Կաղանդչէքը

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

«Անհաւատալի բայց իրաւ»։
Վերնագիրս կրնար ա՛յդ ըլլալ։ Կրնար նաեւ ըլլալ «Աղուոր անակնկալ մը»։
Սակայն զայն «Կաղանդչէք» անուանեցի, որովհետեւ շատ հեռու չէինք ամանորէն, եւ այդ բառը կ՚արտայայտէ որոշ խորհուրդ մը. ունի նուէր մը ըլլալու հանգամանքը ։ Եւ վստահ եմ, որ զայն ինծի ղրկողն ալ ունէր այդ յետին նպատակը ։
Եւ ձեզ աւելի երկար սպասումի մէջ պահելու փոխարէն՝ պատմեմ պատմութիւնս, յետոյ դո՛ւք կրնաք որոշել, թէ ճիշտ վերնագիրը դրե՞ր եմ, թէ՞ ոչ։
— Քեզի համար աղուոր անակնկալ մը ունիմ, — ըսելով էր, որ Թորոնթոյէն հեռաձայնեց Արշոն եւ աւելցուց, — պիտի չհաւատաս, երբ լսես ըսելիքս։
Կը տեսնէ՞ք, վերնագրին այլընտրանքներն ալ կարծես իրմէ՛ ներշնչուած էին։ Արշոն կրնամ կրտսեր քոյրս համարել, զիրար հինէ՜ն կը ճանչնանք, պատանիներէս էր եղած, ու մինչեւ օրս մեր կապը ամուր մնացած է։ Վստահ եմ կը գուշակէր, թէ այս մասին պիտի գրէի, եւ կարծես վերնագիրն ալ ի՛նք կը թելադրէր…
— Խէր ըլլայ, ինչի՞ մասին է խօսքդ, ի՞նչ անակնկալ ունիս ինծի համար։
— Վերջերս Եգիպտոս գացեր էի, Սուրէնին հանդիպեցայ։
— Ե՞ւ…
— Եւ ի՞նչ, քեզի այս նուէրը բերի, — յարեց զարմացած, կամ զարմացած ձեւացնելով։
— Պիտի յայտնե՞ս ի՛նչ նուէր բերած ես։
— Մտիկ ըրէ, այս երկտողը պիտի կարդամ քեզի։
Արշօ կարդաց, հազիւ զսպելով իր յուզումը, իմ մէկ այլ հին ու հաւատարիմ ընկերներէս Սուրէնին կարճ նամակը, որ կը սկսէր այս բառերով. «Բարեյիշատակ ծնողացդ վաստակը անմոռաց կը մնայ միշտ հին օրերու յուշերուս մէջ»։ Ըսեմ, որ Սուրէնը եւ քոյրիկը մեր թաղի բազմաթիւ փոքրերէն էին, որոնք հօրս ինքնաշարժով ու անոր ետեւէն ալ երկու վարձակառքով ամեն շաբաթ երեկոյ Պատանեկանի ու Երիտասարդացի հաւաքոյթներուն կու գային։ Մեր վարիչներն էին, ուրիշներու հետ՝ հայրս ու մայրս, որոնք մեզ կը զբաղցնէին խաղերով, երգերով, հերոսական դրուագներու կախարդանքով։ Յետոյ, նոյն ձեւով բոլորը կը վերադարձուէին իրենց տուները։ Այդպէ՛ս էինք մեծցեր միասին։
Երրորդ պարբերութեամբ՝ նամակը կ՚աւարտէր այսպէս՝ «Վստահ ըլլալով, որ “մասունքներուդ” գրապահոցին մէջ իր տեղը կը գտնէ» ու կ՚աւելցնէր ջերմ բարեւները։
Բայց ի՞նչ էր այդ մասունքը, որուն ակնարկած էր երկրորդ պարբերութեան մէջ եւ զոր ձեռք բերած էր Էզպէքիէի գրավաճառէ մը։
Մեր մանկութեան ու պատանեկութեան այդ Էզպէքիէ անունը կը կրէր Գահիրէի ճիշտ սրտին վրայ գտնուող ընդարձակ զբօսայգին, որ գուցէ եզակի էր ամբողջ քաղաքին մէջ եւ ուր կը սիրէինք երթալ ու մեր եռանիւները քշել, վազել, գնդակ խաղալ։ Անգամ մը, երբ ես ու պզտիկ եղբայրս մեր մեծ մօր յանձնուած էինք պահ մը, ով գիտէ մօրս այլապէս զբաղած մէկ առթիւ, եղբայրս անհետացաւ ու մեծ մայրիկը պիտի խենթանար… Բայց այդ ուրիշ պատմութիւն է, կապ չունի այս պատմածիս հետ։ Ուրեմն այդ մեծ զբօսայգիին գլխաւոր փողոցին վրայ նայող բարձր ցանկապատը տեսակ մը գրախանութ էր, աւելի ճիշտ՝ գրախանութներու շարք մը, ուր քով-քովի հին գիրքեր կը ծախէին պարեգօտաւոր «գրավաճառները»։ Անոնք այդ ծախուած հատորներուն ի՛նչ ըլլալը չէին գիտեր։ Ամեն լեզուով գիրք կար հոն։ Իրենք ոչ այդ լեզուները, ոչ ալ գուցէ արաբերէն անգամ կարդալ չէին գիտեր, իրենց համար վաճառուածը թուղթ էր, հին թուղթ, որ իր փոքր չափերով շատ օգտակար կրնար ըլլալ կուտ ու պիստակ ծախողներուն… Գիրքերէն իւրաքանչիւրը ամրացուած կ՚ըլլար ցանկապատի ճաղերէն մէկուն կամ միւսին վրայ, տակ-տակի, քով.քովի, եւ հետաքրքրուողը այնտեղ ինչե՜ր կրնար գտնել, համաշխարհային գրականութեան ի՜նչ գլուխ-գործոցներ ու ոչինչ գինով ձեռք բերել զանոնք։
Ահա այդտեղ յայտնաբերուած էր Սուրէնին գտածն ու Արշոյին հետ ինծի ղրկածը՝ «մայրիկիդ ձեռագիր թատերակի մը բնագիր գրութիւնը», ինչպէս բնորոշեր էր զայն նամակին երկրորդ պարբերութեան մէջ։
Ի՞նչ, մօրս ձեռագիր թատերա՞կը, եւ անոր բնագի՞րը։ Այդ ինչպէ՞ս կ՚ըլլար։ Ուրկէ՞ ուր։
Արդեօք իրապէս իր ձեռագի՞րն էր, թէ՞ ընդօրինակութիւն մը, որ այդ ներկայացուած թատերախաղի մասնակիցներէն մէկը կատարած էր, քանի որ այնքան ալ դիւրին չէր ձեռագիր գրութիւն մը բազմացնելը այն օրերուն։ Երբ Արշոն նամակատարին միջոցաւ ու ապահովագրուա՛ծ պահարանով ուղարկեց զայն ինծի, տեսայ, որ ճիշտ էր Սուրէնը։ Մօրս ձեռագիրն էր։ Թերեւս ի՛ր կողմէ ընդօրինակուած։ Արդեօք ինք նստած եւ իւրաքանչիւր դերակատարի համար ծայրէ ծայր ընդօրինակա՞ծ էր զայն։ Ես այն տպաւորութիւնը ունէի, որ մօրս իմ քով պահուած արխիւին մէջ կա՛ր այդ թատերակը։ Տակաւին առիթ չունեցայ ստուգելու, բայց պէտք է այդ ալ ընեմ։ Եւ եթէ իմ քովինս ալ իր ձեռագրով տարբերակ մըն է, ուրեմն ճիշտ է կռահածս։ Եւ այդ դերակատարն ալ, որ մեր Երիտասարդացի ընկերներէն կամ ընկերուհիներէն մէկը եղած պիտի ըլլար, կամ աւելի հաւանական՝ անոր զաւակը կամ թոռը, էզպէքիէի ցանկապատին խնամքին յանձներ էր մօրս ձեռագիր թատերակը։
Իսկ եթէ այդպէս չէր, եւ իրապէս ան միակ բնագիր օրինակն է, ապա ինչպէ՞ս եղած էր, որ մօրս քովէն հեռացած ու տարինե՜ր ետք ցանկապատին ճաղերուն վրայ յայտնուած էր։ Կը յիշեմ, լաւ կը յիշեմ, մեր հազարաւոր գիրքերուն մէկ փոքր տոկոսը չբերինք մեզի հետ. ճաշասեղանին վրայ շարեցինք, հրաւիրեցինք գրասէր մարդիկ՝ քահանայ, ուսուցիչ եւ ուրիշներ, որ գան ու ընտրեն իրենց ուզած գիրքերը։ Ափսո՛ս, շա՚տ ափսոս. այդպիսով բաժնուեցանք մեր մեծ գրողներու մի քանիին առաջին տպագրութիւններէն՝ աւելի նորը ունեցած ըլլալու պատրուակով, մինչդեռ այնքան ալ դժուար բան մը պիտի չըլլար զանոնք ալ մեզի հետ բերել՝ մեր մնացեալ գիրքերն ու հագուստ-կապուստը, նոյնիսկ կահ-կարասին փոխադրող մեծ սնտուկին մէջ։ Արդեօք մայրս սխալմամբ իր ձեռագիրը այդ գիրքերէն մէկուն մէ՞ջ մոռցած էր։ Այդ շաբաթներուն կատարեալ ջղագրգիռ վիճակի մատնուած էր ան, տարիներով կազմած բոյնը քանդել ու գաղթելը իրեն համար անտանելի տանջանք էր, ողբերգութիւն մը, եւ անհնարին չէր, որ այդպիսի մոռացում մըն ալ եղած ըլլար։ Իսկ այդ ձեռագրէն զատ, մնացած գիրքե՞րը ուր վերջացան արդեօք։ Գոնէ այստեղ, Էզպէքիայի ցանկապատին տեղ ունինք մեր կեդրոններու գրադարանները, որոնք անոր պաշտօնը կը կատարեն, երբ անտէր կը մնան հայ գիրքերը…
Գիտեմ, ձեր համբերութեան հետ շատ խաղացի։ Աւարտեմ յայտնելով, թէ ի՞նչ թատերակի մասին է խօսքս։ Ճանչցողը գիտէ, որ մայրս գրել կր սիրէր, «Յուսաբեր»-ի մէջ լոյս կը տեսնէին իր յօդուածները՝ Արմէն Նայիրի ստորագրութեամբ։ Այս գրութիւնը, որ դպրոցական տետրակի մը 24 էջերը կը գրաւեն, առաւել՝ նոյն թուղթով կողքը, վերնագրած է «Վահանիդ վրայ կամ վահանովդ», թատերակ 1 արար (որ ունի հինգ տեսիլ)։ Գործող անձինք՝ վեց հոգի, չորսը կին՝ երկուքը այր։ Վերջին էջին վարի մասը, «Վարագոյր» նշումէն ետք, կայ «Ծանօթութիւն» մը, ուր կ՚ըսուի. «Այս թատերակի նիւթը առնուած է Ռուբէնի «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակներէն»։ Գործող անձերէն մէկը երիտասարդ Ռուբէնն է, որ «դարձաւ մեծ յեղափոխականը եւ Տարօնի հերոսը», իսկ միւսը, որ անունով կայ միայն, բայց երբեք մաս չի կազմեր բեմին վրայ երեւցող խումբին, Սերգէյն է՝ «Արամ Մանուկեանը, որ դարձաւ Վանի Արամը, կերտեց Հայաստանի Հանրապետութիւնը»։
Իրաւունք չունի՞մ «Կաղանդչէք» վերնագրելու…

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *