Ահա, դարձեալ առցանց, լոյս տեսաւ, Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 8 – Ճանապարհներ» հատորը, որ անտպագիր հրատարակուող իր չորրորդ հատորը կը հանդիսանայ։Ան նոյնպէս կը համախմբէ հեղինակին գրած ուղեգրութիւնները, ինչպէս էր պարագան «Ոստայն 7 – Համաստեղութիւն» հատորին, այն տարբերութեամբ, որ, ինչպէս կ՚ըսուի գրքի ներածականին մէջ, «եթէ այդ մէկը կ՚ամփոփէր յատկապէս Սփիւռքի այլազան անկիւնները այցելութիւններս, ընդհանրապէս պարտականութիւններու բերմամբ, ու տպաւորութիւններս առաջին հերթին ինքնաբերաբար կու գային հայ կեանքէն ու անկէ ետք միայն տուեալ աշխարհագրական վայրէն ու անոր իւրայատկութիւններէն, Ոստայն 8-ով հակառակն է, որ կը պատահի։ Այս հատորին գրութիւնները հայութեան ու հայերու կ՚առնչուին հպանցիկ կերպով միայն, գուցէ նաեւ պատահական, ու ներկայացուածը, բացի մէկ՝ ասպարէզային ճամբորդութենէ, արձակուրդային ուղեւորութիւններէ բխած տպաւորութիւններ են։
Ուղեգրութիւնները ընթերցողը կը տանին Գանատայի ու Միացեալ Նահանգներու զանազան կողմերը, նաեւ այլ վայրեր՝ ինչպէս Գուպա եւ Ռուանտա։
Սակայն, կը գրէ հեղինակը նոյն ներածականին մէջ, «զբօսաշրջութիւնը խրախուսելու նպատակներ չեն հետապնդուիր գալիք էջերուն մէջ, ոչ ալ վաւերագրական պատումներ կը մատուցուին, այլ զուտ անձնական ապրումներ, առնչումներ, վայելքներ, որոնք ընթերցողին կրնան փոխանցուիլ ու հաւանաբար համազգացուիլ»։ Ան կ՚աւելցնէ, որ տարիներ առաջ կարդացած է Գրիգոր Զօհրապի «Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն» երկը, Կարպիս Սուրէնեանի «Ճամփորդութիւն»-ը եւ Վահրամ Մավեանի «Ամեն տեղ հայ կայ»-ն, «եւ անոնք անտարակոյս իրենց ազդեցութիւնը ունեցած են ի՛մ ալ ուղեգրութիւններուն վրայ»։
Հեղինակը դիտել կու տայ, թէ «ընկերակցող լուսանկարները, ոմանք՝ արդէն արխիւային հնութեամբ, կը ծառայեն բառերով չըսուածը պատկերներով բացայայտելու»։
«Ոստայն 8»-ը կ՚ամբողջացնէ Վրէժ-Արմէնի ուղեգրութիւններու այս շարքը, որուն մաս կը կազմեն նաեւ «Ոստայն 3 – Հաղորդութիւն» եւ «Ոստայն 6 – ժամադրավայր» հատորները, ուր ամփոփուած են իր հայրենական տպաւորութիւնները։
Հեղինակին վերջին հինգ հատորները մատչելի են ընթերցողին Հայերէնblog կայքէջի «Գիրքեր» բաժնին մէջ (https://hayerenblog.wordpress.com/Գիրքեր)։ Այնտեղ կարելի է կարդալ նաեւ հեղինակի ոչ-անձնական բնոյթի նամականին, որ հետզհետէ պիտի ամբողջանայ։