Մեր սեղանին վրայ է թորոնթոյաբնակ յայտնի մտաւորական ու գրող Գրիգոր Հոթոյեանի նոր մէկ գիրքը, որ կու գայ աւելնալ վաստակաշատ գրագէտին կողմէ աւելի առաջ հրատարակուած հաստափոր գիրքերուն վրայ: Այս նոր գիրքը կոչուած է «Հայաշունչ պատմուածքներ»: Եթէ սկսիք գիրքը թղթատել, անմիջապէս պիտի հասկնաք որ հոս խնդրոյ առարկայ են ո՛չ միայն հայաշունչ, այլ նաեւ բարոյախօսական պատմուածքներ: Հոթոյեան իր այս նոր գիրքին մէջ ճամբայ կ՚ելլէ իր ընթերցողները հաղորդելու համար մարդուս բարոյական ու մարդասիրական աշխարհը հարստացնող ապրումներու ու թելադրութիւններու հետ:
Ընդհանրապէս գրականութեան մէջ բոլոր գրողները կերպով մը կը վերադարձնեն այն ազդեցութիւնները որոնք իրենց վրայ ուսուցիչներու կամ մերձաւորներու կողմէ դրուած են անոնց մանկութեան կամ ուսանողութեան շրջանին: Այս գիրքին մէջ պարագան նոյնն է հեղինակին համար: Գրիգոր Հոթոյեան գիրքի նախաբանին մէջ կը պատմէ որ իր մանկութեան շրջանին, երբ Հալէպի մէջ կը յաճախէր կիրակնօրեայ դպրոց, մասնաւոր ուշադրութեամբ մտիկ կ՚ընէր իր ուսուցիչներուն կողմէ պատմուած «բարոյալից պատմուածքներ»ը: Շատ բան սորվեցաւ անոնցմէ եւ ան անոնցմէ հասնող բարոյական սկզբունքները ո՛չ միայն գործադրեց կեանքի մէջ, այլ նաեւ զանոնք օգտագործեց որպէսզի ինք ալ յօրինէ բարոյալից պատմուածքներ: Այս գիրքը անոնց մէկ համադրութիւնն է:
Հարուստ բովանդակութիւն ունի գիրքը ու էջերը դարձնելով պիտի տեսնէք որ հատորին էջերը միայն բարոյալից պատմուածքներու մասին չեն, այլ կան նաեւ ուրիշ գրողներու վկայութիւններ, նամակներ, խորհրդածութիւններ, եւ այս բոլորին առընթեր, հարիւրաւոր լուսանկարներ, որոնք Հոթոյեանը ցոյց կու տան ինչ-ինչ ծանօթ հայ դէմքերու հետ քով-քովի:
Բարոյալից պատմուածքներու պարագային, Հոթոյեան ունի հնարելու ու նիւթ ստեղծելու վարպետութիւն, հարուստ երեւակայութիւն: Պատմուածքները անակնկալներով լեցուն են: Այս պատմուածքները կը սորվեցնեն սիրել մարդը ինչ ցեղի ալ պատկանի ան, օգնել մարդոց, հաւատալ Աստուծոյ, քիչ երջանկութեամբ գոհանալ: Այսպէս է որ մանուկ մը, որ իր շուրջինները կը սիրէր բացի մէկ հոգիէ, որ սեւամորթ մըն էր, քիչ վերջ պիտի տեսնէ որ այդ սեւամորթը անոր կեանքը պիտի փրկէ, մինչ բոլոր միւսները անտարբեր պիտի մնան: Նմանօրինակ բարոյախօսութիւններով լեցուն է գիրքը: Հոն է պատմութիւնը մէկու մը, որ բոլոր հարստութիւնները կը մերժէ ու իրեն կը պահէ միայն պղնձեայ խաչ մը, որուն արժէքը բարոյական է: Բայց կը սխալի: Պղնձեայ կարծուած խաչը ծանրածանր ոսկի է ու մեծ հարստութիւն կը նշանակէ: Հաւատքին զօրութիւնն էր որ կը վարձատրէր զինքը:
Հոթոյեանի պատմուածքները շինարար են ու հաճելի ընթերցանութեան նիւթ: Անտարակոյս հայ մշակոյթի սիրահար մարդը ուրիշ հետաքրքրական ու առինքնող նիւթեր ալ պիտի գտնէ գիրքին երկրորդ մասին մէջ, ուր հրատարակուած են վկայութիւններ ու նամակներ:
Հոթոյեան բազմաթիւ շքանշաններու արժանացած գրող է, բայց իրական շքանշանները հեղինակներուն գործերն են ու այս գիրքն ալ մեր տեսակէտով նոր շքանշան մըն է Հոթոյեանի կուրծքին վրայ:
Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Պոլիս