ՇՈՂԵՐ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Պարիկներ, վհուկներ, հրեղէն ձի, անմահական ջուր, կախարդական աշխարհ:
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու մօտ, հեքեաթները հարուստ են երեւակայական էակներով եւ անհնարին դէպքերով: Անոնք յաճախ կը պարունակեն իմաստուն խորհուրդ մը կամ բարոյական պատգամ մը: Երբեմն, հեքեաթներուն խորքը առասպելներէ սերած է: Երբ կը քերենք մակերեսը, կ՚անդրադառնանք թէ այս առասպելները (այստեղ myth իմաստով) իրենց հեղինակ ժողովուրդին համար խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունին:
«Արեգնազան» պատմուածքը առնուազն 130 տարիներէ ի վեր (եւ մինչեւ այսօր) կը հրամցուի հայ մանուկներուն որպէս հեքեաթ: Այս հէքեաթին մէջ կը հանդիպինք բացառիկ հերոսներու, որոնք իւրայատուկ խոչնդոտներ կը դիմագրաւեն: Հայկական հեքեաթներու դիցարանին մէջ հազուագիւտ են նման օրինակներ: Այս ակնարկով կը փորձենք անդրադառնալ «Արեգնազան»-ին խաղացած դերին՝ մեր այսօրուան ակնոցով:
«Արեգնազան» պատմուածքին հեղինակը՝ Ղազարոս Աղայեան ապրած է Թիֆլիս գաւառի հայաբնակ գիւղերէն մէկուն մէջ (1840-1911): Աշխատած է որպէս մանկավարժ, գրած է բազմաթիւ դասագրքեր, մանկական բանաստեղծութիւններ եւ հեքեաթներ: Մասնակցած է Թումանեանի Վերնատունին: Այս հէքեաթին նիւթը ան հաւանաբար քաղած է 19-րդ դարու արեւելեան Հայաստանի գիւղերուն մէջ բերնէ բերան փոխանցուող առասպելէ մը: «Արեգնազան» հրատարակուած է որպէս մանկական պատմուածք, 1885-ին: Այնուհետեւ, հեղինակը ամբաստանուած է որպէս վտանգաւոր յեղափոխական եւ ցարական իշխանութիւններու կողմէն բանտարկուած կամ հսկողութեան տակ պահուած: Նշենք, որ Աղայեան չէ ճանչցուած որպէս կնոջական իրաւունքներու պաշտպան: Ընդհակառակն, Աղայեան իր նահապետական ընտանիքով կ՚ապրէր գիւղի մը մէջ եւ կը վարէր, իր ժամանակակիցներուն հետ բաղդատած՝ պահպանողական կենցաղ:
Ընդհանուրին կարծիքն է թէ «Արեգնազան»ը հրատարակուած է հայերուն մէջ ինքնավարութեան գաղափարը արթնցնելու դաստիարակիչ նպատակով: Յիշենք թէ այդ ժամանակ հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը կը փորձէր պահպանել երկու հարստահարիչ կայսրութիւններու սահմաններուն միջեւ, Մեծ Եղեռնէն եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութենէն 30 տարիներ առաջ: Թէեւ այս կարծիքը հիմք ունի, հէքեաթի հերոսներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը թելադրեն նաեւ մշակութային տարբեր արժէքներ:
Այսօր «Արեգնազան»ը ամբողջութեամբ կարելի է գտնել առցանց: Ստորեւ՝ պատմուածքին ամփոփումը:
Արման այրի իշխանը ունի 3 զաւակ՝ 2 աղջիկ եւ երրորդին ինչ ըլլալը յայտնի չէ, բայց զինք մեծցուցած են որպէս աղջիկ («երբ որ մեծնայ՝ ի՛նք կ՚որոշէ»): Արման կը փափաքի զաւակներէն մին ուղարկել թագաւորին արքունիքը, անոր ծառայելու: Մեծ աղջիկը որպէս տղայ ծպտուած ճամբայ կ՚ելլէ դէպի թագաւորական պալատ: Ճամբան կը հանդիպի դիմակաւոր ձիաւորի մը ու սարսափահար տուն կը վերադառնայ: Նոյն դէպքը կը պատահի երկրորդ աղջկան: Երրորդ աղջիկը՝ Արեգնազան, կը դիմադրէ ձիաւորին: Ձիաւորը իր հայրն էր որ զաւկին կամքը կը փորձէր: Արեգնազան կը փաստէ իր կորովը, կը ստանայ հօր օրհնութիւնը, կը մեկնի դէպի արքունիք ու կը ներկայանայ որպէս Արեգ՝ Արման իշխանի որդի:
Թագաւորին աղջիկը՝ Նունուֆար, գաղտնօրէն կը դիտէ Արեգը ու կը սիրահարուի: Որսի պահուն, Արեգ թագաւորին կեանքը կ՚ազատէ՝ արջ մը սպաննելով: Ան օրուան հերոսն է եւ թագաւորին վստահութեան ու յարգանքին կ՚արժանանայ: Նունուֆար իր աղախինը կ՚ուղարկէ Արեգի մօտ, տեսակցութիւն մը խնդրելով, բայց Արեգ կը մերժէ առանց յստակ պատճառ տալու («ես գործ չունիմ իր մօտ»): Նունուֆար մերժումէն սրտաբեկ՝ կը հիւանդանայ: Վեզիրին կինը կը յայտարարէ թէ միայն անմահական ջուրը կրնայ Նունուֆարին կեանքը փրկել:
Արեգ կը ղրկուի դէպի կախարդական աշխարհ՝ անմահական ջուր փնտռելու: Կը հանդիպի աղբիւրի մը մէջ լողացող աղաւնիներու որոնք բարի պարիկներ են: Անոնցմէ մէկը զինք կը վերածէ տղու եւ շիշ մը անմահական ջուր կը նուիրէ: Արեգ իր նոր կերպարանքին արտացոլումը կը տեսնէ աղբիւրի ջուրին մէջ: Վերադարձի ճամբուն վրայ, Արեգ կը յայտնուի քաղաքի մը մէջ, ուր մարդիկ քարացած են, չար վհուկի մը կախարդանքին հետեւանքով: Վհուկին ճակատագրին մէջ գրուած էր թէ երբ աղջիկ մը մանչ կը դառնայ՝ այդ անձը իր կեանքին վերջ պիտի տայ: Արեգ քաջաբար կը դիմադրէ եւ կը յաղթէ չար վհուկին եւ մի քանի կաթիլ ջուրով կ՚ազատէ քարացած քաղաքի բնակիչները: Ապա վհուկը կը վերածէ քարի ու կը նետէ ծովը:
Յաղթական Արեգ կը վերադառնայ արքունիք, անմահական ջուրէն մի քանի կաթիլ կը ծորէ թագաւորին մահամերձ աղջկան բերնին, որ կը վերակենդանանայ: Արեգ հիմա վստահ է թէ տղայ է, իր հօրը կը յայտարարէ թէ տղայ է: Հայրը կը պատասխանէ՝ «միշտ տղայ էիր բայց տակաւին չէիր գիտեր, հիմա գիտես»: Արեգ կը պսակուի թագաւորին աղջկան հետ: Ծիածան մը կը բացուի ու պարիկները կու գան բարի մաղթանքներ ըսելու: Ամբողջ պատմութեան ընթացքին, թագաւորի ծաղրածուն կէս-կատակ երգերով իրականութիւններ կը յայտնաբերէ:
Ինչպէս մանկական հեքեաթներու մեծամասնութիւնը, «Արեգնազան» պատմուածքին թոնը դրական է: Նոյնիսկ եթէ տխուր հատուածներ կան՝ ողբերգութիւն չկայ, այլ լաւատեսութիւն կը տիրէ: Կայ հայ թագաւոր, այսինքն՝ Ղազարոս Աղայեան կարելի կը դարձնէ երեւակայել հայկական իշխանութիւն: Կան մօրմէն որբ աղջիկներ, այսինքն՝ անտէր հայ ժողովուրդ: Երեք քոյրերը երեք սերունդներն են, ու փրկութիւնը պիտի գայ երիտասարդներէն: Դիրքի, ինքնակառավարման հասնելու համար պէտք է պայքարիլ նոյնիսկ յետամնաց գաղափարներու դէմ: Արջը (այս պարագային ռուսական ցարական կայսրութիւնը) սպանելով՝ ազգային-ազատագրական պայքարին սպառնացող վտանգը կը վերցուի: Աղաւնիները բարի պարիկներն են, աղաւնին խաղաղութեան հոմանիշ է, բայց նաեւ ազատութեան (թռիչքի): Անմահական ջուրը կրնայ խորհրդանշել կրօնքը (միւռոն), գիտութիւնը: Քարէ քաղաքը հանրութեան անտարբերութիւնն է որ պէտք է խորտակել, ժողովուրդն արթնցնել քարացած վիճակէ: Իսկ երիտասարդը տղամարդ դառնալով է, որ կը հասնի իր դիրքին:
Աղայեանի գրիչով, «Արեգնազան»ի մէջ տղամարդիկ ընդհանրապէս չէզոք կամ կրաւորական կեցուածք կը պահեն: Կիներն են, որ կը կողմնորոշեն դէպքերը, ըլլայ դէպի չարը կամ դէպի բարին: Վեզիրին կինը եւ վհուկը չար են, պարիկները եւ Նունուֆարը բարի են: Չարի եւ բարիի ընտրութեան հարցը եւ բարիին յաղթանակը հէքեաթին բարոյական սիւներն են: Չարն ալ իր դերը ունի հոս. քաղաքացիներուն անտարբերութիւնը պատժելու համար եկած էր վհուկը: Վհուկին մահէն կը ծնի քաղաքին համար նոր կեանք, չարիքէն կրնայ բարիք ծնիլ:
Եթէ նոյնիսկ այս բոլոր ակնարկումները դիտումնաւոր կերպով ըրած ըլլար Աղայեան, հէքեաթին կորիզը ան քաղած ըլլալու է ժողովրդական առասպելէ մը: Հետեւաբար, այս գրութիւնը ուսումնասիրելու համար պէտք է նաեւ դիմել մարդաբանութեան (anthropology) տրամադրած գործիքներուն: Քլօտ Լէվի-Սթրաուս ֆրանսացի աշխարհահռչակ մարդաբան մըն էր: Ան ճանչցուած է որպէս առասպելներ մեկնաբանող մասնագէտ: Ըստ Քլօտ Լէվի-Սթրաուսի, մարդկային մտքի բոլոր արտայայտութիւնները կը հետեւին յատուկ կառոյցի մը: Առասպելին բովանդակութիւնը չէ կարեւորը, այլ՝ անոր բաղադրիչ մասնիկներուն յարաբերութիւնները իրարու հետ: Առասպելին դերերէն մէկն է անընդունելի եզր մը ազգին համար ընդունելի դարձնել: Առասպելներու մէջ ամէն բան կրնայ պատահիլ, ներկայացուած դէպքերը բոլորովին պատահական կը թուին ըլլալ: Սակայն աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու առասպելները կը հետեւին նոյն մասնաւոր օրէնքին, եւ մէյ մը որ կառոյցը յայտնաբերենք, այլեւս դիւրաւ կարելի է կռահել իմաստը: Լէվի-Սթրաուս կ՚եզրակացնէ, թէ առասպելներու մեծամասնութիւնը կարելի է բնութագրել որպէս երկրագործական հիմունք ունեցող, այսինքն ուտելիքի արտադրութեան մտահոգութիւնը դրսեւորող: Բոլոր առասպելներուն մէջ կը գտնենք երկու բաժին. հակասութիւն մը, եւ այս բարդոյթին լուծումը: Ըստ Լէվի-Սթրաուսի, բարդոյթը լուծողը միջանկեալ էակ մըն է (ոգի, պարիկ, եւն), որ կը ներկայացնէ կեանքի ու մահուան միջեւ կապը:
Ուրեմն, պահ մը ընդունինք, թէ «Արեգնազան» հէքեաթը առասպել մըն է, ու որպէս այդ՝ Քլօտ Լէվի-Սթրաուսի գաղափարներուն օգնութեամբ զայն ուսումնասիրենք: «Արեգնազան»ի կառոյցը յստակօրէն անցումնային ծէս մը կը ներկայացնէ (rituel de passage / rite of passage), ուր պատանի մը, փորձութիւններէ անցնելով, կը դառնայ չափահաս: Ունինք նաեւ հակասութիւն մը, անձ մը որուն սեռային կողմնորոշումը յստակ չէ: Անունով որպէս աղջիկ, բայց տղոց յատուկ զբաղումներով մեծցած երիտասարդ մը կ՚ուզէ լիովին տղայ դառնալ: Այլ հայկական առասպելներու մէջ՝ սեռափոխում իրագործելու համար կ՚առաջարկուի ծիածանին տակէն անցնիլ: «Արեգնազան»ի մէջ՝ պարիկներու կախարդական ուժով կարելի է մէկ դրութենէն միւս դրութիւնը անցնիլ եւ այս անբնական յեղաշրջումը յաջողեցնել: Հետաքրքրական է թէ պատմութեան ընթացքին, ոչ ոք կը հակառակի այս գործողութեան: Ի՞նչ կ՚ըսէ այս տուեալը հայ ժողովուրդին մասին: Յստակ է թէ մեզի համար, միաժամանակ երկու ինքնութիւնները (իգական ԵՒ արական) կրելը անընդունելի է: Պէտք է ընտրել մէկը կամ միւսը: Հետաքրքրական է նաեւ թէ ընտրութիւնը առանձնաշնորհուած է խնդրոյ առարկայ անհատին:
Հեքեաթին մէջ, երբ Արեգնազան որպէս տղայ ծպտուած աղջիկ մըն է, Նունուֆարին հրաւէրը մերժելով կը խուսափի միասեռական յարաբերութիւն ունենալէ: Միայն բոլորովին կերպարանափոխուելէն ետքն է որ կը համաձայնի ներկայանալ Նունուֆարին: Եթէ հին հայերը պահանջքը ունեցեր են այսպիսի հնարքի մը դիմելու, կը նշանակէ թէ հայերուն մօտ ալ, ինչպէս բոլոր ժողովուրդներու մէջ՝ միասեռական անձեր, սեռափոխում ցանկացողներ, եւ այլ դրութիւններու պատկանողներ գտնուած են: Ժողովրդային հանճարը փորձեր է առասպելի ճամբով բացատրել, ընդունելի դարձնել, կամ այդ ժամանակներու յարմար լուծում մը գտնել այս հակասական թուող բայց բոլորովին բնական երեւոյթներուն: Կարեւոր է ընդգծել թէ Արեգնազան մօրմէն որբ էր: Մօրը բացակայութեան, իր սեռային ինքնութիւնը չէ կազմաւորուած, ընդունուած մշակութային սահմանումները չեն բանեցուած իր վրայ: Պարիկներն են որ մօրը դերը կը խաղան՝ իրեն տալով իր ինքնութիւնը: Ինքնութիւն տալ՝ կը նշանակէ կեանք տալ: Առասպելին մէջ, պարիկները կեանքի ու մահուան միջեւ շաղկապող էակներն են:
Արեգնազան անունը ի՞նչ կը նշանակէ: Արեւ կը նշանակէ: Ինչպէս Արեւը՝ Արեգնազան սկիզբը փոքր է բայց հետզհետէ կ՚ուժեղանայ: Ինչպէս արեւը՝ ան կը ճամբորդէ ու կը վերադառնայ: Ինչպէս արեւը՝ ան կեանք կը բերէ: Ինչպէս արեւը՝ իր համբաւը կը փայլի: Անշուշտ բոլորիս ծանօթ է հայերուն արեւապաշտ հեթանոս անցեալը: Ուրեմն՝ Արեգնազանի պատմութիւնը արեւ աստուծոյ մասին է իրականութեան մէջ: Իսկ Նունուֆարն ո՞վ է: Ծաղիկ մըն է, թագաւորին մէկ հատիկ աղջիկը (ձեր պարտէզէն ծաղիկ մը պիտի քաղեմ — ընդունուած ժողովրդական ձեւ՝ կնութեան խնդրելու): Նունուֆար անհամբեր կը սպասէ իր Արեգին: Կը կենդանանայ արեգին բերած ջուրով: Նունուֆար ամչկոտ է: Զայն կը տեսնենք անկողին պառկած, հորիզոնական վիճակի մէջ: Միայն Արեգէն ջուր ստանալէն ետքն է, որ առոյգ կը դառնայ, ոտքի կը կանգնի: Նունուֆարը հողն է, որմէ ցորենը պիտի բուսնի: Արեգին գալուստով Նունուֆարին կենդանացումը յստակօրէն գարնան եղանակը կը ներկայացնէ: Մէկ խօսքով՝ թագաւորի մէկ հատիկ աղջիկ Նունուֆար, այսինքն գարունը, ժողովուրդի միակ յոյսն է: Ուրեմն, այս առասպելին ենթախորքը հիմնականօրէն հայ ժողովուրդի հողագործական, ապրուստի տարրական մտահոգութիւնները կը դրսեւորէ:
Ի՞նչ դեր կը խաղայ ջուրը այս պատմուածքին մէջ: Մի քանի կաթիլ անմահական ջուրը կը վերակենդանացնէ Նունուֆարը: Արեգակը մի քանի կաթիլ ջուրի օգնութեամբ չար կախարդութիւնը կը վերցնէ ու կեանքը կը վերադարձնէքարացած քաղաքին: Բարի պարիկները աղբիւրի ջուրին մէջ կը լողան: Իսկ չար վհուկը կը նետեն ծովուն մէջ: Քանակի տարբերութիւնը կը տեսնէ՞ք: Ուրեմն հայ երկրագործին համար, մի քանի կաթիլ անձրեւու ջուրը անհրաժեշտ ու կենսարար է: Աղբիւրէն բարիք կու գայ, կերպարանափոխում, իրականութեան դէմ յանդիման գտնուիլ (հայելի, արտացոլում): Իսկ ծովը՝ վհուկին բանտը, չարութիւնները կուլ տուող այդ հսկայական տարածքն է: Ջուրը կեանքն է, յստակօրէն:
Դարերու ընթացքին, առասպելները՝ ժողովուրդի մը մշակութային ըմբռնումները արտայայտելով եւ սահմանելով, ազգային ինքնութիւն կը կերտեն: «Արեգնազան» հէքեաթին բուն հեղինակը, այսինքն՝ հայ ժողովուրդը, առասպելի ճամբով կը քննարկէ սեռային ինքնութեան վերաբերող հարցեր, գարնանային վերածնունդի գաղափարը եւ ի վերջոյ կեանքի խորհուրդը: «Արեգնազան» որպէս առասպել մաս կը կազմէ երկրագործական հիմք ունեցող առասպելներու շարքի մը, ըլլայ հայկական թէ համաշխարհային մշակոյթներու մէջ: Քլօտ Լէվի-Սթրաուս հաւանաբար պիտի առաջարկէր նոյնպիսի ուսումնասիրութեան ենթարկել նաեւ մեր միւս հանրածանօթ առասպելները, Արա Գեղեցիկ ու Շամիրամ, Վահագն, Սասունցի Դաւիթ, որոնք նոյնպէս կ՚ընդգրկեն գարնան կամ վերածնունդի գաղափարը: Բուսական արտադրութիւնը ծնունդի եւ մահուան իրարայաջորդում մըն է, որմէ իր սնունդը կ՚ապահովէ մշակողը: Իսկ սնունդը՝ կեանքի աղբիւր է:
Ծանօթ.— Այս ակնարկին ամփոփ տարբերակը ներկայացուած է Համազգայինի Լեւոն Շանթ Հայրենագիտական դասընթացքներու առաջին եռամսեային որպէս աւարտական աշխատանք:
ՕԳՏԱԳՈՐԾՈՒԱԾ ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Claude Levi-Strauss. “The Structural Study of Myth”, in: “MYTH, a Symposium”, Journal of American Folklore, vol. 78, n՛ 270, oct.-dռc. 1955, pp. 428-444.
2. Literary Theory: An Anthology. Julie Rivkin, Michael Ryan. John Wiley & Sons Publishers, Jan 23, 2017.
3. Արեգնազանը, ազատության համար պայքարն ու Սասնա ծռերը. https://m.shamshyan.com/hy/article/2016/08/06/92231/
4. Էդ. Մ. Ջրբաշեան, ԱՂԱՅԵԱՆ-ԹՈԻՄԱՆԵԱՆ ԳՐԱԿԱՆ ԺՍՌԱՆԳՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԻ ՇՈԻՐՋԸ (Ղազարոս Աղայեանի ծննդեան 150-ամեակի աոթիւ)։
5. Մուշեղ Աղայեան. Յովհաննէս Թումանեան եւ Ղազարոս Աղայեան, Ասլան ապերն ու Ասլան բալան. https://armineab.wordpress.com/2017/04/07