ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
«…Գրական իմ ամեն մի գործում ես ջանում եմ վերստեղծել ինձ:
Իսկ նման ամեն մի փորձից յետոյ գտնում եմ, որ եղածը անբաւարար է»:
Յակոբ Կարապենց
Ճիշտ է, որ ամեն ինչ անկատար է ու անբաւարար։ Որքան ալ ապրիս կեանքդ, որքան ալ գրես, ինչ ալ ընես, դարձեալ անկատար կը մնայ ան ու նաեւ անբաւարար։
Այս մտորումներով է , որ իր կեանքը ֆիզիքապէս աւարտեց Յակոբ Կարապենց գրողը: Յակոբ Կարապետեան մարդը։
Կարապենց 1925-ին ծնած էր Պարսկաստանի Թաւրիզ հայահոծ ու գործունեայ պատմական քաղաքին մէջ: Երեք տարեկանին, ծնողքին անհամաձայնութեան պատճառաւ, կ՚ապրի մօրմէն հեռու: Կը յանձնուի հօրաքրոջ խնամքին: Կարօտով ու մանկական այլազան զգացումներով լեցուն անբնական մանկութիւն մը կ՚ապրի ան:
Ուսումնական տարիները.— Ռուսական մանկապարտէզ: Հայկական ու ֆրանսական տարրական: Պարսկական ու ֆրանսական միջնակարգ: Երիտասարդ տարիքին կը գաղթէ Ամերիկա, ուր երկու համալսարան կը յաճախէ բարձրագոյն ուսում ստանալու: Ահա Կարապենցին ուսումնական, մտային ու հոգեկան կազմաւորումը:
Իր ապրուստը հոգալու համար կը կատարէ այլազան գործեր: Տարիներու ընթացքին տարբեր ազգերու մշակութային ու գրական աշխարհներ, տիպարներ, այլազգի գաղթականներ, կը կուտակուին իր ներաշխարհին մէջ: Կը ծանօթանայ անոնց ապրած անհարթ կեանքին ու իր հակիրճ խորհրդածութիւնները կը յանձնէ թուղթին: Գրասէր էր ան ու ընթերցասէր: Իր առաջին պատմուածքը 1946-ին լոյս կը տեսնէ Թեհրանի Ալիք օրաթերթին մէջ: Կը հաստատուի Թեհրան: Կը դառնայ ապագային «Արարատ» անուանափոխուած մարզական ու մշակութային միութեան հիմնադիրներէն մէկը: Կը գրէ միութեան ոգերգը: Երաժշտութեան կը վերածէ նշանաւոր երաժիշտ Ռուբիկ Գրիգորեան։ Սիրուած ու գնահատուած երիտասարդ մըն էր Յակոբիկը,—ինչպէս կը կ՚անուանէին զինք պարսկահայերը,— Թեհրանի ազգային կեանքին մէջ: Իր ուսումը ամբողջացնելու նպատակով կը մեկնի Եւրոպա (Ֆրանսա եւ Անգլիա) ու անկէ ալ վերջնականապէս՝ Միացեալ Նահանգներ: Լրագրութեան եւ հոգեբանութեան վկայականները կը ստանայ Նիւ Եորքի Գոլումպիա համալսարանէն: Կ՚ամուսնանայ Ալիս Մինասեանին հետ: Կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Քրիստին եւ Սթիւ:
Յակոբ Կարապենցի կեանքին ու ստեղծագործական երկերու մասին անդրադառնալը մեծ հաճոյք է եւ միեւնոյն ատեն մեծ սրտնեղութիւն է ինծի համար: Հաճոյք, որովհետեւ մօտէն կը ճանչնայի զինք, որպէս մարդ, որպէս նկարագիր, որպէս գրող, որպէս հայասէր ու որպէս հայրենասէր: Ու սրտնեղութիւն, որովհետեւ ոչ միայն հայ եւ օտար գրողներուն ու անոնց ստեղծագործութիւններուն քաջածանօթ էր Կարապենց, այլ արդի հայ գրականութեան տաղանդաւոր գրողներէն էր, որ աւա՜ղ, իր գրական գործը չաւարտած, կանուխ մեկնեցաւ կեանքէն, հազիւ վաթսունինը տարեկան: Իր մահուան պատճառներն ու պայմանները մօտէն ծանօթ են ինծի ու այդ պատճառաւ ալ երբ իր մասին կը գրեմ սրտնեղութիւնս աւելի կը խորանայ: Բայց կայ մխիթարանք մը, հոգ չէ թէ այրած սրտի մխիթարանք ըլլայ ան, որովհետեւ ինչպէս յոյն, հին դարերու իմաստասէրները կ՚ըսէին, թէ «մեր կեանքի տեւողութեան տարիները այնքան կարեւոր չեն եւ ոչ ալ արժէքաւոր, որքան անոնց ներփակած բովանդակութիւնը»: Արդարեւ, կեանքիդ արժէք տուողը անոր բովանդակութիւնն է եւ ոչ թէ անոր կարճ կամ երկար ըլլալը: Ու անկասկած, Կարապենցի կեանքը բովանդակալից եղաւ երբ նկատի ունենանք իր ծանրակշիռ ու արժէք ունեցող կարապենցեան ստեղծագործական աշխարհը, որ ընդարձակ է ու բազմերանգ, հայադրոշմ ու մարդկային, բայց, դժբախտաբար, ոչ լրիւ:
Նեղ ու խորտուբորտ ճամբաներէն չքալեց ան, բայց քալեց եւ ստեղծագործեց ուղիղ ու լայն ճամբաներուն մէջ դեգերելով, ճակատաբաց ու մանաւանդ սրտաբաց, երբեմն քաջալերելով ու քննադատելով հայու իմաստալի ու երբեմն դժուարիմաստ գոյութիւնը Սփիւռքի ու հայրենիքի տարածքին: Երբ Կարապենցին նկարագրած աշխարհին մէջ կը մտնես, երբեմն գրողի մտքերուն մէջ կը նշմարես յատուկ կէտեր, թաքուն, ներտողային նկարագրութիւններ, որոնք, տպուելէն վերջ նոյնիսկ, հեղինակին կողմէ նշմարելի չէին դարձած: Արդարեւ, գրելը ընդոծին մղում մըն է, պիտի ըսէի մտային ներամփոփ ճամբորդութիւն մը, որուն հեղինակը այլազան աշխարհներ կը փոխադրէ ընթերցողը, առանց իր կամքին:
Ոեւէ լուրջ գրողի պարագային, իր ներքին մտասեւեռումներն ու մտայղացումները իր ստեղծագործութիւններուն մղիչ ուժը հանդիսացող գլխաւոր ազդակներն են: Կարապենցին հետ, մեր բազմաթիւ հանդիպումներուն, հայ եւ օտար գրականութեանց մասին մեր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին, սրտաբուխ մտքեր կը փոխանցէր ինծի: Այսպէս կ՚ըսէր ան.— Գրելու պահանջդ, ապրումներդ, ընթերցողիդ փոխանցելու ուղիղ ու ճշմարիտ միջոցն է: Թափած ինքնաբուխ ճիգդ, գրելու ինքնայատուկ լեզուդ, ոճդ, կեանքիդ տեւողութեան ստեղծուած անձնական ու ընդհանուր հարցերդ, ծանօթացած դէմքերդ ու անոնց յայտնած մտորումները, վերարտադրութիւններ են անկասկած, որոնք պէտք է առնչուած ըլլան իսկական ներաշխարհիդ հետ: Ամեն գրող իր նայածն է, որ պէտք է տեսնէ եւ լսածն է, որ պէտք է ըմբռնէ: Այս տրամաբանութիւնն ու մանաւանդ հասկացողութիւնը մեծ դեր կը խաղան գրողի ապագայ գործերուն մէջ: Տրամաբանական ու ըմբռնելի կերպով, տեսածդ ու լսածդ վերստեղծելն է կարեւորը: Բայց ընդունինք նաեւ, որ գրողին ապրած ճշմարտութիւնն ու երեւակայութիւնը, երբեմն կը նոյնանան նոյն հեղինակին ստեղծագործութեանց ընթացքին: Ընդունինք դաձեալ, որ ճշմարտութեան մէջ երեւակայութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան ու յաճախ խաբկանք կը պատճառէ գրողին ու անիրական աշխարհներու մէջ կ՚առաջնորդէ զինք: Գրողին համար ապրուածն է ճշմարիտ կեանքը, զոր պէտք է վերարտադրէ նոյնութեամբ: (Կարապենցեան այս բնածին ու իրապաշտ մտքերը, արեւմտահայերէնով նոյնութեամբ արտատպեցի հոս, ինծի համար, հինէն սովորութիւն դարձած ու հետս պտըտցուցած մնայուն ծոցատետրէս: Կարապենցին հետ գրական հարցերու մասին զրուցելը, դաստիարակչական մեծ հաճոյք էր ինծի համար):
Ընդունուած ճշմարտութիւն է, որ ճշգրիտ գրողը կեանքին հանդիսատես պէտք չէ դառնայ միայն, այլ մասնակիցը անոր, որովհետեւ միայն այն ատեն է, որ պիտի կարենայ մնայուն ու յաջող երկեր արտադրել: Արդարեւ, Կարապենցի գործերուն մէջ, իրական մարդիկ եւ իր նկարագրած ներաշխարհներուն իրական կեանքը կը զգացուին ճշգրտօրէն: Արտայայտիչ գրող էր Կարապենց, որ իր շրջապատը կը զննէր իրատես կերպով ու իր զննածը թուղթին կը փոխանցէր հեռատես զգացումներով: Իր հետապնդած նպատակներուն մէջ իրապաշտ էր ան: Կարապենց, իր ստեղծագործական պահերուն, իր ներամփոփ վայրկեաններուն, ժամերով իր ներաշխարհին մէջ կը մխրճուէր ու խորաթափանց կերպով ինքզինքը կ՚որոնէր: Անձնաորոնումի մէջ կը թաղուէր ան, որ դժբախտաբար չկրցաւ ամբողջութեամբ իր ներաշխարհը «պարպել», ինչպէս կ՚ըսէր յաճախ ինծի: Շատ մը գրողներու համար, նոյնիսկ նշանաւոր գրողներու, ընդունուած զգացում մըն է (ու նաեւ իրականութիւն) այս մէկը:
Արդի հայ գրականութեան անկեղծ ու ճշմարտախօս գրողներէն էր, որուն պատճառաւ սիրուած ու յարգուած էր Սփիւռքի գրական բոլոր շրջանակներուն ու հոսանքներուն կողմէ: Հայաստանի մասին, որու ապագայի նկատմամբ, Թորոնթոյի մէջ մեր ունեցած այլազան հանդիպումներուն ընթացքին, կը խօսէր մեզի մեծ ակնկալութիւններով ու հաւատքով։— Հայաստանի հզօրութիւնն ու յարատեւութիւնը գագաթնակէտը պէտք է հանդիսանայ մեր սփիւռքահայ կեանքին—, կը պնդէր ան յաճախ: Իր կարգ մը գործերուն հերոսը աշխարհասփիւռ հայն էր, իր ազգային գոյութեան սիրոյն յարատեւօրէն պայքարող հայը, հոգ չէ թէ երբեմն ապարդիւն կը դառնար այդ պայքարը ու կը թաղուէր հետը, օտար հողերուն մէջ: «Ես աշխարհը փրկելու պատրանք չունեմ: Եթէ կարողանանք ճշմարտութիւնը ասել այնպէս, ինչպէս որ է, ապա մասամբ հասած կը լինենք արդարութեան», գրած է տեղ մը Կարապենց: Ինծի ուղարկած մէկ նամակին մէջ (14 սեպտեմբեր 1971), կը յայտնէր ան.- «Հոգիս ուղղակի ջերմանում է, երբ լսում եմ, որ մեր ժողովուրդը հետաքրքրւում է հայ գիր ու գրականութեամբ: Ուրեմն, զուր չեն արուեստագէտի մենաւոր տուայտանքները: Միայն թէ վախենում եմ պատուանդաններից, որոնք յաճախ խորտակում են գրողներին: Հենց այդ պատճառով էլ աւելի խստապահանջ եմ դարձել իմ նկատմամբ»: Իր անձին նկատմամբ ու մանաւանդ իր ստեղծագործութեանց հանդէպ, իսկապէս «խստապահանջ» եղած է Կարապենց իր բովանդակ կեանքի ընթացքին: Իր տպուելիքները, բծախնդրութեամբ, վերստին ու վերստին աչքէ կ՚անցընէր ան։
* * *
Կարապենց, հայ գրականութեան «ճենթըլմեն» գրողն էր, որ ոչ միայն իր համեստ բնաւորութեան, այլ նաեւ իր մշակած ներաշխարհային հոգեհարազատ գրականութեան պատճառաւ կարողացաւ ընթերցողի սրտին խօսիլ թէ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ։ Արդար ըլլալու նպասակով, պէտք է ըսենք սակայն, թէ Հայաստանի մէջ Կարապենց անձին ընդհանրական ճանաչումը եւ իր գրականութեան հանդէպ ցուցաբերուած արդար գնահատումը ցարդ եղած է կիսկատար։ Այս մէկը, տարիներէ ի վեր, սփիւռքահայ որոշ գրողներու անընդունելի ճակատագիրը եղած է, մանաւանդ սովետական գրականութեան կողմէ անարդար կերպով «պիտակաւորուած» արժէքաւոր գրողներու ճակատագիրը։
Անցեալ տասնամեակին ու աւելին, մեր ունեցած վերջին անկախութեան ու շնորհիւ Հայաստանի գրողներու միութեան ջանքերուն ու կարգ մը անհատ մտաւորական գրաքննադատներու եւ յատկապէս Համազգային հայ հրթական ու մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակի տարած արդարամիտ ու լայնախոհ աշխատանքներուն, գոյութիւն ունեցող այդ անջրպետը, խրամատը վերջերս սկսած է նեղնալ, եւ յոյսով ենք եւ կը հաւատանք, որ շուտով ան ամբողջութեամբ պիտի անհետանայ։ Գրականութեան ու արուեստներուն մէջ, քաղաքական նեղմիտ դիրքորոշումներն ու վերէն հրահանգուած ու ստրկամտութեան առաջնորդող ուղղութիւնները չեն արժեւորեր որեւէ գրականութիւն ու ոեւէ գրող կամ արուեստագէտ, ինչպէս էր մեր գրական աշխարհը Հայաստանի մէջ, յատկապէս սովետական անբաղձալի տարիներուն: Վերեւ յիշուած այս կամրջումին մէջ, Կարապենց կրնայ առաջատարներէն դառնալ, ոչ միայն իր բարձրարժէք գրականութեան պատճառաւ, այլ նաեւ, որովհետեւ գրեց արեւելահայերէնով, պարզ ու խորիմաստ, զուլալ հայերէնով, առանց դարձդարձիկ, ոլորապտոյտ եւ անըմբռնելի ոճ մը գործածելու։ Կարապենցի լայնատարած ծանօթութիւնը հայրենիքի մէջ, կրնայ նպաստել արեւելահայ արձակի զարգացման, որովհետեւ անոր, արեւելահայ արձակը հարուստ է նաեւ արեւմտահայ բառապաշարով:
Ըստ իս, որեւէ գրականութեան մէջ պարզութիւնը ամենամեծ շնորհն է գրողին, ինչ լեզուով ալ գրէ ան։ Միթէ այս չէ՞ գրականութեան, ստեղծագործական արուեստին գերագոյն իմաստը՝ ըլլալ պարզ, անկեղծ, խորիմաստ ու հասկնալի։ Ու Կարապենց ունէր այդ ինքնուրոյն շնորհը: Ոճը: Կարողութիւնը:
Մի քանի լեզուներու եւ անոնց գրականութեանց քաջածանօթ գրողն էր ան:
Անձնապէս, իր բարեկամութիւնն ու մտերմութիւնը վայելած եմ երկար տարիներ, մինչեւ իր մահը՝ 1994-ի հոկտեմբեր 20-ին, որ պատահեցաւ անբուժելի կարճատեւ հիւանդութենէ ետք, Պոսթոնի իր վերջին բնակարանին մէջ, ուր ընտանիքին հետ հաստատուած էր, իր մահէն քանի մը տարի առաջ։
Կարապենց այն գրողներէն էր, որ մարդը գրողէն չես կրնար անջատել։ Անոնք զիրար ամբողջացնելով կը նոյնանան իրարու։ Կարդացէ՛ք Կարապենցը եւ ամբողջութեամբ կը ծանօթանաք Կարապենց մարդուն, որ հեզահամբոյր ու խոնարհ նկարագիր ունէր։ Պոռոտախօս ու ինքնահաւան գրող-մարդը չէր ան, եւ ոչ ալ մեծամիտ մտաւորականը:
Կարապենց, մինչեւ իր հանգստեան կոչուիլը, աշխատած է տասնեակ մը գործերու մէջ, որոնք գրելու նիւթեր պարգեւած են իր ստեղծագործական աշխարհին: 25 տարի (1954-1979) ան ղեկավարած է Միացեալ Նահանգներու Ամերիկայի ձայն հաստատութեան ռատիօ-հաղորդումներու հայկական բաժինը, ապահովելու համար իր ընտանիքին ապրուստը։ Հետաքրքրական աշխարհ մըն էր այս քաղաքական ու հասարակական բացառիկ աշխարհը Կարապենցին համար: Ան սփիւռքահայ գրողի իւրայատուկ տիպարն էր։ Օրնիբուն կ՚աշխատէր օրապահիկը ապահովելու, իսկ գիշերներն ու հանգստեան ժամերուն, կեանքի ընկերային որոշ պարտաւորութիւններէն հրաժարելու գնով, կը զբաղէր գրական աշխատանքներով։ Նոյն ձեւով ապրած ու ստեղծագործած էին Համաստեղը, Արամ Հայկազը, Բենիամին Նուրիկեանը, Վահէ Հայկը, Յակոբ Ասատուրեանը եւ ուրիշներ, իսկ Ֆրանսայի մէջ՝ Շահան Շահնուրը, Վազգէն Շուշանեանը, Շաւարշ Նարդունին, Նիկողոս Սարաֆեանը, Բիւզանդ Թոփալեանը, Կարապետ Փոլատեանը, Հրանտ Բալույեանը, Հրաչ Զարդարեանը, Զարեհ Որբունին եւ ուրիշներ։ Սփիւռքի մէջ հայ գրող ըլլալը եւ հայ գրականութեան ծառայելը՝ գերբնական ճիգ, կարգապապութիւն ու անսակարկ նուիրում կը պահանջէ։ Ու Կարապենց ունէր այս բոլոր յատկութիւնները։
* * *
Ազգային ըլլալով հանդերձ, Կարապենց համամարդկային ալ էր:
Ան կարողացաւ իր մշակած գրականութեամբ մեզի ներկայացնել ոչ միայն ամերիկահայ կեանքը, իր հայածին գաղթականներով, հայրենի հողը, իրենց բնավայրը մշտնջենապէս երազողներով ու անոր իղձով, տենչով ու կարօտով այրուողներով, այլ նաեւ ամերիկեան կեանքը, իր շրջապատը, իր այլազգի տարագիրներով, յատկապէս երկսեռ ամերիկացիներով, որոնցմէ շատեր յարաբերութիւններ մշակած էին հայ գաղթականներուն հետ:
Կարապենցը, մեր հայատառ Սարոյեանն էր, որոշ չափով անշուշտ, որուն անձին ու գրականութեան քաջածանօթ էր ու միշտ հիացումով կը խօսէր հայկական ծագում ունեցող աշխարհահռչակ գրողին մասին։ Բայց Կարապենց կեանքին մէջ արկածախնդիր չէր եղած Սարոյեանի նման։ Մեր խորաթափանց գրողն էր ան՝ առանց «տէրվիշական» ու հպանցիկ դրսեւորումներու, ինչպէս եղած էր Սարոյեան իր բովանդակ կեանքին ու ստեղծագործութեանց մէջ։
Սարոյեան կը թելադրէր Կարապենցին, որ անգլերէն գրէ։ «Հայերէն կարդացողները քիչ են», կ՚ըսէր մակերեսային մօտեցումով։ Կարապենց, ճիշդ է որ ամերիկեան մամուլին մէջ փորձեր կատարած էր, օրուան պատշաճ քրոնիկներ ու կարճ պատմուածքներ ուղարկելով անոնց։ Իսկ Համաստեղ, որուն հանդէպ մեծ հիացում ունէր, անընդհատ ու բուռն կերպով կը թելադրէր Կարապենցին, որ միայն հայերէն գրէ։ Կարապենց շուտով անդրադարձաւ, թէ ինք հայ գրող էր եւ թէ ամերիկեան գրականութիւնը իրեն պէտք չունէր եւ ոչ ալ ինք ամերիկեան գրականութեան։ Ինք հայ էր ու հայերէն պէտք է գրէր։ Ինք Հայաստան ունէր եւ զաւակն էր հայ ժողովուրդին։ Հայ գրականութեան պէտք է ծառայէր ու ծառայեց։ Հայութեան մէջ պէտք է ճանչցուէր ու ճանչցուեցաւ։ Իր հայ արմատներուն մէջ պէտք է արմատանար ու արմատացաւ: Ինծի համար գրականութեան մը պատկանիլը գրած լեզուովդ պայմանաւորուած է։ Միջազգային գրականութեան մէջ փաստացի օրինակներ շատ կան: Անոնք որոնք օտարալեզու հայ գրողներու վաստակը կը ջանան հայ գրականութեան մէջ ներմուծել, տրամաբանական կերպով կը սխալին։ Մենք կը սիրենք եւ կը յարգենք հայկական ծագում ունեցող օտարագիր բոլոր գրողները, ինչ լեզուով ալ գրեն անոնք, կը հպարտանանք իրենցմով, բայց չենք կրնար իրենց գործերը հայ գրականութեան սեփականութիւնը դարձնել։ Ուրիշ աշխարհ մըն է այս աշխարհը: Նիւթէն կը շեղիմ, բայց կ՚ուզեմ տալ մէկ օրինակ միայն։ Շահան Շահնուր, որ գրական բախումի մը տխուր պատճառաւ, որոշ շրջան մը հայերէն գրելէ դադրեցաւ ու ֆրանսերէն լեզուով բանաստեղծութիւններ սկսաւ գրել Արմէն Լիւբէն ստորագրութեամբ, ֆրանսական արդի գրականութեան մէջ մնաց լուսանցքային։ Բարեբախտաբար շուտով անդրադարձաւ իր սխալին եւ «Յառաջ»ի վերջին խմբագրին՝ Արփիկ Միսաքեանի բուռն կերպով արտայայտած արդարացի թելադրանքներուն վրայ, վերսկսաւ հայերէն գրել ու իր մահէն առաջ քանի մը արժէքաւոր գրքեր հրատարակեց, իր «Նահանջը առանց երգի» եւ «Յարալէզներու դաւաճանութիւնը» երկու հատորներուն թիւը բարձրացնելով հինգի կամ վեցի: Առհասարակ խոհագրութիւններ են այս վերջին գրածները: Ընդունինք, որ Արմէն Լիւբէնը շատ բան չ՚ըսեր ֆրանսացի ընթերցողին, բայց Շահան Շահնուրը շատ բան կ՚ըսէ հայ ընթերցողին։ Բայց անցնինք։
Կարապենցի գործածած լեզուն, որպէս բառամթերք, շատ հարուստ է: Ոճը ճկուն է եւ ինքնուրոյն։ Իր տեսածը, իր ապրումները, իր շրջապատի դէպքերն ու դէմքերը իրապաշտ կերպով թուղթին յանձնելու բացառիկ կարողութիւնը ունէր ան։ Ընթերցողը իր պատմածին հետ կապուած պահելու շնորհը, որ բնատուր էր ու անժխտելի։
Կարապենցին մեզի կտակած գրքերուն մէջ, ըլլան անոնք վէպ, պատմուածք թէ փորձագրութիւն, առհասարակ կը հանդիպինք հայ մարդուն, որ ինքզինքին հետ կը պայքարի իր ազգային ինքնութիւնը յարատեւ դարձնելու մտասեւեռումով։ Երբեմն կը յաջողի ու երբեմն չի յաջողիր, Ամերիկայի նման կամ Սփիւռք կոչուած քաոսին մէջ։ Ինքնաճանաչումի եւ ազգային գիտակցութեան այս հրատապ հարցերը մտատանջութիւն էին Յակոբ Կարապենցին համար։ Շատ գրողներու նման, գրիչով, մտային ու զգացական պայքար տանող մըն էր ան ու իր գրական արուեստով, « սիզիֆոսեան» յարատեւ ճիգ մը կ՚ապրէր զգալի արդիւնքով: «Կատարեալին հասնելու ճիգը գրողին գլխաւոր նպատակը պէտք է լինի», գրած է Կարապենց հաստատ կերպով։
Կարապենցին արուեստը եղած է կատարեալին հասնելու յարատեւ ճիգ մը, հոգեկան ներքին պայքար մը։ Անցեալի կարօտը, հայրենիքի կարօտը մեծ դեր ունեցած են իր հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ։ Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ, պրպտող ու թափանցող միտք մը ունէր Կարապենց։ Ան կը մտածէր, թէ արդեօ՞ք «Նոր աշխարհի հին սերմնացանները» (Կարապենցի լաւագոյն գիրքերէն), իրենց հայութեան ու հայրենի հողին հանդէպ ունեցած կարօտով է, որ պիտի մեռնին օտարութեան մէջ, իրենց համար անհարազատ հանդիսացող միջավայրին մէջ, կամ հայութենէ պարպուելով պիտի իյնան նահանջի տատասկոտ ճանապարհներուն վրայ ու բոլորովին անհետանալու դատապարտուած։ Ու նոյն գրքին մէջ կը գրէ ան. «Իրենք այն են, ինչ որ են: Ոչ աւելի, ոչ պակաս: Եւ խրամատը թէ խորանում է եւ թէ տարծւում է: Հայրերը եւ նրանց հայրերը տակաւին հաշտ չեն աշխարհի հետ: Անոնք հաշտ չեն նոյնիսկ իրենց հետ: Կասկածով են նայում ամեն կողմ եւ ամեն ինչ վերագրում են ճակատագրին: …Բեկուել է նրանց հոգին, թեքուել նրանց տեսլադաշտը եւ դիւահարի պէս օրը հազար անգամ նրանք ապրում են մարտիրոսների մահը: …Ամերիկայում գտնուելով հանդերձ, նրանք Ամերիկայում չեն ապրում»: Վերոյիշեալ հատորին մէջ, Ջէֆըրսոն Ա.Մ.Ն. խորագրով յաջող գրութիւն մը ունի Կարապենց, որ կը նկարագրէ Հիւս. Ամերիկայի մեծ ու փոքր, որեւէ անուն ունեցող քաղաքին մէջ ծուարած հայու բեկորներուն իսկական ու անխուսափելի ազգային մտահոգութիւնները. «…Հայերը Ջէֆըրսոն են հասել աշխարհի գրեթէ բոլոր կողմերից։ Տարագիրներ, տարագիրների այս երկրում։ Ոմանք մի քանի տարագրութիւն են տեսել… Այսուհանդերձ, հայերի համար Ջէֆըրսոնը այնքան աշխարհագրական յենակ չէ, որքան հանգրուան։ Եկել են բուժելու իրենց վէրքերը, ոտքի կանգնելու եւ վերադառնալու տուն։ Երկիր։ Ու մնացել են։ Մնացել են, խորացել ու թախծոտել։ Հին սերունդը յուշերով է ապրում։ Միջին սերունդը ընկել է երկու քարերի արանքում։ Իսկ նոր սերունդը փարթամ բոյսի պէս մեծացել, դարձել է ամերիկացի յաճախ խարխափելով իր ազգային ծագման խորհրդաւոր կածաններում։ Ու տառապում են բոլորը, մեծով ու պզտիկով։ Սակայն այդ տառապանքը այնքան մարմնական չէ, որքան հոգեկան։ Եւ որքան մեծ է տառապանքը, այնքան ամուր է յարատեւելու կամքը…»։ Իրապաշտ երեւոյթներ:
Սփիւռքի հայութեան սիրտն ու կեանքը կոտտացնող այս խորազդեցիկ վէրքերը միայն Կարապենցին վէրքերը չեն եղած անշուշտ, այլ համայն սփիւռքահայութեան։ Կարապենցին համար սակայն, անոնք, մինչեւ իր վաղահաս մահը, մնացին իր հայահալած մտորումներուն մէջ։ Կարապենց իր կեանքի տեւողութեան պատմուածքներու վեց հատոր հրատարակած է, երկու վէպ եւ մէկ խոհագրութիւն, օտար բառով՝ «էսսէ»։ Բոլոր գործերուն մէջ ալ, հայութիւնը, հայը, Սփիւռքը, Հայաստանը ու այս բոլորին չարչրկող մտահոգութիւնները, առաւել կամ նուազ չափերով, դրական ու բացասական կերպերով, ներկայ են իր ներաշխարհային մտորումներուն մէջ՝ իրապաշտ ու խորիմաստ մօտեցումներով։ «Ադամին գիրքը» վէպին հերոսը՝ Նուրեան, (նոյն ինքն Կարապենց), Հայաստան կ՚այցելէ օւ տեղ մը կ՚ըսէ, (կը գրէ). «Ստեղծագործելու համար անհրաժեշտ է ժողովուրդ, երկիր ու պետութիւն…Ամեն ինչ ոչնչանում է, մնում է միայն հայրենիքը, հողը ու անոր վրայ ապրող ու տոկացող ժողովուրդը…»։ Իր ծրագրած «Ադամ Երկրորդի գիրքը» (վէպ), չհասաւ գրելու: Նոյնիսկ զայն սկսած էր գրել կամ ոչ, չեմ գիտեր: Անոր մասին միայն կը խօսէր ինծի: Վէպ մը պիտի ըլլար ան, որ անկեղծ մօտեցումներով, իր իսկական կեանքն ու իր ապրած շրջապատը պիտի տար մեզի, իր թաքուն ծալքերով, առանց քօղարկումներու: «Այս գրուելիք գրքիս մէջ, անձս բզիք-բզիք պիտի անեմ», կ՚ըսէր ան յաճախ ինծի: Բայց ուրիշ գործերու նման, այս «բզիկ-բզիկ»ն ալ չհասաւ գրելու: «Վաղուան գրելիքս աւելի կարեւոր էր լինելու», ըսաւ ու գնաց… Ու ՎԱՂՆ ալ իր հետը տարաւ:
* * *
Կարապենցի «Անծանօթ հոգիներ» (1970) պատմուածքներու առաջին հատորին մէջ Մի մարդ եւ երկու շիրիմ դիպուկ եւ յաջող պատմուածք մը կայ, որուն հերոսը՝ նոյնինքն Կարապենց, կը խորհրդածէ. «Ուզում եմ շօշափել Հայաստանի հողը, ուզում եմ տեսնել Հայաստանի երկինքը, ուզում եմ լսել հայ ժողովուրդի ձայնը, ուզում եմ զգալ այն բոլորը, որը յուզել ու ներշնչել է Չարենցին»։
Կարապենցի գրիչէն ու հոգիէն բխող այս զգացումները, նոյն զգացումներն էին (եւ են տակաւին) հազարաւոր տարագիրներու, գաղթականներու, որոնք օտար հողերու վրայ նետուած էին (եւ են տակաւին) անկախ իրենց կամքէն ու զգացումներէն։ Այսպէս կը զգան Կարապենցի նկարագրած հերոսները։ Այսպէս կը զգար նաեւ ինքը՝ Կարապենցը։ Իսկ վերջին անկախութենէն ետք, հայ փախստականներու արտագաղթը Հայաստանէն կոտտացող բաց վէրք մըն էր Կարապենցին հոգիին մէջ, որ հետը տարաւ անդենական։ Քանի մը առիթներով Հայաստան գնաց ան , թէ սովետական օրերուն եւ թէ վերջին անկախութեան սկիզբի խառնակ ամիսներուն: Այցելեց ամեն կողմ, մանաւանդ սահմանապահ դիրքերու կամաւորական խումբերուն: Ջերմ կերպով ու հպարտօրէն համբուրեց կամաւոր տղոց ձեռքերն ու բռնած զէնքերը, զարմանք պատճառելով շուրջիններուն: Կռուող տղոց հետ ըլլալով, հպարտ էր ան եւ ուրախ: Ազատագրուած հայրենիքը իրեն համար մեծ նշանակութիւն ունէր:
Դժբախտաբար սակայն, դարանակալ հիւանդութիւնը թոյլ չտուաւ, որ իր հայրենի տպաւորութիւններուն եւ զգացածներուն ներաշխարհը գրքի վերածէ: «Ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու մեր պապերի տարիների երազանքը իրականացաւ, սիրելիս: Հոն է մեր ապագան: Հոն պէտք է փոխադրուինք բոլորս», ըսած էր հեռաձայնով ինծի, իր անակնկալ մահէն քանի մը տարի առաջ, Հայաստանէն վերադարձին: Ու Հայաստան մնաց իր կեանքի վերջին տարիներու զգացումներուն իսկական յենակէտը: Թէեւ մտահոգ, բայց իսկապէս խանդավառ էր: Ու այդ զգացումներով ալ սուսիկ-փուսիկ մեկնեցաւ կեանքէն, բայց ոչ զինք սիրողներէն ու իր գրականութիւնը գնահատողներէն:
Յակոբ Կարապենցի համար, յատկապէս ամերիկահայերու պարագան, իր շնչած շրջապատը, իր նկարագրած երեւոյթները, փոխադարձ յարաբերութիւնները, ընդհանրապէս այլասերած հերոսները, օտարի հողերուն վրայ սպասելի ապագան, օտարացած եւ ինքնախաբէութեամբ լեցուն, «Ամերիկեան շուրջպար» մը պիտի ըլլայ արդարեւ, մէջքէն վար ոտքերու պար մը պարզապէս, առանց հայկական զգացումի ու ոգիի, բան մը որ մեծ ցաւ կը պատճառէր իրեն: Իր միայնակ աշխարհին: Իր ապրած կեանքին: Մեր տան շուրջը կատարած հակիրճ պտոյտներու ընթացքին, յաճախ կը խօսէի իրեն այս անխուսափելի «ամերիկեան շուրջպար»-ի մասին: Գրեթէ չէր պատասխաներ: Աջ ձեռքը միայն կ՚երկարէր ուսիս, մեղմօրէն կը սեղմէր կրծքին ու տխուր ձայնով կ՚ըսէր. «Հայաստան: Հայաստանն է մեր ժողովրդի միակ փրկութիւնը: Մեր հողերը, մեր հողերը: Հոն է թաքնուած մեր ազգի ապագան: Ամերիկեան շուրջպարը, իր այլասերած մասնակիցներով, Սփիւռքի մէջ ապրող հայերի ապագան է»: Չէի խօսեր: Աչքերս լեցուն կը նայէի իր լեցուած աչքերուն: Ասիկա էր բուն Կարապենցը:
Իր սրտաճմլիկ թաղման օրը, 25 հոկտեմբեր 1994, Թորոնթոյէն, զինք սիրողներու ու իր գրականութիւնը գնահատողներու խումբով մը, ներկայ եղանք Գէմպրիճ քաղաքի (Պոսթոն) Մաունթ Աբըրն անունը կրող գերեզմանատան մէջ: (Հիւանդութեան նոյն տարուան ամիսներուն, հեռաձայնով, խստիւ պահանջած էր, որ իր մօտ չերթանք: Չէր փափաքեր, որ զինքը անմխիթար վիճակով տեսնենք: Չգացինք: Թաղման հոն էինք սակայն: Ազգային թաղում տեղի ունեցաւ: Վերջին հեգնանք: Հայապաշտ ու հայերէն գրող Կարապենցի թարմ դամբանին վրայ, այժմ միայն անգլերէն գիրերով գրուած է իր անունն ու գրչանունը: Hagop Karapenz։ Այս հեգնանքին ալ ականատես պիտի ըլլայինք դժբախտաբար: Եւ մտածել, որ ազգային թաղում մըն էր եղածը…: Երբ այս հեգնանքը, Էլիզը վրդովումով յայտնեց Կարապենցի կնոջ, Ալիսին, ան, անտարբեր շեշտով ըսաւ անգլերէնով,— Ատոր մասին երբեք չէի մտածած: Բայց այս մէկը, Կարապենցի նկարագրած ամերիկահայ հերոսներուն, միթէ գալիք վախճանը չէ՞… «ամերիկեան տխուր շուրջպար» մը չէ՞ միթէ:
Որպէսզի կարենանք գրողի մը մասին կարծիք յայտնել, հաւնիլ կամ չհաւնիլ իր գրածները, իր անձը, պէտք է իր գրածները լրիւ կարդացած ըլլանք։ Կարապենց միշտ ներկայ եղած է կեանքիս մէջ, իր «Անծանօթ հ ոգիներ»էն մինչեւ իր վերջին հատորը, «Մի մարդ ու մի երկիր» (1994), մինչեւ իր «Երկու աշխարհ» փորձագրութիւններու խորիմաստ հատորը, ուր կը խօսի հայ եւ օտար հանրածանօթ գրողներու մասին։ Ան այս հատորին մէջ կ՚արծարծէ նաեւ գրական, հոգեբանական բնոյթ ունեցող հարցեր։ Յակոբ Կարապենց գրական հարուստ ներաշխարհ մը ունէր, որ կարելի եղածին չափ զայն արտադրած է իր հրատարակած երկերուն մէջ: Մշակած է գրական այլազան սեռեր: Ան ունի բանաստեղծութիւններ, պատմուածքներ, վէպեր, խոհագրութիւններ (էսսէ), թատրերգութիւններ, բազմաթիւ յօդուածներ (գրական, հասարակական, քաղաքական, ազգային հարցերու շուրջ եւ այլն եւ այլն), կատարած է թարգմանութիւններ, տուած է բազմաթիւ դասասօսութիւններ: Իր հրատարակած գործերն են.
1. Անծանօթ հոգիներ (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1970.
2. Կարթագէնի դուստրը (վէպ), Պէյրութ, 1972.
3. Նոր աշխարհի հին սերմնացանները (պատմուածքներ), Պէյրութ, 1975.
4. Միջնարար (պատմուածքներ), Նիւ Եորք, 1981.
5. Ադամի գիրքը(վէպ), Նիւ Եորք, 1983.
6. Ամերիկեան շուրջպար (պատմուածքներ), Նիւ Եորք, 1986.
7. Անկատար (պատմուածքներ), Նիւ Եորք, 1987.
8. Երկու աշխարհ (գրական-իմաստասիրական խոհագրութիւններ), Ուոթըրթաուն, 1992.
9. Մի մարդ ու մի երկիր (պատմուածքներ), Ուոթըրթաուն, 1994:
Կարապենցի կենդանութեան տպուած այս գործերուն շարքին, Երեւան հրատարակուած են կարապենցեան հետեւեալ հատորները՝ պետական պատուէրով.
1. Երկեր, գիրք առաջին (պատմուածքներ), կազմեց Ստեփան Թոփճեան: Յառաջաբանը, որ ուշագրաւ է ու տեղին, գրած է անուանի գրաքննադատ, ակադեմիկոս դոկտ. Հրանտ Թամրազեանը:
2. Ամերիկեան շուրջպար (առանձին պատմուածք), 1994: Յառաջաբանը գրած է կարապենցագէտ, մշակութային գործիչ Սէյրանուհի Գեղամեանը:
3. Պատմուածքներ, Գրաբեր հրատարակչութիւն, Երեւան, 2008:
Այս պատմուածքներու բովանդակութիւնը կազմած ու յառաջաբանը գրած է նոյնպէս Սէյրանուհի Գեղամեանը:
Յակոբ Կարապենցի գործերէն, ընտրովի, մեծաւ մասամբ Թաթուլ Սոնենց-Փափազեանի կողմէ անգլերէնի թարգմանուած հատորն է.- «Return & Tiger and Other Short Stories», 1995, Watertown:
Իսկ «The Widening Circle and Other Early Short Stories», 2007, Պոսթոն, Կարապենցի անգլերէն լեզուով գրած պասմուածքներուն մէկ հատորն է, որ հրատարակուած է Արա Ղազարեանի հսկողութեամբ ու պատշաճ յառաջաբանով։ Հոս նշանակելի է յիշել, որ Պոսթոնի շրջակայքին մէջ, Արլինկթըն, ուր կը գտնուի «Հայ մշակութային հիմնարկութիւն» անունը կրող գրադարան-թանգարանը եւ ուր յատուկ սենեակ մը յատկացուած է գրագէտ Յակոբ Կարապենցին եւ ուր կրնանք գտնել ոչ միայն Կարապենցին ամբողջական գրադարանը, հայ եւ օտար լեզուներով, այլ նաեւ այլազան իրեր, գրիչներ, թերթեր, յատկանշական լուսանկարներ (բոլորն ալ թորոնթոբնակ արուեստագէտ լուսանկարիչ Գալուստ Պապեանի ոսպնեակէն նկարուած) ու յատկապէս իր գործածած հնատիպ գրամեքենան: Մշակութային այս հաստատութեան պատասխանատու, գրադարանավար ու գործունեայ մտաւորականը, Արա Ղազարեանը, Կարապենցին ճիգերով միաւորուած թղթածրարներէն օգտուելով, 1999-ին, գրողի մահէն հինգ տարի ետք, կը հրատարակէ հոյակապ հատոր մը, ուր կը գտնենք Կարապենցի բոլոր գործերուն ու իր մասին, մամուլին մէջ հրատարակուած յօդուածներուն տիտղոսներն ու ու յօդուածագիրներուն ամբողջական անունները, ուր հրատարակուած ըլլալը, այլազան գրքերու գրախօսականները, (անուններ միայն), մէկ խօսքով կարապենցեան մանրամասն ու լրիւ «Մատենագիտութիւն»-ը, որ խորագիրն է նաեւ այս անզուգական հատորին: Արա Ղազարեանի թափած ճիգերուն արդիւնքն է նաեւ, 2009-ին Պոսթոնի մէջ հրատարակուած «Մտորումներ» կարապենցեան հատորը, ուր ամփոփուած կը գտնենք, մամուլին մէջ, «Հայրենիք», «Նոր կեանք», «Հորիզոն» եւ այլուր տպուած ու ցրուած, Կարապենցի, ժամանակակից հարցերու մասին գրած գրեթէ բոլոր յօդուածները: Արային կատարած այս ու ասոր նման բոլոր աշխատանքները, (հետազօտուած ու տպուած), երախտաշատ գործեր են արդարեւ:
Կարապենցի գրականութիւնը գնահատողներուն կը մնայ իր գործերը վերահրատարակել ամբողջութեամբ: Կարապենցին արժանավայել գործ մը պիտի դառնայ այս մէկը։ Տարիներ առաջ, ինչպէս գրած եմ վերը, Երեւանի մէջ որոշ փորձեր կատարուած են արդէն։ Մեզի կը մնայ ամբողջացնել սկսած այս կարեւոր աշխատանքը։ Անկասկած Կարապենցի գործը պէտք է փոխադրուի Հայաստան։
Գրասէր նոր սերունդին սեփականութիւնը պէտք է դառնայ ան: Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, Երեւանի եւ Թորոնթոյի մէջ, Կարապենցի անունով հիմնադրամներ ունի եւ գրական մրցանակներ հաստատած է, ու ամեն տարի զանոնք կը տրամադրէ երիտասարդ գրողներուն ու գրաքննադատներուն (Երեւան) եւ գրականութեան մէջ առաջնակարգ հանդիսացող Հ.Օ.Մ.-ի Ամենօրեայ վարժարանի այդ տարուան շրջանաւարտ աշակերտներուն (Թորոնթօ)։
Մեծ ուրախութեամբ տեղեկացայ նաեւ Յակոբ Կարապենց անունը կրող երեւանեան միջնակարգ դպրոցի ու նաեւ հոն զետեղուած կարապենցեան ազդեցիկ թանգարանի մասին, ուր կրնաս ծանօթանալ Կարապենցի ստեղծագործութիւններուն ու ապրած կեանքին: Հոն կան զանազան գրութիւններ, թղթակցութիւններ, իր մասին խօսող թերթեր, ուղարկուած եւ ստացուած նամակներ, առիթներով նկարուած լուսանկարներ, որոնցմէ գրեթէ բոլորը նոյնպէս Գալուստ Պապեանի նկարածներն են։
Հայաստանի մէջ, ներկայիս կարծես դրական բաներ կը պատահին, ինչ որ հրճուանք կը պատճառէ Կարապենցը սիրողներուն ու զինք յարգողներուն։
Կը խոնարհիմ Կարապենցի անունին ու իր գրական արժէքին առջեւ։
Թող իր ներկայութիւնը, իր ստեղծագործած գրականութեան միջոցաւ, յաւերժանայ Սփիւռքի եւ յատկապէս Հայաստանի մէջ։
Կարապենցը, ամեն գնով, արժանի է այս յաւերժացման։ Արդի հայ գրականութեան արձակի լաւագոյն ներկայացուցիչներէն է ան։ Կ՚արժէ զինքը փնտռել եւ իւրացնել։
Գիւղ Ուշի