Ցեղասպանութեանց հետքերով — Ռաֆֆի Պուճիգանեանի ճամբորդութիւնը

Raffy Boudjikanian, JOURNEY THROUGH GENOCIDE — STORIES OF SURVIVORS AND THE DEAD, 2018, Dundurn press.

Այս ամիս լոյս տեսաւ Ռաֆֆի Պուճիգանեանի «Ճամբորդութիւն ցեղասպանութեան ընդմէջէն —. վերապրողներու եւ մեռեալներու պատմութիւններ» անգլերէն գիրքը։
Լրագրող Ռաֆֆի Պուճիգանեան գիրքը ձօնած է իր մեծ մեծ-հօր՝ Խարբերդի Եփրատ գոլէճի դասախօս՝ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ Յովհաննէս Պուճիգանեանի, անոր ցեղասպանութենէն վերապրած որդւոյն՝ Արմէնի եւ բոլոր ցեղասպանութեանց զոհերուն ու վերապրողներուն։ Գիրքը կը կեդրոնանայ ցեղասպանութիւն ենթարկուած հաւաքականութիւններուն վրայ եւ արդիւնք է նախապատրաստական երկար աշխտանքի մը, 2006-էն ի վեր, ու հիմնուած է որպէս լրագրող 2012-ի ապրիլին սկսած իր հինգ շաբաթ տեւող ճամբորդութեան օրագրութեան վրայ, մեկնելով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Չատի մէջ հիմնած Տարֆուրի ցեղասպանութենէն ազատուած վերապրողներու ապաստանարաններէն, անցնելով Քիկալի՝ Ռուանտա յետ-ցեղասպանութեան հաշտութեան դժուարին որոնման միջավայրէն, հասնելու համար Թուրքիա՝ իր արմատախիլ եղած նախնիներուն աւերակ դարձած հայրենի բնաշխարհը։
Ռաֆֆի Պուճիգանեան ծնած է Լիբանան 1984-ին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին։ Փոքր տարիքէն տեղեակ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան մասին։ Ընտանեօք հաստատուած են Գանատա, ուր ամեն ապրիլ 24-ի մասնակից եղած են հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջման ցոյցերու եւ ոգեկոչումներու։ Ռաֆֆի տակաւին երեխայ էր, երբ Ռուանտայի եւ Քոսովոյի ցեղասպանութիւնները տեղի կ՚ունենային, իսկ երբ երիտասարդութեան սեմէն ներս կը մտնէր՝ կը պատահէր Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը։ Այս ամենը եւ այլ ցեղասպանութիւններ իրենց ազդեցութիւնը կը ձգեն իր վրայ ու կը մղեն զինք՝ որպէս վերապրողներէ սերած լրագրող, երթալու եւ հարցազրոյց ունենալու նոր ցեղասպանութիւներէ վերապրողներուն հետ։
Գիրքը, մատենագիտական բաժինով, տասներեք գլուխներով, յառաջաբանով եւ վերջաբանով ընթերցողին առաջ կը բանայ Պուճիգանեանի օրագրութիւնը՝ երեք ցեղասպանութիւններու հետքերով կատարած իր այս ճամբորդութեան պատումը։ Դժուարին պատումը Պուճիգանեան կը յաջողի ընթերցողին փոխանցել անկեղծ եւ գեղեցիկ, գրական արագ հաղորդական լեզուով մը։
Պուճիգանեան կը լծուի իր այս դժուարին ճամբորդութեան շարքին, ինչպէս ինք կը խոստովանի, խորհելով թէ հանդիպելով ցեղասպանութենէ վերապրողներու եւ ունկնդրելով իրենց դրուագները, ինք պիտի կարենար իր մէջ լուսաբանել իր նախնիներու ցեղասպանութիւնը։ Իր այս դժուար հանգրուաններու շարքը ան կը սկսի իր նախնիներու ցեղասպանութեան ոգեկոչման օրը, 24 ապրիլ 1915-էն իննիսունեօթ տարիներ անց։
Չատի ապաստարաններէն ետք, ան կ՚անցնի Ռուանտա, ուր Քիկալիի մէջ մասնակից կը դառնայ հաշտութեան փորձերու եւ կը հետեւի կարգ մը ցեղասպաններու դատերուն։ Ապա կը պատրաստուի Թուրքիա ճամբորդելու։
Պուճիգանեանի ճամբորդութիւնը Թուրքիա կը սկսի Պոլիսէն, ուր կ՚այցելէ Շիշլիի հայկական գերեզմանատունը եւ «Ակօս»-ի խմբագրատունը։ Իր այցելութեան օրը խմբագրատան վրայ, որուն առջեւ նահատակուած էր Հրանդ Տինք, պարզուած էին կտաւի վրայ նկարուած Աթաթուրքի մեծադիր պատկերը եւ թրքական դրօշը։
Պոլիսէն ետք, իր նախնիներու հետքերու որոնումով Ռաֆֆի կ՚անցնի Ելազիկ եւ Խարբերդ։ Ճամբորդութեան ընթացքին, ան վկան կ՚ըլլայ թրքական հերքումի քաղաքականութեան, որուն աւերը ան լուսանկարներով ու հարցազրոյցներով կը փոխանցէ ընթերցողին։
Ինչպէս ըսինք, Ռաֆֆի Պուճիգանեան մասնագիտութեամբ լրագրող է եւ այժմ կ՚աշխատակցի Գանատական հեռասփռումի ընկերութեան (պետական) անգլերէն հեռատեսիլի լուրերու (CBC) Էտմընթընի բաժնին։ Որպէս լրագրող ան նախապէս աշխատած է Մոնթրէալի, Նիգարակուայի եւ Ֆրանսայի մէջ։ Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Գոնգորտիա համալսարանի լրագրական բաժնէն։ Շրջանաւարտ է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ ազգային ամենօրեայ վարժարանէն։

Ս.Ա.Յ.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *