ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

ԲԺ. ՕՀԱՆ ԹԱՊԱՔԵԱՆ

Գրականութիւնը մարդկային մտքի ստեղծագործութիւնները գրաւոր կերպով զանգուածներուն ներկայացնելու արուեստն է. ան պարտի ըլլալ հարազատ արտայայտութիւնը ժողովուրդին հոգեմտաւոր ապրումներուն ու անոր բիւրեղացած զգացումներուն:
Գրական ըմբռնումով գրականութիւն չէ ամեն գրութիւն, ինչպէս նաեւ գրագէտ չէ ամեն գրքի հեղինակ: Գրականութիւն կը դառնայ երբ ան կը լրացնէ նիւթի, ոճի, մշակումի, կառուցումի ու այլ պայմանները արտայայտուած այնպիսի ձեւով մը, որ առանձնայատուկ նկարագիր մը կու տայ գործին: Գրականութեան միջոցով է, որ մարդուն ներաշխարհի բոլոր խորունկ ապրումները, մտածումները, յուզումներն ու խռովքները կը փոխանցուին զանգուածին: Գրողը կամ գրագէտը արուեստագէտ մըն է, որ մեր աչքերուն առջեւ կը դնէ մասեր բնութեան տեսարաններէն, դէպքեր մարդոց կեանքէն, եւ կը մղէ մեզ յուզուելու եւ սուզուելու իր գծած տեսարաններուն ու դէպքերուն խորը. բանաստեղծին կոչումն է մասնակիէն հասնիլ ընդհանրականին, չնչին կամ աննկատ բաները յայտնաբերել գեղեցկութեան լոյսին տակ, անոնց տալ հոգի, համապատասխան երաժշտութիւն, ու մարդկային սրտի բաբախումները ներդաշնակել տիեզերքի տրոփիւնին հետ: Առաքել Պատրիկ, որ բախտը ունեցած էր աշակերտելու Դանիէլ Վարուժանի, իր ուսուցչին նուիրուած գրութեան մը մէջ մեծ տեղ տուած է մեծանուն բանաստեղծին կարծիքներուն, բանաստեղծութեան ու արուեստներուն նկատմամբ.
«Արուեստները ինչ անունով ալ ներկայանան ունին մէկ ընդհանուր յատկանիշ՝ բանաստեղծական ոգի. ճարտարապետութիւնը, որ քարերու ու շաղախի հետ կապուած արուեստ մըն է բանաստեղծութիւն է — քարեղէն բանաստեղծութիւն — որ կեանք կ՚առնէ դէպի վեր եւ ձեւի ու լոյսի ստուերի լեզուով կը խօսի մեր աչքերուն ու մեր հոգու հետ: Նկարչութիւնը աւելի մօտ է կանգնած բանաստեղծութեան, անոր բառերը, ձեւերն ու գոյներն են, որոնց համադրումը կը խօսի մեր ամենանրբին զգայարանքներուն. բանաստեղծն ալ նոյնքան նկարչական ճաշակ պէտք է ունենայ իր բառերու ընտրութեան մէջ քանի որ անոնց միջոցաւ պիտի յօրինէ իր պատկերաւոր նախադասութիւնները, որովհետեւ բառերը իրենց սովորական իմաստին հետ զուգընթաց ունին երանգային առանձնայատկութիւններ»:
Կարեւոր է նշել, որ գրագէտն ու մտաւորականը իրարմէ տարբեր են. գրագէտը արուեստագէտ մըն է, մինչ մտաւորականը ընտրեալ մը. գրող մը կրնայ միաժամանակ մտաւորական ըլլալ, ու փոխադարձաբար՝ մտաւորական մը գրող: Մտաւորական ըլլալը բնածին կարողութիւն կամ ձիրք մըն է, որ ժամանակի ընթացքին կ՚աճի ու կը զարգանայ. ան պահակ մըն է միշտ արթուն հսկելու իր երկրին ու ժողովուրդին ներքին ու արտաքին սահմաններուն վրայ. ան չի սիրեր հպատակիլ ու իր հիմնական նպատակն է ներշնչելը:
Գրագէտի մը համար անհրաժեշտ են հետեւեալ չորս կարեւոր յատկութիւնները. երեւակայութիւն, գեղեցկական ճաշակ, ինքնատպութիւն ու երաժշտական ճաշակ:
— Երեւակայութիւնը մտքի այն կարողութիւնն է, որուն շնորհիւ գրողը տեսարան մը, իր շուրջ պատահած դէպք մը, եւ կամ իրեն հետ շփման մէջ եղող անձեր կենդանի գոյներով ներկայացնել հանրութեան. քաղաքակրթութիւնը շատ բան կը պարտի անոնց որոնք բացառիկ կարողութեամբ թռիչք տուած են իրենց երեւակայութեան ու արտադրած հրաշալիքներ: Վառ երեւակայութեամբ անձեր եղած են Շ. Նարդունին, Նշան Պէշիկթաշլեանը, ինչպէս նաեւ Գրիգոր Նարեկացին:
Երեւակայութեան արդիւնք են նմանապէս ամենազգի երգերն ու պարերը, մեքենական ամբողջ աշխարհ մը, ինչպէս նաեւ համացանցը:
— Գեղեցիկը համադրութիւնն է ներդաշնակուած ձեւերու, գոյներու ու շարժումներու: Երաժշտութեան պարագային գեղեցիկը համադրութիւնն է ձայնի, արտայայտութեան ինքնուրոյն գրաւչութեան, ու թաքուն ուժի մը որ խորհրդաւոր ներգործութեամբ կ’ազդէ հոգիիդ վրայ մագնիսացնելով քեզ: Դժուար բացատրելի բայց խորասոյզ զգացում մըն է գեղեցիկին հանդէպ տածուած պաշտամունքը: Գեղեցիկը արուեստագէտին հոգին սիրոյ տեսիլքներով լեցնող կախարդն է. դասական ձեւերու, գոյներու եւ հաւասարակշռուած գիծերու երջանիկ արդիւնքն է գեղեցիկը: Գեղեցիկ է կին մը, մարդ մը, առիւծ մը իր բաշով, արաբական նժոյգ մը, թիթեռնիկ մը եւայլն: Գեղեցիկը տիրապետող ուժ մըն է, զայն երգած են բոլոր արուեստագէտները անխտիր: Թոլսթոյի համար ինչ որ գեղեցիկ կը կոչենք այն ամէնն է որ մեր մէջ առաջ կը բերէ հաճոյք:
— Երբ կ՚ըսենք, թէ գրող մը ինքնատիպ ոճ մը կամ լեզու մը ունի կը հասկնանք թէ ան ունի գրելու ինքնուրոյն եղանակ մը որ կը տարբերի այլ հեղինակներու գրելակերպէն մարդկային հոգին կը խորշի միօրինակութենէն:
Կարեւոր է նշել որ ինքնատպութեան չափազանցուած ճիգ մը կրնայ բարիքի տեղ դառնալ չարիքի աղբիւր գրողին համար:
— Գրականութեան մէջ երաժշտական ճաշակի ներմուծումը անհրաժեշտութիւն նկատուած է. ճաշակի տէր գրող մը միայն կրնայ նախադասութիւնները կազմել այնպէս, որ խժալուռ ձայներ չյաջորդեն իրարու. անհրաժեշտ է նաեւ, որ երաժշտականը ուղիղ յարմարի գրուած նիւթին:
Եզրակացութեան համար կարելի է հաստատել որ գրականութիւնը բաւական բարդ արուեստ մըն է ունենալով բազմաթիւ օրէնքներ ու նաեւ կաշկանդումներ. սակայն յաջող գրականութիւն մը կամ իրագործուած արուեստի գլուխ գործոց մը անգին մնայուն գանձ մըն է ու յաւերժական:

Մոնթրէալ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *