Նորա Պարութճեան
մենք այսահար զոհերըն ենք սին փառքին
քանի մեր սէրը սկիզբէն եւ ետ
դաւաճանի անոր արեան
կեանքի իր բաժինը նուիրեց Continue reading “Փառքի երախին”
Հորիզոն շաբաթաթերթի գրական յաւելուածը
մենք այսահար զոհերըն ենք սին փառքին
քանի մեր սէրը սկիզբէն եւ ետ
դաւաճանի անոր արեան
կեանքի իր բաժինը նուիրեց Continue reading “Փառքի երախին”
վաճառական չէ հոգիս
մրցումին մէջ տեղ չունիմ
յաղթելու համար
դիմադրողի պէտք չունիմ
ժամանակի քարտէսին վրայ Continue reading “Լռութիւնն է իմ լեզուս”
Անցիր քաոսին, խաժամուժին ընդմէջէն,
անցիր խժալուր աղմուկին մէջէն,
փորձէ չշնչել մարմիններուն
ճենճերումի հոտը խեղդող,
որ աւելի քան դար մը առաջ
անհաւատալի տարողութեամբ Continue reading “Աղէտ”
Ընթերցողին կը ներկայացնենք Ռուբէնի (Մինաս Տէր Մինասեան) յուշերէն վերցուած այս էջերը, ուր ան կը պատմէ 1908-ին Վանի մէջ կայացած ուշագրաւ հանդիպման մը մասին հայազգի ոստիկանապետ Մէհմէտ էֆէնտիին հետ, որուն նախապէս հանդիպած էր նախորդ տարին Մշոյ մէջ։ Նշենք, որ Մէհմէտ էֆէնտիի կերպարը ընդգրկուած է նաեւ Խաչիկ Դաշտենցի «Ռանչպարների կանչը» վէպին մէջ որպէս «մանազկերտցի վարժապետ պարոն Աւետիս», որ դաւանափոխ կ՚ըլլայ եւ կը դառնայ ոստիկան Մէհմէտ էֆէնտի։ Ազգային տագնապի այս բախտորոշ օրերուն տեղին է անգամ մը եւս կարդալ այս էջերը, որոնք իւրատեսակ լոյս կը սփռեն ներկայ իրադարձութիւններուն վրայ։
Հորիզոն գրական
Մէհմէտ էֆէնտիի մօտն եմ։ Նոյն հսկան է, թիկնեղ բարձր, կուրծքը դուրս Continue reading “Միշտ ապրող էջեր — ՄԷՀՄԷՏ ԷՖԷՆՏԻԻ ՀԵՏ”
Ագահութեան գերի եւ անգոհաբան էակ,
դուն կը յիշե՞ս, թէ դրախտ մը ունէիր, որ ապականեցիր ու կը շարունակես ապականել…
Ապշեցուցիչ է քու հանճարիդ մոլորումը:
Դուն պիտի տառապի՞ս որ արարչութիւնը հասցուցեր ես իր փրկութեան սպասումին: Continue reading “ՍԱՂՄՈՍՆԵՐ ՎԱՍՆ ԱՌԱՒԵԼ ԿԵԱՆՔԻ (Ա.)”
Իրերու սկիզբէն ի վեր մարդկային մտածումը իր իմաստասիրական առաջին պրպտումները ջուրերուն խորերը փորձեց: Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ սկզբնական տարրը ջուրը եղած է Նուն անունով:
Աստուածները ծնան Տիամատ վիշապէն, որ անսահման ծովն է: Ամերիկայի բնիկներէն շատերուն համար թշնամի տարրը, ուրկէ պէտք է կորզել աշխարհը՝ ջուրը եղած է: Այս բոլոր վարկածները կը պարունակեն Continue reading “Ջուր եւ ջրապաշտութիւն”
Կրակը կարելի՞ է վառել…
Կարելի է վառել/այրել մատը, լեզուն, վրան-գլուխը, տուն մը, թէկուզ ամբողջ քաղաք մը՝ Հռոմի Ներոնին հետեւողութեամբ, բայց վառել կրակը… ահա այս է, որ ըմբռնելի չէ հոսհոսներուս, սակայն ըմբռնելի է արեւելահայուն:
Եթէ ծխախոտ մը ծխելու համար յանկարծ նկատեցիր, թէ լուցկի չունիս, Continue reading “«Հայերէնը կը զուարճանայ» շարքէն”
Այն երկու գիրքերը, որոնց մասին պիտի գրեմ, իրարմէ որքա՜ն տարբեր՝ երկարամեայ վաստակի արդիւնք են, հեղինակները՝ երկու դաշնակցական ընկերներս՝ մէկը գրեթէ տարեկից, միւսը երէց, որոնց հետ ծանօթանալու, զիրենք ճանչնալու, իրենց հետ ժողովի նստելու հաճոյքն եմ ունեցած։ Continue reading “«Գիրքե՜ր, գիրքե՜ր, ի՜նչ գիրքեր» — Դ.”
Սիրելի ընթերցող,
«Հորիզոն գրական»ի ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 2023-ի թիւի նիւթերը կը գտնես այս կայքէջին վրայ, իսկ տպագրեալ թիւի ելեկտրոնային տարբերակը կրնաս ունենալ հետեւելով այս կապին։
Բարի ընթերցում։
Աշխարհի մոռացուած անկիւնում, ուր բոլորը բոլորին սիրում են ու միաժամանակ ատում, ապրում էր մի եօթնամեայ, իսկ աւելի ճշգրիտ հաշուարկով՝ գուցէ վեցուկէսամեայ աղջիկ։ Ու քանի որ իր պէս հազարաւոր աղջիկներ կային ու բոլորի մասին մէկ պատմութեան մէջ անհնար է գրել, յանուն արդարութեան անունը սրտումս կը պահեմ, թող լինի բոլորի մասին, նրանց, որոնք աշխարհի մոռացուած եզերքում սպասում են իրենց եօթնամեայ տարեդարձի գալստեանը։ Նա դեռ շատ փոքր էր սիրոյ եւ ատելութեան նրբերանգներն ըմբռնելու, աշխարհի Continue reading “Արցախ—Նիւ-Եորք երկնային ճեպընթաց”