ԿԸ ԽՆԴՐՈՒԻ ԽԱՉԱՁԵՒԵԼ

ՍԻՄՈՆ ՍԻՄՈՆԵԱՆ

ՏՈՄՍԱԿ – ՅԱՅՏԱԳԻՐ
Բովանդակ հայ ժողովուրդի միացեալ կազմակերպութիւնը (սղագրուած՝ ԲՀԺՄԿ) 1966 յունուարի 1-ին, ժամը ճիշդ 4-ին պիտի կատարէ հայ ժողովուրդի ծննդեան տասհազարամեակի տօնակատարութիւնը, Իւնեսքոյի բոլոր սրահներուն մէջ։
Կը խնդրուի հայկական կուսակցական, կրօնական, աշխարհական, բարեսիրական, մարզական, դպրոցական, հայրենակցական, իգական, արական, երիտասարդական, ծերական, մանկական բոլոր կազմակերպութիւններէն խաչաձեւել, նո՛յն օրը, նո՛յն ժամուն եւ … նո՛յն սրահներուն մէջ կազմակերպելով իրենց հանդիսութիւնները։

Պիտի նախագահեն՝ հերթով`
Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սահակ Պարթեւ եւ Աշոտ Ա. Բագրատունի:
Պիտի խօսին՝
Հայկ Նահապետ՝
«ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՐԱՐԱՏԻ ԵՐԿԻՐԸ ՓԱԽԱՅ».
Մեծն Տիգրան՝
«ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԷՆ ԴՈՒՐՍ ԵԼԱՅ».
Տրդատ թագաւոր՝
«ԻՆՉՈ՞Ւ ԱՂՋԿԱՅ ՄԸ ՀԱՄԱՐ ԴԱՒԱՆԱՓՈԽ ԵՂԱՅ ԵՒ ՖՐԷՕՅՏ».
Վասակ Սիւնի՝
«ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԱՐՍԻԿՆԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԸ ԱՆՑԱՅ»։
Պիտի արտասանեն՝
Ս. Մեսրոպ Մաշտոց՝ Ա.Բ.Գ.-ը.
Սահակ Պարթեւ՝ ՕՐՕՐ-ը.
Ղեւոնդ Ալիշան՝ ԼՈՒՍՆԿԱՆ։
Պիտի մեներգեն՝
Ղեւոնդ Երէցը (Անգղ գիւղի երգը) եւ Կիրակոս քահանան («Անիի բանալիները»)։
Կենդանի պատկեր մը՝ հայ բոլոր կուսակցութիւններէն, երկու տեսարաններով
Ա.- Ժամանակէն առաջ,
Բ.- Ըլլալէն ետք։
Զուգերգ զոյգ կաթողիկոսութիւններէն (Արամ Խաչատուրեանի՝ Երեսունիս եւ  Ութսունիս)։
Ուղերձ՝ Աղասի Խանջեանէն (Առ Լ. Բերիա)։
Փակման խօսք՝ Կոմիտաս վարդապետէն («Անտունի» եւ «Կռունկ»)։

Ներկայ պիտի ըլլան օտար մեծ հիւրեր, յատկապէս` Բել Բաբելոնի, Դարեհ Ա. Վշտասպեան, Միհրդատ Եւպատոր, Լուկուլլոս, Պոմպէոս, Օգոստոս կայսր, Ներոն, Կորբուզոն, Դիոկղետիանոս, Թէոդոս կայսր (384), Յազկերտ Բ., Յուստինիանոս, Բուղա, Արիոս, Նեստոր, Պօղոս Սամոսատացի Պաւղիկեան, Ալփասլան, Տուղրիլ Պէկ, Ճենկիզ Խան, Լենկթիմուր, Գէորգի, Թամարա թագուհի, Սելիմ Ա. Եաւուզ, Շահ Աբաս, Նիկոլա Ա., Կլատսթոն, Սուլթան Համիտ, Թալէաթ, Էնվէր, Ստալին եւ … Լաւրենտի Բերիա, որոնք ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան, հիմնական թեմա ունենալով հետեւեալ նիւթերը.
— Ի՞նչ ըրինք հայ ժողովուրդին։
— Ինչպէ՜ս չմեռաւ հայ ժողովուրդը։
— Ինչո՞ւ պիտի մեռնի հայ ժողովուրդը։

Կարգապահութեան պիտի հսկեն հայ կուսակցութիւնները. — Զանգակներու հսկողութիւնը յանձնուած է Հնչակեաններուն, զէնքերու՝ Դաշնակցականներուն, լռութեան՝ Ռամկավարներուն, աղմուկի՝ Համայնավարներուն։

Տեղի պիտի ունենայ հանգանակութիւն` ի նպաստ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի, յատկացուելու համար Հայկի որբերուն եւ Աւարայրի զոհերու որբեւայրիներուն (դիմումները ընել 2877 թուականէն սկսեալ)։

Նոյն օրը առաւօտեան տեղի պիտի ունենայ հոգեհանգիստ՝ այսուհետեւ ըլլալիք զոհերու հոգիներուն ի հանգիստ: Հոգեհանգստեան պիտի նախագահեն Աշտիշատի եւ Երիզայի քրմապետերը:
Ծալկեպսակը պիտի զետեղէ յանուն բոլոր ժամանակներու հայութեան … Թովմաս էֆենտին (տես Րաֆֆիի «Խելօքը»)։

Ծանօթ. —
ա) Կը խնդրուի նկատի ունենալ թուականը եւ անպայման խաչաձեւել։
բ) Չթուագրել տոմսերը… հաւասարութիւն ստեղծելու համար։
գ) Այս յայտագիրը կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ, յատկապէս ազատութիւն պիտի տրուի նոր եւ յանկարծախօս ատենաբաններու։

ՀՐԱՒԻՐԱՏՈՄՍ՝ 1 միլիոն հայերու համար։

ԲԱՑՈՒՄ ԵՒ ԲԱՑՄԱՆ Խ0UՔ

Բովանդակ հայ ժողովուրդի միացեալ կազմակերպութեան (սղագրուած՝ ԲՀԺՄԿ) կազմակերպած յոբելինական հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ նո՛յն օրը, նո՛յն ժամուն եւ նո՛յն վայրին մէջ, նուիրուած Հայ ժողովուրդի ծննդեան տասհազարամեակին։

Ներկայ էին միայն օտարները, որոնք կարծէք կլլած ըլլային բոլոր սրահները, որոնք այնքան նեղ կու գային խուռներամ բազմութեան։

Բացակայ էին հայերը, ցրուած ըլլալով աշխարհի բոլոր վայրերը, բացի Հայաստանէն եւ հանդիսասրահներէն։

Բացման խօսքը ըրաւ Հապեշիստանի կայսրը Ն.Վ. Հայլէ Սելասին, որ իր մեծ շրջապտոյտի ընթացքին այդ օրը հանդիպած էր Պէյրութ, յատկապէս ներկայ ըլլալու եւ նախագահելու այդ բացառիկ հանդիսութեան, այդ առթիւ նաեւ յայտնելով նաեւ իր հայասիրական անկեղծ զգացումները, որոնց գործնական փաստերը տուած էր։

Իր բացման ճառին մէջ Ն. Վ. Հայլէ Սելասին յատկապէս ըսաւ.
— Կ՚ողջունեմ հայ ժողովուրդի ծննդեան տասհազարամեակը։ Իմ սերունդս եւս հին է, առնուազն երեք հազար տարուան հնութեամբ։ Սերած եմ Սողոմոն Իմաստունի եւ Սափա թագուհիի արիւնէն: Ես սիրած եմ հայ ժողովուրդը, 1930 թուին որդեգրած եմ Համաշխարհային Ա. պատերազմի հայ որբերէն 40 երիտասարդներ (մեր լեզուով՝ Արպա Լճոճ) եւ զանոնք բարձր դիրքերու հասցուցած։ Հիմա խօսք կու տամ առաջին բանախօսին, Հայկ Նահապետին, հայ ժողովուրդի հիմնադրին։

Բուռն ծափահարութիւններ:

ԱՌԱՋԻՆ ԲԱՆԱԽՕՍ` ՀԱՅԿ ՆԱՀԱՊԵՏ
ՆԻՒԹ՝
«ԻՆԶՈ՞Ւ ԱՐԱՐԱՏԻ ԵՐԿԻՐԸ ՓԱԽԱՅ»
(ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ՝ ԲԵԼ ԲԱԲԵԼՈՆԻ)

Հայկ Նահապետ աղեղը ձախ ուսին, բեմ բարձրացաւ. նախ նետերը դրաւ սեղանին վրայ եւ ապա ահեղագոռ սկսաւ իր ճառին, հայերէն լեզուով, զոր ներկաներէն ոչ ոք գիտէր, բացի Բել Բաբելոնիէն։

Քսան վայրկեան ետք իր ճառը լրացուցած էր Հայկ Նահապետ, որ նետերը հաւաքելով իջաւ վար։

Ներկաներու փափաքին ընդառաջելով, Բել Բարելոնի բեմ բարձրացաւ թարգմանելու Հայկ Նահապետի ճառը։

— Յարգարժան հանդիսականներ, ինչ  որ Հայկ Նահապետ խօսեցաւ, բարեբախտաբար միայն ես հասկցայ: Յարմար չեմ տեսներ իր բոլոր խօսածները Ձեզի թարգմանելու: Ես իմ կողմէս կը մեկնաբանեմ, պայմանաւ որ իմ կեանքս երաշխաւորէք, որովհետեւ իր միեւնոյն նետ ու աղեղով չեմ ուզեր երկրորդ անգամ նետահար ըլլալ եւ դիտապաստ իյնալ: Հայկ պահած է իր սրտին նոյն կարծրութիւնը: (Անմիջապէս 16-րդ Ջոկատէն [Լիբանանի մէջ այն օրերուն ոստիկանական յատուկ ջոկատի մը անուանումը — խմբ.] խումբ մը զինուորներ շրջապատեցին Հայկ Նահապետը) : — Ուրեմն, — իր երկրորդ կեանքին համար ապահով ըլլալէ ետք Բել շարունակեց իր խօսքերը, — ուրեմն՝ Հայկ Նահապետ իր խօսքին մէջ երկարօրէն բացատրեց թէ ինչո՞ւ փախած է իմ տաք ու ցորենաշատ երկրէս եւ հաստատուած այդ ցուրտ ու սառնամանեաց երկրին մէջ, ուր պատահեցան տասհազարամեայ դժբախտութիւնները հայ ժողովուրդին: Ըստ իս՝ սխալ մը գործեց այդ դժբախտութեանց երկրին մէջ հաստատուելսվ: Եթէ այդ խենթութիւնը չգործէր , Բաբելոնի մէջ կրնայինք աւարտել Աշտարակը եւ ապա այնտեղ հիմնել թագաւորութիւն մը, հայ եւ բաբելական ժողովուրդներու ձուլմամբ, եւ մինչեւ հիմա տեւել: Ես ամեն ինչ ունէի Սենաարի երկրին մէջ. իմ ժողովուրդիս արեան մէջ կը պակսէր տեւելու հորմոնները միայն, հի՛ւթ մը, զոր միայն Հայկի տոհմը ունէր եւ որուն շնորհիւ իր սերունդը շարունակուեցաւ մինչեւ հիմա, մինչ իմ ժողովուրդս անհետացաւ։ Յետոյ, սրբագրելով Հայոց պատմահայր Խորենացիի տեղեկութիւնները, կը յայտարարեմ որ ես ոչ մէկ նեղութիւն պատճառեցի Հայկի եւ իր զաւակներուն, եւ կը մերժեմ որեւէ պատասխանատուութիւն Հայկի փախուստին մէջ: Գաղթականութեամբ կազմեց իր ժողովուրդը եւ գաղթականութեամբ ալ շարունակուեցաւ իր ժողովուրդը մինչեւ հիմա: Թող Հայկի այսօրուան գաւակները չհպարտանան իրենց տեւած ըլլալու իրողութեամբ. գաղթական մեկնեցան եւ գաղթական մնացին: Գաղթական են նոյնիսկ իրենց երկրին մէջ …: Երանի՜ թէ Հայկ փախած չըլլար իմ սքանչելի երկրէս, ուր հիմա քարիւղի հանքեր ալ գտնուեցան: Մե՜ղք եղաւ թէ՛ իմ ժողովուրդիս եւ թէ՛ իր ժողովուրդին:

Վերջին խօսքերուն վրայ՝ մեր գանգրահեր եւ հաստաբազուկ Նահապետը Հայկ, որ առաջին բանախօսն էր, իր լայնալիճ աղեղը վար առաւ ձախ ուսէն եւ պատրաստուեցաւ նետ մը արձակելու Բելի ուղի՛ղ կուրծքին: Սրահին մէջ տակնուվրայութիւն մը սկսաւ, բայց կարգապահութեան հսկող Դաշնակցականները բռնեցին Հայկ Նահապետի ձեռքերէն, Հնչակեանները զարկին զանգակները, Ռամկավարները լռութիւն  ազդարարեցին եւ Համայնավարները աւելի աղմկեցին՝ պահանջելով որ Հայկ Նահապետը ազատ ձգուի իր ազատագրական կռիւը շարունակելու։

Հայկ Նահապետ չկրցաւ արձակել իր երկրորդ նետը, տասհազար տարիներ ետք։

ԲԵԼ ԵՒ ՍՏԱԼԻՆ

Հինգ վայրկեան դադարի ընթացքին, պատկառելի հանդիսականները ոտքի ելան ծխելու եւ օդ առնելու համար՝ սպասման սրահի եւ ծխարանին մէջ։ Այդ առթիւ, իրարու հանդիպեցան մարդկային պատմութեան դերակատարներէն շատեր, որոնք դարերէ ի վեր իրար չէին տեսած։ Երեւելի մեծերը իրար կ՚ողջունէին յուզումով, սիրով ու ատելութեամբ, եւ խումբեր ու խմբակներ կազմած՝ իրարու հետ կը խօսէին։

Ամենէն յուգիչ եւ սիրալիր հանդիպումը ունեցան Բել եւ Ստալին։ Համբուրուեցան տաք-տաք, եւ երկուքն ալ միաժամանակ սրբեցին իրենց պեխերը։

—Մենք, երկուքս, ա՜յնքան իրարու նման ենք, — ըսաւ Ստալին, իր ծխամորճը վառելով։

— Ո՛չ մէկ նմանութիւն ունինք, — պատասխանեց Բել Բաբելոնին։

— Ի՜նչպէս թէ ոչ մէկ նմանութիւն, — պատասխանեց Իոսիֆ Վիսսարիոնովիչ Ստալին, կովկասեան քահքահով մը։ — Մենք բազմաթիւ նմանութիւններ ունինք, ընկե՛ր Բել Բաբելոնի…

— Չեմ կարծեր, — կրկնեց Բել, — մանաւանդ որ ես նախապատմական ժամանակներու մէջ ապրած եմ, իսկ դուն՝ նորագոյն ժամանակներու մէջ։

— Բայց ես վերստեղծեցի նախապատմական ժամանակները, ուր ապրեցայ եւ ապրեցուցի 200 միլիոն մարդեր։ Ուրեմն իրարու ժամանակակից ենք նախապատմութեան մէջ։

— Ճի՜շդ ես, — սկսաւ կակազել Բել, քովնտի ու վախվխած նայելով իր շուրջը, որպէսզի երկրորդ անգամ նետահար չըլլայ Հայկ Թորգոմեանէ, հայոց նահապետէն։

— Յետոյ, — շարունակեց իր խօսքը Ստալին, — երկուքս ալ բռնապետ եղած ենք, երկուքս ալ հաւասար չափով կատաղի թշնամիներ եղած ենք հայերու…

— Այդ երկու կէտերու մէջ՝ իրապէս նման եղած ենք իրարու, թէպէտ ես հայոց պետին կողմէ սպանուեցայ, մինչդեռ դուն հայոց բոլոր պետերը սպանեցիր, — ըսաւ Բել…

Հանդիսութեան վերսկսման զանգերը զարկին…

— Յաջորդ միջնարարին կը շարունակենք մեր խօսակցութիւնը եւ ես քեզի կը թուեմ մնացեալ նմանութիւնները, զորս ես ու դուն ունինք, — ըսաւ Ստալին եւ Բելին հետ թեւանցուկ, երկուքը ուղղուեցան դէպի մեծ սրահը։

ՈՂՋՈՅՆԻ ԽՕՍՔ ՇԱՄԻՐԱՄ ԹԱԳՈՒՀԻԷՆ

Բովանդակ հայ ժողովուրդի միացեալ կազմակերպութեան (սղագրուած՝ ԲՀԺՄԿ) կազմակերպած յոբելինական հանդիսութեան ընթացքին օտար հիւրերէն ողջոյնի առաջին խօսք առնող եղաւ Ասորեստանի հրաշագեղ թագուհին՝ Շամիրամը…

Բազմաթիւ հայեր լսած ըլլալով որ Շամիրամ թագուհին բեմ պիտի բարձրանայ, Պէյրութի բազմաթիւ թաղերէն խուժեցին դէպի Իւնեսքոյի մեծագոյն սրահը, փաստելու համար որ եթէ չեն գիտեր տօնախմբել իրենց ծննդեան տասհազարամեակը, բայց գիտեն կնամեծար ըլլալ…

Շամիրամի ողջոյնի խօսք առնելէն առաջ, սրահին մէջ տեղի ունեցաւ փոքրիկ միջադէպ մը, որ բարեբախտաբար մեծ համեմատութիւններ չառաւ եւ վերջ գտաւ առանց արիւնահեղութեան։ Կարգադիր յանձնախումբի շատ մէկ սխալ կարգադրութեամբ, Հայկի եւ Բելի աթոռները իրարմէ շատ հեռու չէին դրուած, եւ մեր յաւերժ ըմբոստ Նահապետը բռնած էր Բելի հաստ օձիքէն եւ վճռած էր գործադրել հայկական տաք որոշում մը։ Քաջ Դաշնակցականները յաջողեցան Բաբելոնեան Բելի օձիքը ազատել Հայկի հաստաբազուկ ձեռքերէն, եւ շնորհիւ Ռամկավարներու, լռութիւնը տիրապետեց սրահին մէջ։
Խո՜ր լռութիւն, իրապէս ռամկավարական լռութի՛ւն…։

Հայ եւ օտար հազարաւոր աչքերու շողարձակումներուն տակ, նազելի գնացքով եւ կայսերական հանդարտութեամբ, ոսկեճամուկ ամպհովանիի մը տակ, երկու գեղանի նաժիշտներու ուղեկցութեամբ եւ Յարալէզ աստուծոյ մը բարապանութեամբ բեմ բարձրացաւ Շամիրամ թագուհին … Յարալէզ աստուածը բեմին մէկ անկիւնը բազմեցաւ իր չորս ոտքերուն վրայ։
Ամբողջ սրահը կարծէք շունչը բռնած էր ի տես Շամիրամի ճառագայթափայլ գեղեցկութեան։

Շամիրամի գեղեցկութիւնը արեւի պէս տաք հոսանքով մը ողողեց սրահը։

Ոսկեծոպ ամպհովանիի տակ՝ իր ծնրադիր երկու նաժիշտներու միջեւ կանգնած՝ Շամիրամ թագուհին նախ իր սեւածիր աչքերը պտըտցուց ամբողջ սրահին մէջ, եւ ստացաւ անհերքելի վկայութիւն թէ ինք գեղեցիկ է, ապա իր աչքերը ուղղեց սաղաւարտակիր նահապետներու շարքին. տեսա՛ւ Արա Գեղեցիկը, որուն կողքին, քիչ մը փլած, բազմեր էր Նուարդ խանումը, որուն համար 9000 տարիներ առաջ (հէյ կիտի երիտասարդութիւն…) Արայն Գեղեցիկ մերժելով մերժած էր հրավառ սիրահրաւէրը թագուհիներու թագուհի Շամիրամի…։
Շամիրամ թագուհի իր աչքերը առանց վերցնելու Արա Գեղեցիկի վրայէն սկսաւ իր ողջոյնի խօսքին, սրահի վայելչագեղ լռութեան մէջ, ուր շնչառութեան մուտքն իսկ կարծէք արգիլուած ըլլար:

— Կ՚ողջունեմ հայ ժողովուրդի ծննդեան տասհազարամեակը, կ՚ողջունեմ սրտագին, եւ հրճուագին ու դարերու կրակով մաքրուած նախանձով, որ — հաւատացէք — բարի է՝ իմ սիրոյս պէս:

Շամիրամ իր յուռութքները վար բերաւ իր կարապնային վիզէն եւ վարդաբոյր մատներով զանոնք հանգչեցուց իր կուրծքին երկու բարձրութիւններուն միջեւ։ Իր կապոյտ յուռութքները հայ եւ օտար հանդիսականներուն բերին երազ եւ անոնք կարծէք փոխադրուեցան հարիւր դար ետ…

Շամիրամ թագուհին իր յօնքերուն կամարը բարձրացնելով, իր սեւածիր աչքերը միշտ յառելով Արա Գեղեցիկի վրայ, շարունակեց իր ողջոյնի խօսքը.

— Կ՚ողջունեմ տասհազար տարիներէ ի վեր ապրող, չմեռնող եւ յաւերժութեան դիմող հայ ժողովուրդը: Եւ Ձեզ կ՚ողջունէ երբեմնի հզօրագոյն կայսրութեան հզօրագոյն թագուհին: Կ’ողջունեմ Արարատի լեռներու պզտիկ, բայց կայծքարի պէս կարծր ժողովուրդը, որ թէեւ միշտ մնաց «փոքր ածու» եւ չկրցաւ երբեք կայսրութիւն հիմնել (միջանկեալ յայտնեմ որ Ձեր Մեծ կոչած Տիգրանը կը գտնուէր իր կնկան եւ աներհօր լուծին տակ), բայց կրցաւ ապրիլ, ինչ որ կայսրութիւն հիմնելէ աւելի գերազանց կարողութիւն մըն է՝ հարիւր դարերու փորձաքարին առջեւ: Կայսրութիւն հիմնող եւ իրենց սեպագիրներուն մէջ ամպագոռ հպարտացող մեր ժողովուրդը անհետացաւ պատմութեան թատերաբեմէն, հակառակ իր ունեցած բազմաթիւ Յարալէզ աստուածներուն։ (Բեմի մէկ անկիւնէն իր գլուխը վշտագին խոնարհեցուց Յարալէզ աստուածը)։ Մինչդեռ հայ ժողովուրդը կտրեց ու անցաւ պատմութեան աղջամուղջը եւ հասաւ այս օրերուն, առանց Յարալէզ աստուածներ ունենալու։
Վասնզի՝
Մեր Յարալէզ աստուածները կ՚ապրին մեզմէ, մեր մարմինէն, մեր արիւնէն, մեր մտածումներէն, մեր կիրքերէն, մեր շունչէն, մեր վիշտերէն դուրս, մինչդեռ իւրաքանչիւր հայ իր մարմնին, իր արիւնին, իր մտածումներուն, իր կիրքերուն, իր շունչին, իր վիշտերուն մէջ ունի Յարալէզ աստուած մը։ Մինչդեռ Յարալէզ աստուածները պէտք է որ ապրէին մեր մէջ, պէտք է որ լուծուած ըլլային մեր արիւնին ու մեր շունչին մէջ :
Կարծէք իւրաքանչիւր հայ Յարալէզ աստուած մըն է, ինքզինք լիզող, ինքզինք կենդանացնող:

Շամիրամ թագուհին կը շարունակէր խօսիլ առանց իր աչքերը վերցնելու Արա Գեղեցիկի վրայէն։ Կարծէք Շամիրամ թագուհին տասհազարամեակի փառատօնին եկած ըլլար ողջունելու միմիայն Արան։ Շամիրամ վայրկեան մը շունչ առաւ եւ ապա շարունակեց.

— Ինչ որ պակսեցաւ հայ ժողովուրդին, պզտիկ, բայց կարեւոր բան մըն էր: Տեւելը հրաշալի բան է, բայց կարեւոր է աճիլը, մեծնալը … : Ատելութեամբ եւ ոխով ազգ մը կրնայ տեւել, բայց սիրով միայն կրնայ մեծնալ: Հայ ժողովուրդին տեւելը կարծէք վրէժխնդրութիւն մըն է բոլոր ազգերուն եւ բոլոր ժամանակներու դէմ: Հայը հայ կ՚ապրի՝ վրէժ մը լուծելու համար , ոխով, ատելութեամբ, դառնութեամբ եւ մասամբ նորին։ Մեծնալու համար անհրաժեշտ է սիրել: Եւ հայը անսէր ժողովուրդ մըն է եւ չի կրնար սիրել ու մեծնալ, ու պիտի չմեծնայ…։

Շամիրամ թագուհին, նայելէ ետք բեմին այն անկիւնը, ուր իր չորս ոտքերուն վրայ բազմած էր իր Յարալէզ աստուածը, շարունակեց իր խօսքերը, այս անգամ իր գեղեցիկ աչքերը նետի պէս արձակելով Արա Գեղեցիկին վրայ.

— Հայ ժողովուրդին նահապետը չկրցաւ սիրել նոյնիսկ ինծի պէս թագուհի մը…։

Ամբողջ սրահը, հայ թէ օտար, դէպի Արա Գեղեցիկը դառնալով, միաբերան գոչեց (շատ յիշեցնելով Հայ եկեղեցիի մէջ տէրտէրի բարեմաղթութեանց ատեն հաւատացեալ ժողովուրդի միահամուռ ամէնը).

— Ախմա՜խ…

«Սփիւռք», թիւ 6 (1965 փետրուար 17) եւ թիւ 7 (1965 փետրուար 24) (Հատուած — ուղղագրական եւ կէտադրական մանր փոփոխութիւններով)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *