«Որովհետեւ օդը պէտք է պայծառանայ»

ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԿԷՏԻԿԵԱՆ

Խմբագրութեան կողմէ — Շողեր Ալին Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր, իններորդ դասարան» գիրքը ընթերցողին ներկայացուցած էինք մէկ տարի առաջ՝ մեր 2021 յուլիսի թիւով, սակայն թագաժահրային համաճարակի պատճառած սահմանափակումներն ու յետաձգումները պատճառ դարձան որ «Համազգային»-ը անոր շնորհանդէսը կատարէ միայն այս տարուան մայիսի 12-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Կէօնճեան» սրահէն ներս։ «Հորիզոն գրական»ի խմբագրական խորհուրդի անդամ Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան կատարեց գրքին ներկայացումը, որ կու տանք ստորեւ։

2019-ին Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութիւնը հայերէն գիրքի մրցոյթ մը կազմակերպած է, ուղղուած 13-19 տարեկան պատանիներու, եւ դատական կազմի միաձայնութեամբ Շողեր Ալին Մարգարեանի «Պատանեկան օրագիր, իններորդ դասարան» գիրքը կը շահի մրցանակը, եւ գիրքը կը հրատարակուի Մոնթրէալի մէջ, 2021-ին, «Ինքն ա տիպ» հրատարակչատան եւ «Մելան» տպարանին կողմէ:
Գիրքը կը բաղկանայ 122 էջերէ, գունաւոր նկարազարդումով եւ գծագրային զարդերով յագեցած: Գծանկարներն ու ձեռագիրները Թամար Մերտխանեանի կողմէ իրագործուած են, կողքի համադրումը, խճանկարներէն մէկը եւ յաւելեալ էջադրումը կատարած է Նանոր Տէր Պօղոսեան, կարգ մը էջերու գծանկարները կը պատկանին Յովիկ Եթերեանի, ինչպէս յիշուած է գիրքին առաջին էջին մէջ:
Գիրքը, ինչպէս յիշեցի, նկարազարդուած է գունաւոր նկարներով. օրագիրի ճշգրիտ պատկեր փոխանցելու համար վերնագիրներն ու վերջաւորութեան անունները գրուած են ձեռագիր, ապա տեղ-տեղ նիւթին առնչուող նկարներ ու գծագրութիւններ տեղադրուած են:
Գիրքը նուիրուած է Լորիին եւ Լէյլային, Շողեր Ալինին դուստրերուն, զորս հեղինակը իր ներշնչումի անսպառ աղբիւրները կը նկատէ:
Շողեր Ալին իր շնորհակալագիրին մէջ կ՚ըսէ. «Սփիւռքահայ պատանիներու ուղղուած գիրք մը գրելու մարտահրաւէրը ծնաւ 2019-ին, Համազգայինի Գանատայի Շրջանային վարչութեան կազմակերպած հայերէն գիրքի մրցոյթին յայտարարութեամբ»: Ուրեմն հեղինակը նախապէս նման ծրագիր մը չունէր, կամ ունէր, բայց լրջօրէն չէր մտածած նման նախագիծի մը մասին եւ ահա Համազգայինի մրցոյթը խթան կը հանդիսանայ, որ ան մտածէ, ծրագրէ եւ մտածումները թուղթին յանձնելով ծնունդ տայ նման պատանեկան գիրքի մը, որուն եւ նմանատիպ գիրքերու սակաւաթիւ ըլլալը մեծապէս զգալի է, յատկապէս այս օրերուն՝ սփիւռքի մէջ:
Գիրքին բովանդակութիւնը կը կազմէ օրագիրներու շարք մը, իններորդ դասարանի երկու աշակերտներու կողմէ՝ Սեւանային ու Տարօնին, որոնք երկուորեակ քոյր ու եղբայր են, երբ հայերէնի ուսուցիչը պարտականութիւն կու տայ աշակերտներուն, որ օրագիր պահեն: Առաջին էջերէն զգալի է արդէն երկուքին նկարագրային տարբերութիւնները, երբ Սեւանան կ՚ոգեւորուի ուսուցչուհիին պատուէրով ու իր առաջին օրագիրին մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Շատ սիրեցի այս գաղափարը, հազիւ տուն եկայ մամային հետ շուկայ գացի, ընտրեցի գեղեցկօրէն զարդարուած կողքով տետրակ մը», ան նաեւ օրագիրը կը կոչէ «սիրելի օրագիր», մինչ Տարօնը կը դժգոհի ուսուցչուհիին տուած պարատականութենէն եւ իր առաջին օրագրութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Կարծես այս տարուան պարտականութիւնները չէին բաւեր, տիկին Անին «շատ լաւ գաղափար» մը ունեցաւ: Կ՚ուզէ, որ օրագիր պահենք: Կարծես այդ չի բաւեր, պէտք է հայերէնով ըլլայ: Դասարանի բոլոր աղջիկները ուրախացան: Բայց ես գանգատեցայ: Ըսի՝ տիկին Անի, ես օրագիր գրելու չափ բամ չունիմ խօսելիք: Հեքիաթ պատմել չե՛մ սիրեր: Ըսաւ որ փորձեմ: Ինչ որ միտքէս անցնի՝ գրեմ: Ըսաւ որ պիտի օգնէ, գաղափարներ պիտի տայ: Ըսաւ որ այս շաբթուան համար կրնամ պատմել մեր դպրոցական առաջին օրը»: Ան, ի տարբերութիւն Սեւանային, օրագիրը կը թուագրէ, օրինակ՝ օրագիր թիւ 1, օրագիր թիւ 2, եւ այլն: Նշենք, որ աւարտին օրագիրները թիւով 27 հատ կ՚ըլլան: Վիպակի գլխաւոր հերոսներուն՝ Սեւանային եւ Տարօնին օրագրութիւններուն մէջ անշուշտ ներկայ են իրենց դասընկերները, որոնց օրագրութիւններէն քանի մը հատը կցուած են գիրքին վերջին բաժինին մէջ, վերնագրուած՝ «Էջեր՝ զանազան աշակերտներու օրագիրներէն», որոնք են Կորիւնը, Իզապէլը եւ Սուրիայէն գաղթած Աբօն:
«Հորիզոն Գրական»ին մէջ խմբագիր, հրապարակագիր եւ գրող Վրէժ Արմէն հետեւեալը կը գրէ գիրքին մասին. «Պատանիներ, աղուոր նուէր մը ստացաք այս գիրքով … Ան չի նմանիր ձեր մինչեւ հիմա տեսած ու կարդացած ուրիշ գիրքերուն՝ հայերէն թէ այլ լեզուներով։ Ան յատուկ գրուած է դպրոցական պատանիներու համար, գրուած է պատանիներու լեզուով ու պատանիներու կողմէ»:
Հակառակ անոր որ հեղինակը իր մասնագիտութեամբ ու աշխատանքի ասպարէզով շա՜տ հեռու է այդ տարիքի պատանիներու առօրեայէն, սակայն վարպետօրէն կրցած է, ըստ երեւոյթին, ներթափանցել պատանիներու առօրեային մէջ, անոնց հետաքրքրութիւնները ճանչնալ, անոնց յուզումները, ընդվզումներն ու ապրումները ճշգրտօրէն ու ամենայն հարազատութեամբ արտայայտել, ըլլան անոնք դպրոցական կեանքին վերաբերեալ, թէ անձնական ու ընտանեկան կեանքին առնչուող: Օրինակ, վիպակին երկրորդական հերոսներէն մէկը՝ Կորիւնը, պատանեկան տարիքի յատուկ ապրումներուն մասին գրել կ՚ուզէ, երբ կ՚արտայայտէ իր համակրանքը դասընկերուհիներէն մէկուն հանդէպ ու զայն կը կոչէ երազներուն հրեշտակը, երբ կը գրէ. Էջ «Ե՞ս ինչի մասին գրեմ: Պատմե՞մ, թէ ամբողջ ամառը սպասած էի այդ վայրկեանին. երբ դպրոցի առաջին օրը հասաւ, ու ես վերջապէս տեսայ երազներուս հրեշտակը: Գրե՞մ, թէ հեռուէն՝ միայն կռնակէն տեսայ զինք. ոսկեգոյն երկար մազերը գլխու շարժումով մը դէպի ետեւ կը հրէր ու ձեռքերով վեր կը բարձրացնէր, որպէսզի քրտնած վիզը զովանար: Ընկերուհիներուն հետ կը խօսէր, մօտէն անցայ, բայց կանաչ աչքերով չնայեցաւ նոյնիսկ ինծի», ապա ինչպէ՛ս կը ջնջէ գրածը ու «Չէ՛, չեմ կրնար այս մասին գրել» մտածելով կը գրէ բոլորովին ուրիշ նիւթի մը մասին: Սեւանան նոյնպէս համակրանք կը զգայ Մհերին հանդէպ, որուն մասին ուղղակիօրէն չ’արտայայտուիր, բայց տեսէք ինչպէ՛ս կը նկարագրէ զայն վերամուտին երբ երեք ամսուան արձակուրդէն ետք կը տեսնէ զինք. «Իսկ երբ Մհերը դէմս ելաւ, OMG! (Աստուա՛ծ իմ): Գրեթէ չճանչցայ: Երեք ամսուան մէջ որքա՜ն փոխուած գտայ: Ծառի պէս հասակ, մկանուտ բազուկներ, արեւէն այրած մորթ… Առաջուան թոմպուլիկ դէմքով մանչուկը չէ այլեւս: Սեւ ու գանգուր մազերուն մէջէն սեւուկ աչքերը կրակի պէս կը փայլին: Բաւական երկարած են այդ առատ ու խենթուկ մազերը… նոյնիսկ duvet (աղուամազ) բուսած է վերի շրջունքին վրայ… իսկ ձա՞յնը: Կարծես մեծ մարդ մըն էր հետս խօսողը: Հարցուց, թէ Տարօնը ո՛ւր է», հեղինակը հոս հերոսուհիին մտքէն անցածն ալ կը փոխանցէ ընթերցողին եւ յատուկ ամպիկի մը մէջ կը գրէ. «Ես կաս կարմիր կտրեցայ, յուսամ չանդրադարձաւ»:
Օրագրութիւններուն մէջ յստակօրէն նկատառելի են աշակերտներուն հոգեբանութիւնը, դժգոհանքը դպրոցական պարտաւորութիւններուն հանդէպ, յատկապէս տղոց հետաքրքրութիւնը ոտնագնդակով, համակարգչային խաղերով եւ ինքնաշարժներով, սակայն նաեւ կ՚անդրադառնայ գծագրութեամբ ու արուեստով հետաքրքրուող եւ իւրայատուկ բնաւորութեան տէր տղոց գոյութեան, օրինակ, նրբազգաց Կորիւնն է, որ Վան Կոխի ցուցահանդէսին երթալու առիթը ունենալուն հրճուանքը կ՚ապրի, բայց Վան Կոխի գծանկարներուն տեղ զարմանալիօրէն այլ բան իր ուշադրութիւնը կը գրաւէ, որն է իր տխուր մօրը ժպիտը, զոր կ՚առինքնէ իր զգայուն հոգին. «Վերջապէս Վան Կոխի ցուցահանդէսին կրցանք երթալ երէկ, ես ու մաման: Մաման որքա՜ն ուրախ էր: Շատոնց ժպիտ չէի տեսած իր դէմքին … Հետս տետրակս տարած էի, որպէսզի ինծի անծանօթ պաստառներ ընդօրինակեմ: Չնայեցայ, չտեսայ նոյնիսկ պատերէն կախուած գլուխ-գործոցները: Միակ բանը, որ աչքիս առջեւն էր՝ մամայիս ժպիտն էր»:
Հեղինակը նաեւ կ՚անդրադառնայ աշակերտներուն իւրայատկութիւններուն, մասնաւորաբար իւրաքանչիւրին շնորհքներուն ու տաղանդին, յայտնաբերելով որ իւրաքանչիւրը ունի իրեն յատուկ հետաքրքրութիւն մը, եւ անշուշտ պայման չէ, որ բոլորը նոյնանման տաղանդներ կամ հետաքրքրութիւններ ունենան: Օրինակ երբ դասարանային խմբային աշխատանքներ կ՚ունենան, ինչպէ՛ս մէկը կը ստանձնէ տարեգիրքի խմբագրական գործը, ուրիշ մը, որ սկաուտ է, դրամահաւաքը, ուրիշ մը գիրքին նկարազարդումը, եւ այլն:
Այսպիսով բաւական հետաքրքրական եւ իրարայաջորդ դէպքերով ու արկածախնդրութիւններով լի պատմութիւններ զիրար կը յաջորդեն, եւ կ՚աւարտին Սեւանային վերջին, Յունիս 18-ին գրուած օրագրութեամբ, երբ աշխարհագրութեան ուսուցիչը, զոր մինչ այդ օտարազգի կը թուէր ըլլալ, անակնկալ մը պատրաստած կ՚ըլլայ իր աշակերտներուն եւ կը ցուցադրէ իրենց Արարատի բարձրունքներէն իր հետ բերած խոշոր քար մը եւ կ՚ըսէ. «Այս քարը բերած եմ Արարատի գագաթէն: Ութը տարի առաջ, նախքան անկարգելի արկածս, մագլցած եմ Արարատը, ՄԵՐ սուրբ լեռը … Այո՛, ե՛ս ալ հայ եմ, մօրս անունը Շուշան է: Թէեւ հայերէն շատ չեմ հասկնար»:
Ապա օրագրութիւնը կ՚աւարտի հետեւեալ ձեւով. «Սիրելի՛ օրագիր, այնքա՜ն հաճելի անցաւ այս տարեշրջանը: Ինչ հաճելի փորձառութիւն մըն էր տարեգիրք հրատարակելը: Ի՜նչ լաւ գաղափար էր տիկին Անիին առաջարկը օրագիր պահելու: Բայց դեռ որքա՛ն պատմելիք բաներ ունիմ քեզի, դեռ որքա՛ն պատմուելիք պատահարներ պիտի տեղի ունենան…»:
Նշեմ, որ Սեւանան ու Տարօնը իրենց օրագրութիւններուն աւարտին յաճախ օդին իրավիճակը կը փոխանցեն ընթերցողին. օրինակ՝ «Երկինքը պայծառ է», «Որովհետեւ օդը բացուելու վրայ է», «Այսօր օդը պայծառ չէ», «Որովհետեւ օդը պէտք է պայծառանայ» եւ այլն, բայց նաեւ յաճախ իրենց հոգեկան ապրումներուն հետ կապ ունի օդերեւոյթին վիճակը. օրինակ՝ Սեւանան կը գրէ. «Տարօրինակ օր մը, տարօրինակ մարդիկ, չեմ հասկնար, որովհետեւ օդը տարօրինակ է»: ուրիշ տեղ մը, երբ հպարտ է իր եղբօր արարքով՝ «Պռաւօ՛, Տարօն, որովհետեւ օդը պայծառացուցիր», տեղ մըն ալ՝ «Ինչո՞ւ Մհերին աչքերը այսքան կը փայլին, որովհետեւ օդը պայծառ է», «Ինչո՞ւ այտերս կը կարմրին, երբ Մհերը հետս խօսի, որովհետեւ օդը պայծառ է», ապա ընկերուհիներէն Իզապէլին տխրութիւնը փարատելու մաղթանքով կ՚ըսէ. «Սիրելի՛ օրագիր, կը յուսամ, թէ շուտով օդը կը պայծառանայ Իզապէլ մոլորակին վրայ», իսկ Տարօնը տեղ մը, երբ նեղացած է իր ընկերներէն մէկուն վարմունքէն՝ կ՚ըսէ. «Որովհետեւ օդը պայծառ ըլլալէ շատ հեռու է»:
Գիրքին գլխաւոր արժէքը կը կայանայ անոր կրած դաստիարակչական բնոյթին մէջ, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի աշակերտներէն ոմանց հարստահարուելուն՝ իրենց ընկերներուն կողմէ, ինչպէս կ՚ըսուի այսօր՝ bullying: Այս նիւթին անդրադարձ կ՚ըլլայ մի քանի անգամ վիպակին մէջ, եւ մանկավարժական ու հոգեբանական բացառիկ վարպետութեամբ մը ընթերցողին կը փոխանցուի այդ արարքին ծանրագոյն ազդեցութիւնը անոր զոհին վրայ: Օրինակ Տարօնը իր թիւ 13 օրագրութեան մէջ կ՚ըսէ. «Bullying-ին հայերէնը փնտռեցի «Նայիրի» online կայքէջին վրայ. բայց գտած թարգմանութիւններս՝ հարստահարել, ճնշել, ճզմել, իմ ուզած իմաստս չտուին … Բառարանին մէջ «վէգ» կը նշանակէ knucklebone (բռունցքի ոսկորը): Consequently (հետեւաբար) վէգել պիտի ըլլայ մէկու մը բռունցք ուղղել եւ աւելի՛ն: Վէգողը չ՚անդրառանար, թէ իր ըրածներով որքան վնաս կը հասցնէ ամբողջ շրջապատին: Այն անձը, որ վէգողին victim-ն է (զոհը), մինչեւ կեանքին վերջ իր մէջ կը կրէ վիրաւորանքը: Իսկ վէգողին ընկերները՝ անոնք ալ գէշ կը զգան, որովհետեւ չեն գիտեր՝ ինչպէս հասկցնել թէ լաւ չէ ըրածը, չեն գիտեր՝ ինչպէս դադրեցնել այս զզուելի վիճակը»: Այլ տեղ մը.
«— Չէ՞ք լսած Վիգէնին «գիրուկ Կոկօ» ըսելը, չէ՞ք տեսած գնդակով Կորիւնին վախցնելը: Չէ՞ք տեսներ, թէ տղան միշտ մինակ ու լուռ է, տխուր է:
Եւ տակաւին ինչե՜ր պատմեց Քրիսը: Ես կը կարծէի, թէ պարզապէս Կորիւնին բնաւորութիւնն է, ինք քիչ մը ամչկոտ է … Հիմա հասկցայ, թէ ինչո՛ւ տղան միշտ մէկ կողմ կը քաշուի, կ՚անհետանայ նոյնիսկ»:
Գիտենք, որ պատմութիւններու հերոսները շատ աւելի ազդու կ՚ըլլան յատկապէս պատանիներուն եւ մանուկներուն վրայ, հետեւաբար գիրքին մէջ տեղ գտած նման արարքներու անդրադարձումը անուղղակի դաստիարակութեան մաս կը կազմէ եւ շատ յաճախ աւելի՛ արդիւնաւէտ կ՚ըլլայ քան քարոզչական եւ ուղղակի դաստիարակութիւնը:
Ուշագրաւ է հեղինակին ստեղծած ուսուցիչի տիպարը, որ թէեւ անձնապէս, որպէս հերոս, բացակայ է, բայց անուղղակիօրէն ներկայ է գրեթէ բոլոր օրագրութիւններուն մէջ: Օրինակ՝ «Տիկին Անին թելադրեց, որ օրագիր պահենք», «Տիկի՛ն Անի, համաձայն եմ հետդ», «Տիկին Անին ըսաւ, որ Ապրիլ 24-ին մասին շարադրութիւն մը գրենք», եւ այլն: Հայ ուսուցիչի լաւագոյն կերպարն է տիկին Անին: Ան կրցաւ Տարօնը քաջալերել, որ օրագիր գրէ, օգնեց, որ կարենայ իր հետաքրքրութիւններուն մասին գրէ, կրցաւ վերջապէս այնքան խթանել զինք, որ երբ Տարօն վէգելուն մասին իր գրութիւնը գրեց, ոչ միայն գնահատանքի արժանացաւ, այլեւ դպրոցին մէջ հոգեփոխութիւն մը տեղի ունեցաւ այն անձերուն հանդէպ, որոնք զոհերն էին վէգութեան, շնորհիւ տիկին Անիին հետապնդումին: Ուրիշ տեղ մը, երբ Սուրիայէն եկած Աբօն անգլերէն լաւ չհասկնալուն համար նոյնիսկ ծաղրանքի առարկայ դարձած էր իր ընկերներուն, Ապրիլ 24-ին մասին իր գրած շարադրութեամբ տիկին Անիին, ապա նաեւ իր ընկերներուն գնահատանքին արժանացաւ: Այսպէ՛ս պէտք է ըլլայ ընդհանրապէս ուսուցիչի տիպարը, եւ մասնաւորապէս հա՛յ ուսուցիչին տիպարը:
Գալով լեզուին, Վրէժ Արմէն իր գրախօսականին մէջ նաեւ գրած է. «Գրողը այս գիրքը գրելու համար ինքն ալ պատանի դարձած է ու յաջողած է խօսիլ իբր պատանի, իր հերոսները խօսեցնել կամ անոնց գրել տալ իրենց առօրեայ լեզուով, թերիներով ու սխալներով հանդերձ, միաժամանակ շատ պարզ ու հաճելի ձեւով սրբագրելով զանոնք, որպէսզի ընթերցողը, որ նոյն թերիներն ու սխալները կ՚ընէ, սորվի ճիշդը խօսիլ ու գրել»: Ուրեմն հեղինակը երբ աշակերտներուն լեզուով կը խօսի, ան նաեւ կ՚օգտագործէ այսօրուան աշակերտին գործածած սխալ արտայայտութիւնները կամ օտար բառերը, ապա զանոնք ընդգծելով քովը կու տայ անոնց հայերէնը, օրինակ` famous` հռչակաւոր, selfie՝ եսանկար եւ այլն, սխալ ձեւերուն ճիշդ ձեւը, օրինակ` պարտուանք՝ պարտուեցանք, մասնաւորէն՝ դիտմամբ եւ այլն, կամ կարգ մը արտայայտչական ձեւերու նախընտրելի ձեւեր, օրինակ` լման դպրոցը՝ ամբողջ դպրոցը, քանակը վերջացնել՝ սպառել5 եւ այլն:
Գիրքին մէջ մերթ ընդ մերթ տեղ գտած են նաեւ տիկին Անիին նոր բառերու ցանկը, ուր նախորդ օրագրութիւններուն մէջ յիշուած օտար բառերուն հայերէնը կը փոխանցուի, այս մէկը խիստ օգտակար է եւ առիթ կ՚ընծայէ, որ աշակերտը գիրքը կարդալէ ետք նոյնիսկ, երբ պէտք կ՚ունենայ օտար բառի մը հայերէն տարբերակը գտնելու, կրնայ դիմել այդ ցանկերուն եւ դիւրութեամբ գտնել համապատասխան բառը:
Այս վերոնշեալ բոլոր միտքերն ու խորհրդածութիւնները ինքնաբերաբար ենթադրել կու տան, որ սոյն վիպակին հեղինակը ինք եւս իւրայատուկ անձնաւորութիւն մըն է, չի սիրեր միօրինակութիւնը, կը հակի զանազանումին՝ հեռու միապաղաղութենէ եւ միակերպութենէ, որուն ամենէն ուշագրաւ օրինակն է ինքնակենսագրականը, զոր տեղ գտած է գիրքին վերջին էջին մէջ: Ան ինքնիր մասին կը գրէ. «Շողերը ծնած է կոմիտասեան երգի մը մէջ: Մեծցած է կարագ-անուշ ուտելով (մանաւանդ՝ մեծ մօր պատրաստած չոր թուզի անուշը): Դպրոցական տարիներուն՝ վերամուտի առաջին շաբաթն իսկ դասագիրքերը ծայրէ ծայր կարդացած կ՚ըլլար, ապա տարեշրջանը կ՚անցընէր միտքը հանգիստ ու երջանիկ: Երբ հայերէնի ուսուցիչը կը պատուիրէր բառագիտութեան ցանկէն իւրաքանչիւր բառով նախադասութիւն մը կազմել, ան արդէն բոլոր բառերը միասնաբար օգտագործելով պատմուածք մը գրած կ’ըլլար: Ալինը ծնած է համալսարանի դիմումնագիրի մը մէջ: Ընկերները միշտ կը յիշեն, թէ որքա՜ն կ՚ատէր պանանը, մանաւանդ՝ պանանով կարկանդակը: Երբ գիշեր մը լուսցուցած կ՚ըլլար գիտական փորձարկութեան մը արդիւնքները ցուցակի մը մէջ գրանցելով, յաջորդ առտուան դասապահին՝ քիմիագիտութեան հաստափոր մատեանը անկասկած կ՚օգտագործէր իբր բարձ…»:
Հուսկ, գիրքին մասին որքան ալ գրենք, ճշգրիտ իրաւունքը չենք կրնար տալ, պէտք է կարդալ գիրքը, որպէսզի առիթը ունենաք զայն իսկապէս վայելելու եւ ըմբոշխնելու. եւ չկարծէք, թէ գիրքը ուղղուած է պատանիներուն, կամ իններորդ դասարանի աշակերտներուն միայն, բացարձակապէս, ան ուղղուած է մեզմէ իւրաքանչիւրին.
— Ուսուցիչին եւ կրթական ասպարէզէն ներս գործող բոլոր կրթական մշակներուն, որպէսզի հոն գտնեն իսկական տիպարը հայ ուսուցիչին եւ դաստիարակին
— Ծնողքին եւ մեծ ծնողքին, ուր պիտի գտնեն իրենց զաւակներուն եւ թոռնիկներուն երբեմն անհասկնալի վերաբերմունքին լուսաբանութիւնը, անոնց մտահոգութիւններն ու թերութիւնները ընկալելու եւ ըմբռնելու միջոցները, ապա զանոնք յուզող հարցերուն լաւագոյն լուծումները գտնելու հնարքներ:
— Ապա այդ տարիքէն անցած մեզմէ իւրաքանչիւրիս, վերապրելու այդ տարիքին յատուկ յուզումներն ու ապրումները, վերյիշելու մեր դպրոցական տարիներու անթեղուած յիշատակները, թէեւ այսօրուան պատանիին ապրելակերպն ու մտածելակերպը շատ չեն նմանիր մեր պատանեկան օրերուն մեր ապրելակերպին ու մտածելակերպին, բայց միեւնոյն ժամանակ հումքը նոյնն է, գիտակցութիւնն ու թերութիւնները միեւնոյնն են, պարզապէս տարբեր դրսեւորումներով ու արտայայտութիւններով ձեւափոխուած:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *