«Գրական թերթ»-ի հարցազրոյցը թատերագիր, Համազգային հայ կրթական և մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղի թատերախմբի ղեկավար Հրանդ Մարգարեանի հետ
Գ.Թ. — Ամեն տարի գալիս էք Հայաստան Ձեր տիկնոջ` տիկին Ժանէթի հետ և ամեն անգամ գալիս էք անակնկալներով: Միշտ չէ, որ այդ անակնկալը լինում է գրական կամ թատերական: Օրինակ, անցեալ տարի, ինչքան տեղեակ եմ, Ձեր բեռը ավելի շատ բանակի համար էր…
Հրանդ Մարգարեան — Մենք` Ժանէթն ու ես, Հայաստանի անկախացումէն ի վեր, գրեթէ ամեն տարի եկած ենք ՏՈՒՆ: Չենք եկած որպէս այցելու-զբօսաշրջիկ: Միշտ նպատակ մը հետապնդած ենք: Սկզբնական տարիներուն, Ժանէթի կեդրոնացումը եղած էր օժանդակութիւն հասցնել Հայաստանի սահմանամերձ գիւղերու դպրոցներուն. երբեմն վերանորոգում եւ յաճախ գրասեղաններու, ջեռուցման սարքաւորումներու, անհրաժեշտ պիտոյքներու հայթայթում: Նիւթականի մէկ մասը այս աշխատանքներուն հայթայթուած է ազնիւ, հայրենասէր, մտահոգ, պարզ մարդկանց կողմէ: Այս գործին մէջ, մեզի ուղղութիւն տուած եւ օգնած է Երեւանի ՀՕՄ-ի գրասենեակը: Մենք պարզապէս այս ազնիւ հայերու եւ իրենց իղձերը իրականացնողները եղած ենք:
Ես, որպէս Ամերիկահայ բժշկական հիմնադրամի վարիչ քարտուղար, սոյն հիմնադրամի մշակուած ծրագիրներուն գործադրողը եղած եմ վերջին 26 տարիներուն: Սկզբնական շրջանին կեդրոնացած էինք հակատուբերկուլոզի մարզին մէջ՝ Աբովեան, Գիւմրի, Գորիս, Վանաձոր, Մեղրի, Դիլիջան, Նորք-Մարաշ, Ստեփանակերտ, Շուշի շրջաններու հիւանդանոցներուն վրայ: Ապա Արցախի կառավարութեան եւ Համահայկական ֆոնտի հետ միասնաբար կառուցեցինք Մարտունիի շրջանի հիւանդանոցը: Օժանդակեցինք նաեւ Ամերիկեան համալսարանի խիստ կարեւոր ուսումնասիրութեան մը, որ պիտի հրատարակուի մասնագիտական պարբերաթերթերու մէջ:
Այժմ կ’օժանդակենք այլ կարեւոր խնդրի մը: Անցեալ տարուան Ապրիլեան պատերազմի հետեւանքով, կեդրոնացանք համաշխարհային` արիւն կասեցնող սարքերու վրայ: Գործակցելով` Վիրաւոր հայ հերոսներ կազմակերպութեան հետ, արեան հոսք կասեցնող սարքեր տրամադրեցինք ռազմաճակատի զինուորներուն: Աշխատանքը կը շարունակուի ներկայիս: Մեր նպատակն է, որ ռազմաճակատ գտնուող ԱՄԵՆ ԶԻՆՈՒՈՐ պաշտպանուած ըլլայ այս սարքերով: Ուրախ եմ ըսելու, որ այս տարի նոր սարքեր հայթայթեցինք եւ 43 բուժակներ արդէն դաստիարակուեցան եւ ուղղորդուեցան Արցախ:
Այս օրերուն, ամեն հայ, իր ներած ուժերով, պէտք է մէկ անբաժան մասնիկը ըլլայ Հայաստանի: Մէկ է մեր ճակատագիրը: Ապագայի առջեւ պատասխանատու ենք բոլորս:
Գ.Թ. — Ձեր թատերախումբը 50 տարի անչափելի մեծ առաքելութիւն է կատարել համայնքի կեանքում… Հիմա ի՞նչ վիճակում է թատերախմբի գործունէութեան հեռանկարը:
Հ. Մ. — Նիւ Եորքի Թատերախումբը հիմնադրեցի 1967-ին, նախ Մասիս անունը կրեց, ապա վերակոչուեցաւ` Համազգայինի թատերախումբ: Վերջին յիսուն տարիներուն թատերախումբը գործած է առանց ընդմիջումի: Աւելի քան 405 մասնակցողներ ունեցած ենք, որոնց մէկ քառորդը պարման-պարմանուհիներ եղած են: Բեմադրութիւններ ըրած ենք ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի շրջաններուն մէջ: Ափիւռքի մէջ մրցանիշեր հաստատած ենք որպէս մեծագոյն թիւով անդրանիկ բեմադրութիւններ ներկայացնող թատերախումբ: Եղած ենք առաջին հայկական թատերախումբը, որ Նիւ Եորքի Օֆֆ Պրոտուէյի թատերական շրջանին մէջ երկու անգամ ներկայացում տուած է:
Դիւրին չէ Նիւ Եորքի նման մեծ, լափիւրինթոսային քաղաքի մէջ թատերախումբ պահել, հայերէն հնչեցնել, երիտասարդներ մօտեցնել հայ թատերական արուեստին: Բայց յամառութեամբ, նուիրումով, մեծ զոհաբերութեամբ մեր պարտքը կատարեցինք:
Իսկ հիմա: Պատկերը պայծառ չէ, դժբախտաբար: Լեզուն արդէն նահանջի մէջ է: Կեանքի պարտադրանքները մեծ զոհողութիւններ կը պահանջեն: Գիտէք անշուշտ, որ մեր մասնակցողները ոչ միայն չեն վճարուիր, այլ իրենք կը ծախսեն հեռաւոր տեղերէ ներկայ գտնուելու փորձերուն: Երբեմնի 700 հոգի հանդիսատեսը, այսօր արդէն 200-ի հասած է եւ տակաւ պիտի նուազի: Ամերիկայի միջավայրը քաղցկեղի նման կը հիւծէ ազգայինը: Հոսանքը շատ զօրաւոր է, դիմադրելը, օրէ օր կը դժուարանայ: Եւ դժբախտաբար առաջին զոհը լեզուն է: Թէ ո՛ւր պիտի յանգի այս, չե՛մ գիտեր: Անշուշտ պիտի ըլլան «խենթեր», որոնք պիտի չընկրկին: Ես անձնապէս պիտի շարունակեմ: Միջոցներ պիտի որոնեմ թատրոնը «կենդանի» պահելու: Բայց…
Գ.Թ. — Յուսանք` «բայց»-ը շարունակութիւն կ՚ունենայ: Խօսենք յուլիսի 17-ին ՀԳՄ Մեծ դահլիճում ներկայացուող Ձեր մոնոպիեսի և դերակատարի մասին:
Հ. Մ. — Յուլիս 28-ի մենաթատրոնը, Խրիմեան Հայրիկի մահուան 110-ամեակի առթիւ, նուիրած եմ իր «վերջին հանդիպման» իր իսկ ժողովուրդին հետ: Իր կեանքի դրուագներէն մեկնած, կը ներկայացնեմ իր կեանքի վերիվայրումները: Զիս միշտ հետաքրքրած է, թէ` մեր պատմութեան այս Հսկայի կենաց ընթացքը ի՞նչպէս կ՚արձագանգուի մեր այսօրուան հետ: Ի՞նչ առաքելութեամբ ճամբայ ելաւ, ի՞նչ խոչընդոտներ դիմագրաւեց, ինչպէ՞ս տեսաւ կեանքը: Խորքին մէջ, այսօր, դար մը ետք, ի՞նչ «կ’ըսէ» մեզի Խրիմեան ԵՐԵՒՈՅԹԸ:
Խրիմեան «տիպարը» մարմնաւորել գերազանցապէս մեծ, իրականութեան մէջ, հսկայական յարգանք կը պահանջէ դերակատարէն: Խոնարհութիւն մը Հսկային նկատմամբ կարենալ հասնելու Վեհին իմաստաւորեալ կեանքին: Յուսամ հանդիսատեսը Վեհին հետ կ՚առնչուի այդ ժամուան ընթացքին:
Գ.Թ. — Եւ, ի հարկէ, խօսենք Ձեր ստեղծագործական ծրագրերի մասին:
Հ. Մ. — Ստեղծագործական բազմաթիւ ծրագիրներ զիրար կը հրմշտկեն: Անցեալ տարի անգլերէնով հրատարակեցի մեր 13 նահատակ գրողներուն նուիրուած հաւաքածոն: Արձակագիրներ` Հրանդ, Թլկատինցի, Զարդարեան, Ինտրա, Զօհրապ, Յարութիւնեան, Բարսեղեան, Չէօկիւրեան, Երուխան եւ բանաստեղծներ` Վարուժան, Սիամանթօ, Բիւրատ եւ Սեւակ: Յայտնեմ` որ թարգմանութիւններու մեծ մասը առաջին անգամն էր որ թարգմանուած է: Ուրախ եմ ըսելու, որ մեծ ընդունելութիւն գտաւ ԱՄՆ-ի մէջ: Տարի մը առաջ, Զահրատէն 153 բանաստեղծութիւն անգլերէնի թարգմանեցի:
Նոր թատերախաղեր եւ բանաստեղծութիւններ ունիմ, որոնք լոյսի կը սպասեն:
Գեղեցիկ աշխարհի մը մէջ եմ: