ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ «ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐ ՈՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ» ԳԻՐՔԸ

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

բ.գ.թ., դոցենտ, Արցախի պետական համալսարան

Կորուսեալ ծննդավայրի վերյուշը, ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի յիշողութիւնները ուղեկցել են Արամ Հայկազին ամբողջ ստեղծագործական կեանքի ընթացքում, դարձել պատմութիւն եւ յուշագրութիւն, պատմուածք ու վէպ, որոնց կենտրոնում ինքն է՝ որպէս Գարահիսարի մնացորդաց սերունդ: 1949-1954 թթ. գրեց ու հրատարակեց «Ցեղին ձայնը» պատմուածքների երկհատորեայ ժողովածուն, 1962 թուականին՝ «Չորս աշխարհ» գիրքը, 1973-ին՝ «Չորս տարի Քիւրտիստանի լեռներուն մէջ» ինքնակենսագրական պատում-յուշագրութիւնը: Առաջին ստեղծագործութիւններից սկսած՝ կորուսեալ ծննդավայրն ու իր անցած ճանապարհը՝ որպէս ժողովրդի պատմական ճանապարհ, դարձան նրա հիմնական թեման, որ Continue reading “ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶԻ «ՇԱՊԻՆ ԳԱՐԱՀԻՍԱՐ ՈՒ ԻՐ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԸ» ԳԻՐՔԸ”

ՊԶՏԻԿ ՀԵՐՈՍԸ

ԱՐԱՄ ՀԱՅԿԱԶ

Այս ճգնաժամային պահուն էր, որ անակնկալօրէն ձեռնառումբ մը պայթեցաւ Բերդի դրան առջեւ տարածուող հրապարակին վրայ։ Մետաղի ու քարի բեկորներ անձրեւեցին չորս կողմ ու փոշին, վառօդի ծուխին խառնուած, րոպէ մը վարագուրած պահեց հրապարակը։ Թուրքերը , դուռը քանդելու աշխատանքը դադրեցուցած, ինքնապաշտպանութեան անցան։ Այն ատեն, դրան վրայ դիրք գրաւողները իրենց ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացուցին դուրսէն եկողներուն վրայ ու կասեցուցին անոնց յառաջխաղացքը։ Մինչ այդ , ներսի թուրքերը կը կռուէին կատաղօրէն. գիտէին, որ եթէ այս Continue reading “ՊԶՏԻԿ ՀԵՐՈՍԸ”

ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ը.)

ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
1.Հետաքննութի՞ւն, թէ՞ յետաքննութիւն

Շատ ըմբռնելի պատճառներով՝ ոմանք հակամէտ են գրելու յետաքննութիւն՝ յ-ով, այն «տրամաբանութեամբ», որ տեղի ունեցածը յետոյ, ետքը, վերջը կատարուած քննութիւն մըն է: Եւ ուրեմն կ՚ենթադրեն, թէ բառիս առաջին արմատն է յետ, որ կը նշանակէ յետոյ:
Թող որ ամեն քննութիւն ալ կը կատարուի բանէ մը ետքը, յետոյ, վերջը…
Սակայն այսպէս չէ, այս տրամաբանութեամբ կազմուած չէ բառս, այլ ան հետաքննութիւն է, ուր առաջին արմատն է հետ(ք) «նշան», եւ իրօք ալ «հետաքննութիւն» կը նշանակէ ձգուած «հետքերու, նշաններու» քննարկում: Continue reading “ՀԱՅԵՐԷՆԸ ԿԸ ԶՈՒԱՐՃԱՆԱՅ (Ը.)”

Մեր ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021-ի թիւը

Սիրելի ընթերցող,

Այս թիւը ծրագրելու ընթացքին էինք, երբ ստացանք մեր վաղեմի աշխատակից, արձակագիր, թատերագիր, գրականագէտ, գրաքննադատ եւ թարգմանիչ Ալեքսանդր Թոփչեանի մահուան գոյժը։ Որպէս մեր կողմէ հեռակայ ծաղկեպսակ մը բազմավաստակ անխոնջ մտաւորականի թարմ շիրիմին, ընթերցողին կը ներկայացնենք ստորեւ հատուածը իր «Բանկ Օտոման» վէպէն, որ յետ-խորհրդային շրջանի հայ գրականութեան ամենաուշագրաւ երկերէն է, ինչպէս նաեւ իր գրականագիտական վաստակէն նշոյշ մը՝ իր կողմէ կազմուած եւ խմբագրուած վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Հերեանի «Ընտրանի»-ի ներածականը։

«Հորիզոն գրական»ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2021-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։

Բարի ընթերցում։

«ԱՅՆ ԻՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵԼՈՒ Է, ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ»

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

Հատուած «Բանկ Օտոման» վէպէն

Կոստանդնուպոլիս, Ելդըզ, յուլիս, 1896թ.

Երեք զամբիւղ դրուեց նրա առջեւ. իւրաքանչիւրի մէջ հարիւրական ձու: Նրան ասել էին, թէ ձուերն անկարելի է թունաւորել: Այնուհանդերձ պահանջում էր, որ ամեն առաւօտ Քիլարջի բաշիի՝ մառանապետի գլխաւորութեամբ զամբիւղները բերուեն իր սենեակ: Այնուհետեւ, երեք զամբիւղներից ընտրում էին 10-12 ձու, իր ներկայութեամբ խաշում, կճպում եւ երկու կէս անում: Ձուերի մի կէսը, ուշադիր զննելուց եւ իրար հետ համեմատելուց յետոյ, պահում էր իրեն, միւս կէսը պահանջում, որ խոհարարն ու Քիլարջի բաշին ուտեն իր ներկայութեամբ: Այնուհետեւ, համոզուելով, որ թունաւորուած չէ, սկսում էր իր համեստ նախաճաշը. Continue reading “«ԱՅՆ ԻՆՉ ԿԱՏԱՐՈՒԵԼՈՒ Է, ՊԻՏԻ ԿԱՏԱՐՈՒԻ»”

Ալեքսանդր Թոփչեան — վաստակաշատ մտաւորականը (1939-2021)

Վ-Ա.Ա.

Ոչ եւս է «Հորիզոն»-ի երկարամեայ աշխատակից, արձակագիր, թատերագիր, գրականագէտ, գրաքննադատ և թարգմանիչ, 1970-էն ի վեր ՀՀ գրողներու միութեան անդամ Ալեքսանդր Թոփչեանը՝ թոռը ցարական բանակի սպայ, Սուրբ Գէորգի խաչի ասպետ, Սարդարապատի հերոսամարտի հերոս Ստեփան Գէորգի Թոփչեանի, զաւակը գրականագէտ Էդուարդ Թոփչեանի, եղբայրը նորոգ մահացած եւ նոյնպէս «Հորիզոն»-ի աշխատակից գրականագէտ, արուեստաբան ու հրապարակախօս Ստեփան Թոփչեանի, ամուսինը դերասանուհի, գրող Անահիտ Թոփչեանի, տակաւին հօրեղբայրը բանասէր, թարգմանիչ Արամ Թոփչեանի եւ խմբավար Էդուարդ Թոփչեանի։ Continue reading “Ալեքսանդր Թոփչեան — վաստակաշատ մտաւորականը (1939-2021)”

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆԱՀԻՏ ԹՈՓՉԵԱՆ (1947-2021)

Վերջին պահուն իմացանք, որ սեպտեմբեր 20-ին մահացած է նաեւ Ալեքսան Թոփչեանի շնորհաշատ կողակիցը՝ յայտնի դերասանուհի, արձակագիր, թարգմանիչ, ՀՀ վաստակաւոր արտիստուհի Անահիտ Թոփչեան (ծնեալ՝ Մկրտչեան)։

Ինչպէս հիները կ՚ըսէին, Աստուած կը նայի լեռան ու կու տայ ձիւնը։

 

 

ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԹՌԻՉՔ (Պետրոս Հերեանի դիմանկարի ուրուագիծ)

ԱԼԵՔՍԱՆԴՐ ԹՈՓՉԵԱՆ

Կայունացած մի օրինաչափութիւն է նկատւում գրականութեան պատմութեան մէջ: Առաջին քայլերն անող բանաստեղծների ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, մի որոշ շրջան, մինչեւ հասունանալը, մինչեւ սեփականը հաստատելը, գտնւում են մեծերի մոգական ազդեցութեան ներքոյ, դրանով իսկ ասես նշելով իրենց ակունքը, քերթողական նախասիրութիւնները: Բաւական է յիշել թէկուզ Չարենցի օրինակը, որի առաջին բանաստեղծութիւններում նկատւում է Տէրեանի բացայայտ ազդեցութիւնը: Ֆրանսիացի դրամատուրգ եւ արձակագիր Ժան Ժիրոդուն էլ հետաքրքիր դիտարկում ունի` գրուած նման մի առիթով: Խօսելով իր առաջին քայլերի մասին գրականութեան մէջ, գրում է. «Ես հիւրասիրում էի ինձ ոչ թէ գրքերով, այլ հէնց նոյն Continue reading “ԸՆԴՀԱՏՈՒԱԾ ԹՌԻՉՔ (Պետրոս Հերեանի դիմանկարի ուրուագիծ)”

Գեղարուեստական ժամանակի եւ տարածութեան խնդիրը Համաստեղի արձակում

ՆԱՐԻՆԷ ՅՈՎՀԱՆՆԻՍԵԱՆ

բ.գ.թ., դոցենտ, Արցախի պետական համալսարան

Արեւմտահայ տոհմիկ ինքնութեան, կորսուած ծննդավայրով ամբողջացող պատմական հայրենիքի ոգեղէն գոյութեան վերահաստատման տեսանկիւնից Համաստեղի արձակը գեղագիտական նոր որակ ու նշաձող սահմանեց սփիւռքահայ գրականութեան մէջ՝ սկզբնաւորելով եւ առաջնորդելով կարօտի գրականութիւնը։ Արեւմտահայ նախաստեղծ ոգու յայտնաբերմամբ, բնութենապաշտ մարդու աշխարհայեացքային հետահայեաց խորաքննութեամբ, մարդ-բնութիւն հոգեւոր կապուածութեան ու ներդաշնակ համակեցութեան ենթաշերտերի բացառիկ ընկալմամբ, յիշողութեան մէջ փլատակուող հայրենի երկրի անխաթար պատկերի գոյաբանութեան մտայնութեամբ Համաստեղը ազգային մշակոյթի մէջ ամրագրեց Խարբերդի գեղարուեստական աշխարհը՝ Continue reading “Գեղարուեստական ժամանակի եւ տարածութեան խնդիրը Համաստեղի արձակում”

Առաջին դասապահը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Յանկարծ զրոյցը փոխեց իր սովորական հունը, չես գիտեր ինչպէս:
— Ուրեմն, այդպէ՛ս… պարոն… համաձայնեցանք, — վերջապէս ըսաւ տարիքոտ եւ քիչ մըն ալ նիհարակազմ մարդը, — երկուշաբթի առաւօտ, Աստուած ուզէ, նախ կը մտնէ՛ք տնօրէնի գրասենեակ, եւ ապա ձեր դասացուցակը վերցնելէ ետք, կ՚անցնի՛ք ձեր դասարանը…, ձեր գործին…, հ՞ը…եղա՞ւ…: Continue reading “Առաջին դասապահը”