ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Հայերէն blog-ը երկու տարեկան է։
Առիթն է, որ անոնք, որոնք երբեք չեն լսած իր մասին, գաղափար մը ունենան, թէ ի՞նչ է, ի՞նչ կ՚ընէ այս կայքէջը, ի՛նչ կ՚առաջադրէ։ Իսկ, անոնք, որոնք արդէն անոր այցելուներն են, պարբերական թէ յաճախակի, առիթ ունենան աւելի մօտէն ծանօթանալու անոր հիմնադրին, վարիչին, խմբագրին, ոգիի՛ն։ Այսինքն՝ Իշխանին։Իր ակադեմական ասպարէզին բերմամբ ծուարած Գերմանիոյ մէկ անկիւնը՝ Իշխան Չիֆթճեան հայ գիր ու գրականութիւն ծանօթացնելու, այլեւ հայ գիր ու գրականութեան զա՛րկ տալու աշխատանքին է լծուած։
Ան սիրով ընդառաջեց պատասխանել հարցումներուս։
Վ-Ա. — Իշխա՛ն, մեր այս զրոյցին վերնագիր ընտրեցի վերեւի հինգ բառերը, իրենց բազմակէտով, որոնք կ՚երեւին կայքէջին մասին գրուած «Հայերէն blog — Առաջադրութիւններ» գրութեան մէջ։ Հետաքրքրական է այդ պարոյկը, որ զետեղուած է վերջին բառին վրայ։ Սկսինք այդ պարոյկին ետեւ օրին թերեւս անպատասխան մնացած առաջադրանքէն, որ սակայն անցնող երկու տարիներուն ինքնաբերաբար բացայայտուեցաւ, առանց աւելորդ բացատրութիւններու։ Ուրեմն, կրնա՞ս ուրուագծել կայքէջին ստեղծման գաղափարն ու կտրած ճամբան։
Ի.Չ. — Կը մատնանշես հարցնող որովհետեւը՝ որովհետե՞ւ։
Լաւ ընտրած ես զայն։ Բացայայտիչ, բնորոշիչ պահ մըն է այս անպատասխան հարցումը, որ պատասխանահարցում մըն է՝ հարցում եւ պատասխան միաժամանակ։ Հռետորական հարցում չէ, հարկաւ, որուն պատասխանը գիտենք կամ կ՚ենթադրենք, այլ կ՚ուզէ հարցումը պահել ու երկարել, իբրեւ գալիք։ Հարցումով կենալ վերջաւորութեան, եթէ կ՚ուզես, որովհետեւ հարցումը վերջին մնացողն է։
Ինչո՞ւ ճամբայ ելլել։ Կարելի էր պարզապէս այսպէս ձեւել հարցումը։ Ճամբայ ելլելը, սկսիլը որովհետեւ հարցո՞ւմ կը շալկեն։ Որովհետեւի՞ ուղղուած են։ Ես համաձայն չեմ։ Ես ելլելուն համաձայն եմ, ոչ՝ որովհետեւ-ին։ Ելլել առանց որովհետեւ-ի։ (Ստուգաբանական իմաստով ալ, կը խորհիմ, որովհետեւ-ը ուրիշ բան չէ, այլ այն, որ յետոյ կու գայ, տուեալ նիւթին հետ։ Որովհետեւ-ով թող զբաղին անոնք, որոնք զբաղիլ կ՚ուզեն։ Որովհետեւ-ով անուղղակի, միա՛յն անուղղակի զբաղած է պլօկը իր ամբողջ գոյութեամբ)։ Ան է հարցը, որովհետեւ ան է, որ չի պատահիր։ Ելլելը իբրեւ ելք նաեւ։ Ուրեմն, ճամբայ ելլելը կայ եւ որովհետեւ-ի կարիք չունի։ Ճիշդ այնպէս ինչպէս որեւէ մամուլ-հանդէս կամ ձեռնարկ կը սկսի, կը հատէ ճամբայ, իր գոյութեամբ կրնայ պատասխան մը ըլլալ ելլելուն, ճամբուն եւ որովհետեւ-ին։ Հոն որովհետեւը պարոյկ ստանալով ինքզինք կ՚առաջնորդէ մինչեւ ոչնչացում։
Վ-Ա. — Ուրեմն, ինչո՞ւ այդ կասկածը կամ անորոշութիւնը ստեղծել։ Արդեօք սկզբնական մտավախութի՞ւն մը, թէ գուցէ ձախողիս նախաձեռնութեանդ մէջ, կամ չստանաս արդիւնքը, որ կ՚ակնկալէիր։ Կամ դուն քեզի ինքնավստահութի՞ւն ներշնչելու համար… Անշուշտ յետադարձ հայեացքով այս բոլորը երկրորդական կը դառնան, եւ գործը ինքնին խօսուն վկայ է։ Ուրեմն, շարունակէ, ի՞նչ էր ճիշտ նպատակդ։
Ի.Չ. — Որեւէ հարցում կասկած կամ անորոշութիւն չէ, գոնէ իմ պարագայիս, այլ՝ որոնումի սկզբունք։ Ըստ երեւոյթին, շատ յստակ չէ վերը կատարած բացատրութիւնս։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ որովհետե՞ւ, որովհետեւի՞ կը սպասէք։ Ես որովհետեւ-ի չեմ սպասեր, անոր կարիքն ալ չեմ զգար։ Այսինքն կասկածին ու անորոշութեան ճիշդ հակառակը։ Կասկածն ու անորոշութիւնը կը թողում Սփիւռքի մէջ մշակութային ծառայութեան նուիրուած գիտակից կամ անգիտակից մարմիններուն, երեւելի եւ աներեւոյթ, որոնք գիշեր-ցերեկ իրենց իսկ ինքնավստահութիւնը կը կործանեն, կասկած եւ անորոշութիւն կը սերմանեն, ուզելով եւ չուզելով, նախաձեռնողի իրենց սահմանները այնքան կը նեղցնեն, որ իրենց գոյութիւնն իսկ կը դառնայ աժան երգահանդէսի ու պարահանդէսի խամաճիկ։ Եւ իրենց այս վիճակին ոչ թէ գիտակից չեն միայն, այլ նոյնիսկ հպարտ ալ են անով…։
Կը խորհիմ, որ կայքէջին գլխաւոր գաղափարն է համացանցի դարաշրջան հասցնել արեւմտահայերէնով արտադրուող ու արտադրելի գրական ճիգը։ Երբ ճիգ կ՚ըսեմ, որոշ համեստութիւն մը չէ, որ կը խաղամ։ Ճիգը կը ներառէ գրական կարելի եւ ներկայ բոլոր մակարդակները։
Մեր նպատակը չէ միջակութիւններ սնուցանել կամ բուծանել։ Առաջին հայեացքով կարելի է թերեւս գտնել տեղ-տեղ ոչ այնքան «բարձր» ճաշակի արտադրանքի գրական կտորներ։ Բայց, ներողութիւն, ամենէն ընտիր գրական հանդէսներն իսկ, հայ կամ օտար, ունեցած են եւ ունին նման ուղեկիցներ, կողմնակի երեւումներ, եթէ կ՚ուզէք։ Հարկ է գրական մամուլը թղթատել։ Մեր նպատակը գրականութիւն եւ գրականութեան համար մթնոլորտ ստեղծել է։ Կրնա՞ս մատնանշել այդպիսի գործելադաշտ մը, որ այսօր, այս նպատակը կը հետապնդէ։ Գրական փորձեր քով քովի դնե՞լ է միայն գրական հանդէսի մը «առաքելութիւն»ը։ Այդ է արդէն պատճառը, փաստօրէն առաքելութիւն չունեցողներու արջառն է պատճառը, որ այսօր գրական ճահիճ կը պատրաստուի մեր շրջապատին մէջ։
Գրականութիւնը ոչ թէ սովետական իմաստով փողոց իջնելու է, ամէն մանուկի բերանը Շիրազի կամ Սեւակի տողի վերածուելու ի խնդիր, դառնալով ոչ միայն ընտրանիի, այլեւ լայն շրջանակներու սեփականութիւնը, այլ՝ գիրը, գիրականը դառնալու են դէպի օր եւ առօրեայ։ Ահա կարեւոր նպատակ մը, որուն իրագործման ուղղուած է մեր էջը։ Մեր ամենէն շատ կրկնած թելադրանքներէն մէկն է՝ տետրակ մը ունենալ պայուսակին մէջ, թէեւ այսօր ելեկտրական տետրակներու մասին է հարկաւ խօսքը, ու գրուելու արժանին գիրի վերածել։
Վ-Ա. — Իշխան, թոյլ տուր, որ այստեղ փոքր փակագիծ մը բանամ։ Մեծ հայրս ալ գրոց-բրոց էր, թէեւ վերջին հաշուով բան չմնաց իրմէ։ Կը սիրէր յանգաւոր գրել։ Կարեւորը այդ չէ, սակայն. մահճակալին քով գրատախտակ մը ունէր, ու կ՚ըսէր, թէ գիշերը, պառկած ատեն, եթէ աղուոր գաղափար մը կամ բառակապակցութիւն մը գար միտքը, կ՚ելլէր ու անմիջապէս կաւիճով կը գրէր այնտեղ, որպէսզի մինչեւ առաւօտ մտքէն անհետացած չըլլային այդ բաները։ Ահա այդ գրատախտակին է, որ կ՚ակնարկես այստեղ։
Ի.Չ. — Չեմ գիտեր, թէ մեծ հօրդ գրատախտակին վրայ որքան բառ ու բառակապակցութիւն կը բաւէին։ Մեր ունեցած «գրատախտակը» բաւական լայնածաւալ է։ Գրել-սրբելը կարեւոր արարքներ են բոլոր գրողներուն ալ համար։ Ինչ որ որոշ ընդունելութեան մը սահմաններէն ներս կ՚իյնայ, նաեւ արժանի է արձանագրուելու ե՛ւ պահուելու։
Հայերս շատ հեռացած ենք գրաշխարհէն. գաղտնիք չէ կարծեմ։ Ո՞վ, ի՞նչ առիթով գրիչ կը շարժէ, բացի «դասական» գրողներէն։ Եւ ինչո՞ւ միայն դասական գրողներու մենաշնորհը պիտի ըլլայ գրելու արարքը։ Գոյութիւն ունի հարկաւ բարձրաճաշակ գրականութիւն, աւանդութեան մէջ մտնող, աւանդութեան մարտահրաւէր կարդացող ու աւանդութիւն ստեղծող։ Մեր քով ալ կրնաք գտնել նման կտորներ, եթէ կարդաք մեր էջը։ Կան կատակախաղեր, քերթուածներ, յուշեր ու թարգմանութիւններ, որոնք, այո, միայն մեր քով կրնաք… համտեսել։
Զիս շատ կը մտահոգէ գեղարուեստական ծակ մը լեցնելու կոչուած դերը գրականութիւն կամ (ինչ որ մենք մեր «Առաջադրութիւններ»ուն մէջ կը կոչենք՝) գիրականութիւն կոչուածին։ Յաւելեալ շռայլանք մը, աւելորդաբան, աւելցուք։ Ես չեմ ըսեր, որ ամէն մարդ գրող է կամ պէտք է ըլլայ։ Բայց գիրին ու մեր լեզուին հետ մեր կապը հեռացուցած ենք, աւելորդ շռայլանք դարձուցած, մենք իսկ, ոչ թէ անիկա ինքնաբերաբար հեռացած է մեզմէ, որովհետեւ պայմաններու մասին չենք մտածած, որոնք այդ կապը կը ստեղծեն։ Մեր մշակութային միութիւնները յաճախ նուազագոյն ճիգ իսկ չեն գործադրեր այս ուղղութեամբ։ Երբ նման յիշեցում կատարես, ապուշ կը կտրին, կարծես լուսնի կամ մարսի բնակիչներու հետ կը խօսիս։ Լաւագոյն պարագային՝ կ՚արհամարհեն։ Այս է մեր կացութիւնը, որուն հետ հաշտուած ենք, բայց որուն դէմ պայքարելու բոլոր՝ կարելի եւ անկարելի միջոցներով կ՚աշխատինք։ Թող ժամանակը ինք որոշէ, թէ ո՞վ է կարաւանը եւ ո՞վ՝ պառականը։ Կ’ուզեմ ըսել, որ գրական աշխարհն ու աշխատանքը շռայլութիւն չեն, աւելորդ զբաղում չեն, այլ կենսական են, այսինքն՝ կեանքին հետ սերտօրէն կապ ունին։ Մեր կայքէջը այդ կապին վրայ կ՚աշխատի նաեւ։
Վ-Ա. — Ինչ որ ամենէն կենսական աշխատանքն է, որովհետե՛ւ…
Ի.Չ. — Այլ երեսի մըն ալ կ՚ուզեմ հոս անդրադառնալ, որ կրնայ կարգ մը ընթերցողներու համար հետաքրքրական ըլլալ։ Առօրեան այնքան խճողեալ է, որ, մեր էջ այցելութեամբ, ընթերցողին համար գրական, գեղարուեստական դադար մը կրնայ քիչ մը լայն շնչառութեան առիթ ըլլալ։ Երբեմն գրասենեակներու մէջ կը հանդիպիք գրական օրացոյցներու, ուր օր առ օր գրականութենէ մէջբերուած խօսքերով կամ դէպքերու յիշատակումներով օրը այլ կերպով լեցնելու հրաւէր մըն է որ կը կատարուի։ Take away-ի մշակոյթ մը, ի վերջոյ, որովհետեւ մարդիկ «ժամանակ չունին» գրականութեան համար, խօսքը նաեւ նոյնինքն գրողներուն եւ ընթերցողներուն մասին է։ Պահ մ’իսկ, պահիկ մը դադար առնել ժխորէն, ահա, նաեւ մեր կայքէջին միջոցաւ։
Վ-Ա. — Տեսա՞ծ ես արդեօք, է՜ր երբեմնի «Յուսաբեր»-ի օրացոյցները, Բենիամին Թաշեանի խմբագրութեամբ՝ կ՚ենթադրեմ, որուն շաբաթական իւրաքանչիւր էջը գրական գոհար մը կը մատուցէր, կամ անկէ ալ առաջ՝ «Համազգային»-ի կամ թերեւս այլոց օրացոյցները, որոնց ամենօրեայ էջը նոյնը կ՚ընէր։ Տարբեր ժամանակներ, տարբեր բարքեր, տարբեր մտայնութիւններ ու տարբեր սէրեր։ Ափսո՜ս, հեռացեր ենք այդ բոլորէն։ Շնորհակալութիւն՝ անոնց յիշատակը վերապրեցնելուդ համար, սիրելիս։
Ի.Չ. — «Գրական գոհար» բնորոշումն ու բացատրութիւնը կարծեմ Բենիամին Թաշեանի մատուցածներուն համար դժուար է ըսել, ըստ իս։ Դուն, կ՚երեւի, պատանի տարիքիդ գոհար կը տեսնէիր աչքիդ առջեւ։ Խանդավառութիւնը կարեւոր է։ «Ափսոս»ներ ու «աւաղ»ներ չեն կրնար մեր անապատին աւազը թեթեւցնել։ «Ինչո՞ւ»ներ ու «ինչպէ՞ս»ներ կրնան մեզ լաւ ճամբու առաջնորդել։ Ինչո՞ւ կարելի է շէնքեր ու սրահներ կառուցել, գումար յատկացնել, բայց շէնք-շնորհք մէջտեղ բերելու համար ծակ գրպաններ ցուցադրել, աղքատանալ յանկարծ։ Աս հոգեկան աղքատութիւնը մեր մեծագոյն տագնապն է։ Ներողութիւն, անկէ աւելի մեծը կայ, մեծագոյնէն աւելի մեծը. այն, որ այդ տագնապին չենք անդրադառնար։ Գոնէ ես այդ անդրադարձը չեմ տեսներ։ Մարդիկ քով քովի կու գան, մանաւանդ վերջին տարիներուն, իբր թէ աշխուժութիւն մը կայ, իբր թէ տագնապներ ու մարտահրաւէրներ կը կիսեն. կը խորհրդակցին, կը քննարկեն, ուրիշ չեմ-գիտեր-ինչ կ՚ընեն. սակայն երբ իրարմէ կը հեռանան՝ ոչ մէկ արդիւնքի մասին կը խօսուի։ Եւ ոչ մէկ արդիւնք տեսանելի կ՚ըլլայ։ Աչքերս բաց, եթէ կրնաս։
Վ-Ա. — Ի՞նչ հակազդեցութիւններ ստեղծեց ան կայքէջը այցելողներուն («օգտատէրերուն») կողմէ, այլեւ աւանդական գրական հանդէսներու խմբագրութիւններուն կողմէ կամ ընդհանրապէս։
Ի.Չ. — Հանդէսներու խմբագրութիւններուն կողմէ որեւէ հակազդեցութիւն կամ անդրադարձ ինծի ծանօթ չէ։ Կրնամ սխալիլ։ Հակազդեցութիւն չեմ համարեր մեր «Առաջադրութիւններ»ուն արտատպումը, զոր ըրին քանի մը թերթեր, ծանուցողի դեր կատարելով, որոնց շնորհակալ ենք։ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթը հարցազրոյց մը առաջարկած էր, որ լոյս տեսաւ թերթին այս տարուան Փետրուար Դ., Մարտ Ա. եւ Բ. յաջորդական թիւերուն մէջ։
Գալով կայքէջի այցելուներուն, զանոնք կարելի է երկու գլխաւոր խումբերու բաժնել. Ա. Անոնք, որոնք արդէն մեզի աշխատակից են եւ կը հետեւին էջին, կը կարդան մէկզմէկու գրութիւնները, իրարու կը ծանօթանան եւ փոխանակում կը կատարեն. ասոնք մենք կը ճանչնանք. Բ. Անոնք, որոնք անծանօթ հետեւողներ են, որոնք երբեմն շատ պատահաբար կը յայտնաբերենք, որովհետեւ ձայն չեն հաներ, լուռ հետեւողներ են։ Անշուշտ կայ շարքը այնպիսի անհատ մտաւորականներու կամ հետաքրքրուողներու, որոնք լուռ կը հետեւին ու իրենց խանդավառութիւնը առանձին նամակներով արտայայտեցին ու առիթներով կ՚արտայայտեն։ Թերեւս առանձին բաժինով մըն ալ անոնց կարծիքը օր մը կարելի ըլլայ ներկայացնել կայքէջին վրայ։
Այցելուներու այս հարցը նաեւ ունի ուրիշ երես մը։ Այսօր հայկական աշխարհի մէջ տարածուած ըմբռնում մը կայ, թէ համացանցային ու ելեկտրոնային աշխարհը անլրջութեան կամ կիսանլրջութեան տարածք մըն է, որովհետեւ հասանելի է ամենուն։ Աւանդական շրջանակներ նոյնիսկ տագնապի մլաւիւնով կ՚անդրադառնան այս հարցին, որովհետեւ նախապէս ամէն ինչ իրենց ձեռքին ու հակակշռին տակ էր, իսկ հիմա՞…։ Ամէն մարդ գլուխը առած կ՚երթայ։ Անլրջութիւնը մասամբ հասկնալի է, նկատի ունենալով կատարուած հայկական փորձերու պարագան, մինչ օտարներու պարագային կարելի է շշմիլ, թէ մարդիկ ի՛նչ իրագործումներու կը հասնին համացանցային աշխարհին մէջ։ Եօթանասունի շուրջ թափառող սերունդներէ ալ կարելի չէ սպասել համացանցային աշխարհին հետ մնայուն կապ մը, եւ այս ալ հասկնալի պէտք է ըլլայ։ Մեր էջը այս անլրջութեան դէմ ալ պայքարի ելած է։
Վ-Ա. — Ինչպէ՞ս կ՚իրականանայ. ինչպէ՞ս կը ստացուին, կ՚ընտրուին ու կը զետեղուին նիւթերը։
Ի.Չ. — Յատկապէս մենք է որ կը դիմենք աշխատակիցներուն, դիմատետրի կամ համացանցի միջոցաւ։ Շատ պատահական հանդիպումներու արդիւնք է անոնց մէկ կարեւոր թիւին հետ մեր ծանօթութիւնը։ Եթէ անոնք մեր դիմումին ընդառաջեն ու մեզի նիւթ ուղարկեն՝ կամ անմիջապէս կը հրապարակենք, կամ ալ տարբեր հարցերու մասին կը խորհրդակցինք, կը քննարկենք, կը վիճինք եւ եզրակացութեան կը հասնինք։ Երբեմն այս հոլովոյթը շաբաթներ ու ամիսներ կրնայ տեւել։ Երկկողմանի հասունացման գործարանային աշխատանք մը տեղի կ՚ունենայ, իրարմէ շատ բան կը սորվինք, մօտեցումները կը հարստացնեն երկու կողմերը։ Այս գործելակերպին մասին մանրամասնութիւններ կարելի կ՚ըլլայ ձեռք ձգել, երբ օր մը արխիւային տուեալներ տրամադրենք։ Պատահած է, միւս կողմէ, որ մեզի դիմումներ ալ կատարուին, այսինքն ոչ թէ մենք գրենք, այլ աշխատակիցներ մեզի դիմեն ու այդպէս ալ համագործակցութիւն յառաջանայ։
Թարմ օրինակ մը տամ քեզի։ Քանի մը օր առաջ, դպրոցի բազմամեայ տնօրէնուհիի մը միջոցաւ Արժանթինէն մեզի կապուեցաւ անծանօթ երիտասարդ մը, որ երկուքուկէս տարի միայն հայկական վարժարան յաճախած ու հայերէնը հայկական միջավայրի մէջ սորված է։ Այսպէս, «եօթն օտարը», հեռաւոր երկրէ մը համացանցի միջոցաւ կրնայ գտնել մեզ եւ եթէ մեր պայմանները իրեն ընդունելի ըլլան՝ կարելի է երկար ժամանակ համագործակցիլ։ Համագործակցութեան ճամբան կրնայ երկարիլ կէս էջի մը հրապարակումէն մինչեւ հատոր մը մէջտեղ բերելու հոլովոյթը։
Մեր պայմաններէն հոս կ՚ուզեմ շեշտել արտատպումի դէմ պայքարը, որուն պատճառը այն է, որ մենք ծոյլ խմբագիր բուծանելու ծրագիր չունինք, որոնք իրենց թերթը երբեմն ծայրէ ծայր արտատպումներով կը լեցնեն, իրենց առաքելութիւնը համացանցէն՝ աջէն-ձախէն յօդուած հաւաքելով կ՚իրականացնեն։ Եւ քանի որ մենք համացանցի վրայ հասանելի ենք, ունինք այս հարցը։ Պէ՞տք է յիշել անպայման անունները այն վաստակաշատներուն, որոնք տեսիլք խառնած են իրենց թերթին։ Կը բաւականանամ միայն Ռուբէն Դարբինեան անունը տալով հոս։ Թող հետաքրքրուողները պրպտեն, թէ որքան ջանք ու ճիգ կայ այդ անունին տակ, եւ թէ ի՛նչ կը նշանակէ մամուլի խմբագիր ըլլալ ընդհանրապէս։ Իսկ ծոյլ խմբագիր սնուցանելը հակազգային երեւոյթ մըն է, որ կը կիրարկուի մեր մէջ շատ կանոնաւոր ընթացքով մը, շատ տարածուած է եւ թերեւս քանի մը տարիէն ալ պաշտօնական պայմանի վերածուի։ Չեմ զարմանար երբեք։ Մեր էջը իր գոյութեամբ այս երեւոյթին դէմ ալ կը պայքարի։
Վ-Ա. — Կա՞ն յատուկ դժուարութիւններ, որ կ՚ուզես մատնանշել։
Ի.Չ. — Հարկաւ կան դժուարութիւններ, մանաւանդ այն պատճառով, որ իւրաքանչիւրս տարբեր երկրի մը մէջ նստած է, եւ մեզ կապողը միայն համացանցային միջոցն է։ Փոխադարձ հասկացողութիւնը, ժամանակի սղութիւնը դժուարութիւններ են, երբ դէմ դիմաց չենք նստած։ Կան նաեւ այլ դժուարութիւններ, զորս պիտի ներկայացնէի, եթէ զրուցակիցս Ալեքսանդր Մանթաշովը ըլլար։ Բայց որովհետեւ ոչ թէ միայն դուն Մանթաշովը չես, այլեւ Մանթաշովի որակը չէ մնացած մեր ազգին մէջ, իմ նկատումովս, աւելորդ է դժուարութիւններու մասին խօսիլ։
Վ-Ա. — Դժբախտաբար ասիկա իրականութիւն է ոչ միայն Հայերէն blog-ի պարագային, այլ մշակութային-մտաւորական որեւէ նախաձեռնութեան։ Քու կեցուածքդ, սակայն, օրինակելի է անվհատութեան ու յարատեւութեան տեսակէտէն։
Ի.Չ. — Նայած թէ դուն ի՞նչ կը հասկնաս «մշակութային-մտաւորական որեւէ նախաձեռնութիւն» ըսելով։ Վ. Օշական, աւելի քան քսան տարի առաջ, Հայաստանէն Սփիւռք «փոխադրուած» պարարուեստը «կապիկութիւն» կոչած էր։ Կը խորհիմ, որ աժան որակում մը չէր անոր կատարածը։ Սփիւռքին ինքնագիտակցութեան զրկումն ու այդ զրկումին ի հաշիւ բերուած հայրենականին դերն էր, որ հարցականի տակ կ՚առնէր հոն Օշական, ըստ իս։ Երկու տասնամեակ ետք, այսօր, այդ կապիկութիւնները բազմապատկուած են եւ ես կը դժուարանամ տալ որակում մը Սփիւռքին կողմէ կատարուած այդ ներածումին. եւ այս բոլորը՝ յանուն հայրենիքին, ընդդէմ Սփիւռքին, կարծես Սփիւռքը անկարողութեան ցանց մը ըլլար։ Հիմա, եթէ վերի խօսքդ նման կապիկութիւններու մասին է, այո, այդպիսի «նախաձեռնութիւններու» համար ազգովին պատրաստ ենք։ Այդպիսի բաներու համար ամեն ինչ ունինք։ Հայաստանցի երգչուհիին ձեռքէն բռնած Սփիւռքի բոլոր գաղութները պտտցնելով մեր զանգուածները ոտքի հանելը «մշակութային իրագործում», քու բառերովդ՝ «մշակութային նախաձեռնութիւն» կը նկատենք։ Լրջութեանց համար ոչ ժամանակ, ոչ քսակ, ոչ ականջ, ոչ աչք, ոչ ալ ճաշակ ունինք տրամադրելիք։ Երբեմն՝ ոչ խօսք, ոչ ալ լռութիւն։ Սխալ չհասկցուինք. ես հոս ոչ կը պահանջեմ, ոչ կը դժգոհիմ, ոչ կը բողոքեմ, ոչ ալ կ՚ողբամ։ Այդ բոլորէն անդին անցած ըլլալուն արդիւնքն է մեր կայքէջը։ Թող ժամանցով զբաղող հրապարակագիրները մամուլի էջերը լեցնեն նման նիւթերու շուրջ դառնալով։
Մեր տագնապը այն է, որ այսօր հայերէնը կը չարչրկուի ու կը բռնաբարուի, — կարդա՛ դիմատետրի էջերուն մէջ, օրինակի մը համար, Լեւոն Շառոյեանի շարք մը գրառումները, Հալէպէն, դպրոցին մէջ ներկայ (աւելի ճիշդ՝ բացակայ) հայերէնին մասին. գիտես, որ պաշտօնական մամուլը այս հարցերով չէ որ կը զբաղի, — սակայն մեր հաւաքական մտահոգութիւնը միակողմանի խնճոյքի պատրաստութեան սահմաններէն կը յամառի դուրս չգալ։ Հայերէնի բարելաւումը ճառի, քարոզի եւ գիտաժողովի առարկայ է, մտահոգութեան առարկայ չէ, մինչդեռ ուտել-խմելով ըլլալիք խնճոյքի մը պատրաստութիւնը կրնայ նոյնիսկ տագնապի չափ մեզ յուզել։ Տագնապներուն հասցէները փոխուած են։ Ասիկա կը վերաբերի յատկապէս արեւմտահայերէնի գործածութեան, Սփիւռք կամ Հայաստան։ Յանուն արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան Հայաստանի մէջ որձեւէգ ու խեղեալ ուղղագրութեամբ ու լեզուով իբրեւ թէ արեւմտահայերէնով նիւթ կը հրամցուի։ Եւ հանգիստ շունչ կը քաշենք։ Գործ է տեսածնիս։ Ըստ երեւոյթին, արեւմտահայերէնի խնամքը, պաշտպանութիւնը որեւէ կապ չունին… արեւմտահայերէնին հետ։
Մեր դժբախտութիւնը այն չէ, որ գէշ մտաւորականներ ունինք, այլ այն, որ երեք-չորս տող շնորհքով հայերէն շարադրել չկրցող գրիչ մը մէջտեղ կ՚իյնայ եւ «մամուլ» կը հրատարակէ, այս օրերուն՝ համացանցային։ Աս ալ չի բաւեր, հովանաւորներ, որոնք աչօք եւ մտօք կոյր են, ըստ երեւոյթին, արեւմտահայերէնի պահպանութիւն կը համարեն նման խեղկատակ առցանց ձեռնարկ մը քաջալերելը։ Այսինքն, հրատարակիչը կը կարծէ, թէ ինք հրատարակիչ է, հովանաւորն ալ կը կարծէ, թէ ինք հովանաւոր է։ Արդի՞ւնքը։ Արդիւնքով զբաղող չկայ։ Արդիւնքը այն է, որ մենք մեր շրջապատին խեղկատակութիւն կը հրամցնենք։ Այս բոլորը տեղի կ՚ունենան մեր աչքին առջեւ, սակայն մենք ոչ լեզու ունինք խօսելու, ոչ ալ այլ միջոց։ Կապիկը կը բռնես ու գահուն կը բազմեցնես իբրեւ թագաւոր։ Յստա՞կ է պատկերը։
Եթէ Թիֆլիսի մէջ 1917-ին կարելի էր արեւմտահայերէնո՛վ թերթ հրատարակել («Հայաստան»), հարիւր տարի ետք ալ կարելի պէտք է ըլլայ Երեւանի մէջ արեւմտահայերէն թերթ հրատարակելը։ Խօսքս հարկաւ մամուլի մասին է, ոչ թէ աջէն-ձախէն լուր հաւաքող «լրատուամիջոցներու», որոնք կը խորհին, թէ արեւմտահայերէնով լոյս կը տեսնեն։ Արեւմտահայերէնի ու արեւելահայերէնի նուազագոյն տարբերութիւններուն իսկ չտիրապետող այս էապէս ձախող արկածախնդրութիւնները ոչ մէկ հորիզոն կրնան բանալ արեւմտահայերէնին, անոր գոյութեան առջեւ։
Մամուլի ներկայացուցիչները յոբելեան տօնելու մէջ մրցումի ելած են, Պէյրութէն մինչեւ Պոլիս եւ այլուր, սակայն միաժամանակ իրենց խեղճութեան մէջ ալ կը մրցակցին իրարու հետ անկասկած։ Տեսիլք կոչուածը ի սպառ բացակայ է։ Ծրագիր՝ նոյնպէս։ Դուն կրնա՞ս երեւակայել, որ Պէյրութի մէջ լոյս տեսնող օրաթերթ մը իր իսկ շրջանակին մէջ վերստուգող սրբագրիչ չունենայ։ Խօսքը տասնամեակներու անցեալ ունեցող մամուլի մասին է, որ կը նմանի այն թռչունին, որ իր զաւակները կը սպաննէ ու կ՚ուտէ։ Բայց յոբելեան տօնելու չի մոռնար։
Ուրիշ երեւոյթ մը։ Բա՛ց «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»յի որեւէ մէկ էջը։ Կ’երեւի միայն ինծի կը հանդիպին հոն գտնուող թափթփած յօդուածները, արեւելահայերէնէ կատարուած սխալ ու ծիծաղաշարժ թարգմանութիւնները, ուղղագրական ու քերականական տարրական օրէնք չյարգող էջերն ու գրառումները, նոյնիսկ գիրքէ մը էջ մը ընդօրինակել չկրցող խայտառակութիւնները։ Կ’երեւի այս ձեւով տեղի կ՚ունենայ արեւմտահայերէնի պահպանութիւնը, պաշտպանութիւնը կամ ապրումը, վերապրումը՝ որ մէկը որ կ՚ուզես։ Կարծես տարբեր բառեր գործածելով կացութիւն կը փոխուի։ Լեզուին այս իւրովի ապրելակերպը անոր կենդանի նահատակացումն է, ուրիշ ոչինչ։ Ասիկա գործ մը չընելէն աւելի գէշ ձեռնարկ մըն է, իրականութեան մէջ։
Հանդուրժելով կը հանդուրժենք, որ մեր մայրենին խաչուի գիշեր-ցերեկ։ Ոչ մէկ ձեռնարկ, որ կարելի դարձնէ անոր զարգացումը, անոր երկարակեցութիւնը, բուժումի ու դարմանումի միջոցներ հրամցնէ ի վերջոյ։ Երբ հիւանդանաս՝ ի՞նչ կ՚ընես։ Լճացումը ահաւոր չափի մը հասած է եւ միայն արթնացումն է, որ կրնայ փրկել կացութիւնը։ “Nur noch ein Gott kann uns retten” («Միայն Աստուած մը կրնայ մեզ փրկել»), պիտի ըսեմ Հայտեկըրի հետ։ Ինծի համար մեր պատմութեան մէջ լուսածին պահեր կան, ուր համատարած խաւարին մէջ լոյսը յայտնուելով ու իր լեզուն գործածելով, արշալոյսի գունաւորուով մը երկինքը կը փոխակերպէ։
Այնքան ատեն որ նիւթ եւ ոգի իրարու չեն հանդիպիր, մէկուն կամ միւսին կուրութեան ու համրութեան պատճառով, դժուարութիւնները պիտի բազմապատկուին։
Կը տեսնես, թէ ինչպիսի դժուարութիւններ կան, որոնց դիմաց մեր դժուարութիւնները ոչինչ են…։
(Շարունակելի)
Հարցազրոյցը վարեց
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
Ծանօթ. խմբ.
Մեր զրուցակիցին ուղղագրութիւնը եւ կէտադրութիւնը, իր իսկ խնդրանքով եւ մեր աւագ խմբագրին միջնորդութեամբ, չենք պատշաճեցուցած «Հորիզոն գրական»-ի որդեգրած ձեւերուն։