ԳԱՌՆ
1
Մեր խօսակցութիւնները, Տէր,
ողորմողիդ շնորհածներն են:Զանոնք ունիմ քեզի նուիրելու,
որովհետեւ անոնց մէջ
սիրտս եւ երկիւղս
քու Խօսքիդ
մշտաբարբառ լռութեան կը հաղորդուին,
եւ չունին քեզի վայել այլ պատարագ:
Նուիրածներս ընդունէ իբրեւ կամաւոր զոհ,
որպէսզի քեզ գտնեմ,
եւ որպէսզի հոգիս վերագտնուի մէջդ:
2
Սիրտս քեզի կը վերհայի,
մինչ միտքս սասանած ու լռած է:
Զիս փոխարկէ
անուշ խունկի,
որպէսզի հետդ խօսիմ.
քանի դուն՝ ողջակէզդ,
միայն խօսակիցն ես
ողջակիզեալին:
Տէր,
գտնուի՜մ հոն ուր կ՚ըլլաս…
3
Սիրտս հետդ կը խօսի,
երբ զայն փոխարկես
անուշ խունկի.
քանի Դուն, ողջակէզդ,
խօսակիցն ես
ողջակիզեալին:
Ահա յոյսս է, Տէր,
որ գաղտնատեսդ
ինքնաճանաչումս արարէ
եւ գտնուիմ հոն ուր լինելութիւնդ է…
4
…Քեզի հետ դատի մտնե՞լ։
Ո՞վ կը համարձակի դիմացդ որեւէ կերպով կենալ
եւ իր իրաւունքները պաշտպանել
եւ իրեն համար արդարութիւն պահանջել,
երբ դուն բոլորին իրաւուքներուն ինքնազոհ պաշտպանն ես,
երբ դուն բոլորին արդարութեան համար փառքէդ խոնարհեալն ես,
քու սէրդ անպայմանաւոր է, անչա՜փ ու անսահմա՜ն։
Եւ եթէ ես իմ իրաւունքներս կը պաշտպանեմ քու առջեւդ,
եւ ինծի համար արդարութիւն կը պահանջեմ քեզմէ,
ապա ե՛ս է որ պայմաններ կը դնեմ,
ես է որ արդէն մութ յարկիս մէջ
խաբէական եւ անձուկ սէրս կը ցուցադրեմ ։
Քեզի հետ երբ դատի կը մտնեմ,
գիտես, թէ անձս ամենատեղեակիդ ատեանին կը յանձնեմ,
ո՜վ Ամենողորմ։
5
Դատաստանի օրն է ահա,
օրը վախճանական,
երբ իմ ներաշխարհը,
ապա եւ արտաշխարհը
պատերազմի մէջ են կործանարար,
իսկ անոնց մէջ շրջող
շահախնդիր խաղաղարարներու յաջողութիւնները՝
խաբուսիկ։
Դո՛ւն ես, որ զանոնք
պիտի բարձրացնես ինքնահաշտութեան,
եւ ներհակ ու թշնամական
անոնց յուզումներուն եւ գաղափարներուն
բախումները խաղաղեցնելով՝
կեանքը վերստին կարելի դարձնես,
ո՜վ Ամենաքաւիչ ու Հաշտարար։
6
Քու օրինակդ, Տէր,
անանձնական ճառագայթն է,
եւ շունչն ու տրոփն է անանձնական:
Այլոց պարտքերը
եւ անոնց տոկոսաւորուած յանցանքները՝
քեզի աշակերտողին պարտքերն
ու տոկոսաւորուած յանցանքներն են.
այլոց վախերը, գուբերն ու որոգայթները՝
քեզի աշակերտողին վախերը, գուբերն ու որոգայթներն են.
այլոց համար սահմանուած վճիռները՝
քեզի աշակերտողին համար սահմանուած վճիռներն են:
Եւ հիմա, անձնասէրս,
որ գիտակցաբար եւ կամ անգիտակցաբար
կը ծածկեմ շահախնդրութիւններս՝
կամայ թէ ակամայ յանձնուելով խաբէութիւններու
եւ պատրանքներու,
ինչպէ՞ս քեզի աշակերտ համարեմ ինքզինքս,
ինչպէ՞ս կեանքը յուսամ,
ո՜վ արդար Դատաւոր:
Նշում. թիւ 1, 2, 3 եւ 4 Խոկումները՝ Բան 1.1-ին վրայ:
Թիւ 5 եւ 6 Խոկումը՝ Բան 1.2-ին վրայ: