Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը

Marian Mesrobian MacCurdy with a forward by Gerard Libaridian, Sacred Justice. The voices of the Armenian Operation Nemesis. Transaction Publishers, New Brunswick, New Jersey, 2016.

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին լայն հետաքրքրութիւն կար հայ արդարահատոյց ահաբեկութեանց շուրջ ինչպէս օրինակ Կէտիկեանի շարժանկարը («Une histoire de fou»), Էրիք Պօղոսեանի Operation Nemesis հատորը, Ժաք Տերոժիի նոյնանուն գիրքի վերահրատարակումը՝ առաջին հրատարակութենէն գրեթէ 30 տարի անց։
Ինչպէս մեր ապրիլ 2016-ի թիւով տրուած ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ լոյս տեսած գիրքերու ցանկին մէջ նշած էինք, Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտի նոյն նպատակով 391 էջեր ընդգրկող հատորով հրապարակած էր իր ընտանեկան անձնական արխիւներէն եւ յուշերէն մանրամասնութիւններ՝ հայ արդարահատոյց գործողութիւններուն մասին նամակագրութիւններով, որոնք ըստ Ժիրայր Լիպարիտեանի կու գան ամբողջացնելու Հ.Յ.Դ. արխիւի ժլատ տեղեկութիւնները այս նիւթին շուրջ։
Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի մեծ հայրը՝ Ահարոն Սաչաքլեան, Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի հետ մասնակցած էր հայ արդարահատոյց առաքելութեան նիւթականի ապահովման աշխատանքներուն։

«Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը կը բաղկանայ հինգ գլուխներէ, մատենագիտական տեղեկութեան բաժինով։ Կը սկսի Ժիրայր Լիպարիտեանի յառաջաբանով, Մարիան Մեսրոպեան MacCurdyի շնորհակալական խօսքով եւ հեղինակի նախաբանով։
Հեղինակը ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս Արեւելքի ու Արեւմուտքի, կեանքի եւ մահուան, յոյսի ու յուսահատումի խաչմերուկներուն միջեւ ծնած անհատ մը։ Իր մեծ ծնողներուն պարտականութիւնն էր վերապրիլ, իր ծնողքինը՝ խարսխել էր զիրենք նոր եւ տարբեր միջավայրերու մէջ, իսկ իր սերունդի պատասխանատուութիւնն է յիշել։ Իր կեանքի առաջին վեց տարիները Մարիան Մեսրոպեան անցուցած է իր մօրենական մեծ ծնողներուն տունը՝ Սիրագիւզ, Նիւ Եորք նահանգ (Syracuse, New York)։ Իր մեծ մօր Էլիզայի կրտսեր թոռնիկն էր ու ամենասիրելին։
Առաջին գլուխը կը կեդրոնանայ հեղինակի մօրենական մեծ մօր Էլիզա Տէր Մելքոնեան Սաչաքլեանի յուշերուն վրայ, իսկ երկրորդ գլուխը՝ իր մօրենական մեծ հօր Ահարոն Սաչաքլեանի ազատագրական պայքարի ու արդարահատոյց գործունէութեան վրայ։
Յաջորդ գլուխը Մարիան Մեսրոպեան նուիրած է «Յատուկ գործ»ին՝ արդարահատոյց աշխատանքներուն մասնակից անձերուն, իրենց նամակագրութեան եւ այլ արխիւներու ընդմէջէն, ինչպէս օրինակ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատական ծախսերուն հաշուեկշիռը։
Չորորդ գլուխով, Մարիան Մեսրոպեան կը ներկայացնէ երկրորդ սերունդի ապրումները մեկնելով իր մօր Արփենայի եւ հօր Վիլիամի նամակագրութենէն ու յուշերէն։
Հինգերորդ գլուխը յատկացուած է դիմադրական տարբեր միջոցներու, ոճերու, ներառեալ գրաւոր թէ բանաւոր արտայայտելաձեւերու ուսումնասիրութեան, որոնք օգնած են Եղեռնէն վերապրողներուն, ինչպէս նաեւ յաջորդող սերունդներուն որպէսզի դիմակայեն գոյութենական մարտահրաւէրը։
Մարիան Մեսրոպեան ՄագԳըրտիի «Սուրբ արդարութիւն» աշխատութիւնը գրուած է մեծ բծախնդրութեամբ։ Հոն ընթերցողը կը գտնէ բազմաթիւ եզակի աղբիւրներ մեր պատմութեան քսաներորդ դարու առաջին կէսին մասին. ցեղասպանութեան, վերապրումին, պահանջատիրութեան, արդարահատուցման ու նոր կեանք սկսելու գոյամարտին մասին։

Ս.Ա.Յ.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *