ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
— Հայրի՛կ, Մարալը կ՚ուզէ ձեզի ծանօթանալ,— յայտնեց աղջիկս երբ վերջերս այր ու կին Ֆրեզնօ կը գտնուէինք իրեն այցելութեան,— դուն անոր հօր հետ թղթակցած ես եղեր։
Զգացուած էի նման հետաքրքրութեան համար. Մարալ Գալիֆորնիոյ թոռնիկներուս դասընկերներուն մեծ մայրն էր։ Բայց ո՞վ էր իր հայրը, որուն հետ կապ հաստատած եմ եղեր ատենին։ Յետ պրպտումի ի յայտ եկաւ, որ խօսքը Սիմոն Սիմոնեանի մասին էր։ Այս անգամ ծանօթանալու ցանկութեան ծանրութիւնը տեղափոխուեցաւ ա՛յս կողմ։ Ի՞նչ անակնկալ. ուրկէ՞ ո՛ւր առիթ պիտի ունենայի զրուցելու անուանի մտաւորականին՝ ուսուցիչին, արձակագրին ու հրապարակագրին մէկ հարազատին հետ, «ի բերանոյ իւրմէ» լսելու անոր մասին։
— Աղջի՛կս, յայտնէ իրեն, որ մայրդ ու ես ոչ միայն հաճոյքով կ՚ընդունինք իր հրաւէրը (միջինարեւելեան ճոխ ու համեղ նախաճաշի մը իր տան մէջ), այլեւ կը փափագիմ հետը հարցազրոյց մըն ալ ունենալ։
Եւ ահա ճշտուած օրը, որոշեալ ժամուն կը զարնենք դուռը Զոհրապ ու Մարալ Աթթարեաններուն՝ մայթէն մինչեւ դուռը անցնելով ծառերով, ծաղիկներով ու թաղարներով զարդարուն փոքր տարածքը, ուշադիր՝ սխալ տեղ մը չկոխելու համար։ Նոյն բնութենապաշտութիւնը կը նկատենք տան մէջ, երբ ժպտադէմ զոյգը մեզ ներս կ՚առաջնորդէ։
Գունագեղ սեղանին շուրջ կը ծանօթանանք, կը ծանօթացուինք։
«Սփիւռք»-ի հիմնադիր ու երկարամեայ խմբագիր Սիմոն Սիմոնեանի հինգ զաւակներէն մէկն է Մարալ, ծնած Յովիկէն ետք ու Վարդանէն, Տարօնէն եւ Սասունէն առաջ։ Անունները արդէն շատ բան կ՚ըսեն, մանաւանդ իրենց արմատներուն մասին։
Թէեւ Սիմոնեան 1914-ին Այնթապ ծնած է, սակայն զաւակն էր Սասնայ Կերմաւ գիւղէն սասունցի Օվէին, որ իբրեւ ջաղացպան, շատ մը սասունցիներու նման, գործով փոխադրուած էր Այնթապ: Ցեղասպանութեան տարիներուն, Սասուն գտնուող իր հարազատները կը հաստատուին ներկայ Հայաստանի Շղարշիկ գիւղը, Մուշեղ Գալշոյեանի գիւղէն՝ Կաթնաղբիւրէն քիչ մը վեր:
Սիմոնեանները Մեծ եղեռնէն փրկուած էին Այնթապէն Հալէպ երթալով 1921-ին, ուր Սիմոն յաճախած էր Կրթասիրաց եւ այլ վարժարաններ, ապա 1930-ին անցած Պէյրութ ու եղած Դպրեվանքի առաջին սաներէն մէկը, ինչպէս առաջին շրջանաւարտներէն՝ 1935-ին։ Վերադարձած է Հալէպ ու հայերէն ու հայոց պատմութիւն դասաւանդած Հայկազեան ու Կիւլպէնկեան վարժարաններուն մէջ մինչեւ 1946։ Այդ շրջանին պատրաստած է հայոց պատմութեան առաջին գիրքերը, հիմնադիրներէն եղած է Հալէպահայ ուսուցչական միութեան, Սեւան տպարանին ու եղած է նոյն տպարանէն լոյս տեսած Սեւան երկու պարբերագիրքերու խմբագիրը:
Մարալին մայրը՝ Մարին, քոյրը ուրիշ մտաւորականի մը՝ Գէորգ Աճեմեանի, Հալէպէն գացած է Պէյրութ՝ տեղւոյն Ամերիկեան համալսարանը յաճախելու համար։ 1945-ին Սիմոն ու Մարի նշանուած են ու յաջորդ տարի ամուսնացած՝ ձեռամբ այդ օրերուն Հալէպի առաջնորդ ու հօրս դպրեվանքի դասընկեր Զարեհ սրբազան Փայասլեանի (ապագայ կաթողիկոս)։
— Հայրս արդէն հրաւիրուած էր Գարեգին Ա. Յովսէփեանցի կողմէ Անթիլիաս ու նոյն տարուան (1946) սեպտեմբերէն սկսեալ արդէն սկսած էր իր գործունէութիւնը այնտեղ: Նոյն ժամանակաշրջանին մայրս ալ կը գտնուէր Լիբանան. ան աւարտած էր համալսարանի բուժքոյրութեան ճիւղը եւ կ՚աշխատէր նոյն համալսարանի հիւանդանոցին մէջ: Ուրեմն հայրս եւ մայրս Լիբանանէն մեկնած են Հալէպ իրենց պսակին համար, ուր կը գտնուէին իրենց ծնողքը, եւ պսակէն ետք նոյն օրը շոգեկառքով վերադարձած են Պէյրութ։
Սիմոն հրաւիրուած էր որպէս կաթողիկոսին օգնականը։ Մինչեւ վեհափառին վախճանիլը ինք կը հանդիսանայ անոր անձնական քարտուղարն ու գիտական աշխատակիցը։ Խմբագրած է կաթողիկոսարանի Հասկ պաշտօնաթերթը։ Անթիլիասի դպրեվանքին մէջ եղած է գրաբարի, հայոց պատմութեան ու մատենագրութեան ուսուցիչ։ Պաշտօնավարած է նաեւ Յովակիմեան-Մանուկեան ու Դարուհի Յակոբեան վարժարաններուն մէջ։
— Վերջին տարիներուն կաթողիկոսը հիւանդ էր ու հայրս խմբագրած է անոր «Յիշատակարանք ձեռագրաց» կարեւոր աշխատասիրութիւնը,— դիտել կու տայ Մարալ անխառն հպարտութեամբ մը։
Սիմոնեան Պելճիքա համալսարան ընդունուած էր, բայց չէր կրցած յաճախել. Անձնական ճիգով ու Բիւզանդ Եղիայեանի ու Սահակ եւ Բաբգէն կաթողիկոսներու շունչին տակ հմտացած էր հայագիտութեան մէջ։
Մարալ կը վերյիշէ, որ հօր սրտին տրոփիւնը միշտ կը բարձրանար, ինք հոգեկան, զգացական ծանր վիճակի կը մատնուէր,— ասիկա՝ 1954-ի մայիսին Հայաստան այցելելէն ետք, իբր անդամ Լիբանանէն գացող պատուիրակութեան՝ Գէորգ Զ. կաթողիկոսի վախճանման առթիւ։ Ցնցուած վերադարձած էր։
— Ինք անկուսակցական, նոյնիսկ հակակուսակցական մարդ եղած էր, չէր ուզած կողմի մը պատկանիլ, թերեւս «հայաստանասէր» պիտակուած էր, բայց այդ այցելութիւնը շատ ազդած էր վրան, անկիւնադարձային հանդիսացած էր։ Մինչեւ այն ատեն չէր գիտցած ի՛նչ կը պատահի Հայաստանի մէջ, ի՛նչ կար-չկար, ի՞նչ էր երկրին իսկական վիճակը։ Դարձաւ շատ ինքնամփոփ. մարդիկ քովէն կ՚անցնէին, չէր խօսեր։ Մայրս զինք բժիշկի կը տանէր։ Եգիպտոս գացեր են, որ հանգստանայ։
Անկէ ետքն է, որ որոշեր է Սփիւռք թերթը հրատարակել։ Մինչ այդ աշխատակցած էր «Անահիտ»-ին, «Զարթօնք»-ին, «Արարատ»-ին, «Երիտասարդ հայուհի»-ին, «Անի»-ին, «Նոր գիր»-ին, «Սեւան»-ին, «Հասկ»-ին, սակայն ուզած էր միշտ սեփական մամուլ ունենալ։
— 1957-ին նախ բացաւ Սեւան տպարանը, ապա 1958-ին սկսաւ լոյս տեսնել «Սփիւռք»-ը ու… ծայր տուաւ մեր գողգոթան,— կը պատմէ Մարալ։
Ի՞նչ գողգոթայի մասին էր խօսքը։ Այսօր մեզի համար, մանաւանդ Լիբանանի այդ օրերու հայ գաղթօճախի ներքին կեանքին անծանօթներուս համար դժուար է պատկերացնել, թէ Սիմոնեանի նման անկուսակցական մարդու մը գրածներուն բացի մամուլով հակադարձելէ, ուրիշ ի՜նչ կրնային ընել իր «հակառակորդները» կամ զինք չսիրողները։
— Երբ մենք՝ երեխաներս մեր յաճախած դպրոցներուն մէջ երբեմն կը հալածուէինք, մեր հօր ընդգրկած քաղաքական մօտեցումներուն կամ գրած խմբագրականներուն պատճառով,— կը բացատրէ Մարալ,— ինք վեհութեամբ չէր միջամտեր կամ ինքզինք չէր նուաստացներ դպրոց երթալով իր ընդվզումը յայտնելու: Ան շարունակեց մեզ ղրկել հայկական վարժարաններ՝ հակառակ մեր ունեցած դժուարութիւններուն: Հայրս կը հաւատար հայ դպրոցին: Ինք իբր երկար տարիներու սիրուած ուսուցիչ կը ցաւէր իր զաւակներուն հանդէպ եղած անարդարութեան:
Մարալին կրտսեր եղբայրը՝ Սասուն, երբ իրեն ալ կ՚ուղարկեմ այս հարցազրոյցին սեւագրութիւնը՝ որոշ ճշտումներ կամ ճշգրտումներ կատարելու համար, կ՚աւելցնէ.
«Կը կարծեմ որ ընթերցողը, մանաւանդ երիտասարդ ընթերցողը, որ չէ ապրած այդ օրերու մեր աջին ու ձախին հաւասար հակակրանքը իրարու հանդէպ, հասկնայ թէ կուսակցական պատկանելութիւն չունեցող, անկախ մտածողութեան տէր ու անկախ շաբաթաթերթի մը խմբագրի մը զաւակները ինչպիսի վերաբերմունքի կրնային ենթարկուիլ այդ թուականներուն՝ կուսակցականացած մեր կրթական հաստատութիւններուն մէջ պաշտօնավարող կարգ մը անհատներու կողմէ»։
— Կեանքին ընթացքին շատերու կողմէ հալածուեցաւ, կ՚աւելցնէ դուստրը.— կը զարմանամ, որ չեն սպանած զինք։
Մինչեւ 1974 Սիմոնեան խմբագրեց ու հրատարակեց այդ ազգային, գրական թերթը՝ «Սփիւռք»-ը, որ իր կարեւոր տեղը գրաւեց լիբանանահայ մամուլի պատմութեան մէջ։
— Ամեն ուրբաթ իրիկուն, երբ արդէն լոյս տեսած կ՚ըլլար այդ շաբթուան «Սփիւռք»-ը աներեւակայելիօրէն յոգնած կը վերադառնար հայրս տուն ու մեռելի մը նման խոր կը քնանար,— կը պատմէ Մարալ.— «Սփիւռք»-ի իւրաքանչիւր համարը, կարծէք կը քաշէր իր ամբողջ ոյժն ու կորովը: Նախքան իր քունի անցնիլը, ան մեր սենեակը գալով կ՚ըսէր “Որին սիրեմ, որին թողնեմ”. կարծեմ Շիրազին կը պատկանի այս տողը։
Ապա Մարալ խնդալով կ՚աւելցնէ.— Հայկական եւ իր առօրեայ մտահոգութիւններէն ձերբազատուելու համար, երբեմն մօրս կ՚ըսէր «Մարի, տեղ մը երթանք, շատ պարզ ու համեստ միջավայր մը, ուր պարապ, անիմաստ խօսակցութիւն ըլլայ»:
Ի՞նչ տեսակ բնաւորութիւն ունէր Սիմոնեան։
— Բարի, համեստ, աշխատասէր, մարդասէր մարդ էր հայրս, յամառ՝ իր համոզումներուն մէջ, սակայն ոչ անփոփոխ՝ եթէ տրամաբանելիօրէն կարելի էր ընդունիլ իր համոզմունքին հակառակը: Իր գրելու ամենօրեայ աշխատանքին մէջ չափազանց աշխատասէր էր: Դիւրահաւատ էր նաեւ. երբ յանկարծ անձ մը ներկայանար իրեն ու յայտնէր թէ ինք դժուարութեան մէջ է, հայրս առանց երկմտանքի կը փորձէր նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնել այդ անձին, առանց կասկածելու թէ, այդ «դժուարութեան» մէջ եղող անձը, գուցէ կրնար նաեւ կեղծած ըլլալ իր պարագան:
— Մարալ, հօրդ ո՞ր յատկանիշերը ամենէն աւելի տպաւորած են քեզ,— կը հարցնեմ,— ի՞նչ տեսակ մարդ էր,— քաջ գիտնալով որ, եթէ պէտք ըլլայ՝ կենսագրական տուեալները կրնամ այլապէս ճարել։
Զիս հետաքրքրողը անձնական վկայութիւններն են, որ կը փորձեմ կորզել իրմէ։
— Չափազանց սասունցի էր,— կ՚ըսէ Մարալ,— իր «Լեռ ու ճակատագիր» գիրքը ընդհանրապէս սասունցիներու մասին գրուած պատմուածքներու հաւաքածոյ մըն է: Թունդ հայասէր եւ հայրենասէր էր հայրս,— կ՚աւելցնէ, — ան կը հպարտանար որ պատճառ եղած է թիւով մօտաւորապէս յիսուն հայ զոյգերու իրարու ծանօթացման եւ անոնցմէ շատերուն ալ պսակի եւ իրենց զաւակներուն կնքահայր եղած ըլլալուն համար:
— Իսկ ի՞նչ տեսակ հայր էր եղած ձեզի համար։
— Կատակասէր մէկն էր, միշտ կը փորձէր խնդացնել մեզ. կարծես թատրոն կը խաղար մեզի համար՝ տարբեր կերպարներ մարմնաւորելով մեր աչքերուն առջեւ եւ ծիծաղի գագաթնակէտին կը բացականչէր «ֆիագա՜», որ ճիշտ ի՛նչ ըսել է չեմ գիտեր։ Մեզ միշտ հաճելի անակնկալներու առջեւ կը դնէր, միշտ ուրախ կը փորձէր պահել։ Մայրս կը պատմէր թէ օր մը երբ մեր մանկութեան երկրաշարժ եղեր է Լիբանանի մէջ, հայրս իր ամբողջ մարմնով նետուեր է մեր վրայ՝ մտածելով որ եթէ յանկարծ առաստաղէն բան մը իյնար, այդպիսով պիտի կարենար մեզ պաշտպանած ըլլալ:
Աւարտելէ առաջ Մարալ կը յիշէ, որ հօրը արգիլած էին Հայաստան երթալ։ Սիմոնեան 60-ականներուն, Ազրպէյճանի այդ օրերուն եղբայրական կոչուող հանրապետութեան ղեկավարութեան նամակ գրած էր, պահանջելով, որ Ղարաբաղը, Ջաւախքն ու Նախիջեւանը Հայաստանի վերադարձուին։
Զոհրապ, որ մինչ այդ լուսանկարիչի դեր ստանձնած էր ու մեզ կը նկարէր տարբեր անկիւններէ, ինքնուս նկարիչ է ու տան պատերը զարդարուած են նաեւ իր բազմաթիւ կտաւներով՝ բնանկարներ, ծառեր, ծաղիկներ։ Կար նաեւ յաջող դիմանկարը Սիմոն Սիմոնեանի, ու խնդրեցի, որ այս առթիւ այդ ալ նկարէ, որ հարցազրոյցիս հետ զետեղուի։
— Միշտ իր հիւմուրը կը փնտռեմ,— յարեց այն կողմէն, ու յիշեցին Սիմոնեանի «Կը խնդրուի խաչաձեւել» երգիծական գործը։
Սիմոնեան ուզած էր, որ իր աղջիկը հայագիտութեան հետեւի, բայց չէր եղած։ Դարձած էր դեղագործ։
Սասուն կ՚աւելցնէ իր ել-նամակին մէջ. «Մարալը մոռցած է ձեզի ըսելու որ հօրս Արեւելահայ գրականութիւն հատորի տպարանական փորձերէն գոնէ մասի մը սրբագրողը ինք եղած է: Այդ օրերուն Մարալը 12 տարեկան էր ու հայրս ըստ երեւոյթին փորձած է զինք վարժեցնել կամ հետաքրքրել նման աշխատանքով ու նիւթապէս ալ վարձատրած է զինք:
Մարալ կ՚եզրակացնէ.
— Հայրս մահացաւ 1986-ին, նոյն օրը 72 տարեկան պիտի ըլլար։ Հայրս ծնած ու մահացած է մարտ 24-ին։ Երբեք պիտի չմոռնամ իր պատգամը. միշտ կը կրկնէր՝ «Հո՛ղը, հո՛ղը… այդ ինչպէ՞ս եղաւ, որ կոտորուեցանք Օսմանեան կայսրութեան պարտութեան ատեն, ինչպէ՞ս…
Սիմոն Սիմոնեանի արգասիքը՝ ամփոփ գիծերու մէջ
Դասագրքեր
— Հայոց պատմութեան
— Մայրենի լեզուի («Արագած», համահեղինակ՝ Օննիկ Սարգիսեան)
— Աշխարհագրութեան (համահեղինակներ՝ Երուանդ Պապայեան եւ Օննիկ Սարգիսեան)
— Քերականութեան (համահեղինակ՝ Սարգիս Պալեան)
Բանասիրական ուսումնասիրութիւններ
— «Արեւելահայ գրողներ» (1965)
— «Արեւելահայ գրականութիւն» (1965)
— «Սեւան ընդարձակ բառարան», Ա. հատոր (1970-1980)
— «Հին հայ մատենագրութիւնը որպէս ենթահող արդի հայ գրականութեան» (1975)
— «Նորայայտ տաղասաց մը՝ Ստեփանոս Դաշտեցի» (1981)
Գեղարուեստական գործեր
— «Կը Խնդրուի… խաչաձեւել» (1965)
— «Խմբապետ Ասլանի աղջիկը» (1965)
— «Սիփանայ քաջեր» (1967)
— «Լեռնականներու վերջալոյսը» (1968)
— «Սիփանայ քաջեր» (Բ. հատոր) (1970)
— «Լեռ եւ Ճակատագիր» (1972) («Սիփանայ քաջեր» եւ «Լեռնականներու վերջալոյսը» հատորներու վերամշակուած հատընտիր երկերու ժողովածու)
— «Անժամանդրոս», վէպ (1978)
Արժէքաւոր մարդ ու մտաւորական մըն էր Սիմոնեան: Շատ ուշ մօտեցայ իրեն, ֆրանսահայ յայտնի գրող Որբունիին խնդրանքով գացի իմանալու իրեն խոստացած մէկ երկի տպագրութեան ձգձգումը հասկանալու միտումով: Ամերիկայէն նոր վերադարձեր էր շատ լաւ տպաւորութիններով: Խնդրեց ինձմէ գրել Որբունիին մասին իմ տպաւորութիւններս: Գրեցի եւ առաջին եւ վերջին անգամ ըլլալով տպուեցայ «Սփիւռք»ին մէջ: Սկսած էինք սքանչելի յարաբերութիւն մը մշակել: Իր մահով կորսնցուցինք հսկայ տաղանդ մը: Սարգիս Վահագն