Քանդակագործութիւնը եւ հայ կին արուեստագէտները (Բ.)

ԼՈՒՍԻՆ ՓԱԼԱՆՃԵԱՆ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ. Նկատի ունենալով, որ այս գրութիւնը աւելի լաւ կ՚ընկալուի իր պատկերզարդումներով, ընթերցողին կը թելադրենք զայն կարդալ թերթի տպագրեալ օրինակէն։

ԱՅԾԵՄՆԻԿ ՈՒՐԱՐՏՈՒ
(1899-1974)

Այծեմնիկ Ուրարտու, բուն անունով Այծեմնիկ Տէր-Խաչատրեան, կը հանդիսանայ մեր պատմութեան առաջին կին քանդակագործը: Ան ծաւալուն գործունէութիւն ցուցաբերած է իր կեանքի ընթացքին: Եղած է Հայաստանի նկարիչներու հիմնադրամի ղեկավար, Նկարիչներու միութեան խորհուրդի անդամ եւ քանդակներու բաժնի ղեկավար: Այս արուեստագիտուհին երկար տարիներ պաշտօնավարած է իբրեւ դասախօսուհի Հայաստանի պետական գեղարուեստական հիմնարկէն ներս:
Ուրարտու ծնած է Կարս, 1899 թուականին: Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ծնողքին հետ փոխադրուած է Ստաւրոպոլ քաղաքը (Ռուսական դաշնութեան քաղաքներէն մին): Հայրը եղած է մանկավարժ եւ փափաքած է զինք տեսնել որպէս ամուր նկարագրի ու զօրաւոր կազմի տէր անձ մը:
1918 թուականին, հետեւած է քաղաքի Լիշչենկոյի նկարչական արուեստանոցի դասերուն։ 1921-1925 թ. ուսում ստացած է Պաքուի Պետական բարձրագոյն գեղարուեստական դպրոցէն, մասնագիտանալով քանդակագործական ճիւղին մէջ: Ապա, ուսումը շարունակելու համար անցած է Մոսկուա: 1926 թուականին, Մոսկուայի մէջ տուած է իր անդրանիկ ցուցահանդէսը: Հոն է, որ առաջին անգամ «Անապաստանը» եւ «Հանգիստ» գործերուն տակ ստորագրած է իր կեղծանունը՝ Ուրարտու: Այս ձեւով ան ուզած է աշխարհին ցոյց տալ իր հայու ինքնութիւնը, հայու պատմութիւնը, գաղթը, անապաստան մնալը, տառապանքը եւ ցեղասպանութիւնը: 1926 թուականին, Ուրարտուն տեղափոխուած է Երեւան, նպաստելու համար Հայաստանի մշակութային կեանքի եւ ազգային քանդակագործութեան զարգացման։ 1926-1933թ. Ուրարտու ստեղծած է համայնավարական գաղափարախօսութեան քարոզչական թեմաներուն վրայ հիմնուած բազմաթիւ յուշարձաններ եւ դիմաքանդակներ: Այս շարքին կը պատկանի իր ստեղծած Մ? Շահումեանի արձանը (1928, քանդուած), «Պատանին» մարմարեայ դիմաքանդակը (1930, Հայաստանի պետական պատկերասրահ, Երեւան), «Դիւիզիայի հրամանատար Աթոյեան» կրանիթեայ արձանը (1933, Ուրարտուի նախկին արուեստանոց) եւ այլն։ Իր կին կերպարները հազուագիւտ երեւոյթ մը կը նկատուին 30-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ ստեղծուած քանդակագործութեան արուեստին մէջ: Ասոր լաւագոյն օրինակն է իր «Բանուորուհին» քանդակը:
Ուրարտու պատուէրի համաձայն իր ստեղծած գործերէն զատ կերտած է նաեւ ազատ ստեղծագործութիւններ: Ան աւելի շատ սիրած է այն ինչ որ ազգային է ու հարազատ: Այս գործերու շարքէն յիշենք՝ «Աւ.Իսահակեան»ի կիսանդրին, «Մայր ու երեխան», «Դեռատի աղջկայ գլուխը», «Ապարանցի կինը», եւ այլն: Վերջինս, զոր ստեղծած է 1930 թ., մեծածաւալ քանդակ մըն է: Ան կը պատկերացնէ գլուխը ծածկուած կնոջ մը կերպարը, որուն բերանն ու դէմքը կիսով ծածկուած են: Դէմքը ունի ամուր նկարագրի տէր գեղջուկ կնոջ մը դիմագիծը, կարծես թէ ան կնոջ մը դիմաքանդակը ըլլայ:
Ուրարտուի ստեղծագործած քանդակներու յատկանիշներն են մարդու բնաւորութեան խոր ու ուշադիր ուսումնասիրութիւն, անոր ներքին աշխարհի արտայայտման յատկութիւն, ձեւի իւրայատուկ արտայայտութիւն եւ կերպարի յատուկ գեղարուեստական մարմնաւորում:
Ուրարտու շուրջ տասը տարի լրջօրէն լծուած է գրագէտ Յովհաննէս Թումանեանի կերպարը ամբողջացնելու իր հերոսներու կերպարներով ներկայացնելու աշխատանքին: Թէեւ ան չէ յաջողած իր ծրագիրը ամբողջովին իրականացնել, բայց կրցած է գեղեցիկ ու համոզիչ դրսեւորումով կերտել «Անուշը» մարմարեայ կիսանդրին (1938): Այս քանդակով ան յաջողած է ներկայացնել Թումանեանի Անուշ հերոսուհիին նրբութիւնը, կնոջական դէմքի արտայայտութիւնը, հոգին, ապրումը, յուզումը: Այդ պատճառով ալ «Անուշ» գործը ստացած է իւրայատուկ արժէք: Նուազ գնահատելի չէ նաեւ իր այլ մէկ գործը, զոր կը կրէ «Սասունցի Դաւիթ» անուանումը (1935, Հայաստանի պետական պատկերասրահ): Այս քանդակն ալ ունի ինքնատիպ ոճ ու տեսք, լոյսի եւ շուքի սահուն անցումներ, որոնք յօրինուած են վարպետութեամբ եւ ստեղծագործական իւրայատուկ մտքով:
Ուրարտուն Թումանեան փողոցի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ հիմնած է իր սեփական արուեստանոցը: Իր հսկայական ստեղծագործութիւնները կը վկայեն, թէ ան մեծ կարեւորութիւն տուած է հայկական ազգային ժողովրդային աւանդութեան, գրականութեան, հայ հեղինակներու եւ հայոց աշխարհի իրական եւ ոչ-իրական հերոսներու, պետական գործիչներու, արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու: Այս խօսքերուն խօսուն փաստ են իր քանդակած՝ Մսրայ Մելիքի, Ստեփան Շահումեանի, Մարտիրոս Սարեանի, Յովհաննէս Թումանեանի (կիսանդրին-Դսեղ գիւղին մէջ) եւ շատ ու շատ այլ կարկառուն գործիչներու քանդակներն ու դիմապատկերները։

Ուրարտու գործօն մասնակցութիւն ունեցած է Հայաստանի ոչ միայն մշակութային, այլ նաեւ հասարակական կեանքի զարգացման մէջ։ 1931-ին համակիրներու փոքրիկ խումբի մը հետ եղած է Հայաստանի Նկարիչներու միութեան ստեղծման ծառայող activist մը: 1932-ին, իր եւ խումբ մը անձերու ճիգերուն շնորհիւ ստեղծուած է Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը: 1937թ. երբ Մոսկուա ուղղարկած իր քանդակը (Ս. Շահումեան) տեղ հասած է անվերականգնելի վնասուածքներով եւ ասոր իբրեւ հետեւանք ցուցահանդէսի կոմիտէն մերժած է արուեստագիտուհիին գործը ցուցադրել, երիտասարդ քանդակագործուհին ինկած է հոգեկան ծանր վիճակի մէջ: Սակայն, Ուրարտու չէ լռած, երբ նոյն տարին բանտարկուած է եւ աքսորուած իր սիրելին՝ Աշոտ Յովհաննիսեանը (Հայաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի պատմաբան): Ուրարտու առանց վարանումի նամակ մը յղած է կառավարութեան պատասխանատու Անաստաս Միկոյեանին, որուն մէջ յստակօրէն արտայայտած է իր մասնագիտական մտահոգութիւնները եւ բացատրութիւն պահանջած է իր գործերուն անտեսման եւ մրցումներէն դուրս ձգուելուն առնչութեամբ: 1941-ին իրեն ուղղուած նամակի մը մէջ յստակօրէն ըսուած էր, որ իր ընտրած հայկական ու ազգային թեմաներով քանդակները եղած են իր գործին անտեսման գլխաւոր դրդապատճառը: Հակառակ այս իրողութեան Ուրարտուի երբեք չէ շեղած իր ներշնչման աղբիւրէն, քանի որ ազգայինին հանդէպ կը տածէր յատուկ սէր եւ անչափելի գուրգուրանք:

30-ական թուականներու աւարտին արդէն սկսած էր կորսնցնել իր հաւատքը համայնավարական գաղափարախօսութեան եւ պետութեան քաղաքականութեան նկատմամբ: Տակաւին որոշ շրջան մը ոչ մէկ ցուցահանդէս կազմակերպելու հրաւէր ստացած է եւ գրեթէ բոլոր թերթերը ոչինչ գրած են իր մասին: Հակառակ շրջապատի մտահոգիչ լռութեան ու անտեսման, Ուրարտու իր սփոփանքը գտած է արտադրելու մէջ եւ անվհատօրէն շարունակած է քանդակել յանուն արուեստին, ամուսնին եւ հայ ազգին: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն այս ազգասէր կինը հոգ տարած է իր ազգակիցներուն եւ ժամանակաւորապէս յանձնած է իր բնակարանը փախստականներուն, ապրելով իր արուեստանոցին մէջ: Այս շրջանին է, որ ստեղծած է ժամանակակից դէմքերու նուիրուած մեծածաւալ դիմաքանդակները դէմքի ճկուն արտայայտութիւններով:
1943 թուականին Ուրարտուի ամուսինը՝ Աշոտ Յովհաննիսեան աքսորէն ազատ արձակուած է: Դժբախտաբար, ամոլը մինչեւ վերջ ալ անզաւակ մնացած է: Ուրարտու իր ստեղծած քանդակները միշտ ալ իր հարազատ զաւակները նկատած է: Այս դժբախտ կնոջ կեանքը ճակատագիրի այլ կերպ հարուած մը ստացած է 1948 թուականին, երբ իր արուեստանոցի առաստաղին փլուզման պատճառով ոչնջացած են իր բազմաթիւ աշխատանքներն ու քառասունէ աւելի ուրուագծերը (sketch):
1940-1960 թ. Ուրարտու զարգացուցած է դիմաքանդակի ժանրը, կերտած է մտաւորականներու, գիւղի եւ բանուորի կերպարները, որոնցմէ ամենէն նշանաւորը եղած է իր ամուսնոյն՝ պատմաբան Աշոտ Յովհաննիսեանի պրոնզէ դիմաքանդակը (1948, Հայաստանի պետական պատկերասրահ)։
1956-ին Ուրարտուն արժանացած է ԽՄ վաստակաւոր արուեստի գործիչի աստիճանին, իսկ 1960-ին` Հայաստանի ժողովրդական նկարչի կոչման:
Շուրջ քսան տարի ան աշխատած է Մովսէս Խորենացիի ծաւալուն քանդակին վրայ, զոր աւարտած է 1962-ին: Այժմ, հայ պատմագրութեան հօր՝ Մովսէս Խորենացիի պրոնզէ քանդակը տեղադրուած է Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ: Հակառակ իր յառաջացած տարիքին եւ ունեցած հիւանդութեան (Parkinson disease), Ուրարտու շարունակած է յամառօրէն ստեղծագործել մինչեւ իր մահը, որ պատահած է 1974 թուականին:

Ուրարտու իր ամբողջ կեանքի ընթացքին տառապած է նաեւ այլ հարցով մը: Զինք անհանգստացուցած է այն իրողութիւնը, որ իր օրերուն տղամարդ քանդակագործները աւելի արժանացած են կառավարութեան եւ մշակութասէր հասարակութեան ուշադրութեան քան կին քանդակագործները: Ըստ երեւոյթին, վերջին յիսուն տարուան ընթացքին այս կին արուեստագէտին անձին ու գործին շուրջ վերաբերումը շատ չէ փոխուած:
2019 թուականը կը զուգադիպէր Ուրարտուի ծննդեան 100ամեակին: Հակառակ որ Այծեմնիկ Ուրարտու եղած է առաջին կին քանդակագործը եւ հայ արուեստին բերած է անվիճելի նպաստ մը, ո՛չ մէկ կազմակերպութիւն նշած է այս կնոջ ծննդեան յոբելեանը եւ կամ կազմակերպած է իր ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէս մը կամ մրցոյթ մը, ո՛չ մէկ փողոց, դպրոց կամ արուեստի կեդրոն մկրտուած է իր անունով, եւ վերջապէս այդ առիթով ո՛չ մէկը վերանորոգած է իր կիսաւեր գերեզմանը:
2014-2020 թուականներուն որոշ թերթեր արձագանգած են Ուրարտուի յայտնի «Կուժով աղջիկը» քանդակին մասին (1939), զոր կը գտնուի Աբովեանի պուրակին մէջ: Շատեր հրապարակաւ շեշտած են քանդակին ոչ բարւոք վիճակին մասին, յայտնելով որ քանդակին մէջ պատկերուած աղջկան թեւը կոտրուած է եւ անոր կուժէն ջուր չի հոսիր: Հակառակ այն իրողութեան, որ 2021-ի տուեալներով քանդակը ընդգրկուած է Երեւանի Կեդրոն վարչական շրջանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու ցանկին մէջ, մինչեւ օրս քանդակին վերանորոգման եւ պահպանման աշխատանքներ տեղի չեն ունեցած:
Ուրարտուի կողմէ մեզի կտակուած ազգային ժառանգութիւնը բոլովին մոռացութեան կրնար մատնուած ըլլալ, եթէ 2020 թուին «Կին» Միջազգային փառատօնին համար չպատրաստուէր «Մոռացուած անուններ» տեսանիւթը: «Կէոթէի կեդրոն»ի ծախսերով կարճ ժամանակուան ընթացքին ստեղծուած այդ տեսանիւթը կը ներկայացնէ միայն 4 կիներ, բան մը որ մեզի ենթադրել կու տայ, թէ որքան գործ կայ կատարելիք մեր իսկական արժէքները մոռացութեան փոշիին տակէն դուրս բերելու գծով:

(Շար. 2 եւ վերջ)

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *