ՃԱՆԱՊԱՐՀՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ՈԳԵՂԷՆԻՆ ՄԷՋ՝ ՎԱՍՆ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ.

(«ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄՈՒՄ», Ա. եւ Բ. հատորներ)

Հայոց անցեալի բազում յուշարձաններ եւ կոթողներ կը պատմեն ոգիէն, որ յարաբերական խաղաղութեան սակաւ պայմաններու եւ յաճախակիօրէն անտանելի կացութիւններու մէջ՝ պահած էր ժողովուրդ մը, մինչեւ անոր պանդխտաբար հեռանալը, եւ կամ՝ արմատախլուիլը, տարագրուիլը…: Անոնք նաեւ կը պատմեն մոռացութեան մասին: Ախտաճանաչում մը՝ որ Յ. Օշական կատարած էր: Մինչ մասնագիտական աշխատանքներ մոռացութիւնը փարատելու ճգնած են, բայց ընդհանրական հոգեբանութիւնը այլ տեղ է արդէն, ներկայի մը մէջ՝ որ ըստ էութեան բացակայութիւն մըն է ժառանգութենէն, յատկապէս՝ Սփիւռքի պարագային: Ա’յո, բացակայութիւն մը ժառանգութենէն, ուստի բնակութիւն մը ստուերներու մէջ…
Յուշարձանները եւ կոթողները արտայայտիչն էին պապենական եւ տատենական հաւատքին, յոյսին, սիրոյն, եւ զանոնք հաստատող «ստեղծագործ ոգու»ն, ինչպէս պիտի ըսէր Գարեգին կթղ. Յովսէփեանց: Եւ անոնք քարահունչ նշաններ էին չարիքներէ ամենօրեայ փրկութեան:
Այս քանի մը միտքերը, երբ յանցաւոր ուշացումէս ետք, ձայն մը վերյիշեցուց պարտքս՝ սոյն գրախօսական անդրադարձը կատարելու:
Գերշ. Տ. Գրիգոր արք. Չիֆթճեան՝ Ատրպատականի հայոց առաջնորդ սրբազանը, որ հեղինակն է բարոյախօսական աւելի քան տասնեակ գիրքերու, առաւել՝ այլազաններու, հոյակապ տեսիլքով մը եւ որոնողական ու պրպտողական, ֆիզիքական, մտային ու հոգեւոր եռանդով մը ձեռնարկած էր հայ տեղագրութեան եւ ազգագրութեան համար հսկայ ուսումնասիրութեան մը: Անիկա ճանապարհորդութիւն մըն է ոգեղէնին մէջ, եւ յուշարձան առ յուշարձան, կոթող առ կոթող հպիլ մը իմաստուն զօրութեան: Ձեռնարկութեան ընդհանուր անունն է «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի հայոց թեմում/Հայկական յուշարձանների հետքերով»: Ա. հատորը լոյս տեսաւ 2017-ին. երկրորդը՝ 2021-ին. երկուքը՝ Թաւրիզ, մեկենասութեամբ՝ տ. եւ տիկ. Համազասպ եւ Սեդա Ոսկանեանի: Բ. հատորի պարագային՝ կողքին միջանշուած է «Ղարադաղ». հատորը նուիրուած է հայոց պատմական Փայտակարանին:
Արդ, ուսումնասէր սրբազանը ցարդ կանգնած է երկու «վկայարան» (իր բնորոշումն է ասիկա): Առաջին հատորի «Երկու խօսք»ին մէջ գրած է. «Յոյս ունենք, որ մեր աշխատանքի համար ապագային աղօթողներ կը լինեն, երբ այն օգտագործեն իբրեւ վկայարան Ատրպատականի հայոց թեմի դարաւոր ժառանգութեան, եւ հաւաստի աղբիւր՝ բոլոր խաւերի ուսումնասիրողների համար»:
Հայ յուշերուն մէջ, վկայարանները ամփոփարաններն էին սուրբերու աճիւններուն, այլ խօսքով՝ սրբութիւններուն, ուր սերունդներ կ’երթային ուխտի, աղօթելու, օրհնաբանելու եւ օրհներգելու, գովաբանելու եւ գովերգելու, փառաբանելու եւ փառերգելու, բարեխօսելու եւ բարեխօսութիւն աղերսելու…: Երկու հատորները հայ ստեղծագործ ոգիին ոչ թէ միայն սրբապաշտութիւնը կը պատմեն, այլեւ ճգնութիւնը արարելու, որ իր կարգին տենչանք է սրբութեան: Մեր ընդհանրական այլատեսակ ապասերումին մէջ, այս ձեռնարկութիւնը իրագործում մըն է շնորհիւ «տաք շունչ»ին, որ հեղինակը զգացած էր 2012-ի յունուարին, երբ կոչուած էր ստանձնելու Ատրպատականի հայոց թեմին առաջնորդական ծառայութիւնը: «Գիտակից հնազանդութեամբ» ընդառաջում մը զինք լծած էր դարաւոր ժառանգութեան մասին վկայելու: Սրբազանը Ատրպատականի, եւ համայն հայութեան սրբութիւններէն մնացորդներու վկայ մըն է:
Ատրպատականի հայ ճարտարապետութեան հրաշագեղ կոթողներն են Արտազի Ս. Թադէն, Ջուղայի Ս. Ստեփանոսը եւ Ծոր-Ծորի Ս. Աստուածածինը: Թեմին տարբեր շրջաններուն մէջ կան շուրջ 200 եկեղեցիներ. անոնցմէ ոմանք կանգուն են, ոմանք կիսափուլ, եւ ոմանք ալ՝ «գրեթէ խոնարհուած վիճակում»: «Բնական աղէտներ՝ երկրաշարժներ, անձրեւային հեղեղներ եւ ձիւնամրրիկներ իրենց աւերիչ հետքը թողել են (…) եթէ նկատի չունենանք նաեւ մարդկային կործանարար ձեռքերի թողած վէրքերը», գրած է սրբազանը: Արձանագրած ունի՝ պետութեան հոգածու վերաբերմունքը անոնցմէ «գլխաւորներ»ուն նկատմամբ, եւ հովանաւորութիւնը Իւնեսքոյի:
«Տաք շունչը մեր նախահայրերի» զինք լծած է այս քաղցր բեռին: Կը մէջբերեմ իր խօսքը. «Առաջնորդական պաշտօնի մեր ծանր պարտաւորութիւննրին առընթեր, կարողացանք մեր աշխատանքային ծրագրերին մէջ տեղադրել բազմաթիւ այցելութիւններ, լայնատարած այս թեմի հեռաւոր եւ մօտակայ շրջաններում գտնուող ազգապատկան մեր կալուածներին: Նախապէս հայահոծ այս թեմի բոլոր գաւառներում եւ գիւղերում մեր ժողովրդի զաւակները իրենց տների կառուցման հետ միասին, իրենց համար Աստծու տուն են կառուցել (…): Հեշտ չեղան սոյն այցերը, մանաւանդ նկատի ունենալով փոխադրական դեռեւս նախնական պայմանները (…), ինչպէս նաեւ՝ հեռաւոր եւ սահմանամերձ շրջանների անապահով միջավայրը»:
Ա. հատորին նպատակը չի վերաբերիր վերեւ յիշեալ կոթողներուն ներկայացման, այլ առաւելաբար, մոռցուած շրջաններուն մէջ գտնուող, եւ «հազուադէպ առիթներով կամ հրաշքով» հայ այցելու ունեցող եկեղեցիներուն:
Առաջին հատորը կ՚ընդգրկէ ուսումնասիրութիւններ Թաւրիզի եւ շրջակայքին, Դարաշամբի, Արտազի Սալմաստի, Խոյի, Ուրմիայի, Մարաղայի, Միանդաբի, Նաղադէի, Մահաբադի, Արդաբիլի վրայ: Նաեւ հնագիտական ուսումնասիրութիւններ, ինչպէս Ս. Ստեփանոսի վանքին մէջ յայտնաբերուած մասունքներու մասին, Ս. Թադէի մէջ հայ հեթանոսական կուռքի մը ոտքին յայտնաբերման մասին եւայլն: Վերջաբանին վերնագրութիւնը («Իսկ մենք ապրում ենք ‘’բարեխառն’’ քաղաքում, կամ էլ՝ բարեխառն ենք ապրում Թաւրիզ քաղաքում») խօսուն է:
Բ. հատորը նուիրուած է Ղարադաղին, որ հարեւան է հայոց անցեալի նահանգներ Սիւնիքին եւ Արցախին: Եւ այսօր ոեւէ հայ չ՚ապրիր նախկին հայաբնակ գիւղերուն մէջ. անոնցմէ ոմանց տիրացած են թուրքեր, իսկ ուրիշներ «անտիրութեան են մատնուել ու աւերակ վիճակում մնացել»:
Իրանի հիւսիս-արեւմուտքին է Ղարադաղը, վաղուց հայաթափուած: Ներածութեան մէջ կը կարդամ. «Ղարադաղի վեց գաւառակներում գտնուող մեր ազգի զաւակներին պատկանած նախկին գիւղերն ու դրանցում եղած հայկական յիշատակները ներկայացնելու համար այս գրքում, անձնապէս նախաձեռնել ենք սոյն ծախսալից, վտանգաւոր մեծ յոգնութիւն պահանջող ուղեւորութիւններին, առանց որեւէ մէկ հաստատութեան կամ մշակութային հիմնարկութեան եւ կամ անհատի նիւթական հովանաւորութեան, այլ մեր սեփական ջանքերով ենք իրականացրել զայն: Հաւաքել ենք նիւթեր, լուսանկարել ենք վայրերը, վկայագրել ենք տեղում կամ շրջակայքում բնակուող թուրքերի տուած բացատրութիւնները եւ արտայայտած կարծիքները տուեալ գիւղերի նախկին տէրերի մասին, կատարելով համապատասխան ուսումնասիրութիւններ»:
Բ. հատորին մէջ՝ ուսումնասիրութիւններ Քէյւան, Մեշափարա, Մնջեւան, Հասանով, Դզմար, Արաքսապար գաւառակներու ժառանգութեանց մասին, նաեւ՝ անոնցմէ անհետացածներուն. սրբազանը մտեր է գիւղեր, ուր որեւէ հայկական հետքի (եկեղեցի, գերեզմանատուն, աւերակներ) չէ հանդիպած: Այնուհանդերձ, «ժամանակի կորուստ» չէ համարած այն հասցէներով ուղեւորութիւնները, այլ ուսումնասիրած է վայրերուն բնութիւնը՝ հասկնալու համար դարեր առաջ հայկական կեանքին միջավայրերը:
Աւարտած է Բ. հատորը «Վերջաբան՝ ընդ հովանեաւ տապանասարի» գրութեամբ: Տապանասարը Նախիջեւանի մէջ է եւ կը կոչուի Գեամիղայա: Անիկա կապուած է Նոյի պատմութեան: Արդ, ընդ հովանեաւ լերան գրած է. «Պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով հարուստ հնաբոյր բաւիղներում քայլ առ քայլ ճանապարհորդելով՝ հոգեհարազատ պահեր անցկացրինք Ղարադաղի լեռներում ու ձորերում: Մեր ոտքերի տակ փուշն անգամ բամբակ էր թւում, իսկ դրանց սրածայր եղունգները երբ մտնում էին մեր որսորդական կօշիկների մէջ, իրենց պատճառած խայթոցներով՝ յուշում էին հայոց պատմութեան դառն ցաւերը, ու այն ամենը՝ ինչ կորցրել ենք անցեալում»:
Ա. հատորի «Բերդաթաղի Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցի» գլուխին մէջ, արձանագրութիւններու արտագրումներէն մէկը, որ 1896-ին գրուած ոտանաւոր մըն է, փափաքեցայ մէջբերել այստեղ: Անիկա ածխամատիտով ձեռագիր մըն է՝ եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ պահպանուած: Ըստ սրբազանին ենթադրութեան, ոտանաւորը ժանտախտի ժամանակէ է, եւ գուցէ հեղինակն է Ստեփանոս եպս. Մխիթարեան: Ոտանաւորը. «Հովիւդ երկնային, ով Տէր Սաբաւօթ,/Ցիր ու ցան եղեն քոյդ բանաւոր հօտ:/Ցաւք եւ ցասումն քո առնեն մահու մօտ:/Ծագեա’ ի նոսա նոր լոյս առաւօտ://Յուղին յոր գնան՝ են փուշ եւ տատասկ/Տարաժամ մահուամբ հնձին ամեն հասկ:/Դու միայն հանճար՝ ցոյց տուր ճար անճարի./Ողորմեա’, գթա’ քոյդ անդաստանի://Ահա յամենուստ լաց, կոծ եկն եհաս,/Մարդկային մեղաց արժան պատուհաս,/Ի սպանդ դառն մահու գնամք տասն ու տաս,/Ի փրկել զմեզ արդեօք ե՜րբ դու գաս://Մի’ կալնուր ընդ մեզ դէտ խիստ եւ անաչառ,/Թէ կորնչիմք անհետ չարաչար,/Այլ գթութեամբ քով լեր անյիշաչար,/Թող յիշեսցի միշտ անունդ բարերար»:
Համաճարակները պիտի չվերջանան, ու անոնց հետ՝ աղէտները: Նոյնպէս՝ ախտագին մոռացումները, ու անո’նց աղէտները: Իսկ ալիշանատիպ յանձնառուները իրենց կոչումը պիտի իրագործեն՝ վասն կենսաւորող յիշողութեան վերադարձին:
Ձեր վարձքը կատար, գերաշնորհ սրբազան, նոր վկայարաններու համար՝ ձեզի պահապան Երկնայինին աջը, մտշահեղ՝ այսօրուայ ու վաղուայ ոմանց երախտագիտութիւնն ու մաղթանքը, այլոց ալ՝ շնորհակալութիւնը եւ աղօթակցութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *