ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Տէր եւ տիկին դարձեալ բժիշկի մօտ ենք։ Իրականութիւն է, թէ որչափ տարիքդ առնես, այդքան ալ բժիշկներդ կը շատնան։ Ամեն օր մարմինդ տեղէ մը քեզի ձայն կու տայ եւ այս ձեւով տարիքդ քեզի իր ներկայութիւնը կը զգացնէ։ Իմ պարագայիս, անկեղծօրէն ըսեմ, որ հակառակ այս իրականութեան, յատկապէս թոռներուս ներկայութեան, իսկապէս որ տարիքիս հետ ցաւերս ալ կը մոռնամ։ Կարծես կը կորսուին։ Երանելի եմ, չէ՞։ Նորէն գրիչս ակամայ շեղեցաւ։
Մեր քննութեան աւարտին, թէ՛ բժիշկին եւ թէ՛ իր օգնականին մնաք բարովի եւ շնորհակալութեան առատ խօսքեր նուիրելէ ետք, եկանք երկուքով ու մօտեցանք ելքի դրան մօտ գտնուող պատուհանին, որպէսզի պաշտօնեան մեզի մեր յաջորդ «վիզիթ» այցելութեան թուականը ճշդէ եւ տայ։ Թուխ դէմքով, սեւ ու երկար մազերով օրիորդ մըն էր պատուհանին ետեւի այդ գեղեցկուհին։ Նախ իր լայն ժպիտով մեզի ըսաւ, թէ «բժիշկը կ՚ուզէ ձեզ տեսնել վեց ամիս ետք»։ Վեց ամիսը լաւ նշան էր, արագօրէն տրամաբանեց միտքս։ Ուրեմն ներկայիս երկուքս ալ մտահոգիչ բաներ չունէինք։ Անմիջական հարցեր չկային։
— Իսկ յաջորդ այցելութեան համար, յուլիսի վերջը ձեզի յարմա՞ր է. — հանդարտ ու աղուոր անկեղծութեամբ մը շարունակեց օրիորդը։
— Յուլիս ըսի՛ք…ը՜հ, յուլիսին հաւանաբար Հայաստան ըլլանք, — ինծի նայելով անմիջապէս պատճառաբանեց կինս եւ ապա դառնալով դէպի պատուհան, հպարտանքով մը սկսաւ խօսիլ.
— Եու նօ, Արմինիա, (գիտես, Հայաստանը) մեր հայրենիքն է եւ մենք՝ տէր եւ տիկին, տարիներէ ի վեր ուսուցիչներ ենք, հո՛ս, հայ երեխաներուն հայերէն լեզու կը սորվեցնենք, ու այս տարի յուլիսին շատ հաւանաբար Հայաստան երթանք…, — ըսաւ ու կարծես չգոհանալով, երկար ալ շարունակեց, նոյնիսկ սկսաւ մեծ ախորժակով խօսիլ հայերէն լեզուի մասին, Հայաստանի մասին։ Ապա ԱԲԳ-էն վերջ, Երեւանը դրախտի վերածեց, հասաւ Արցախ եւ անցաւ մեր պատմական կոթողներուն…
Օ՜հ Աստուած իմ, ըմբոստացաւ միտքս, նման բաներու մէջ բոլոր կիներն ալ նոյն են եղեր։ Բացառութիւն չկայ։ Մէկ բառով չեն գոհանար։ Ոչ միայն նիւթէն կը շեղին, այլ նոյն նիւթը «կը լայնցնեն»։ Այսպէս, կը թափեն ու կը թափեն…։ Ուստի առաջքը առնելու համար, կատակելով ընդմիջեցի.
— Իսկ ի՞նչ կ՚ուզես, որ բերենք Հայաստանէն, — ըսի մտքիս մէջ նոր հարցումներ շարելէ առաջ։
— Ֆրոմ Արմինիա՞ (Հայաստանէ՞ն…» օ՜հ թանք եու (շնորհակալ եմ), — ըսաւ դարձեալ ուրախ ու լայն ժպիտով մը։
— Մեր հայրենիքը շատ մը բաներով նշանաւոր է, կը սիրես միրգ, միրգերով ալ նշանաւոր է, ո՞ր տեսակը կը սիրես, բերեմ քեզի. — դարձեալ լսուեցաւ կնոջս ձայնը, առանց ինծի առիթ տալու, որ քանի մը բառեր ալ ես փոխանակէի։
Յանկարծ մէջքիս ցաւը զգացուց իր ներկայութիւնը։ Ճիշդ ա՛յս ցաւին համար արդէն եկած էինք ու հիմա ցաւազրկումի դեղագիրները մեր ձեռքին, պիտի սպասէինք վեց ամիս, կրկին բժիշկի խորհուրդները լսելու։ Գլուխս քանի անգամ աջ ու ձախ ու քիչ մըն ալ տխուր շարժեցի եւ անմիջապէս ետեւ դարձայ, որպէսզի աթոռի մը վրայ նստիմ։ Հանգչիմ։ Ցաւս իսկապէս անտանելի էր։ Այս միջոցին էր, որ տեսայ, մեր ետեւը մէկը կեցած էր։ Նոր հիւանդ՝ «յաճախորդ» մը։ Լուռ ու մունջ մարդ մը։ Մինչեւ որ կնոջս պատմութիւն-բացատրութիւնը իր աւարտին հասնէր, որոշեցի աթոռի մը վրայ նստիլ։ Ընթացքին կրկին անգամ նայեցայ այս անխօս մարդուն։ Դէմքը հայու կը նմանէր։ Մէկ խօսքով՝ ծանօթ-անծանօթ մըն էր…։ Չճանչցայ։ Ամօթ չէ, … չճանչցայ։
Ու այսպէս, կամաց մը հեռացայ պատուհանէն, կնոջս ձգելով նոր ժամադրութեան մը թուականին ճշդումը։ Մէկ խօսքով, ամեն բան կնոջս ձգելով, այդ «դաշտէն» քաշուեցայ ու դրան կից, շարուած առաջին աթոռին վրայ նստեցայ։
«Է՜հ, նստիլ կայ եղեր… հոգիս բերանս բերած էր, խէրը անիծեմ… այս ցաւս ա՛լ տանելի չէր», կ՚ըսէի մտովի ու շուրջս կը փնտռէի ամսաթերթ մը, պարզապէս զբաղուելու համար։ Բայց հազիւ նստած էի, յանկարծ մեր անծանօթ մարդը կամաց մը ինծի մօտենալով ծռեցաւ ու ականջիս ցած ձայնով, յարգանքով բարեւելէ ետք, սկսաւ խօսիլ։ Նախ զարմացայ, ապա արագ մը շտկուեցայ ու իրեն դառնալով, վերէն վար զինք քննել փորձեցի։ Բայց…
— Լսեցի, որ Հայաստան պիտի երթաք, սկսաւ խօսիլ, կը խնդրեմ, ես քեզ լաւ կը ճանչնամ ու վրադ մեծ վստահութիւն ունիմ, հաւատք չունիմ միութիւններէն ոչ մէկուն վրայ, քեզի քու գրութիւններէդ կը ճանչնամ, միայն քեզի կը վստահիմ, ահա՛ երկու հարիւր տոլար, հետդ տա՛ր ու հոն դո՛ւն, քու հայեցողութեամբդ, անձամբ կատարէ բարերարութիւնդ։Այս բոլորը ըսաւ արագ, խաղաղ ու ինծի յանձնեց իր ափին մէջ պահած երկու հատ հարիւրնոց թուղթէ տոլարները, ու գնաց իր շարքը պահելու պատուհանին առջեւ։
— Բայց, ո՞վ ես դուն, բարեկա՛մ, նախ ըսէ՛, անունդ, ազգանունդ…, — ըսի յանկարծակի ապտակ մը ուտելէ ետք, ուշքի եկողի մը նման։
— Չե՛մ ըսեր…, մենք նախապէ՛ս առիթով մը հանդիպած ենք… դո՛ւն մոռցած ես զիս… ես քե՛զ մօտէն կը ճանչնամ… կը հետեւիմ գրութիւններուդ… հաճիս, մի՛ մերժեր զիս եւ քու հայեցողութեամբդ բաժնէ՛, եղածը ի՞նչ է որ, տո՛ւր որու որ կ՚ուզես…, — շարունակեց քիչ մը աղաչական։
— Բայց ի՞նչ է անունդ, ո՞վ ես դուն, ազգանու՞նդ, այսպէս չըլլար… — յանկարծ միջամտեց կինս։ Այնպէս կ՚երեւէր, թէ կինս ալ լսած էր ամբողջ այս պատմութիւնը։
— Կ՚ըլլայ , կ՚ըլլայ, մի՛ մտահոգուիք, — ըսաւ ջերմ եւ պերճ բառերով, վարակիչ ապրումով մը, քաղցր, նոյնքան ալ հանդարտ։ Ըսաւ, յաղթական զինուորի մը նման, աչքերուս մէջ նոր նայուածքներու ծնունդ տալով։
Կը զգայի, որ փշաքաղուած մըն էի, նստած տեղս իր դիմաց ՝զինաթափ մը։ Սենեակին մթնոլորտը հաստատապէս փոխուած էր։ Դէմքս լրջացած էր։ Քիչ առաջուան կատակասէրը չէի այլեւս։ Ցաւս մոռցած էի։ Հիմա ազնիւ ցանկութեան մը դիմաց կը գտնուինք տէր եւ տիկին։ Կարծես նոր խորհուրդ մը բացուած էր եւ երազներս լուսաւորած։ Ինչպէ՞ս կրնայի պեղել այս մարդուն ներաշխարհը։ Ի՞նչ անուն կրնայի տալ այս հայուն, իր այս երեւոյթին։ Անկասկած անփոխարինելի գոհունակութիւն մը պատած էր միտքս։ Գնահատումը բարերար էր։ Կը զգայի, որ կինս, դիմացս կեցած, հիմա մտածումս կը չափէր։ Յանկարծ անանուն ծրագիրներ սկսան մտքիս մէջ արմատանալ։ Համոզում եւ միւս կողմէ ալ անհուն վստահութիւն։ Երկու հարիւր տոլար։ Քիչ գումար չէր, տեսնել կարենալու յոյսն ու երջանկութիւնը, նահատակ ազատամարտիկի մը ընտանիքին համար։ Ու վերջին, մաղթեցի այնքան բաներ, որոնք իրաւունք ունին ունենալ իրեն նման բոլոր ընտրեալները։ Այս հայուն արարքը ոչ միայն կրթած էր միտքս, ականջս, աչքս, այլեւ սիրտս։ Իսկ հիմա տուն վերադարձիս, սենեակիս չորս պատերուն մէջ, ըսէ՛ք, ո՞վ պիտի կարենայ նկարագրել այս անծանօթ մարդը, որ սուրբի մը եւ կամ անծանօթ բարերարի մը հոտը ունէր իր վրայ։ Վերջապէս ի՞նչ մարդ էր այս մէկը, որ իր աչքերուն մէջ բռնած էր կակուղ ժպիտ մը եւ որ իր յամառ կամքով մերժած էր իր անունը տալ։
Վստահութիւն։ Հիմա ինք իմ մտքիս մէջ էր։ Երկու հարիւր տոլար։ Երեւակայութիւնս կրկին լուսաւորուած էր։ Իր ձայնին ու բառերուն մէջ ազնուական բան մը կար։ Կը զգայի։ Հաստատապէս իր բառերուն մէջ ամբողջ հոգի մը պահած էր։ Անոր համար ինք երջանիկ նայուածք մը ունէր։ Բայց դժուար էր սահմանել երջանկութիւնը։
Ինծի համար ինք այդ վայրկեանին ուրիշ աշխարհէ մը կու գար։ Անկասկած իր նման շատեր կային, կան ու պիտի ըլլան, բայց ինք ինծի համար տարբեր էր։ Իր դէմքին վրայ բռնած ժպիտին մէջ շողը մաքուր ու թեթեւ էր, իսկ աչքերուն մէջ գունաւոր աշխարհի մը ցոլքը կը տեսնէի։
Ու այս բոլորը ինծի հանդիպեցան, այդ օր, բժիշկի մը սպասման սենեակին մէջ, անակնկալ շողի պէս, մաքուր եւ նոյն այդ շողի պէս անմեղ հրեշտակի մը նման։ Պատահական հանդիպում։ Եւ ի տես այս անծանօթ հայուն, անկասկած ապրեցայ հոգիիս խորը աւելի հայ։ Կարծես այս հայը, երկինքի կապոյտէն ինկած թեւաւոր հրեշտակ մը ըլլար։ Ուստի կ՚ուզէի ճանչնալ նախ ես զիս, ապա հայը, ապա անպայման շրջապատս։
Ինք, իր այս երկու հարիւրով տարած էր իր յաղթանակը ու անցած անանուն հերոսի մը նման։
Իսկ ես, այս բոլորէն ետք, իմ մենակութեանս մէջ, կայծ բռնող բառերովս, արցունքի թացութիւն մը նշմարած էի աչքերուս մէջ։ Կանաչ երեւակայութիւն եւ նոյնքան ալ կախարդական։
Ինք՝ այդ անծանօթ հայը, ունէր իր յստակ ճամբան եւ հաւատքը։
Հապա ե՞ս։ Հապա մե՞նք։ Ինչպէ՞ս կարելի էր ընդօրինակուիլ։
Կլէնտէյլ, Գալիֆորնիա