Երկու հարիւր

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տէր եւ տիկին դարձեալ բժիշկի մօտ ենք։ Իրականութիւն է, թէ որչափ տարիքդ առնես, այդքան ալ բժիշկներդ կը շատնան։ Ամեն օր մարմինդ տեղէ մը քեզի ձայն կու տայ եւ այս ձեւով տարիքդ քեզի իր ներկայութիւնը կը զգացնէ։ Իմ պարագայիս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ հակառակ այս իրականութեան, յատկապէս թոռներուս ներկայութեան, իսկապէս որ տարիքիս հետ ցաւերս ալ կը մոռնամ։ Կարծես կը կորսուին։ Երանելի եմ, չէ՞։ Continue reading “Երկու հարիւր”

ԱՅՍՊԷ՛Ս ՊԱՏՄԵՑ…

ՄԵՐ ՀԱԼԷՊԷՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այսպէ՛ս պատմեց նախկին դրացիս՝ արաբ ծեր բանաստեղծը.
—Յարգելիս։ Լաւ եմ։ Աստուծոյ կամքով կը յուսամ աւելին։ Կանգնած եմ կեանքիս հին եւ նոր էջերուն միջեւ։ Հոս պատմութիւնը տակաւին թէեւ թարմ եւ ցցուն է, սակայն եւ այնպէս նաեւ անորոշ ալ է։ Պատմեմ. Continue reading “ԱՅՍՊԷ՛Ս ՊԱՏՄԵՑ…”

ԳՐԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Կ՚ուզեմ գրել, որովհետեւ գրելը թերեւս շատ կը սիրեմ: Ուրեմն պէ՛տք է որ գրեմ: Յաճախ պիտի գրեմ ու որոշած եմ, եթէ ժամանակս ներէ, միշտ գրել:
Սակայն ինչո՞ւ: Այս վայրկեանին յստակ եւ որոշ պատասխան մը չունիմ:
«Պէտք է»ն, «պիտի»ին հետ խառնելով, ինքնաբերաբար կ՚իյնամ անորոշութեան մը գիրկը: Խոր եւ երբեմն ալ վախազդու: Continue reading “ԳՐԵԼ”

Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ օրերուն օգոստոս էր եւ երեւանեան օգոստոս ու երկինքը բաւական բարձր ջերմութեամբ կը ժպտար։ Ու ինչ մեղքս պահեմ, կ՚ուզէի այդ օրն ալ չծուլանալ եւ մտովի վերանորոգուիլ։ Թէեւ մայրաքաղաքի մեծ եւ յայտնի գրադարաններն ու գրախանութները կարգով այցելած էի, սակայն առիթով մը երեւանաբնակ աշակերտուհիներէս Մատլէնէն խնդրած էի, սանկ, քանի մը «անանուն» գրադարաններն ալ այցելել։ Անկեղծօրէն կ՚ուզէի միշտ լսել հայ գիրքին ձայնը։ Իրապէս, որ հայրենիքի կարօտիս կողքին, ընթերցումի սէրս ալ հետս Հայաստան բերած էի։ Եւ այդ օր մուրազիս հասած էի։ Continue reading “Մէկ ծաղիկով ալ գարուն կու գայ”

Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ծաղկաձորէն եւ Աղվերանէն ետք, այս անգամ հայրենի մեր բարեկամները մեզի,— այսինքն՝ ինծի եւ կնոջս, — թելադրեցին «օդափոխութեան համար» նոր վայր մը՝ Ստեփանաւան երթալ: Թէեւ գիտէի, որ Հայաստան համայնավար հերոս Ստեփան Շահումեանի անունը յաւերժացնող բազմաթիւ յուշարձաններ կային, սակայն իր անուան հետ կապուած օդափոխութեան վայրի մը գոյութեան մասին անկեղծօրէն անտեղեակ էի:

Ստեփանաւանը Լոռիի շրջանէն ներս գեղեցիկ ու մեծ գիւղ մըն է,— աւան մը, ինչպէս անունը կը թելադրէ,— որուն շրջակայ բլուրներուն վրայ հանդարտօրէն հանգչած էին այսպէս կոչուած «հանգստեան» տուներ: Եթէ գիւղէն դէպի պանդոկներ տանող ճամբուն խեղճութիւնն ու զանազան հոտերը նկատի չառնէի, իր տեսքէն դատելով ան փոքր Զուիցերիա մըն էր ինծի համար: Continue reading “Ո՞ՒՐ ԵՐԳԵԼ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԱՂՕԹԵԼ”

ԱՆԿԵՂԾ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Արդէն քառորդ ժամէ ի վեր թոռնիկիս յաճախած մանկապարտէզի դրան մուտքին, շատ մը ծնողներու հետ, Քալիֆորնիոյ տաք արեւէն պատսպարուելու համար, նիհար ծառի մը շուքին տակ կեցած, ես ալ անհամբեր կը սպասէի արձակուելու զանգին:

Այսօր կանուխէն եկած էի, որ մեր հինգ տարեկան թոռնիկը՝ Continue reading “ԱՆԿԵՂԾ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ”