումները, իր տխուր եւ ուրախ պահերը, բազմաթիւ ծանօթներու, ընկերներու եւ մանաւանդ մտաւորականներու հետ իր ունեցած երբեմն ծրագրուած, երբեմն պատահական հանդիպումները, ինչպէս նաեւ հայրենի չքնաղ բնաշխարհէն եւ պատմական կոթողներէն ստացած իր տպաւորութիւնները։ Հայրենաբնակ ժողովուրդի զաւակները կ՚երեւին իրենց առօրեային մէջ՝ իրենց ապրած դժուարութիւններով թէ ցուցաբերած հիւրընկալութեամբ։
Վերջին ուղեգրութեան վերջին գլուխին մէջ (Վերադա՞րձ) հեղինակը կը գրէ.
«Կը վերադառնանք Մոնթրէալ: Կը վարանիմ ըսելու կը վերադառնանք տուն: Ահա այդ իսկ պատճառաւ ալ պարոյկ մը կայ խորագրին վրայ:
«Իրապէս ո՞ւր կ՚երթանք, ինչո՞ւ կ՚երթանք…
…
«Այսօր, մեր “վերադարձ”էն երկուքուկէս ամիս ետք, երբ կ՚աւարտեմ այս ուղեգրութիւնը, կամ ուղեպատումը (որպէս համազօրը անգլերէն travelogue-ին), անելի մը առաջնորդող այդ հարցադրումը չեմ ուզեր վերստին ընել ձեր,— մե՛ր, ի՛մ,— առջեւ: Բայց չեմ կրնար այլ հարցումներ չտալ ես ինծի ե՛ւ ձեզի, սիրելի ընթերցողներ:
«Առաջին եւ գլխաւոր հարցումը սա է. այդ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ չենք յաջողիր աւելի հզօր հայրենիք մը կերտել ազգովին:
«Երկրորդ հարցումը՝ այլապէս ունի՞նք այլընտրանք»:
Գիրքը կ՚աւարտի հետեւեալ տողերով.
«…կը մտածե՞նք, թէ ի՛նչ կրնայ ըլլալ այլընտրանքը, եթէ չյաջողինք հայրենիքը դարձնել մեր էութեան առանցքը, եթէ Հայաստանը, Արցախն ու Ջաւախքը, այլեւ բռնագրաւուած ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանը չդառնան իւրաքանչիւր հայու, իւրաքանչիւր դաշնակցականի, բոլոր կազմակերպութիւններու ամեն մէկ անդամի առօրեայ կեանքին մասը եւ գոյութեան իմաստը…
«Վերադա՞րձ… մտածենք ա՛յս վերադարձին մասին»:
Գրութիւններուն ընկերացող բազմաթիւ լուսանկարները աւելի ցայտուն ու կենդանի կը դարձնեն պատումը։
Այս հատորը, ինչպէս նախորդը՝ Ոստայն 5 — Նամակապատում , լոյս կը տեսնէ միայն առցանց։ Ոստայն 4, Ոստայն 5 եւ Ոստայն 6 հատորները կարելի է անվճար կարդալ այցելելով այստեղ ։
Հ.Գ.